ԱՅՍ բոլորը երբ քով քովի դրուած են, անսպասելի պատկեր մը կը կազմեն սակայն: Ամէն մէկը առանձին ու բոլորը միասնաբար՝ Սփիռքէն է որ կը խօսին, հինէն ու նորէն, Պէյրութէն ու Փարիզէն, Միջին Արեւելքէն ու ծայրագոյն Արեւմուտքէն: Սփիւռքէն կու գան ու Սփիւռքին կ’անդրադառնան: Այդ պատճառով իսկ՝ որոշեցի սկիզբը որպէս «Մուտք» զետեղել Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» կոչուած ծանօթ կտորին վերաբերող աշխատանք մը: 1998ին Կոլոմբիա համալսարանի պատերէն ներս Օշականի շուրջ գիտաժողով մը կազմակերպած էի, ու այդ առթիւ նաեւ մամուլին մէջ Օշականի գրական ու պատմական կերպարին անդրադարձող յօդուածներ տպած: Որպէս «Մուտք» հոս հրամցուածը անոնցմէ մէկն է: Կը վկայէ վկայութեան մը մասին: Օշականի 1946ին գրուած «Վկայութիւն մը» կտորը ի հարկէ ամբողջութեամբ Սփիւռքով զբաղած է, Սփիւռքի իրականութեամբ ու գաղափարով, անոր ապրումներով, անոր մէջ տիրող ատելութիւններով ու (կրկին) մրցակցութիւններով: Յիսնամեակի մը առիթով ու Օշականի կերպարին ընդմէջէն, ձեւ մըն էր ինծի համար յիսուն տարի ետք անգամ մը եւս Սփիւռքին անդրադառնալու ու անգամ մը եւս Սփիւռքին խօսելու: Առանց պատրանքի: Չէի հաւատար որ հնարաւոր է Սփիւռքին խօսիլը ուղղակի: Օշական ինքը ուղղակի կը խօսէր, յուսալով որ անկէ անդին՝ իր խօսքը ձեւով մըն ալ պիտի հասնէր մինչեւ հայաստանեան ափերը: Պատրանք պիտի ըլլար ի հարկէ հաւատալ որ հնարաւոր էր այսօր (կամ երբեւիցէ) Սփիւռքին խօսիլը, որ մէկը կար այդտեղ, այս կողմը, որ պիտի լսէր այդ ձեւով արտաբերուածը: Բայց եւ այնպէս խօսքիս եղանակը ա՛յդ էր, ուղերձ մըն էր անոր ուղղուած, բարկութեամբ ու դառնութեամբ լեցուն վստահաբար: Ահա՛ ինչու նախաբանիս այս երկրորդ բաժինը սկսաւ խառն զգացումի մը արտայայտութեամբ: Կը հաւաքեմ Սփիւռքը: Կը հաւաքեմ հայաստանեան ափին վրայ: Խօսքիս եղանակը չեմ փոխած: Բայց կը ցուցադրեմ զայն: Կը ցուցադրեմ ուղղուիլը, ի՛մ ուղղուիլս, իմ ուղերձս: Կը ցուցադրեմ զայն որպէս անկարելի: Կը ցուցադրեմ օտարութեան փորձընկալումը: Պարտուիլ մը կայ այստեղ: Բայց պարտուիլ պէտք էր հաւանաբար ամփոփուելու համար: Կը թարգմանեմ: Այսինքն կը փոխադրեմ փորձառութիւն մը, նոյն լեզուով, բայց հանդիպակաց ափին վրայ: (Այս ձեւով՝ կ’արձագանգեմ Յակոբ Օշականին, կը սրբագրեմ զինքը: Փարիզի գրողներուն առիթը կու տամ իրեն հետ երկխօսութիւն մը սկսելու): Նոյն տեսակի փոխադրութեան մը ուզեցի անդրադառնալ հոս հրամցուած վերջին փորձագրութեան մէջ, որ Որբունի Ասֆալթը վէպէն կը մեկնի կ՚անցնի Վալտէր Բենիամինի թարգմանելիութենէն ու Բոռխէսին հնարած նոյն լեզուով թարգմանութենէն, բացատրելու համար կարծեմ այս ափէն խօսելու բայց հանդիպակաց ափէն լսուելու գործողութեան լման բարդութիւնը:
Խառն զգացումս երկրորդ պատճառ մըն ալ ունի սակայն: Հոս հրամցուած փորձագրութիւնները առանց բացառութեան՝ ընթերցումներ կ’առաջարկեն, գրական եւ վկայագրական կտորներու շուրջ բեմադրութիւն մը կը ստեղծեն, կը վերլուծեն, կը պարզաբանեն: Մտածողութիւնը հիմնուած է գրուածքին վրայ: Բայց հոս ընթերցուած, վերլուծուած ու պարզաբանուած գրուածքներուն մեծ մասը անմատչելի է հանդիպակաց ափին վրայ: Օշականի «Վկայութիւն»ը, Զապէլ Եսայեանի վէպերը եւ վկայագրական աշխատանքները, ու մանաւանդ Որբունիի վիպաշարքը ամբողջութեամբ բացակայ են հրապարակէն, ա՛յս թէ ա՛յն ափին վրայ: Այս բացակայութիւնը պատահական չէ: Կը մատնէ ու կը բացայայտէ այդ գրեթէ անսրբագրելի ճեղքը որ բացուած է նոյն լեզուին երկու ափերուն միջեւ: Սփիւռքն է նախ եւ առաջ որ անտարբեր գտնուած էր իր իսկ արժէքներուն նկատմամբ: Չէ գիտցած եւ խորքին մէջ չէ ուզած պատրաստել աշխարհին հետ քայլ պահել գիտցող հայալեզու մտաւորականութիւն մը: Իր խորագոյն վիպագիրներէն ու մտածողներէն մէկը, յանուն Որբունիի, երբեք չէ կարդացուած ու իր գործերը այսօր լիովին անգտանելի են: Գործերը կը տպուին, հարց մը չէ: Բայց թարգմանել պէտք է Սփիւռքին համար, նոյն լեզուով թարգմանել պէտք է, ի նչ որ առանց թարգմանութեան պիտի չլսէ ան երբեք ինքն իր մասին: Թերեւս լսէ հանդիպակաց ափէն: