Գրիգոր Պըլտեան

ՅԵՏՆԱՇԽԱՐՀ

 

Գրիգոր Պըլտեան, 1971

Լերան կողն ի վեր։ Սեպ։

     Կը բարձրանամ։ Գոնէ ատոր զգայութիւնն է։ Բուներուն միջեւ՝ լոյսի, ստուերի խաւեր, որոնք կը բծաւորեն միջոցը, կը շերտեն։ Ուղղահայեաց ալիքաւորում գիծերու։ Խաժ, խորունկ, հովասուն թափանցկութիւն մը։ Թերեւս նաեւ նոր փարատած մշուշի ծուէններ՝ որոնք կը կախուին ճիւղերէն, կը քայքայուին հետզհետէ։ Հով։ Շունչ։ Փայլեր կը կտրտեն կատարները. բայց արեւը չկայ, կը մնայ անտեսանելի, գուցէ ետիս կամ լերան ետին. ուստի՝ այս ցախերու, սաղարթներու, կոճղերու ամբողջը երբեմն կը թուի մխրճուիլ խէժոտ կիսամութին, հետախաղաղ կորսուիլ։
     Խոտերը կը պառկցնեմ որպէսզի անցնիմ։ Կը կոխկռտեմ, կը ճզմեմ։ Քայլ մը աւելի վեր։ Յետոյ քայլ մը աւելի վար, շրջանցնելու համար մոխրացած բունի մնացորդ մը, որ ձմեռնային պատմութեան մը կայծակը զգետներ է հաւանաբար։ Ցամքած առուի հուներ, բացակայ հեղեղատ, կարմրահող։ Փշոտ թուփեր։ Ապա գոհունակութիւն՝ հաստատ գետին մը գտած ըլլալու։
     Մեկներ, հասեր եմ յետնաշխարհ։
     Անեզր շրջագիծը հետս կը տանիմ, որքան յառաջանամ, միշտ հոս, միշտ հիմա։ Կարծես բան մը, համընդհանուր, կ՚աճի անդադար, կ՚ընդլայնի, շրջանակային շարժում մը կը թուի, կը խուսափի, վերասլաց՝ կ՚ողողէ զիս ու կը լբէ մինակ նոյն ատեն։ Շրջանկարին աներեւակայելի դարձերեսը։ Էջի սրընթաց թերթում մը միշտ դարձող, նոյնը։ Ինչ որ կար սկիզբէն, նախասկիզբէն, գերիվեր ենթագոյացութեան մը նման, թանձր, թերեւս եթերային։
     Բզկտուած խոտերու հոտ։
     Երբ հեռացայ տափնուած ճամբէն, բռնեցի արձակունակ շաւիղը, այն որ նշմարեցի, շաւիղներէն որեւէ մէկն էր, այնքան ոլորապտոյտ ու դարձդարձիկ որ հետզհետէ մոլորեցաւ, կորսուեցաւ թաւուտներուն մէջ։ Բոլորն ալ կ՚առաջնորդէին նոյն տեղը թերեւս, ինչպէս բառերը կ՚երթան ոտն առ ոտն նոյն լեզուի անկիտելի կեդրոնը, անհնչելիութեան մը ցանկալի, կամ բոլոր ճամբաները մինչեւ ինքն իրմէ խորունկցող սահման մը անսահման։ Խոտերը աւելի ու աւելի բարձրացան, ծանօթ թուփերը նուազեցան, խառնուեցան անծանօթներուն։ Բոլորովին անհետացան զանազանութենէ զուրկ ծփանուտի մը մէջ։ Զերծեցան ամէն ոճէ։ Մոլորեցայ թերեւս ես ալ, քիչ մը։
     Ինչպէ՞ս ըսել այն, որ դէպք չէ։
     Սուլե՞լ երկու մատներու միջեւ, կանչելու պէս, կոչելու, կամ պատմելու, միայն իմաստը պատնելու պէս ձայնով։

     Հիմա կը տեղափոխուիմ մինչեւ սրունքներս հասնող բուսականութեան մը մէջ, պարարտ, շռայլ, ծփծփուն, երբեմն մինչեւ վիզ ու կոկորդի մակարդակին։ Մե՛րթ չոր, մե՛րթ խոնաւ։ Զեռուն։ Տունկերը կը բզզան, աներեր կը դեդեւեն, արեւադարձութեամբ խանդագին կը տարուին թեթեւ լոյսի մը տենդէն, կը յենին իրարու, իրարու մտերիմ, գուցէ նաեւ հսկող մէկը միւսի աճին, սահմաններու տիրակալութեան, կը յօրինեն ուղղական, ալեկոծ դարվեր մը, տեղ-տեղ վէտվէտուն. չորցած խոլորձներ, մակաբոյծ բաղեղներ, պտեր, եղինջ, վայրի որթեր, պատատուկ, գաճաճ շոճիներ, աշուն հոտող տերեւի թափթփուք, փշուրներ, գետնամած բուներ կրող սղոցումի քերթուքներ՝ որ մեքենայ ու գործիք ձգեր են ատաղձին, եւ տակաւին թուագրուած անկեալ սիւներ, փայտեղէն մանրակրկիտ ճարտարարուեստի մը համար։ Ի՜նչ ամեհի երկրաչափութիւն մանրամասնութեան՝ որ աչք ու ձեռք կը ճգնին ամփոփել։
     Կը ջանամ միշտ անունները գտնել, չզառածիլ։ Ատոնք զիս կը կապեն ցանցի մը, որ կը տանիմ հետս։ Յետոյ ի վերջոյ անոնց շնորհիւ առանձին չեմ, կրնամ կողմնորոշուիլ, շրջիլ, դեգերիլ հոս-հոն, ի խոյզ երեւակայական համասփիւռ ծաղիկին. ամենաբոյր, բազմագունեան, ստեղնաշօշափ, անհունաշշուկ (օ քերթողներ որ կը սիրէիք այսպէս բազմաբարդել աշխարհը բառարանով), որ անկասկած ցանկագրուած է արդէն թուաբանութեան ամենագէտ տոմարի մը մէջ։ Ըսի, առանձին չեմ։ Անունները զիս կը կանխեն, ինչպէս ծառեր բանակ մը աւետող, կը սպասեն որ զիրենք յանձնեմ հողին, հիմնեմ։

     Երկինքը կանաչի երանգներ առած է, ասիտէն, արջասպէն բորբոսած ուրարտական թաս, շրջուած հող, մետաղային. բայց որքան մագլցիմ այնքան կը մտնեմ խորութեան մէջ, կը սուզուիմ։ Գուցէ միայն անոր ձգողութեան։ Տերեւները, ստուերները կը ծածկեն ամէն հետք, կը խուժեն դիմացէն, կը հպին շրթներուս։ Այնքան բիրտ, որ կը թուին յարձակողական, խափանող գրեթէ ամէն մուտք, ամէն
տեսողութիւն։ Երբեմն զիս կը դարձնեն շնչակտուր, կը սկրթուին այտերուս, ականջներուս։ Երբեմն կը գոցեմ աչքերս ամփոփելու, զանցելու համար զանգուածին բազմածուփ ճոխութիւնը։ Անունները որոշեր են միջոցը, ձգեր են որ անանունը, գոյացութիւն, յորդի ամէն կողմէ, չքանայ ու քողարկուի։
     Վերէն հասնող ճառագայթ մը կը թափանցէ ճիւղերու հովանուտ ոստայնը, կը մաղուի. օդառկախ ճճիներ, լոյսի զանակներ, փոշի, միջատի թեթեւ բզբզոց։ Կռինչ մը պատռուող. հեռուն հաւանաբար կքեցաւ, տքեցաւ, ինկաւ չորցած կոճղ մը։ Այլապէս ո՛չ մէկ աղմուկ։ Բացարձակ լռութեան մը զգայութիւնը, «որպէս շուշան ի մէջ փշոց». ոչ մէկ շուշան ու սոխակ, այլ միայն ինքնահուն մտմտուքը ծառերուն. ծառերը առնուած լռականութենէ, կարծես հողէն դուրս բխող սրինգներու, թաւսրինգներու, թրոմպոններու հնչականութիւն մը զօրին, այսինքն՝ լիովին անձայն։ Ինչպէս առաջ, անշարժ ու շարժուն, ես ձեզ գիտեմ ծառեր, քնարական երանգով։ Եթէ կար առաջ մը, եթէ կար շարժում մը որ կրէր անշարժը ու պարզուէր քերթուածով մը առաջին։ Երբ ամէն ինչ խոստում էր, ցայտք, կոթունի բխուածք, աւիշի, հեղուկի սլացք, երազներէն զտուող, յորդող զեղում ու գերազանց երազանք մը սխրալից խօսքի՝ խառնուած երաժշտութեան, կարծես աշխարհ մը ըլլար լեզուէն առաջ, պատկեր մը առանց որեւէ պատկերի։
     Իսկ ես հիմա ոչ թէ ձորի մը մէջն եմ այլ խորքին հովիտի մը, որ կը ցածնայ մերթ եւ մերթ կը դիմէ հաւասար դէպի կուրցնող հասկէտ մը։ Կը մոռնամ։
     Քալելը այսպէս յառաջանալ է գունդի մը ներսի կողմէն, կորիզէն, ներքին մակերեսէն դէպի դուրս ու վեր, աճման սփռում, եթէ գիտնամ հաշտեցնել աճում ու սպառասպուռ գնացք։
     Քալելը ընթացք տալ է ձայնի մը, ընդառաջել է անոր, որ սաղմանաւորուեր, կազմուեր է շատոնց, մոռացումէն, տիեզերաստեղծումէն, խտացեր, հաստցեր, ծաւալ է առեր եւ թոյլ կու տայ, որ ոտքս դնեմ մէ՛յ մը հոս, մէ՛յ մը հոն, քրքրեմ հողը, արթնցնեմ մացառուտքն ու մնացօնքը կարծես կիկլոպեան մրրիկէ մը ետք խառնշտկուած։ Ցրիւ, սուր, դիւրաբեկ ճիւղեր կը քսուին դէմքիս, երբ չեմ յաջողիր ձեռքերով անոնց մէջէն անցք մը յօրինել – բուսեղէն լաբիւրինթոս երբեմն գրեթէ մօրենական, երբեմն երեւակայականօրէն փայփայիչ։ Բորբոսի, փայտի, փտող տերեւներու, փայտի կամ նեխող բաներու գոլորշի։ Ցնդաբանութիւն։ Փոշիացում։
     Ոտքով կը քերթեմ մամռակալած ժայռի մը մակերեսը։ Ո՛չ մէկ նշան, ընդհողուած աւերակ, քանդումի գեղեցկութիւն, տապալած սիւն ու քանդակ, ո՛չ մէկ Դիոնիսոս կամ Ախենաթոն, անդրջրհեղեղեան արձանագրութիւն՝ որ թելադրէ. «Անցո՛րդ, յիշէ»։
     Ո՛չ առաջինը, ո՛չ վերջինը։
     Դո՛ւն։
     Անցո՞րդը, մնացո՞րդը, տեղի ու ստեղի ճգնո՞ղը, վիմակեաց վկա՞ն, բացակայութենէն բնակուած սպասո՞ղը։
     Ընդունա՛յնը։
     Ժանգ, բուսահող, ծղօտներ, վայրի ծաղիկներու սոխեր, բիծեր ու նիշ, բառի կոխուածքներ, պղինձէ դրամներու պէս բորբոսած։ Բոլորը կան, կը հաստատեն իրենք զիրենք, վերադարձող կարծես ձայնի հողատակէն։ Ետին, առջիս, գրեթէ նոյն տարածութիւնը, կորնթարդ, որ կը կրէ զիս վիհն ի վեր։ Վերացումը կ՚արտաքսէ եւ կ՚արձակէ զիս օդի օտարութեան, ինչպէս համատարած ստուեր մը մէկէն կը գագաթի եւ արդէն դարադարձիկ աշխարհի մը նման կը գրաւուի գիշերէն։
     Յառաջանալն է կարեւորը. տարաշխարհելը։
     Եթէ կայ ապաշխարհել, ըլլալու է նաեւ տարաշխարհել. ոչ թէ խզել կապերը աշխարհին հետ այլ խրիլ անոր տարածքին մէջ եւ անոր տարուան. ամէն քերթուած արմատացմա՞ն կը դիմէ։ Աշխարհի տարրի՞ն։ Կամ խարանի՞ն՝ խօսքին վրայ։
     «Տար զիս հո՛ն, տարագրէ՛ ուր կա՛ս դուն»։
     Այսպէս՝ պուրակային ոտանաւորի մը սկիզբը, գրեթէ։
     Իսկ բառերը երբեք չեն բուրեր։ Կը թելադրեն միայն իմ աքսորս իրենցմէ։
     Կարելի չէ ամէն բան ըսել, տաշեղներու շքեղ ու անզուսպ շռայլանք, Մէկի սերմնահոսք, երբ ամէն բան կը գտնուի նոյն ատեն, նոյնաժաման կը դիմադրէ, կը ցցուի, յետոյ կը յայտնուի խորքը միանուագ, շերտ առ շերտ ճակատային ու զանգուածեղ, մե՛րթ կոնաձեւ, մե՛րթ խորանազգած. անթափանց։ Խորքը հեռաւոր, շատ հեռաւոր, գրեթէ անմատչելի թրթռացում մըն է, նոյնաշեշտ խարշափում անընդմէջ։ Մարմին մը։ Կապիճ մը աչքի։ Մետաղային, արձանային սեւեռանք մը։ Ալիքաւոր յօրանջը արիւնանկար զոհին։ Զանգի մը գմբէթը, որ կը ղօղանջէ միակ սուլոցի մը զենիթին։ Առանց լեզուակի, առանց կոկորդի, առանց հագագի։ Կը տարասփռէ, գլխու պտոյտ կու տայ, երբ կը յենիմ բունին։ Եթէ պոռամ, ո՞վ կը լսէ։ Բայց ոչ ոք։ Ի՞նչ հարկ ճիչի, ողբերգակ կամ եղերերգուն։ Արդէն բաւական արմատախիլ եմ, ծանրամարմին ու խուլ։ Արդէն բաւական խլուած եմ ես ինձմէ։ Քալելը կը քակէ ինքնախզումը մինչեւ հաւանական արեւագալ մը, հո՛ն, վերը, աչքերուն վերեւը, սո՞ւտ թէ՞ իրաւ, մինչեւ արձագանգ մը որ այդ անտէր ու հնչեղ ձայնին ծայրակէտն է, անոր քայքայումը ամէն ծիրէ անդին. ո՛չ, անոր լրումն իսկ։
     Քալելը հիւրընկալել է անդառնալի քայքայումի մը հրաշագործ գալուստը։
     Մինչ այդ՝ նորէն ի՞նչ հարկ ճիչի, եթէ ոչ տեղի տալու անձկութեան։ Թերեւս մոլորեր եմ մինչեւ հիմա, մինչեւ հոս, հետամուտ փսփսուքի մը որ ես անգամ չէի գիտեր ինչ էր եւ կը կարծէի կար, միայն ինծի համար, կ՚ուղղուէր միայն ինծի, մարդուն որ չի գիտեր ընթացքն ու թափը, կանոնը այդ ուրուառկախ շռայլանքը վերածելու որեւէ իմաստի։
     Իսկ իմաստը՝ ինչո՞ւ։
     Բայց քուրմը չեմ կամ գուշակը՝ ականջ դնող Դոդոնիի կաղնիներուն, սօսիներուն, հացիներուն, սպասող, ակնկալող որ թրթռան տերեւները, յուշեն ներդաշնակութիւն մը կորսուած, խօսին ինքնաբուն խօսք մը, առաջին խօսքը, նախաւորը, այն որ կը կանխէ միտքը եւ որ միտքը պարտի պարզել, մնալու համար մարդկայինի սահմաններուն մէջ։
     Բայց ես ճգնաւորը չեմ, խստակեացը, որ լքեր է գիւղ ու ապատ, ապաստաներ ստուերներու թագաւորութեան, թասը ձեռքին ամուլ ակէ մը ջուր կը մուրայ, սատանի փորձութենէն խուսափելու համար կը ծամէ կնդրուկախոտ կամ անանուխ, վայրի սխտոր ու կոտեմ, համեղն ու տտիպը խառնելով իրարու, կը հսկէ գիշերն ի բուն եւ առաւօտուն կը գտնէ ինքզինք շրջապատուած շահարիկներով որ կը հմայեն, բայց կը վանէ, կը ճգնի վանել ամէն կիրք ու կերպ, կը փսփսայ մոգական աղօթքներ, ի սպաս յայտնութեան մը այլափոխիչ։ Մինչ ծէսը, տիեզերական ծէսը կը շարունակէ ինքզինք առուի երկայնքին մինչեւ արտ ու պուրակ։
     Բայց ես… ո՛չ պահակ, ո՛վ հովիւ լեզուի, Սո՛ւրբ Կարապետ, արուեստաւոր հոգի աստուածային անբանին, տո՛ւր ինծի զլոյս քո… զի Մթագնացն եմ լոկ, Ամուլը նաեւ, Անմխիթարը տակաւին. անապաստանն եմ, որ ուզեց պահպանել զտարագրութիւնն զանտանելի անտառիս։

