ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՃՄԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԷՆ

…Հասակ մը, ուր հոգին ի տենչ՝
Յիշատակաց իւր կարօտի…

— Նահապետ Ռուսինեան

 

1.

1960ական-1970ական թուականներու անկիւնադարձին մանրամասն արժեւորումը դեռ ապագայի գործ կը մնայ, որուն համար պէտք է հաշուի առնել Լիբանանէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա խաչաձեւ ու զուգահեռ հոսանքները իրենց բազմաթիւ երեսներով, նաեւ՝ Հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ գոյացած անջրպետը չափով մը կամրջելու փորձերը։ 
    Սփիւռքի մշակութային զարթօնքին կիզակէտը հանդիսացած էին այդ եռեւեփումին յարմարագոյն տուեալները ունեցող համայնքները. Լիբանանը՝ սփիւռքահայ աշխարհի ծանրութեան անուրանալի կեդրոնը, եւ Ֆրանսան՝ գաղափարախօսական խմորումներու շտեմարան, լիբանանեան-լիբանանահայ մշակութային կեանքի ներշնչարան եւ, բնականաբար, լիբանանահայութեան արտասահմանեան գլխաւոր ուսումնական հասցէ։ Բնական էր, որ այդ ժամանակ ծաղկէին մամուլի անուններ, որոնք նկատելի ազդեցութիւն պիտի ունենային հակառակ իրենց կարճ տեւողութեան. Ահեկան եռամսեան (Պէյրութ, 1966-1970), Եւրոպայի Հայ Ուսանողներու Միութեան Ուսանող պարբերագիրքը՝ հայերէն ու ֆրանսերէն (Փարիզ, 1967-1971), Երիտասարդ Հայ շաբաթաթերթը (Պէյրութ, 1969-1975)։
    Այդ երեք պարբերականներուն մէջ առաջին անգամ (երբեմն՝ այլուր) երեւցած անուններէն շատեր Սփիւռքի մտաւորական կամ քաղաքական կեանքի դերակատար պիտի ըլլային։ Անոնք շարքին էր Ահեկանի[1]Մարգ Նշանեան, « Շահան Շահնուր եւ հարիւրամեակներու զաւեշտը», Ահեկան, 3, 1970, էջ 82-104։ , Ուսանողի[2]Marc Nichanian, «Հայապահպանումի դէմ», Ուսանող/Oussanogh, 4, [1971], էջ 61-70 (գրութիւնը ֆրանսերէն է՝ հայերէն խորագրով)։ Թէեւ … Continue reading եւ Երիտասարդ Հայի[3]Մարք Նշանեան, «“Քառուղի”. գրականութիւն եւ գաղափարաբանութիւն», Երիտասարդ Հայ, 24 մարտ 1973, էջ 3-7։ մէջ սփիւռքեան իրավիճակը քննող ու վերաքննող իր առաջին ուսումնասիրութիւնները հրատարակած ու այնուհետեւ աւելի քան հինգ տասնամեակէ ի վեր Սփիւռքի ակօսները իւրայատուկ արօրով հերկող Մարկ Նշանեանը։ Արդէն 1970ին՝ իր առաջին ընդարձակ ուսումնասիրութեան մէջ, որ նուիրուած էր Շահան Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս»ի շուրջ փրթած հաւարին, ան կ՚արձանագրէր հետեւեալ տողերը, որոնք հաւանաբար ցնցիչ նկատուելու էին օրուան ակնոցով եւ վստահաբար իրենց այժմէութիւնը չեն կորսնցուցած այսօրուան նման կեցուածքներու դէմ յանդիման.

Ըսինք. փառաբանում՝ իբրեւ արժեւորում հայութեան մը, որմէ դուրս վանուած ենք։ Արտայայտում՝ իբրեւ անդիմադրելի պահանջքը դուրս մարդոց հայեացքին։ Ասկէ՝ «արեւմտեան» ասպարէզներու մէջ «գնահատանքի արժանացած» հայերու տրուած կարեւորութիւնը։ Ասկէ՝ ներկայ իրաւ Սփիւռքի գրականութեան արհամարհանքը — որ կը թարգմանուի ընդհանուր անգիտութեամբ — Հայոց կողմէ, որովհետեւ այդ գրականութիւնը կը գրուի միայն հայերէն եւ հայերու համար, կը նայի դէպի ներս. եւ տեսանք որ այդ ներսը Համակարգին կողմէ անշնչելի, անբնակելի նկատուած է, հակառակ որ, գրականութեան պարագային, իբրեւ մշակոյթ փառաբանուած է։ Ասկէ՝ հայ մասնագէտներու, գիտնականներու տրուած կարեւորութիւնը. ասոնք են որ «հայութեան մեծութիւնը» կրնան ճանչցնել օտարներուն[4]Նշանեան, «Շահան Շահնուր», էջ 90-91։ ։

    Ահեկանէն ետք ու Երիտասարդ Հայէն առաջ, Մ. Նշանեան արդէն աշխատակցութեան առաջին հունտը ցանած էր ֆրանսահայութեան օրաթերթին՝ Յառաջի մէջ (1971)[5]Մարք Նշանեան, «Սփիւռքականութիւնը եւ Հայ Դատը», Յառաջ, 30 ապրիլ 1971, էջ 2-3, 1 մայիս 1971, էջ 2-3։ , ու Դեկտեմբեր 1976ին հիմնուած Միտք եւ Արուեստ յաւելուածի մնայուն բնակիչներէն մէկն ալ պիտի դառնար ամիսներ ետք[6]Մարք Նշանեան, «Քննադատութիւնը իբրեւ քաղաքական արարք», Յառաջ-Միտք եւ Արուեստ, 3 ապրիլ 1977, էջ 1, 3։։ Բագինի մէջ յօդուած մը լոյս ընծայելէ (1973)[7]Մարք Նշանեան, «Վէպ, սեռականութիւն եւ ժամանակ», Բագին, յունիս 1973, էջ 56-66 (Զարեհ Որբունիի Ասֆալթը վէպի … Continue reading եւ ԻՔՈՄի առաջին համագումարին (Միլան, 1978) զեկուցումներու հատորը խմբագրելէ ետք[8]Մարք Նշանեան, «Մենք, մէկ եւ երկու։ Սկզբունքներ», տե՛ս Marc Nichanian and Remo Pomponio, La struttura negata: cultura armena nella Diaspora, Milano, 1979, … Continue reading), 1980ին պիտի հիմնէր Կամը «իբրեւ գրական — եւ ընդհանուր կերպով՝ գրականութեան իրողութեան անդրադարձող — հանդէս մը», յղուելով Մեհեանին, Մենքին ու Ահեկանին «իբրեւ իրենց օրինաւոր կամ ընկեցիկ ժառանգորդը»[9]«Իբրեւ յառաջաբան», Կամ, թիւ 1, 1980, էջ 7։։
    Մատենագիտական շէնքի մը հիմքին այս կիսկատար պատկերացումը պիտի բիւրեղացնէի յաջորդ քառասուն տարիներուն, ընդհուպ մինչեւ այս տողերը։

2.

