Պօղոս Սնապեանէն յետ մահու հրատարակուած երկրորդ հատորն է Գիրքերու հետ գրախօսականներ, Ա. հատորը։ Խմբագիրն է Թամար Սնապեան-Սուրճեան։ Գիրքը, 191 էջ, լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, 2017-ին։
Խմբագիրը 24 բաժինով ներկայացուցած է գրախօսականները. խորքին մէջ 17 հեղինակներու 28 գիրք գրախօսուած է։ Կ’անդրադառնանք բոլոր գրախօսականներուն, ապա եզրակացութիւններ պիտի հանենք Սնապեան գրականագէտ-քննադատին մասին։
Սնապեան երեք գիրք գրախօսած է Նշան Պէշիկթաշլեանէն՝ Մոմիաներ, Լուսաբերդ եւ Հրաշագործ հայը։ Առաջին գիրքին մէջ Պէշիկթաշլեան հեռու է նախապաշարումներէն, երբ հաշուեյարդարի կը նստի իր հերոսներուն երգիծագրութեան մէջ, չի կաշառուիր եւ երբեք չի դաւաճաներ իր խառնուածքին։
Լուսաբեր եւ Հրաշագործ հայը հատորները երգիծական սեռին չեն պատկանիր։ Առաջինին մէջ Պէշիկթաշլեան թափանցած է իր հերոսներու (Տարօնէն) հոգեկան աշխարհին մէջ եւ արտահանած է լուսաւոր պատկերներ։ Ըստ Սնապեանի, հերոսները ճառերով դուրս չեն գար իրենց գերեզմաններէն, այլ պէտք է լուսաւորուած ըլլան արուեստով՝ ինչ որ ըրած է Պէշիկթաշլեան։
Հրաշագործ հայը գործին մէջ Պէշիկթաշլեան կը նկարագրէ թուրք ժողովուրդին հրէշագործութիւնները։ Մէկ շունչով կարդացուող այս փոքրածաւալ գիրքը «լայնաշունչ քերթուածի մը լայնքը ունի» (էջ 75), որ կառուցուած է «ներքին խաղաղութեան հասած հայու մը մտածումներուն ու ապրումներուն վրայ» (էջ 74)։
Պէշիկթաշլեանի նման երեք գիրք գրախօսուած է Արամ Հայկազէն՝ Ցեղին ձայնը, Շապին Գարահիմար ու իր հերոսամարտը եւ Պանդոկ։ Առաջինին հերոսները պարզ եւ նոյնիսկ աննշան մարդիկ են։ Արամ Հայկազ պատմելու դժուարութիւն չունի։ Ինքն է գրականութեան առանցքը, որ կը հովանաւորէ իր հերոսները (էջ 20)։ Խառնուածքը՝ ջերմ, յորդ, սրամիտ։ Ունի պատկերաւոր դարձուածքներ։
Գրագէտի կողքին, Արամ Հայկազ նաեւ պատմագրող է. բա՛ն մը, որ կը տեսնուի Շապին Գարահիսար ու իր հերոսամարտը գործին մէջ։ Միշտ նոյն մարդն է Արամ Հայկազ, գրագէտ ըլլայ թէ պատմագրող։
Պանդոկին մէջ նորէն «ցեղին ձայն»ն է, որ կու գայ։ Արամ Հայկազ միշտ իր անձն է, որ կը դնէ պատումներուն մէջ, թէեւ այս գիրքին մէջ կան տիպարներ՝ առանց անձնական միջամտութիւններուն։
Երկու գիրք գրախօսուած է Համաստեղէն։ Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքներուն մէջ Համաստեղ ստեղծած է թիփեր (տիպարներ)։ Համաստեղ կարդալով, կը գրէ Սնապեան, «բան մը կ’աւելնայ մէջդ», «քաղցրութիւն մը կը համակէ քեզ», «աւելի կը մարդկայնանաս» եւ անգամ մը եւս կը գիտակցիս, թէ «իրապէս իմաստ մը ունի գրականութիւնը» (էջ 146, 147 եւ 148)։
Նոյն Համաստեղն է, որ կը նուաճէ տարբեր սեռ մը՝ Այծետոմար եւ ուրիշ բանաստեղծութիւններ հատորին մէջ։ Միակ տկարութիւնը գործողութեան դանդաղութիւնն է, այսուհանդերձ գործը «կը դրսեւորէ տաղանդաւոր գրագէտին բանաստեղծական ողջ շնորհները» (էջ 158)։
Յակոբ Օշականի երեք գործերուն (Ծակ պտուկը, Հաճի Մուրատ եւ Հաճի Ապտուլլահ) առիթով կ’ըսեն, թէ Օշական անձնապէս ճանչցած է իր հերոսները անոնց կեանքի բոլոր փուլերուն։ Ամբողջական գրագէտն է ան, որ գիտէ պեղել մարդկային կեանքի հոգեկան աշխարհը եւ անոր յաւիտենական սարսուռները պեղելէ ետք՝ ամբողջութիւնը կը յանձնէ թուղթին։ Ըստ Սնապեանի, անիմաստ եւ անտեղի է Օշականի «դժուարահասկնալի» ըլլալու առասպելը։ Ճիշդ է, որ ան հեքիաթ չի պատմեր եւ արկածախնդրութիւններով չի լեցներ իր էջերը, սակայն «նաեւ անհասկնալի ոչինչ ունի ան, ընդհակառակն, ամէն ինչ պարզ է իր գրչին տակ, լերան կատարի ձիւնին պէս, ծովուն խորքը փայլող ադամանդին պէս» (էջ 187)։
Մուշեղ Իշխանի Ոսկի Աշուն եւ Ողջոյն քեզ կեանք հատորները բանաստեղծութիւն են, իսկ Հացի եւ սիրոյ համարը՝ վէպ։ Առաջինը կը բովանդակէ Մ. Իշխանի երեսուն տարուան բանաստեղծական վաստակին գրեթէ ամբողջութիւնը։ Գիրքին մէջ տիրապետողը բանաստեղծին ամբողջական ներկայութիւնն է։
Մ. Իշխանի Ողջոյն քեզ կեանքը ուղղակի պատասխան մըն է Աւետիք Իսահակեանի Աբու Լալա Մահարիին։ Ողջոյնը խարսխուած է լաւատեսութեան մը վրայ։ Ըստ Սնապեանի, գիրքը կը տառապի ածականներու առատութենէ, ինչպէս նաեւ իրողութիւններ ներկայացնելու պակասէն (էջ 123)։
Մ. Իշխանի Հացի եւ սիրոյ համար վէպը կը վտանգէ բանաստեղծին վարկը։ Մ. Իշխան վիպասանը չի բարձրանար Մ. Իշխան բանաստեղծի աստիճանին։ Վէպը հեռու է յաջողուածք մը համարուելէ։
Երկու գիրք գրախօսուած է Արսէն Երկաթէն։ Եգիպտականք, արձակ բանաստեղծութիւն, յիշատակելի գիրք մըն է, որ իր վրայ կը կեդրոնացնէ ընթերցողին ուշադրութիւնը եւ կ’առանձնացնէ զայն իր մտերմութեան մէջ։ «Արսէն Երկաթ մեր մտերիմ ապրումներուն երգիչն է։ Կը յուզէ ու կը հմայէ։ Կը խորանայ ու խորհուրդին մէջ կ’առնէ ընթերցողը» (էջ 37)։ Նոյնը կարելի չէ ըսել Արսէն Երկաթի Քերթուածներ հատորին, որ բանաստեղծական միջին մըն է։ Քերթուածները ունին մաքուր նկարագիր՝ «բառերէն մինչեւ բանաստեղծին հոգին իջնող»։ Անոնց մէջ կայ թախիծ ու պայծառ վերացում, որ թաթխուած է անսպառ երազայնութեամբ մը, «սրտին խորունկներէն դէպի բառերն ու քերթուածին կառոյցը բարձրացող» (էջ 90)։
Մատթէոս Զարիֆեան – Ամբողջական գործեր – քնարերգակ բանաստեղծ մըն է՝ նուրբ զգացումներով։ Ըստ Սնապեանի, յաղթական բանաստեղծ մը, որ ունի ալեկոծ հոգի մը։ Իր գործը «տեսակէտ ունեցող, պայքարող, դեգ ու փոթորկայոյզ բանաստեղծի մը խոստովանութիւնները պատմող սքանչելի «վաւերաթուղթ» (էջ 44) մըն է։
Վահրամ Մավեանի Յամեցող վերադարձ բանաստեղծութիւններու հատորը կը տառապի խորքի մը պակասէն։ Սնապեան կը հաստատէ, որ բանաստեղծութիւնները մէկը միւսին կրկնութիւնն է կարծէք եւ հազիւ կը տպաւորեն մեզ։ Գրուած են արտաքին ազդակներու վրայ, քան ներքին փոթորկումներու։