     Կարելի՞ է ըսել որ այդպէս դիմակալել է զայն։ Ծառանալ անոր դէմ, զայն առնել-բառնալ։ Երկու բառո՞վ։ Ի՜նչ մոգական կռինչ փորփրումիս մէջ, ակնախտիղ երգ ու պատկեր, կարծես թէ ըլլար կիկլոպեան ժայռ ու երէ թառած անտառին, զայն բռնօրէն նուաճած իր մագիլներով արմատի։
     Օ մտածումին խարդաւանանքը՝ որ անելին, կասկածին ու տքնանքին մէջ կը փնտռէ, կը գտնէ նեցուկ ու յենարան, նախագիծ ու ոտնահետք, անջրդի օրուան մէջ կաթիլի բիւրեղէ պատրանք, ապաշխարհ ու քերթուած, գուցէ ողբ ու եղերերգ, կ՚ուզէ, կը յօրինէ, կը ջանայ, կը ճգնի պահպանել ինքզինք ցնորքէն ու խորտակումէն՝ վախվխկոտ ճառագայթի մը նման որ կը դիմէ արեւմուտք, առանց հանդուրժելու խաւարին։ Կեղեւնուտի, հոգիի յորդում կ՚ըսեմ ես ինծի, տեսակ մը ներկաց հոգեգալուստ, շնչելու, պարզապէս ըլլալու համար նուազ արմատախիլ, նուազ կարօտախտաւոր, բայց միշտ հիմնովին անտունով խելագար։ Թերեւս ալ աւելի հիմնովին զերծելու ամէն արմատէ, ինչպէս ճիւղերու ճեղքին աճող մոլախոտ, մակաբոյծ խոտեր, որոնք սպառող խոնաւութիւնն ու փայտի ճաթիւն քայքայումը կ՚այլափոխեն ծիլի, կոկոնի մինչեւ որ լոյսի, բախտի, անակնկալի, իմաստութեան ու ցուրտի հոյզ մը յանկարծ զայն կը հոյակերտէ հրաշափայլ ցայտքի, անոր որ անփոփոխ ուժի մը սխրանքով կը սլանայ օդին մէջ, ո՛չ մէկ սոխակի, ո՛չ մէկ նայուածքի, ո՛չ մէկ ընդունողի կամ մերժողի համար։
     Համասփիւռը չի ճանչնար ինչուն. իսկ ես միայն գիտեմ սկզբնական երաշտը։
     Եթէ դառնամ ետիս՝ կը թուիմ մակընթացող ալիքի մը ծայրաւանդ կատարին, բուսեղէն ամբոխ՝ որ կը թաւալի, կը հակի, կը խոնարհի դէպի սկիզբ եւ զիս՝ խոտորագնաց փայտի բեկոր, պիտի արձակէ դուրս հունէն, հաւանական ու հրճուալից հրդեհումի մը համար։
     Օ մեղրամոմէ թեւեր, եւ ոչ մէկ ձեռք որ հպէր ճառագող անունի մը էական։
     Բայց սկիզբը կեդրոնը չէ, սկիզբը կայ երբ կը մոռնամ, կը դիմեմ, աջ ու ձախ, վեր ու վար, բուներու, անբաններու քովերէն, խօլական ու պատանի սրտէն մինչեւ ահաբեկ ընկճում։ Առանց որեւէ ճակատումի։ Հետախաղաղ խուսափումի մը համար կամ յետամնաց բարեկենդանի մը, վերապրումի մը համար։ Մարդ չի գիտեր ե՞րբ սկիզբ մը կ՚ըլլայ. վերջաւորութեա՞ն։ Յետին ժամու ահի՞ն, մահաքունի՞ն, առաջին փոխաբերութեա՞ն, որ բառ մը կը դնէ ուրիշի մը տեղ եւ աշխարհը կը վերադարձնէ իր աննուաճելի այլուրութեան։ Անոնց միջեւ խորքը՝ դաժան, եկող-չհասնող, տարաժամող-ժուժող, խծբծման արեգակ։
     Ծագումը՝ ինչ որ կը յարմարցնես դուն քեզի, կը յօրինես։
     Բոլորակաձեւ՝ բուները կը սուրան նոյն վիպակէտին, կը յամառին, կը յիշեն կարծես որ հարկ է դիմեն վեր փոշի գոյացութենէն, կը վերակնեն, կը կռահեն այն որուն չհասան։ Կեդրոնանշան մը, որ գուցէ չկայ։ Ձայնը նի՞ւթն է այերացած, ցնդած, ոգեղինացած, փնտռող մեռած կոկորդ մը որ զինք հնչաւորէ։ Զերծած՝ ատաղձէ՞ն որ ծառերը կ՚արտադրեն խուլ մոլուցքով։ Տարագրուա՞ծ։ Տառազե՞րծ։ Ան(տառա)ցա՞ծ։ Բայց ձայնը մակաբերող մտածումն է, երբ հետքերը չկան։ Անմարմին։ Պատռող միս ու խախտող ոսկոր։ Ճերմակ կայծակի մը պէս յանկարծ որ կը դղրդացնէ ճարճատող անտառը, կը զգետնէ զիս։
     Կը նայիմ շուրջս, գետնամած՝ կը շարունակեմ նայիլ հմայուած, ապշահար, անգիտակ՝ հարուածին որ գուցէ կար արդէն, շատոնց, բայց ահա բացատին մէջ . հրդեհուած հող տեսիլքի, մարդը առկախ ծառէն, ոտքերը տակաւին կը ճօճին օդին մէջ, կը կազմակերպեն պատումի ռիթմ մը։ Արիւն, որդերու կոյտ։ Քերթողի աքսոր։ Բառերը շատ են սուգին համար։ Շուրջը՝ ապալեր շէկութիւն, խօլական բռնութիւն մը վայրի որ կը դիմէ խաւարակուլ կանաչին։
     Հոն մը նախճիրի՝ բոցի պէս պլլուած՝ լոյսի խարշափին։
     Անտառ մըն էր, խորունկ ու մթին, սկիզբէն, շատ սկիզբէն, ուր գտնուեր էի ակամայ եւ ուր եմ միշտ, առանց ձեռքին առաջնորդող, առանց ձայնին որ հոս-հոն թաւուտներէն, ծերպերէն, քարանձաւներէն յարուցանէր ստուերներ ու դէմքեր, աւարտած դէպքեր որ ճամբորդը կը կրկնէ մտովին, մեղքէն հասնելու համար ապաշխարութեան ու սրբութեան կատարեալի։ Եւ ի հարկէ ո՛չ մէկ Վիրգիլ, ո՛չ մէկ Պէատրիչէ որ անձկութեան ու ցանկութեան վիհն ու հերձը, դեգերումն ու սուգը դարձնէին հանդուրժելի, միտքն ու հաւատքը կամրջելով իրարու, ծիծաղին մէջ տիեզերական։ Ծագումնային անտառ՝ որ կը միացնէր ժամանակը յաւերժութեան. հիմա հոս-հոն չորութիւն մը այրած բուներու, նախքան իրենց տապալումը մրրիկէն, որուն ոչ ոք կը լսէ սկիզբը։
     Հիմա, տապալած կոճղի մը վրայ, կը կարծես տեսնել աճը խոլորձին, մակաբոյծ էակ, պիտի զայն խլես վերցնես, բայց ո՛չ, տապալած բունէն աճող վերջին կամ առաջին ընձիւղն է, չես գիտեր ինչպէ՞ս տակաւին աւիշէ ու յոյզէ տարուած, երազող շքեղութիւն մը քերթուածի նախքան լեզուին փակումը ինքն իր մէջ։ Մեռած լեզուն զուրկ է անուանումէ եւ ուզող բերնէ։
     Կը բնակիմ գաղթող ձայնի մը դիտման կէտին, խոցին, արտաբերումին, որ կը լուսաւորուի երբեմն, կը մթնէ յաճախ։ Կարելի չէ անունները ծամել ինչպէս հողին ժայռին կառչած լեղի ծոթրինի շիւղ, լորձնոտել համ ու տաղասացութիւն։ Կարելի չէ, կ՚ըսեմ ես խզումիս հեռաւորութենէն ինծի, ելլել այս անտառէն, առանց հատելու ամբողջ խշրտուքը երերուն, անապահով տառերուն, որոնց ես այսքան ատեն վստահեցայ երեւում ու խորտակում։ Օհ, այդպէս, ինձմէ դուրս, անտառէն անդին, ոգիէն ու պատկերէն անդին, տեսլահար, ամէն պարագայի՝ զարնուած բերնէս։
     Կարծես մէկէն նետուած համրութեան օրուան մէջ։

     Բառերը կան որպէսզի բոլորակի պատնէշը հատես. դէպի վեր կամ դէպի վար. անոնց միջեւ բանաս հերձ, լայնցնես ճեղքը, դարձնես սպասման բացատ, մէկ ու միակ եղանակի մը համար որ գուցէ երբեք չլսես, չապրիս։
     Լռութեան մէջ կչկչիւն մը, բզբզիւն մը միջատներու, հեռաւոր յոպոպի, կկուի քքում մը, հողի տքուն թնդիւն մը, դղդրոց, ածուխի, վառածի ճարճատիւն։ Ո՛չ ճար, ո՛չ ճետ, ո՛չ տիւն, նոյնիսկ եթէ անտառը ատով կայ։
     Ծառերը տապալելու, շրջելու, արմատախլելու պէս պէտք է լեզու մը յօրինել այնքան հնաւանդ որ կը թուի ժամանակին պատը. անթափանց։
     Բառերը չեն պակսիր երբեք. քերթողները կը գտնեն զանոնք աղբի պէս պարարտացուցիչ՝ ծառերուն շուրջ։ Անտառը, ո՛չ, տառը չէ։ Բառերը աւելորդ են, գիտեմ, մտային շարահիւսութեան համար որ կը կերպարանաւորէ իր իսկ մէջ՝ իր բիրտ քերականութիւնը դուրսի։
     Բոլորս այս
     անունները որ անտառէն
     չպահեցին ոչ իսկ
     թրթիռ մը տարասփիւռ ձայնի։
     Իսկ առանց կորուստին
     ի՞նչ յիշել։