Ահա պահը, երբ յետադարձ հայեացքը կ՚ուղղուի դէպի ոլորուն ճամբայ մը, ուր դէպքեր ու դէմքեր հետք ձգած են եւ հնագոյն յուշերու քանի մը ծուէն ընտրելու, յիշողութեան մակարդակին բերելու ու, անոր բովէն անցընելով, գրի առնելու իղձը կը բխի։ 
    Մոնթէվիտէոյի ազգային վարժարանին մանկապարտէզը յաճախելէ ետք, դպրոցին փակուեցաւ իբրեւ կանխանշան համայնքի մօտալուտ պառակտումին։ Յաջորդ երեք տարիներուն, հայերէն սորվեցայ տունը՝ մօրս հետ, մինչեւ որ ծնողքիս որոշումով, մարտ 1973ին մեկնեցայ Պուէնոս Այրէս իբրեւ Խրիմեան Կրթական Հիմնարկութեան գիշերօթիկ աշակերտ։
    Ընթերցումի անթաքոյց մոլութիւնը կանուխէն բռնկած էր. պատմութիւնն ալ՝ հայ թէ օտար, դարձած էր մոլուցք։ Լեզուական շրջադարձը տեղի ունեցաւ երբ հայերէն առաջին գիրքս կարդացի՝ դասագիրքէն անկախ, նախակրթարանի վերջին տարին։ Այնուհետեւ, սպաներէնն ու հայերէնը մրցակիցի եւ ապա դաշնակիցի վերածուեցան։ 
    Այդ դաշինքը պիտի արմատանար ու ամրապնդուէր 1980ին՝ երկրորդականի նախավերջին տարին, երբ գրասէր հօրս դրդումով, որ երկարամեայ իր հանրային ծառայութեան կողքին, նաեւ թարգմանիչ էր, սկսայ հրատարակել թարգմանութիւններ, իսկ երբեմն՝ հայերէն ու սպաներէն ինքնագիր գրութիւններ, Արմենիա օրաթերթին մէջ։
    Դիպուածն էր, որ կեանքի նաւը նոյն տարին ուղղեց դէպի անծանօթ աշխարհ մը, որուն «հայագիտութիւն» կոչուիլը աւելի ուշ պիտի սորվէի։
    Սպանական գրականութեան մեր հմուտ ուսուցիչը՝ Ռենաթօ Մորալէս տէ Ռիվերա, դասաւանդութիւնը սկսած էր հնդեւրոպական դիւցազնավէպերէն (Մահապարաթա, Իլիական, Ոդիսական, եւ այլն)՝ սպանական Իմ Սիտի երգը դիւցազնավէպին հասնելէ առաջ, եւ մեր դասարանին պարտականութիւն տուաւ շարադրութիւն մը գրել հայկական դիւցազներգական գրականութեան մասին՝ Աւագ Շաբթուան քառօրեայ արձակուրդին։ Անոր ձեռամբ, հօրս գրադարանի սակաւ աղբիւրներէն հապճեպ քաղուած այդ գրութիւնը անակնկալօրէն լոյս պիտի տեսնէր իբրեւ յօդուած վեց ամիս ետք։
    Հայ գրականութեամբ հետաքրքրուած նոյն ուսուցիչին հարցադրումը՝ անոր համամարդկային արժէքներուն յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու, զիս մղեց պարզ ընթերցողի աչքով չնայելու, երբ յաջորդ տարի սկսայ մեր բանաստեղծութենէն եւ արձակէն նմոյշներ թարգմանել։
    Միջոցին, Մանուկ Աբեղեանի Հայոց հին գրականութեան պատմութիւնը յայտնաբերելով դպրոցի գրադարանին մէջ, ձեռնամուխ եղած էի առասպելական ու դիւցազներգական բնագիրներու տարողունակ հետազօտութեան՝ Հայկ նահապետէն մինչեւ Սասունցի Դաւիթ։ 1982ին, նոյնիսկ առաջին, որպէս թէ աւարտած տարբերակի մը հեղինակային իրաւունքին արձանագրութիւնը կատարեցի պատկան մարմիններուն քով, որուն յաջորդեցին, բնականաբար, բազմաթիւ այլ տարբերակներ։ Ի վերջոյ, սակայն, ինչպէս գրած է բանաստեղծը, «առաջին սէրը կուտ է գնում»։ Վիթխարի գրականութեան եւ տարբերակներու բազմամեայ կուտակումէն ընդամէնը երեք գիտական յօդուածներու վտիտ հունձք մը մնաց։
    Արդարեւ, հետազօտութեան ընթացքը անհրաժեշտ դարձուցած էր գլուխ մը տրամադրել հայոց ծագումին։ Վերջինս շուտով առանձին աշխատութեան մը վերածուեցաւ, որ ճակատագրուած էր կլանելու իր նախորդը տասնհինգ տարուան ընթացքին։ Այս գործը աւելի արդիւնաւէտ եղաւ, եթէ հաշուենք գրադարանիս մէկ անկիւնը ննջող՝ սպաներէն էջադրուած, սակայն անտիպ օրինակը, որ մնացած է 1998ին չկայացած հրատարակութենէն, եւ աւելի քան տասնեակ մը տպուած յօդուածներ տարբեր լեզուներով, որոնցմէ մէկը գրուած է Մարկ Նշանեանի խնդրանքով ու անոր կողմէ ֆրանսերէնի թարգմանուած[10]Տե՛ս Marc Nichanian, Ages et usages de la langue arménienne, Paris, 1989, էջ 43-53։։
    Այդ խնդրանքը վրայ հասած էր երբ մեր զուգահեռ գիծերը արդէն խաչաձեւ դարձած էին, իսկ մեր նամակագրական ու անձնական հանդիպումները՝ իրենց խորունկ հետքը ձգած։

3.

1962-1975ի Բագինի հաւաքածոն Պուէնոս Այրէս տեղափոխուած էր ընտանիքիս հետ, 1977ին, իսկ հայրս բաժանորդագրութիւնը նորոգած էր 1980ի վերջերուն։
    Հաւաքածոյին ծանօթանալու չէի հասցուցած տակաւին, երբ 1981ին Մարկ Նշանեանի անունը առաջին անգամ տեսայ Կամի առաջին թիւի ծանուցումին մէջ՝ «Վահան Թէքէեան կամ անկարելի անցքը» գրութեան խորագրին դիմաց[11]Բագին, հոկտեմբեր 1981, ներքին կողք։։ Անունը ինքնին ոչինչ կ՚ըսէր, մանաւանդ որ Բագինի ծանուցումին չյաջորդեց գոնէ լրատուական յօդուած մը, ալ չըսենք՝ գրախօսական մը։ 1982ի վերջերուն, Մինաս Թէօլէօլեանի հետեւեալ նախադասութիւնը՝ Գրիգոր Պըլտեանի Տրամին առիթով, քիչ մը աւելի լոյս սփռեց.

