Աշնանային արձակ հայքուներ
Աշնան ճանապարհիս
վարդենի մը կիսամերկ
գարուն կը բուրէ տակաւին:
Աշնան տերեւի նման
հովը ի զուր կը փորձէ տանիլ
սրտէս պոկուածը:
Թարթիչներդ փուշի նման չըլլային՝
Այտիս վրայ համբոյրդ
Վարդի հետքեր չէր թողուր:
Աշունէ աշուն
տարիքս անձայն յայտարարելէ
ծղրիթները ծերացան:
Խոհակայծեր
Քամին որքան սաստիկ փչէ
տերեւները չեն թաւալիր
եթէ աշուն չէ:
Ճնճղուկը
ծառը ցնցող հովէն չի խրտչիր,
այլ դաւադիր մարդու շուքէն:
Փուշը
բլբուլի թաթը չի խոցեր,
այլ մարդու ափը:
Անունը յաճախ
կ՚անմահանայ
շիրմաքարին գրուելէ առաջ:
Եւ որքան ալ
հեռուէն նայիս
մահը տակաւ կը մօտենայ:
ԾԷ. Տարի, 2018 թիւ 4