     Բայց մինչեւ ե՞րբ
     պիտի խօսքը կտրէ
     անդունդ եւ անդոհ
     ջնջուած իր անունի ետին։

     Մտածել առանց անտառին
     անոր մէջ սակայն
     իբր անոր սահմանին
     ուր հովը կը խլէ քեզմէ
                 շունչդ
     ցրուելով զայն հողին
     թուփերուն
     աշխարհացրիւ անուններուն։
     Ինչ որ կը փրկէ նախադասութիւնն է որ փնտռեցիր զօրեղ։ Ինչ որ փնտռեցիր կը զրկէ քեզ իրմէ իր կշռոյթով արարքի։
     Ընդմիշտ։
     Պիտի աչքերս փակեմ։ Անտառը կը դիմանայ մինչեւ կիզակէտը ուր գիշերն ու համրութիւնս կը խառնուին իրարու։ Ուրուաշէն քերթուածի մը համար որ ձայն ու ձեռք ապաբան կը լաստակերտեն։
     Ձայնը կը ձգէ իր ետին ոչինչ։

     Ինչ որ կը յիշեմ անկէ շլացուցիչ կորուստ մըն է։
     Կարելի չէ անտառէն դուրս գալ առանց մտնելու երկրորդ անտառ։
     Բառերը կան որպէսզի պահուըտիս անոնց ետին։
     Փսփսուք, խարշափ, թրթռացում։
     «Կենդանի եմ»։

 
5-6-9 մարտ 03
փետրուար 2009
յուլիս 2010
յունիս 2015
օգոստոս 2015
յունուար 2016

Հատուած՝ «Ընդառաջում» անտիպ հատորէն

ԾԵ. ՏԱՐԻ, 2016 ԹԻՒ 1-2