Բացառութեամբ Մարք Նշանեանի մէկ քանի յօդուածներուն՝ Սփիւռքը չէ տուած փիլիսոփայութեան եւ գրականագիտութեան նման զուգորդում[12]Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, Բ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պոստըն, 1982, էջ 564։։

    Այս անուղղակի գնահատականը չէր մանրամասներ, սակայն, թէ ո՞վ էր Մ. Նշանեան կամ ի՞նչ էր անոր յօդուածներուն պարունակած «զուգորդում»ը, որպէսզի դրուէին Պըլտեանի՝ Մեծարենցի, Ինտրայի, Վարուժանի, Ահարոնի, Սարաֆեանի եւ սփիւռքահայ վէպին թուարկուած ուսումնասիրութիւններուն կողքին, զորս չէի տեսած անշուշտ։ Միւս կողմէ, այդ « մէկ քանի յօդուածները» պատահաբար գտնելու պարագային, ի՞նչ պիտի հասկնար երկրորդական վարժարանը եւ անոր հայ գրականութեան դասերը նոր աւարտած սկսնակս, որ հազիւ իւրացուցած էր կենսագրութիւններու եւ ընթացիկ գրական բնորոշումներու հէնքը՝ այդ գրականութեան մակերեսը, եւ որուն Մ. Թէօլէօլեանի հատորը առիթը կու տար նոյնը ընելու սփիւռքահայ գրականութեան պարագային։ 
    Արժանթինեան զինուորական վարչակարգի եօթնամեայ բռնատիրութեան աւարտական տարին՝ 1983ին, Երեւանի գրական ու հայագիտական մամուլը կը յայտնուէր, Հայաստանի ներկայութիւնն ու գիտելիքներու հորիզոնի ընդլայնումը նշանաւորելով։ Միւս կողմէ, արդէն սկսած էի վայելել բախտի ու պատահականութեան ընծայած գիւտերու անսահման բարիքները Պուէնոս Այրէսի գրադարաններուն, ինչպէս նաեւ լքուած գիրքերու կամ թերթերու հաւաքածոներու մէջ։ Այդպէս է, որ ձեռքս անցան Ահեկանի ամբողջական հաւաքածոն եւ Ուսանողի վերջին՝ 1970ի թիւը, եւ տեղի կ՚ունենար իմ ընդնշմարած սփիւռքեան իրականութենէն բոլորովին տարբեր, լուսանցքի վրայ նետուած նոր աշխարհի մը յայտնագործումը՝ 1960ականներուն արդէն առաջադրուած, մտածուած Սփիւռքի մը պատկերն ու օրինակը։ Բոլորովին անկախաբար, միաժամանակ սկսան երեւան գալ Յառաջն ու Միտք եւ Արուեստը, որոնք ուշադրութիւնս սեւեռեցին, ի շարս այլոց, Ահեկանի, Ուսանողի, եւ Երիտասարդ Հայի ժառանգորդներ Վահէ Օշականի, Գրիգոր Պըլտեան եւ Մարկ Նշանեանի վրայ։ Խաչիկ Թէօլէօլեանի հետ, անոնք կազմած էին «մոգական քառեակը» (ֆութպոլային անուանումով՝ le carré magique), որուն հարցադրումներուն արդիականութիւնը, որ գիտցածներէս հեռու եւ վեր էր, մշտական մարտահրաւէր կը ներկայացնէր։ Սկսայ անդրադառնալ, որ գրեթէ տարիքս ունեցող Սփիւռքի վերոյիշեալ պատկերը, 1980ականներու իր նորանոր մշակումներով ու առաջադրանքներով, հակազդեցութիւնն էր ու հերքումը տասնամեակներու մերժումին՝ կորուստի, ձուլումի ու այլասերումի անել ու աննպատակ գաղափարաբանութեան, եւ դեռ ի զօրու էր իր ամբողջ ուժով ու թելադրականութեամբ։ Ինչո՞ւ չըսել, թէ ի զօրու կը մնայ նոյնիսկ մեր օրերուն, երբ Աւետիք Իսահակեանի աւելի քան հարիւրամեայ տողը դեռ ատակ է զգացականօրէն նկարագրելու այն «ոգու սով»ը, որ վրայ կը հասնի ամէն ինչի մասին կուրծք ծեծուելէ եւ ամէն ինչ նիւթապէս թէ բարոյապէս ծախու դրուելէ ետք՝ լեզուէն մինչեւ դպրոցը եւ ժառանգութենէն մինչեւ արժանապատուութիւնը։
    1984ին, Յակոբ Օշականի 100ամեակին նուիրուած Բագինի բացառիկին մէջ լոյս կը տեսնէր «փարիզահայ երիտասարդ մտաւորական Մարկ Նշանեան»ի կողմէ տրամադրուած ընդարձակ գրութեան մը առաջին մասը[13]Մարկ Նշանեան, «Վէպը եւ արդիական սկզբունքը», Բագին, յունուար-փետրուար 1984, էջ 96-107։ Խմբագրական ծանօթութիւնը կը … Continue reading։ Մնացորդացի մէկ էջին այդ ընթերցումը կը ներառէր անդրադարձ մը 1946ի Օշականի ընդարձակ էջատակի ծանօթագրութեան, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր Սասունցի Դաւիթէն ժողովուրդ մը վերակազմելու կարելիութիւնը՝ յար եւ նման Իլիականին կամ Ոդիսականին, եւ ընդհանրապէս կը մերժէր դիւցազնավէպին գրական արժէքը։ Այդ տողերը հասանելի չէին, ըլլար անոնց աղբիւրը՝ Յուսաբեր ամսագիրը, որուն անունը առաջին անգամ կը լսէի, կամ հատորային վերատպումը (Պէյրութ, 1983)։ Ամիսներ ետք, Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 100ամեակին նուիրուած Միտք եւ Արուեստի թիւին մէջ, Մ. Նշանեան քննադատաբար կ՚անդրադառնար «հեթանոսութեան» խրթին խնդրին ու հայաստանեան ընթացիկ տեսութիւններուն, բայց առանց տալու իր տեսակէտը (յետոյ պիտի իմանայի, որ շարունակութիւնը լոյս տեսած չէր՝ տեղի անձկութեան պատճառով)[14]Մարք Նշանեան, «Նոր-վիպապաշտ կամ՝ ընկալման պատմութիւն մը», Յառաջ-Միտք եւ Արուեստ, 1 ապրիլ 1984, էջ 2-3։։ 
    Երկու հարցերը կը մտնէին դիւցազնավէպի հետազօտութեանս ծիրին մէջ, քանի որ նախատեսած էի գլուխ մը տրամադրել առասպելա-դիւցազնական գրականութեան ներգործութեան՝ նոր շրջանի գրականութեան վրայ։ Ուրեմն, նոյն տարուան կէսերուն, որոշեցի նամակագրական հանդիպում մը ունենալ այս հարցերու առիթով։
    Անշուշտ, աշխարհի հարաւային ծագէն (քիչ մնաց պիտի գրէի՝ ծակէն) յայտնուող նորափետուր դպիր մը, որ հայերէն կը գրէր ու մեր գրականութենէն որոշ բան կը թուէր հասկնալ՝ առանց Միջին Արեւելքի կամ Հայաստանի հետ ծագումնային կամ ուսումնական որեւէ յարաբերութիւն ունեցած ըլլալու, բաւականաչափ «տարաշխարհիկ» տուեալներ կ՚ընծայէր, որպէսզի իր առաջին նամակը ընդարձակածաւալ պատասխանի մը արժանանար գրեթէ կայծակնային արագութեամբ՝ այդ օրերու Փարիզ-Պուէնոս Այրէս թղթատարական երթ ու դարձի երկու-երեք շաբթուան ծիրին մէջ։ Չէ՞ որ… մենք ալ չէինք նախատեսուած։
    Յաջորդող երեք տարիներուն հինգ թէ վեց, սակայն տասի արժէք ունեցող հիւթեղ նամակները այժմ ձեռքս չեն, բայց միտքս տպաւորուած է «բանասիրական» մանրուք մը, որ կրնայ շահեկան ըլլալ։ 1983ի վերջերուն, նշանաւոր հայագէտ Ֆրետերիք Ֆէյտիի ծննդեան 75ամեակին առիթով, Էջմիածին ամսագրին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը Մ. Նշանեանը յիշած էր «հայ եւ օտարազգի բազմաթիւ հայագէտներ»ու շարքին.

Ներկայիս արտասահմանում ապրող հայ եւ օտարազգի բազմաթիւ հայագէտներ Ֆէյդիից ոչ միայն հայերէն են սովորել, այլեւ ստացել իրենց հետագայ հայագիտական գործունէութեան ուղղութիւնն ու գաղափարը։ Պրոֆ. Ֆէյդիի աշակերտներից են Օքսֆորդի համալսարանի պրոֆեսոր Չառլզ Դաուսէթը, Կոլումբիայի համալսարանի հայագիտութեան եւ Բիւզանդիայի պատմութեան ամբիոնի վարիչ Նինա Գարսոյեանը, Կրակովի համալսարանի պրոֆեդոր Անջէյ Պիսովիչը, Փարիզի ազգային գիտահետազօտական կենտրոնի գիտաշխատող Ժան-Մարկ Ռոզենշտիլը, Մոնպէլիէի համալսարանի պրոֆեսոր Ժեռար Տէտէեանը, Փարիզում հայերէն հրատարակուող գրական-վերլուծական ԿԱՄ հանդէսի խմբագիր Մարկ Նշանեանը, վերջապէս պրոֆեսոր Ժան-Պիեռ Մահէն, որն այժմ փոխարինում է նրան՝ իբրեւ Սորբոնի համալսարանի հայագիտութեան ամբիոնի ղեկավար[15]Սեդա Յարութիւնեան, «Հայագիտութեան մեծ երախտաւորը», Էջմիածին, 11-12, 1983, էջ 45։ Մօտ քառասուն տարի ետք, այս … Continue reading

    Ի դէպ, մինչեւ օրս չեմ կրցած ճշդել, թէ արդեօք առաջին յիշատակութի՞ւնն էր հայրենի մամուլին մէջ, ոչ ալ պարզել, թէ ի՞նչ դիպուածով անունը մուծուած էր այդ ցանկին մէջ, ուր Ֆէյտիի աշակերտած միւս հայագէտները՝ Տաուսէթ, Կարսոյեան, Փիսովիչ, Ռոզենշտիլ, Տէտէեան եւ Մահէ, մեծաւ մասամբ շատ աւելի հոլովուած անուններ էին Հայաստանի մէջ։
    1984ի երկրորդ կէսին, վրայ հասաւ Միտք եւ Արուեստի՝ Շահնուրին նուիրուած բացառիկը, ուր Մ. Նշանեան կը վերադառնար 1970ի «Ազատն Կոմիտաս»ի բանավէճին.

Այդ ամիսներուն է որ սկսայ ես ակամայ թափանցել Սփիւռքի մամուլին ու գրականութեան բարքերը, ու հասկնալ կենդանի օրինակով մը՝ հոն տասնամեակներէ ի վեր թրծուող ատելութիւնները։ Այդ ամիսներուն նաեւ՝ ծնան հայերէն լեզուով առաջին տողերս[16]Մարկ Նշանեան, «Բրտութեան առաջին ագոյցը», Յառաջ – Միտք եւ Արուեստ, 9 սեպտեմբեր 1984, էջ 4։

    Կենսագրական տեղեկութիւններ չէի կարդացած մինչ այդ, եւ թերեւս տեղ մըն ալ չկային։ Երկու պարբերութիւնները համադրելով, եզրակացուցի, որ Ֆրանսա ծնած Մ. Նշանեանը, լեզուն համալսարանը սորվելով, այդ ժամանակ սկսած էր հայերէն գրել։
    Բայց ամէն անգամ չէ, որ երեւութապէս յստակ երկու փաստերու զուգորդումէն ճշգրիտ եզրակացութիւն մը կը ծնի։ Վրայ հասաւ հերքողական պատասխանը։ Հարկաւ՝ տեղեակ չէր Էջմիածինի յօդուածէն, եւ հարկաւ՝ հայերէնի համալսարանական ուսումը ըրած էր Արեւելեան Լեզուներու Դպրոցը՝ Ֆէյտիի քով։ Ամբողջ տարբերութիւնը հոն էր, որ գրական հայերէնը սկսած էր սորվիլ 20 տարեկանին, փոխանակ 16ին, եւ ֆրանսական դպրոց երթալով հանդերձ, հայերէն գիտէր ընտանեկան ծոցէն։ Տասնամեակներ ետք, պիտի անդրադառնար իր ունեցած կարող ուսուցիչներուն, ինչպէս բանասէր Տիգրան Չիթունիի այրին, աւելցնելով. 

Այդ տարիներուն էր, երբ Փարիզ դեռ հայախօս մտաւորականութիւն մը կար։ Իրենց [ մօրաքրոջ՝ Զարուհի Տէր Յակոբեանի. Վ. Մ.] տունն է, որ ճանչցած եմ Ահարոնը, Վարուժանի սերունդէն եւ Վարուժանի հետեւորդ։ Ճանչցած եմ երբ կ՚ըսեմ, սխալ պէտք չէ հասկնալ։ Ճանչցած եմ միայն այն չափով, որ երեխայ մը կրնայ ճանչնալ չափահասներու աշխարհը։ Այս ամբողջը ի հարկէ՝ կարելի է մոռնալ։ Կը պատմեմ միայն հաճոյքի համար։ Խորհելով որ հո՛ն ծագեր է մէջս գիրքերու սէրը, եւ այդ սերունդին հանդէպ պատասխանատուութեան զգացում մը։ Որուն անդրադարձած եմ տարիներ ետքը միայն։ Ուզեր եմ իրենց աշխարհին, իրենց յամառութեան, իրենց ճգնումին, հայերէն լեզուի հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեան հաւատարիմ ըլլալ։ Ուզեր եմ որ մէկը գոնէ, թէկուզ միայն մէկ հոգի, մնայ հաւատարիմ[17]https://inknagir.org/?author=13։։

4.

Արժանթինի ու իմ անձնական իրականութիւնս կը պարտադրէին հետեւիլ պատմութենէն ու գրականութենէն հեռու, համալսարանական «գործնական» մասնագիտութեան, որ ապագայ ապրուստի միջոց հայթայթէր։ Արժանթինեան համակարգին մէջ, ուսանողը գլխովին կը նետուէր ընտրուած մասնագիտութեան յորձանուտին մէջ։ Չկար ամերիկեան համակարգի ճկունութիւնը, որ ազատութիւն կ՚ընծայէ հետեւելու ինչ-ինչ յարակից նիւթերու առաջին չորս տարիներուն կամ ուղղակի յետաձգելու բուն մասնագիտութեան ընտրութիւնը մագիստրոսութեան փուլին։ Արդէն համակերպած էի, որ հայագիտական հետաքրքրութիւններս առօրեայ աշխատանքէն դուրս զբաղում պիտի ըլլային՝ «չղջիկային ժամեր»ու գործ, ինչպէս տարիներ ետք գրած եմ մտերիմ ընկերոջ մը։ Համալսարանը աւարտելէ ետք, հայագիտական նիւթերու մէջ խորանալու նպատակով գէթ տարի մը Հայաստան ուսանելու գաղափարը հեռաւոր երազ մը պիտի մնար։ Երբեք չէի կրնար երեւակայել, անշուշտ, որ այլ կերպարանքով լուծում մը պիտի իրականանար երկու տասնամեակ ետք։
    1985ին դիմած էի մասնակցելու Վենետիկի հայ լեզուի ու մշակոյթի ամառնային դասընթացքին, զոր Հ. Լեւոն վրդ. Զէքիեան հիմնած էր Մխիթարեան միաբանութեան ծիրին մէջ, բայց ինչ-ինչ պատճառներով որեւէ պատասխան ստացած չէի։ 1987 թուականը բեկումի տարին պիտի ըլլար։ 23 ապրիլին (օրը լաւ կը յիշեմ՝ բոլորովին ուրիշ պատճառով), Մ. Նշանեանէն ստացայ հապճեպ գրուած նամակ մը, ուր կ՚առաջարկէր կրթաթոշակի դիմել՝ արդէն Վենետիկի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի հովանիին տակ փոխադրուած նոյն դասընթացքին մասնակցելու, ուր ինք պիտի դասաւանդէր օգոստոսին։ Յաջորդ երեք ամիսներուն, արգելարշաւի երկարատեւ մրցավազք մը պիտի կատարէի՝ անձնական բազմաթիւ խոչընդոտներ յաղթահարելով, մինչեւ որ օգոստոս 1ին ճամբայ ելայ Պուէնոս Այրէս-Մոնթէվիտէօ-Ռիօ տէ Ժանէյրօ-Փարիզ-Վենետիկ երթուղիով։
    «Եթէ մէկ շաբաթ առաջ ինծի ըսէին, թէ այս պահուն ճամբայ պիտի ելլէի դէպի Վենետիկ, մեծ թերահաւատութեամբ պիտի ընդունէի այդ խօսքը։ Բայց եւ այնպէս, ինծի համար զարմանալի կերպով, ահա ես՝ ճամբորդ։ Եւ իրերու այս թաւալումին մէջ, չեմ կրնար ըմբռնել տակաւին, թէ ինչպէս այսքան շուտով ես ինծի այլ կը զգամ, թէեւ կարծես սա իրականութիւնը երազ ըլ լար եւ ես՝ պատրանքի մը զոհ», գրած եմ վենետիկեան այդ անմոռանալի ամսուան ընթացքին պահած օրագրութեանս մէջ, որ հետագայ բոլոր մէջբերումներուն աղբիւրն է։
    Վենետիկի օդակայանը իջնելով, բոլոր ձեւակերպութիւնները աւարտելէ ու դուրս ել լելէ ետք, պիտի սկսէին անակնկալները.
    «Հանրակառք մօտենալու ատեն, կը նկատեմ մարդ մը, որ քովը կայնած կը ծխէ։ «Piazzale Roma?» կը հարցնեմ։ Հազիւ նկատելի դրական շարժում մը կ՚ընէ ու կը մտնեմ։
    Կէս ժամ կը սպասենք։ Հանրակառքին մէջ, միայն երկու-երեք հոգի կայ։ Ծխող մարդը կը մտնէ ու առաջին նստարանը կը գրաւէ։ Վերջապէս վարորդը կը յայտնուի ու կը պատրաստուինք մեկնելու։ Ճիշդ այդ պահուն, աղջիկ մը կը մօտենայ ու կը մտնէ։ Դէմքէն յայտնի է, որ հայ է։ Ճիշդ առջեւս կը նստի։ Պայուսակին վրայ կը կարդամ՝ Arpi Kurkjian, Canada։ Խօսակցութեան կը բռնուիմ։ Հազիւ երկու-երեք բառ եւ մեր անունները ըսելէ ետք, ծխող մարդը կը դառնայ ու կ՚ըսէ. «Բարեւ»։ Ես ալ, իբրեւ միակ հակազդեցութիւն, կը հարցնեմ. «Դուք հա՞յ էք»։ Կը պատասխանէ. «Անունս Մարկ Նշանեան է»»։
    (Միայն ծանօթ էինք գիրով, ո՛չ թէ նկարով)։
    «Կարծես ապտակ մը զարկած ըլլային։ Ուրեմն այս մարդը, որ իմ ճամբորդութեանս խթան հանդիսացաւ, [Փարիզէն նոյն թռիչքով] ինծի հետ ճամբորդած է, բայց իրարու չենք հանդիպած։
    Խօսակցութեան կը բռնուինք։ Շատ լաւ հայերէն կը խօսի, թէեւ ֆրանսական շեշտով։ [Ուրիշ անձերէ պիտի լսէի յաջորդ օրերուն, որ իմ հայերէնս … սպաներէնի շեշտ ունէր]։ Համակրելի տիպար մըն է։ Շուտով կը մտերմանանք, կարծես հարազատներ ըլ լայինք վաղուց»։
    Չորս շաբթուան դասընթացքին, 70 մասնակիցներս չորս մակարդակներու բաժնուած էինք։ Տասնութ հոգի էինք չորրորդ մակարդակին մէջ, ունենալով իբրեւ դասախօսներ Հ. Լեւոն Զէքիեանը, Ռէմոն-Յարութիւն Գէորգեանը, Անի Թոթոյեանը, Մովսէս Պչաքճեանը եւ Մարկ Նշանեանը։ Վերջինիս դասին ժամանակ, մեզի կը միանային հինգ ֆրանսահայեր, որոնք կատակով ծանօթ էին իբրեւ «3 եւ կէս» մակարդակ.
    «Դադարէն ետք, կը սկսինք Մարկին հետ՝ «Գրականութիւն եւ միթաբանութիւն»։ Հոյակապ բան մըն է։ Առաջին անգամ ըլլալով մէկը լրջօրէն [ հայ] գրականութիւն կը դասաւանդէ ինծի։ Հրաշալի հայերէն մը ունի, նոյնքան հարուստ որքան գրելու ատեն»։
    Դասը կեդրոնացաւ Մեհեանի սերունդին վրայ, արձագանգելով նոր լոյս տեսած Կամի թիւին մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութեան[18]Մարկ. Նշանեան, «Գրական կանգնումը, Ա.», Կամ, 3-4, 1986, էջ 193-251։, իսկ վերջին օրերուն ունեցաւ երկրորդ բաժին մը՝ Եղիշէ Չարենցի մասին։ Հայագիտական դասընթացքին հմայքը ո՛չ միայն կը պարտէր Վենետիկի անկրկնելի մթնոլորտին կամ բուն դասաւանդութեան, այլ՝ այն միջավայրին, որ ստեղծուած էր դասարանէն ներս թէ դուրս, ճաշարաններու թէ սրճարաններու մէջ, ինչպէս եւ երեկոներուն պանդոկի տարբեր սենեակներու մէջ մեր գումարած «soirée littéraire»-ներուն ընթացքին, որոնք յաճախ կը տեւէին մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը, անպակաս էին մտածումներու ազատ հոսքն ու բանավէճերը՝ ամենատարբեր նիւթերու, երբեմն՝ օրուան անցուդարձերուն շուրջ։ «87ի խումբը», ըստ հաւաստի վկայութիւններու, երկար ժամանակ մնացած է Վենետիկի դասընթացքի հաւաքական յիշողութեան մէջ։
     Մարկի ուրոյն մտածելակերպն ու արտայայտուելու յախուռն եղանակը, գումարուած՝ գաղափարներու համարձակութեան ու թարմութեան, իրենց արձագանգը կը գտնէին երիտասարդ միտքերու մէջ, որոնք պատրաստ էին զարմանալու, հակազդելու, հարցադրելու, հակառակելու, բայց եւ այդ նորութեան հարստացնող գեղեցկութիւնը ըմբոշխնելու։ Ահա ամբողջութեան մասին գաղափար մը տուող զոյգ մը գրառում՝ երկրորդ օրուան դասէն («Ապա՝ Նշանեան deuxième acte։ Արդէն կը սկսին բանավէճերը») եւ կէսօրուան ճաշի սեղանէն. «Անշուշտ՝ ուր որ Մարկ Նշանեան, այնտեղ վէճ կայ»։
    Երեկոյեան ձեռնարկներուն շարքին, ֆրանսերէն առաջին դասախօսութենէ մը ետք, որուն նիւթը Նիկողոս Սարաֆեանն էր ու Վէնսէնի անտառը, Մ. Նշանեան երկրորդ դասախօսութիւն մը տուաւ՝ Շահնուրի «Պոյնուզլուները» պատմուածքին մասին, որ Մենքի երրորդ թիւին մէջ տպուած-մնացած էր, մինչեւ որ 1995ին մաս կազմած է Սիրտ սրտի հատորին. 
    «Մարկը պիտի ներկայացնէ Շահան Շահնուրի «Պոյնուզլուները»։ Կը բացատրէ, թէ «անիծեալ» բնագիր մըն է. պատճառը չ՚ըսեր։ Շահնուրը անգամ մերժած է իր կեանքի վերջալոյսին։ Կը կարդայ թարգմանութենէն հատուածներ։ Աւարտին խոր լռութիւն կը տիրէ, մինչ Միքայէլը [Նշանեան] հայերէնի կը վերաթարգմանէ կարդացուածը ինծի համար»։ (Երկրորդական վարժարանի երկու տարուան ֆրանսերէնս այդ ժամանակ կը բաւէր խօսելու, կարդալու կամ դասախօսութեան հետեւելու, բայց ուրիշ բան էր գրական բնագրի մը, այդ ալ՝ բնիկ ֆրանսախօսի մը կողմէ Շահնուրէն թարգմանութեան ընթերցումը լսել)։
    «Հոն կը հասկնամ եղածը։ Բնագիրը կը պատմէ թուրք եղբօր ու քրոջ մասին, որոնք հայ զինուորներու կողմէ (1920, Կիլիկիա) կը ստիպուին սեռային յարաբերութիւններ ունենալ։ Այսինքն՝ նիւթը ազգապղծութիւնն է, որուն շուրջ դարձած էր Մարկին ներկայացումը»։ 
    Այդ երեկոյ, երկարաշունչ բանավէճ մը սկսաւ սենեակի մը մէջ եւ աւելի ուշ տեղափոխուեցաւ ուրիշ սենեակ մը, մինչեւ առաւօտեան ժամը 3։00…։
    Այս փորձառութենէն ետք, հետզհետէ աւելի դժուար պիտի ըլ լար, որ նոյն աչքով նայէի գրական քննադատութեան կամ մեկնաբանութեան տեղ անցնող հռետորական, նկարագրական բացատրութիւններու, նոյնիսկ՝ անուանի դէմքերէ, որոնք այլեւս պարզունակ սկսած էին հնչել, ընդհանրապէս հեռու՝ գրական որեւէ երեւոյթ ըստ էութեան մեկնելու փորձ ըլլալէ. «Երրորդ շաբթուան սեմին, եթէ նստիմ ու հաշուեկշիռ մը կատարեմ, արդիւնքը խիստ դրական է։ (…) Մարկին տուած նիւթը, թէեւ ինծի համար բնաւ անծանօթ չէ, սակայն մօտեցումը այնքան թարմ է ու նոր, որ կը զգաս թէ ամբողջ աշխարհ մը կը բացուի առջեւդ»։
    Մարկը տարբեր նիւթեր յատկացուց ուսանողներուս իբրեւ աւարտական աշխատանք։ Գիտէր, որ նոր հրատարակած էի Չարենցի բանաստեղծութիւններու սպաներէն հատընտիր մը, ուստի ինծի բաժին հանեց Սոմայի վերլուծումը, իբրեւ մեկնակէտ ունենալով Հենրիկ Էդոյեանի Եղիշէ Չարենցի պոէտիկան մենագրութեան համապատասխան էջերը։ Այդ շարադրութիւնները խմբուեցան բազմագրեալ հատորիկի մը մէջ՝ Գրականութիւն եւ միթաբանութիւն (Վենետիկ, 1987), որուն յառաջաբանին հետեւեալ տողերը դասարանային մթնոլորտի ցոլացումն էին. «Ահաւասիկ ուրեմն՝ գործակցութեան մը արդիւնքը, իմ ու աշակերտներուս միջեւ։ «Գործակցութիւն» բառը անտեղի չէ հոս, որովհետեւ իրենց ունկնդրութեան որակով, իրենց հակազդեցութիւններուն խելամտութեամբ եւ զիս անակնկալի բերող իրենց իմացական յանձնառութեամբ, դասընթացքը գտաւ, կը կարծեմ, իր իմաստը եւ իր յաջողութիւնը»[19]Յուշամատեան քսանամեայ գործունէութեան Վենետիկի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի հայ լեզուի եւ մշակոյթի … Continue reading։ 

5.

Վենետիկը հայագիտական ծանօթութիւններս խորաչափելու եւ հարստացնելու փորձաքար մը դարձաւ, ինչպէս եւ կեանքիս շատ մը առաջնեկներու հանդիսավայրը. առաջին ուղեւորութիւնս Մոնթէվիտէօ-Պուէնոս Այրէս առանցքէն դուրս, առաջին հանդիպումը Մխիթարեաններուն եւ Ս. Ղազարի հետ, առաջին շփումը աշխարհի չորս կողմերէն խմբուած հայերու եւ ոչ-հայերու հետ, առաջին փորձնական գիտակցութիւնը Սփիւռք կոչուած երեւոյթի բազմակողմանի երեսներուն, առաջին ծանօթութիւնը հեռուէն միայն անունով ծանօթ շատ մը անձերու հետ, նոյնիսկ՝ առաջին սիրոյ պատմութիւն մը…։
    Դասընթացքը նոյնպէս եղաւ խորունկ ու մնայուն տպաւորութիւններու աղբիւրը, որոնք անսպասելի հետեւանքներ ալ ունեցած են։ Երբ Մարկ Նշանեան Մեհեանի սերունդը կը ներկայացնէր, Կոստան Զարեանի մասին իր առաջին խօսքը հաստատում մը կ՚ըլլար, որ նաեւ հարցադրում մըն էր. «Զարեանի կենսագրական տուեալները առասպել մըն են»։ Այդ նախադասութիւնը օրագրութեանս չանցաւ, այլ մտքիս մէջ դաջուեցաւ։ Անշուշտ, այդ ժամանակ «առասպել» բառին մէջ թաքնուած երկիմաստութեան վերահասու չէի[20]Տե՛ս Մարկ. Նշանեան, «Առասպելակերտում», Յառաջ – Միտք եւ Արուեստ, 4 դեկտեմբեր 1994, էջ 2-3։։
    Զարեանը բնաւ անկոխ ցամաքամաս չէր։ Արդէն Նաւը լերան վրայ վէպը կարդացեր էի երկրորդականի վերջին տարին, իսկ այնուհետեւ անոր ինքնատիպ գրականութիւնն ու օտար գրողներու հետ բազմաթիւ կապերը արդէն հետաքրքրութիւնս արթնցուցած էին։ Փետրուար-մարտ 1989ին, Հայաստան առաջին այցելութեանս նպատակներէն էր գրականութիւն հաւաքել եւ մասնագէտներու հետ խորհրդակցիլ դիւցազնավէպերու եւ հայ ժողովուրդի ծագման նուիրուած հարցերուն շուրջ ։ Մարկի նախադասութեան արձագանգով, Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն Զարեանի վերաբերեալ որոշ նիւթեր ձեռք բերի՝ անոր կենսագրութեան առասպելին շուրջ տիրող մշուշը քիչ մը ցրելու հեռահար մտքով։ Այդ հետազօտութեան պիտի հետեւէին արդի գրականութեան ուրիշ դէմքեր։ Երեսուն տարիէ ի վեր շարունակուող այդ հետազօտութեան առընթեր, պիտի փորձէի ուրիշ դէմքերու շուրջ գոյացած մշուշներ եւս ցրել։
    Պատմութիւնն ու գրականութիւնը կը շարունակեն ընդելուզուած ապրիլ մինչեւ օրս, բայց հեռաւոր անցեալի հանդէպ սեւեռուն հետաքրքրութիւնս տարիներու ընթացքին աստիճանաբար զուգադրուեցաւ ու ապա գերազանցապէս անցաւ դէպի աւելի նոր ժամանակներու ուսումնասիրութիւնը։ 1984ի առաջին հանդիպումէն իսկ, Մարկի հետ մօտակայ թէ հեռակայ կապն ու գործակցութիւնը անծանօթ աշխարհներու բացայայտումի յարատեւ ու ներշնչող աղբիւր դարձաւ, ինչպէս եւ գաղափարներու եւ համատեղ ծրագիրներու յղացումի խթան։ Բայց մանաւանդ՝ անցեալի ու ներկայի հանդէպ մշտապէս սթափ ու քննական կեցուածք որդեգրելու ազդակ։
    Մնացեալի մասին՝ գործը կը խօսի։

Կ. Տարի, 2021 թիւ 2-3

References
1 Մարգ Նշանեան, « Շահան Շահնուր եւ հարիւրամեակներու զաւեշտը», Ահեկան, 3, 1970, էջ 82-104։
2 Marc Nichanian, «Հայապահպանումի դէմ», Ուսանող/Oussanogh, 4, [1971], էջ 61-70 (գրութիւնը ֆրանսերէն է՝ հայերէն խորագրով)։ Թէեւ խմբագրութեան մէջ գրուած էր, թէ “La partie central de cet article vient d’une conférence prononcée à Paris en Mars 1970”, որուն ամբողջութիւնը Ահեկանի մէջ լոյս տեսած հայերէն յօդուածն էր, բայց Շ. Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս»ի առիթով այդ դասախօսութիւնը, Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցած է 9 ապրիլ 1970ին (Շրջուն Թղթակից, «Եւրոպայի Ուսանողական Միութեան դասախօսութիւնը», Յառաջ, 14 ապրիլ 1970, էջ 3)։ Ահեկանի յօդուածը ներկայացնող խմբագրական ծանօթութիւնը կ՚ըսէր,թէ Մ. Ն. «“Ուսանող” հանդէսին կ՚աշխատակցի հաւատարմօրէն», ակնարկելով երրորդ թիւի “Inceste et adultère ընդարձակ յօդուածին (էջ 12-51)։
3 Մարք Նշանեան, «“Քառուղի”. գրականութիւն եւ գաղափարաբանութիւն», Երիտասարդ Հայ, 24 մարտ 1973, էջ 3-7։
4 Նշանեան, «Շահան Շահնուր», էջ 90-91։ 
5 Մարք Նշանեան, «Սփիւռքականութիւնը եւ Հայ Դատը», Յառաջ, 30 ապրիլ 1971, էջ 2-3, 1 մայիս 1971, էջ 2-3։ 
6 Մարք Նշանեան, «Քննադատութիւնը իբրեւ քաղաքական արարք», Յառաջ-Միտք եւ Արուեստ, 3 ապրիլ 1977, էջ 1, 3։
7 Մարք Նշանեան, «Վէպ, սեռականութիւն եւ ժամանակ», Բագին, յունիս 1973, էջ 56-66 (Զարեհ Որբունիի Ասֆալթը վէպի ուսումնասիրութեան վերնագիրը արձանագրուած չէ 1973 տարուան բովանդակութեան ցանկին մէջ)։ Որբունիի Սովորական օր մը վէպի գրախօսականը տե՛ս Marc Nichanian, “Commencement et repetition: le roman de la Diaspora”, Նոր Շինարար, թիւ 15, 1975, էջ 35-36։
8 Մարք Նշանեան, «Մենք, մէկ եւ երկու։ Սկզբունքներ», տե՛ս Marc Nichanian and Remo Pomponio, La struttura negata: cultura armena nella Diaspora, Milano, 1979, էջ 62-67 (ֆրանսերէն ամփոփում՝ Marc Nichanian, “Ménk, un et deux,” էջ 68
9 «Իբրեւ յառաջաբան», Կամ, թիւ 1, 1980, էջ 7։
10 Տե՛ս Marc Nichanian, Ages et usages de la langue arménienne, Paris, 1989, էջ 43-53։
11 Բագին, հոկտեմբեր 1981, ներքին կողք։
12 Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, Բ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պոստըն, 1982, էջ 564։
13 Մարկ Նշանեան, «Վէպը եւ արդիական սկզբունքը», Բագին, յունուար-փետրուար 1984, էջ 96-107։ Խմբագրական ծանօթութիւնը կը հաղորդէր, թէ «Նշանեանի գրութեան շարունակութիւնը պիտի տանք յառաջիկային», բայց խոստացուած շարունակութիւնը լոյս չտեսաւ յաջորդ թիւերուն մէջ, անյայտ պատճառներով (Մ. Նշանեանի ստորագրութիւնը վերստին երեւցաւ 22 տարի ետք՝ 2006ին), իսկ 1985ի սկիզբին, Գէորգ Աճեմեանի առաջին ու վերջին աշխատակցութիւնը հրատարակուեցաւ, որ իր Տեսական-քննադատական փորձեր երկրորդ հատորի գրախօսականին ի պատասխան գրուած պարսաւագիր մըն էր (Մարկ Նշանեան, «Հայութիւնը սորվելիք չունի», Յառաջ – Միտք եւ Արուեստ, 7 հոկտեմբեր 1984, էջ 3-4. Գէորգ Աճեմեան, «Գրական քննադատութեան նոր եւ եզակի եղանակ», Բագին, յունուար 1985, էջ 57-65)։
    «Պարսաւագիր» բառը խղճի մտօք գրուած է։ Հազուագիւտ պարկեշտ ընդդիմախօսները չեմ հաշուեր եւ ո՛չ ալ արհեստավարժ ժխտողականները, երբ մտովին կը ցանկագրեմ բազմաթիւ տիտղոսաւոր ու անտիտղոս անձեր, որոնք 1985էն սկսեալ (թերեւս առաջ ալ) մերթ ընդ մերթ փորձած են անդրադառնալ Մ. Նշանեանի բարդ տողերուն, երբեմն ամենապարզ գաղափարներուն կամ քննադատութիւններուն, առանց ճշգրիտ ըմբռնումի ընդունակութիւնը ցուցաբերելու, որովհետեւ անհանդուրժելի գտած են նուիրական համարուած արժէքներու կամ հաստատումներու երեւակայական «սրբապղծումը» կամ պարզապէս չեն ընդունած իրենց դաւանած տեսակէտներուն վիճարկումը։ Յաճախ, ինչպէս հինաւուրց օրէնք է մեր մէջ, այդ պատասխանները յանգած են լուտանքներու, խեղաթիւրումներու եւ ափյափոյ կիսափաստերու տարատեսակ գումարումին, վերահաստատելով Յակոբ Պարոնեանի «հայհոյանքը փաստի սով է» խօսքին անժամանցելիութիւնը, ինչպէս եւ բանավիճելու քաղաքավարութեան (կուլտուրայի՝ հայաստանեան բաոով) ահաւոր պակասը։ Այս գրութիւններէն մէկ քանին նոյնիսկ արժանի համարուած են երկրորդ կեանքի՝ մամուլին մէջ թաղուած մնալու փոխարէն (հմմտ. Եուրի Խաչատրեան, Ազատ էջեր, Երեւան, 2008, էջ 247-271. Թորգոմ Փօսթաճեան, Վահան Թոթովենց. ներբող իր փառապանծ անձին եւ վաստակին եւ հաշուեյարդար սրբապիղծ ընդդիմագիրներու, Լոս Անճելըս, 2011)։
14 Մարք Նշանեան, «Նոր-վիպապաշտ կամ՝ ընկալման պատմութիւն մը», Յառաջ-Միտք եւ Արուեստ, 1 ապրիլ 1984, էջ 2-3։
15 Սեդա Յարութիւնեան, «Հայագիտութեան մեծ երախտաւորը», Էջմիածին, 11-12, 1983, էջ 45։ Մօտ քառասուն տարի ետք, այս պարբերութիւնը վերստին կը կարդամ, հիմա՝ քմծիծաղով։ 1993ին, Գոլումպիա համալսարանի (Նիւ Եորք) հայագիտական ամպիոնի վարիչ Նինա Կարսոյեան հանգստեան կը կոչուէր։ Անոր յաջորդելու կոչուած Մարկ Նշանեանի ընտրութիւնն ու պաշտօնավարութիւնը (1996-2007) գայթակղութեան քար կը դառնար, ծայր տալով երկարատեւ, տգեղ (չըսելու համար՝ տգէտ) արշաւի մը մամուլին մէջ եւ քուլիսներու ետին, որու սին պատճառաբանութիւնը լաւագոյնս խտացուած է ի յետսագունէ յուշագրական պնդումին մէջ, թէ “Columbia’s Armenian studies came to be headed by one whose preparation, whatever his other merits, had not been in the Armenian field and whose exclusive concern with the twentieth-century western Diaspora [«մէկուն կողմէ, որուն պատրաստութիւնը, անկախաբար իր այլ արժանիքներէն, հայկական կալուածին մէջ եղած չէր եւ որուն առանձնակի շահագրգռութիւնը Ի. դարու արեւմտեան Սփիւռքով»] was far narrower than the scope we had originally envisaged” (Nina Garsoïan, De Vita Sua, Costa Mesa (Ca.), 2011, էջ 201. ընդգծումը իմս է. Վ.Մ.)։ Հաւանական է, որ Ն. Կարսոյեան, որու պատմաբանի այլապէս անուրանալի արժանիքները ո՛չ միջնադարէն անդին տարածուած են եւ ո՛չ ալ հայերէնի կենդանի գործածութիւնը ընդգրկած, տեղեակ իսկ չէր իր անունի յիշատակութենէն՝ հայագէտ Ֆ. Ֆէյտիի դասերու հետեւած ու հայագիտական վկայական ստացած Մ. Նշանեանի կողքին, որու առջինեկ հատորը՝ Ages et usages de la langue arménienne, բաւարար էր հերքելու «պատրաստութեան» առասպելը։
16 Մարկ Նշանեան, «Բրտութեան առաջին ագոյցը», Յառաջ – Միտք եւ Արուեստ, 9 սեպտեմբեր 1984, էջ 4։
17 https://inknagir.org/?author=13։
18 Մարկ. Նշանեան, «Գրական կանգնումը, Ա.», Կամ, 3-4, 1986, էջ 193-251։
19 Յուշամատեան քսանամեայ գործունէութեան Վենետիկի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքին, Վենետիկ, 2005, էջ 97-98։ Գրքոյկին բովանդակութեան վերատպումին համար, տե՛ս էջ 99-131։
20 Տե՛ս Մարկ. Նշանեան, «Առասպելակերտում», Յառաջ – Միտք եւ Արուեստ, 4 դեկտեմբեր 1994, էջ 2-3։