Պըլտեանի քերթողութեան արդէն այլազան երեսներէն՝ նո՛ր մըն է որ կը ներկայանայ այս գեղատիպ հատորիկով — կիրարկումը «ծագող արեւի երկիր» Ճափոնէն հասած ձեւի մը՝ «հայկու»ի (արեւմտահայ-հնչական տառադարձութեամբ՝ պիտի ըսէինք՝ «հայքու»ի): Միշտ արտահայեաց, միշտ լեզուա-փորձարկային ախորժներու հակող, բանաստեղծը, որ երկար անցում մը կատարած էր «մանտրա»ներու ոլորտէն — թէեւ առանց հոն սահմանափակուելու,- հիմա, «հայկու»ներով կը փորձարկէ եռատող, խիտ կտոր մը՝ 17 վանկանի (5 + 7 + 5), բեկոր-քերթուած մը, կամ՝ ինչպէս ինք կը բնորոշէ՝ գործածելով աւելի ուժական, շարժումային-ժամանակային սահմանում մը. «րոպէն, սրընթաց առկախումը րոպէին»:
«Հայկու»ն, այնքան հարուստ որքան ամփոփուն քերթողական այս «էակ»ը շահեկան է շա՛տ ծալքերով: Պիտի արժէր անջատ առիթով անդրադառնալ անոր: Ատիկա կ՚ընէ բանաստեղծը՝ ինք, հատորի աւարտին, բաւական ծաւալուն, շահեկան «Հայկուի մասին – իբրեւ վերջաբան» ակնարկով, այլապէս արժանի՝ անջատ անդրադարձի:
Հոս կ՚արժէ իր նշումներէն յիշել գոնէ մէկը — զուգադիպային հանգիտութիւնները հայ մատենագրական եւ բանահիւսական որոշ նիւթերու հետ — Նարեկացիէն սկսած, ու հասնելով միջնադարեան «Անտունի»ներուն…: