Մարուշ Երամեան

Վեհանոյշ Թեքեան որպէս բանաստեղծուհի ի յայտ կու գայ համեմատաբար անջրդի շրջանի մը, 1969ին, երբ երկար ժամանակ Սփիւռքէն ձայն մը, մանաւանդ՝ երիտասարդ, չէր լսուած:
     Իր առաջին գիրքը՝ Կապոյտ Ապրիլ, ցնցիչ յայտնութիւն մըն էր, հակառակ անոր, որ Թեքեան արդէն ծանօթ անուն դարձած էր մամուլին մէջ իր յաճախակի երեւումներով:
     Այդ օրերուն թէեւ Սփիւռքի կամ Սփիւռք-Գարունի էջերուն ուրիշ անուններ եւս կ՚երեւէին, սակայն յստակ տարբերութիւն մը կար անոնց եւ Վեհանոյշ Թեքեանի միջեւ, բանաստեղծական խառնուածքի եւ յարատեւութեան տեսակէտներէն:
     Թէեւ Թեքեան այսօր միակը չէ Սփիւռք-Գարունի անուններէն, որոնք կը շարունակեն գրական-ստեղծագործական երթը, բայց կը մնայ ամենէն ինքնուրոյն եւ յանդուգն ձայնը Սփիւռքի տարածքին, ամէն վիճայարոյց խնդրի մէջ իր ձայնը բարձրացնող, խօսքը ըսող, օրինակելի համարձակութեամբ մը:
     Թեքեան մեր քերթողութեան կը բերէ արդիականութեամբ նորոգուած աւանդական ապրումներ՝ ինչպէս հայ լեզուն, հայրենիքի եւ երկրի սէրը եւ հայ արդի կնոջ մը ներաշխարհը:

 

Թեքեան մեր քերթողութեան կը բերէ
արդիականութեամբ նորոգուած
աւանդական ապրումներ՝ ինչպէս հայ
լեզուն, հայրենիքի եւ երկրի սէրը եւ
հայ արդի կնոջ մը ներաշխարհը:

     Թեքեանի լեզուն ապրող լեզու մըն է, հակադիրը գրքունակութեան, առանց մտնելու արդիական այնպիսի ոլորտներ, որոնք զայն քակէին իր ժողովրդային հիմէն եւ տանէին դէպի փղոսկրեայ աշտարակ:
     Ամբողջական ընթերցումը անոր քերթողագիրքերուն ի յայտ կը բերէ երկու ուժեղ լարերու գոյութիւնը՝ հայրենասիրական լարը եւ անհատականը: Ըսուած է, որ 20րդ դարու գրականութիւնը ինքնակենսագրական բնոյթ ունի: Շատ յաճախ այս երկու լարերը կը ներհիւսուին անոր տողերուն մէջ, մակարդակներու բազմազանութիւն ապահովելով անոնց: Սակայն Թեքեանի հայրենասիրական լարը, որ արդի միջին սփիւռքահայուն կեցուածքը կ՚արտայայտէ, յաճախ շատ աւելի ամբողջական կը հնչէ, քան անհատականը, ուր կեանքի ցաւալի փորձառութիւններն ու ցաւերը միշտ բանաստեղծութեան կը վերածուին:
     Թեքեանի քերթողութեամբ լսելի կը դառնայ սփիւռքահայ կնոջ ձայնը, շատոնց խափանուած Սփիւռքի տառապանքին մէջ: Այդ ձայնը առոյգ է եւ սփիւռքահայերէնին կու տայ փայլքը ժառանգուած արեւմտահայերէնին:

 

Թեքեանի քերթողութեամբ լսելի կը
դառնայ սփիւռքահայ կնոջ ձայնը,
շատոնց խափանուած Սփիւռքի
տառապանքին մէջ: Այդ ձայնը առոյգ է
եւ սփիւռքահայերէնին կու տայ
փայլքը ժառանգուած
արեւմտահայերէնին:

     Անոր քերթողութիւնը առօրեայէն կը ծնի եւ իբր այդ, կ’անցնի ազատ չափին. իր տողերուն մէջ յաճախ կշռոյթի գնացքն ալ կը խախտի, կամ՝ ամբողջովին կը չքանայ, առանց սակայն վերածուելու պատմողական արձակի:
     Այս քերթողութիւնը անմիջական է, օրագրային էջերու նման, ներաշխարհի ալեկոծ մտորում-ապրումներուն եւ անսահմանութեան վրայ բացուած:
     Թեքեանի լեզուին յատկանիշներէն մէկն ալ, պատկերակերտումի կողքին, բառակերտումն է, որ քերթուածներուն մէջ կը շողայ (կաթնափրփուր, լուսաբախ, ձայնաբախում, լուսաշթում եւ այլն), թէեւ երբեմն նոր բառեր շինելու կիրքը կը ծանրացնէ տողը.
     «Դեղնամշուշ սահմանածուատ տաճար»:

 

Թեքեան կը կենայ,
հաւասարակշռութեամբ,
աւանդականի եւ արդիականի
սահմանին վրայ, օգտուելով երկուքէն,
առանց կաշկանդուելու անոնցմով

     Թեքեան կը պատկանի սփիւռքահայ գրողներու ա՛յն փաղանգին, որ կը կենայ քանի մը մշակոյթներու հանդիպման կէտին (յաճախ ինք դառնալով այդ կէտը). արհեստավարժ են այս նոր գրողները եւ այնքան ալ չեն հաւատար ներշնչումի միթոսին: Տիրացած են արուեստի արհեստին՝ թեքնիքին, եւ կը կիրարկեն զայն համոզիչ հմտութեամբ: Կը պատահի սակայն, որ երբեմն այդ հմտութիւնը ինքզինք զգացնէ, կոտրելով բանաստեղծական մթնոլորտը քերթուածին մէջ:
     Թեքեան կը կենայ, հաւասարակշռութեամբ, աւանդականի եւ արդիականի սահմանին վրայ, օգտուելով երկուքէն, առանց կաշկանդուելու անոնցմով, հետեւաբար կրնայ գրաւել ընթերցող հասարակութիւնն ու մտաւորական դասը միաժամանակ:

 

Սփիւռքը ուժգնօրէն զգացող եւ խիտ
կերպով ապրող բանաստեղծ է Թեք-
եան: Իր երազը Երկիրն է,
իրականութիւնը՝ Լեզուն:

     Սփիւռքը ուժգնօրէն զգացող եւ խիտ կերպով ապրող բանաստեղծ է Թեքեան: Իր երազը Երկիրն է, իրականութիւնը՝ Լեզուն: Հողն ու Երկիրը գլխագիր են ո՛չ միայն իր էջերուն, այլ գլխագիր ապրում են իր արիւնին մէջ, ամէն պահ արթուն, վազող, կանչող: Այդ կանչն է, որ կը թաւալի անոր տողերուն մէջ, բանաստեղծութիւն դարձած, չափածոյ ըլլայ գրածը թէ արձակ:
     Ինչ որ կը գրէ Թեքեան, որպէս հայրենասիրական քերթուած, տարբեր է աւանդապահներու գրած տափակ տողերէն, որոնք անհոգի գրիչով շարուած ըլլալ կը թուին: Ինք սփիւռքահայ գրողն է, որուն հայրենասիրութիւնն ալ բզկտուած է իր էութեան պէս: Սփիւռքահայու հաւատք կայ Թեքեանի հայրենասիրութեան մէջ:
     Վեհանոյշ Թեքեանի մօտ հայրենական գիծը ամբողջովին նոր որակ կը հագնի. հայու նոր տիպարի մը կեցուածքն է ասիկա, լրիւ տարբեր աւանդապահ բանաստեղծներուն կեցուածքէն. անորը իրապաշտ, բայց նաեւ խորունկ կապերով հողին կապուած մարդուն հոգեբանութեան արտայայտութիւնն է, հեռու՝ երազայինէն, անիրականէն.

Իմ երկիրս տխուր է,
                     Քանի որ ես այդտեղ չեմ:[1]Վ. Թեքեան, Ոստրէ, Պէյրութ, 1974, էջ 23:

Իր այս նախադասութենէն սկսեալ Թէքեան միշտ պեղած է իր նախնիներուն երկրին պատմութիւնը.

Այս հանդիպումը արնոտ՝ ոչ թէ նարօտ ու պատարագ
                                    վերածնո՛ւնդ կը բուրէ
      Սի՜րտ մը պահուած է հոս     Հոս անթեղուած է բերդ մը ամրասիւն
Այստեղ ծննդավա՛յր է:[2]Վ. Թեքեան, Ոստրէ, Պէյրութ, 1974, էջ 23:

Իր պատկանելիութիւնը եւ իր յարաբերութիւնները հայրենիքի իր եղբայրներուն հետ.

Ես ուղեւոր չեմ եկեր եմ այստեղ՝ ապրելո՜ւ

          Ձեռքդ սեղմելու՝ եթէ բարեկամ ես
եկեր եմ օրերդ արիւնելու
                   եթէ անտարբեր ես
                   տխրութեանս հալածանքին
. . .
Եկեր եմ մոխրագրելու ցաւդ
արեւախուրձ բառերով նկարելու կեանքդ
Եկեր եմ՝ որովհետեւ
կ՚ապրիմ անմահութեան թոյնով:[3]Վ. Թեքեան, Բազմածուփ աշխարհ, Նիու Ճըրզի 1993, էջ 99:

ԾԸ. ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 3-4

References
1, 2 Վ. Թեքեան, Ոստրէ, Պէյրութ, 1974, էջ 23:
3 Վ. Թեքեան, Բազմածուփ աշխարհ, Նիու Ճըրզի 1993, էջ 99:
նախորդ
ՅԱԿՈԲՆԵՐ