Թեքեան Վեհանոյշ,
Կին՝ Ատեան եւ Մատեան
Զանգակ հրատարակչատուն
Երեւան, 2022

Կին՝ Ատեան եւ Մատեան գիրքը լոյս տեսաւ փետրուար 2022ին «Զանգակ» հրատարակչատունէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ, խմբագրութեամբ՝ Յարութիւն Պէրպէրեանի։ Կողքի նկարը՝ Նշան Գազէզեանի։ Քերթողական եւ արձակ կտորներու այս հաւաքածոյով, Թեքեան կը ներկայացնէ այլատեսակ կիներ՝ տարբեր մշակոյթներէ, ցամաքամասերէ ու ընկերային յարաբերութեանց ժամանակաշրջաններէ։
Անոնք իրե՛նց հոգեխառնութեամբ եւ ձայնով է որ կը դիմակայեն սովորականն ու անսովորը, տրաբեր պետութիններու օրէնքները, դատարաններն ու պարտադրուող ինչեւինչ աւանդութիւնները։ Մեղքերն ու սրբութիւնները։ Կը կազմեն սեփական կամքով ատեան եւ կը մատուցուին որպէս ժամանակակից մատեան։