Եդուարդ Պօյաճեանի Թուղթ զաւակներուս գիրքին գլխաւոր հերոսը մեծ մասամբ հեղինակն է։ Գիրքը ներքին կենսագրական մըն է։ «Պօյաճեանի խառնուածքը միշտ չէ հնազանդած իր միտքի հակակշիռին» (էջ 83). բա՛ն մը, որմէ վնասուած է կառուցումի կենսական աշխատանքը։ Ասով հանդերձ, Թուղթը, ըստ Սնապեանի, Սփիւռքի գրականութեան վրայ կ’աւելցնէ նոր շեշտ մը, որ կը հանդիսանայ հեղինակին գործերուն «ամէնէն տաքը, անմիջականը, ամէնէն հանդիսաւորը» (էջ 84)։
Կարօ Փօլատեան իր Զրոյցը (Բ. հատոր) գիրքին մէջ սովորական հարցեր չի քննարկեր։ Իր հարցազրոյցներուն հարցումները երկար որոնումներու եւ ապրումներու արդիւնք են։ Սնապեան կը յայտնէ, որ Փօլատեանի զրոյցները «յստակութեան սպասարկելու ձգտում մը» ունին, «ճշմարտութեան փնտռտուքը կատարելու կոչում մը» (էջ 95)։ Արժէքաւո՛ր գործ մը։
Բիւզանդ Կռանեանի Հայկական կատակերգութիւնը վէպ մըն է։ Կռանեան ունի կարողութիւնը թէ՛ խորհրդածելու, եւ թէ տեսնելու։ Իր տեսած առարկաներու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ տակաւին «պատմութիւն չունեցող երեւոյթներուն նրբերանգները որսալու եւ անոնցմէ բանաստեղծութիւն շինելու ոճը» (էջ 165)։
Արտաշէս Յարութիւնեանի Գիշերուան ճամբորդը գիրքը կազմած է հայրենի գրող Օննիկ Փանիկեան։ Յարութիւնեան, ըստ Սնապեանի, մեր բանաստեղծութեան մէջ «մուծեց նոր աւանդներ, թարմութիւն ու խստութիւն, գիտութիւն ու ճաշակ»։ Տիրական ձայն մը եղաւ ամբողջ 15 տարի պարտադրելով ե՛ւ իր ահաբեկումները, ե՛ւ յայտնութիւնները» (էջ 179)։
Բիւզանդ Թօփալեան իր Արձանագիր բանաստեղծութիւններու հատորին մէջ փաստը կու տայ, որ ինքզինք նորոգելու խառնուածք մը ունի։ Նոր են անոր քերթուածքներու բառերը, պատկերները, բանաստեղծութեան ըմբռնումը։ Սնապեան կը հաստատէ, որ Թօփալեան իր բանաստեղծութեան առանցքը դարձուցած է մտածումը, քան զգացումը։ «Ասիկա մեծ նպաստ մըն է մեր բանաստեղծութեան» (էջ 111)։
Զարեհ Որբունիի Եւ եղեւ մարդ հատորը կարծէք գրուած վէպ մը չէ, այլ միայն ապրուած իրականութիւն մը. այնքան հարազատ են կացութիւնները, խիտ է կեանքը եւ իրաւ։ Ըստ Սնապեանի, գրագէտի արիութիւն ունեցող հեղինակ է Որբունի, որ «կ’որոնէ իւրաքանչիւր մղումի ակունքը, կը տարրալուծէ շարժառիթները եւ համոզիչ արարքներու թուումով կը ցուցադրէ անոնց ներքին իրականութիւնը» (էջ 136)։
Գրական-գեղարուեստական գործերու գրախօսականներու կողքին, Սնապեան գրախօսած է նաեւ յուշագրական-պատմական գործեր, որոնք սկսան զարգանալ Սփիւռքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք։ Այս գործերէն ոմանք գեղարուեստանման են։ Այս գործերն են Սիմոն Վրացեանի Կեանքը ուղիներով (Ա. եւ Բ. հատոր), Արշաւիր Շիրակեանի Կտակն էր նահատակներուն եւ Կարօ Սասունիի Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի գործերը։
***
Ինչպէս կը տեսնուի, Սնապեանի Գիրքերու հետ հատորը հաւաքածոյ մըն է մեծ մասով 1950-ական եւ 1960-ական թուականներու (1954-1974) արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրողներու եւ բանաստեղծներու հրատարակած գործերու գրախօսականներու։ Այսինքն, Պօղոս Սնապեանի կեանքի այն շրջանին, երբ կ’աշխատակցէր «Նայիրի» շաբաթաթերթին, կը խմբագրէր «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքը եւ ստանձնած էր «Բագին» գրական ամսագրի խմբագրական աշխատանքները։ Թամար Սնապեան-Սուրճեան այլ հատորի մէջ կը ծրագէ հրատարակել Պօղոս Սնապեանէն արեւելահայ գրողներու գործերու գրախօսականները, որոնք աւելի ստուար պիտի ըլլան, քան այս հատորին մէջ տեղ գտած գրախօսականները։
Սնապեան այս հատորին մէջ, որ իր գրականագիտական-գրադատական արժանիքներու ձեւաւորման առաջին փուլն է, կը ցուցաբերէ անսպառ եռանդ, խանդավառութիւն, սուր միտք, գրականագէտի եւ քննադատի արի խառնուածքով եւ կարողութիւններով։ Ան սիրահար է գրադատութեան։ Եթէ նկատի չունենանք իր երախայրիքը՝ Ժամանակ չկայ, աղջկան մը կեանքէն վիպակը (1953), յաջորդ գործերը՝ Յեղափոխութեան համար (1956), Վերջին արարը (1958), Անդրշիրիմեան ձայներ (պատասխան Գուրգէն Մահարիի, 1960), Աւազախրած նաւը (1964) գրադատական գործեր են։ Աւելի՛ն, Սնապեանի հրապարակագրութիւնն ալ քննադատական խորք ունի։
Սնապեան գրադատական-գրականագիտական իր տեսակէտները ներկայացուցած է յանդգնութեամբ ու բծախնդրօրէն, կիրքո՛վ։ Ընդհանրապէս ունեցած է առարկայական մօտեցում, միշտ հետամուտ ճշմարտութեան։ Պայքարող ու խիզախ քննադատ մը։ Չէ վարանած իր ուսուցիչներուն՝ Յակոբ Օշականի եւ Եդուար Պօյաճեանի գործերուն թերութիւնները մատնանշելէ։
Սնապեան խորապէս թափանցած է գրախօսած գիրքերուն մէջ։ Ահա՛ թէ ինչու անոր գրախօսականները մէկական վկայագիրներ են գրականագիտական ճաշակին։ Ան տէր է գեղարուեստի ըմբռնումի, որ լեցուն է կեանքով։ Վահրամ Մագեանի բանաստեղծութեան եւ Մուշեղ Իշխանի վէպին քննադատութիւնները լաւագոյնս կը բանաձեւեն այս հաստատումը։
Սնապեան իր գրախօսականներուն մէջ կը ցուցաբերէ արժէքներ տեսնելու ունակութիւն։ Մեծ արժէք տուած է Համաստեղի ամբողջ գրականութեան, Բիւզանդ Թօփալեանի բանաստեղծութեան եւ Կարօ Փօլատեանի զրոյցներուն։
Սնապեանի գրականագիտական-գրադատական հայեացքները ցոլացումն են իր հոգեկան աշխարհին։ Ամէն բանէ առաջ իր գրախօսականները հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն մեզ իր յանդուգն խառնուածին եւ խրոխտ նկարագիրին։ Ան այսպէս կը բանաձեւէ գրագէտը. «Ո՞վ է արդէն գրագէտը։ Այն բախտաւոր արարածը անշուշտ, որ կը յաջողի իր ուզած տեղը փոխադրել ընթերցողը, իր սիրած բաները պարտադրելով անոր եւ ատած երեւոյթներուն դէմ զինելով զայն։ Գրագէտը ա՛ն է մանաւանդ, որ իր ստեղծած գեղեցկութիւններով եւ համոզիչ տուեալներով կ’արգիլէ հակաճառելու մեր բնազդը» (էջ 29)։ Սնապեան այս հաստատումը կատարած է Սիմոն Վրացեանի Կեանքի ուղիներով (Ա. հատոր) գրախօսականը կատարելու ատեն։ Սնապեանի համար գրականութիւնը կեանք էր, գրականութեամբ կ’իմաստաւորէր կեանքը։ Սիմոն Վրացեանի վերոյիշեալ գիրքին ակնարկելով ան կը յայտնէր. «Ս. Վրացեան կը սկսի ու կը կարծենք յուշագրութիւն կ’ընէ. քիչ մը կը յառաջանանք ու մեզի կը թուի, թէ պատմութիւն կը պատմէ, ու կ’աւարտենք գրուածքը, գրական վայելք մը ապրելով» (էջ 30)։ Իսկ Կեանքի ուղիներովի երկրորդ հատորին ակնարկելով ան կը հաստատէ. «Մինչ առաջին հատորը գրականութիւն էր աւելի ու քիչ յուշագրութիւն, երկրորդ հատորը յուշագրութիւն է աւելի ու քիչ գրականութիւն» (էջ 101)։
***
Սնապեանի գրականագիտական-գրադատական հայեացքներուն մեծ մասը ընդունելով հանդերձ, կը կատարենք կարգ մը մատնանշումներ, որոնք համահունչ չեն Սնապեանի մօտեցումներուն։
Սնապեան բանաստեղծութեան տեսակին մէջ նախապատուութիւն չի տար քնարերգութեան, թէեւ Զարիֆեանի պարագային կը հաստատէր, որ քնարերգակ վաղամեռիկ բանաստեղծը իր ետեւէն կը տանի ընթերցողը։ Սնապեանի համար սիրոյ հասկացողութիւնը դուրս եկած է այլեւս վիպապաշտ կաղապարէն, որովհետեւ իր գրախօսականի կատարած օրերուն (նաեւ մեր ժամանակներուն) սիրոյ արտայայտութիւնները աւելի վայրագ եւ յարձակողական բան մը ունին իրենց մէջ։ Աւելի՛ն. Բանաստեղծութիւնը այլեւս, ըստ Սնապեանի, աւելի մտածումի հետ գործ ունի, քան զգացումի։ Այս խորհրդագծութիւնը եղած է Բիւզանդ Թօփալեանի բանաստեղծութիւնը արժեւորելու ատեն։ Ան կը գրէ. «Բ. Թօփալեան եւ իր սերնդակիցներէն մէկ-երկուքը մտածումը բանաստեղծութեան առանցքը դարձնելու լուռ պայքար մը տարին եւ իրենց քերթուածքներուն մէջ զգացումին տուին հետեւակի դեր մը։ Այս ճիգը իրենց բերած նպաստն է մեր բանաստեղծութեան» (էջ 111)։ Մեր հասկացողութեամբ բանաստեղծութիւնը թէ՛ մտածում է եւ թէ՛ հաւասարաչափ – եթէ կարելի է այդպէս բնորոշել – զգացում։ Տիրան Չրաքեանի (Ինտրա) բանաստեղծութիւնը միայն մտածում է, առանց զգացական աշխարհին մէջ մտնելու։ Ահա՛ թէ ինչու, ի շարս այլ բաներու, Ինտրայի բանաստեղծութիւնը խոցելի է։ Միւս կողմէ, Դանիէլ Վարուժանի եւ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ կան թէ՛ մտածումը, եւ թէ զգացումը, որոնց շնորհիւ նաեւ (ի շարս այլ բաներու) անոնց մշակած գրականութիւնը կը դիմանայ ժամանակի աւերին։
Յետոյ, կայ Յակոբ Օշականի «դժուարահասկնալիութեան» պարագան կամ առասպելը, «որ չես գիտեր ո՛ր ծանծաղամիտին կողմէ հնարուեցաւ ու կը շարունակէ իր մթին ազդեցութիւնը մինչեւ օրս» (էջ 187)։ Յակոբ Օշականի «դժուարահասկնալիութեան» պարագան առասպել չէ, սակայն այնքան ալ պարզ չէ։ Յակոբ Օշական կարդալ կ’ենթադրէ գրական որոշ ճաշակ մը զարգացուցած ըլլալ, առնուազն միջին ընթերցող մը ըլլալ։ Յակոբ Օշական Արամ Հայկազ մը չէ հարկաւ, սակայն կ’ենթադրէ գրական յստակ մշակոյթ մը նուաճած ըլլալ։
Բոլոր պարագաներուն,
Սնապեանի գրախօսականներու լեզուն պարզ է եւ ճկուն, կուռ, պատկերաւոր եւ դարձուաքներով լեցուն։