ԱՅՍ բոլորը երբ քով քովի դրուած են, անսպասելի պատկեր մը կը կազմեն սա­կայն: Ամէն մէկը առանձին ու բոլորը միասնաբար՝ Սփիռքէն է որ կը խօսին, հի­նէն ու նորէն, Պէյրութէն ու Փարիզէն, Միջին Արեւելքէն ու ծայրագոյն Արեւմուտքէն: Սփիւռքէն կու գան ու Սփիւռքին կ’անդրադառնան: Այդ պատճառով իսկ՝ որոշեցի սկիզբը որպէս «Մուտք» զետեղել Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» կոչուած ծանօթ կտորին վերաբերող աշխատանք մը: Կարդալ աւելին