ԶԻՆՔ չէր սիրած ռոմանտիկ սէրով մը։ Պարկեշտ եւ պարտաճանաչ կին եղած էր իրեն։ Հոգատար եւ համբերատար։ Եւ ինքզինք թեթեւցած զգացած էր երբ ամէն ինչ աւարտած էր ու ան ընդմիշտ հեռացած էր։ Թաղումէն առաջ եւ ետք, եւ նոյնիսկ մարմինը հողին յանձնած ատեն, թագաղին վրայ ափ մը հող ցանած եւ կարմիր վարդ մը նետած ատեն՝ կաթիլ մը արցունք իսկ չէր թրջած աչքերը։ Հանդարտօրէն կատարած էր իրմէ ակնկալուածը որպէս մեռեալին այրին եւ մեղմօրէն ձեռնուած էր ներկաներուն հետ։ Ցած ձայնով քանի մը բառ փոխանակած էր ցաւակցութիւն յայտնողներուն հետ։
— Դիւրին չէ ամուսին կորսնցնելը. Աստուած քեզի օգնական…
— Խորունկ ցաւակցութիւններս, տիկին Աստղիկ…
— Հողը թեթեւ գայ վրան…
— Յուսամ մխիթարութիւն կը գտնես օր մը, Աստղիկ…
— Ձեւով մը ազատեցաւ. թող ատիկա քեզ մխիթարէ…
Շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ…
Մինչ իր հանդարտութիւնը մեկնաբանուած էր որպէս վերջին շրջանի իր գեր յոգնածութեան եւ սպառումին արդիւնք՝ իրականութիւնը այլ բան էր. զգացական այն վիճակին հետ, որ իր գիտակցականէն անկախ՝ յամրաքայլ եկած եւ իրեն փաթաթուած էր, արցունքները անյարիր էին։ Արցունքները կապ անգամ չունէին իր այս նոր հոգեկան վիճակին հետ։ Ինք վերջապէս հանգստացած եւ ազատ կը զգար։ Իր երախտագիտութեան եւ համակերպութեան խառնուրդ սիրոյ զգացումը տժգունած էր վերջին քանի մը տարիներուն, երբ Տիրան դադրած էր իրեն ամուսին ըլլալէ եւ եղած էր իր հիւանդը, որուն ինք պէտք է խնամէր մինչեւ վերջ, ամէն օր, ամէն ժամ։
— Պէտք է ուտես եւ դեղերդ առնես հիմա։ Իրիկունը քեզ կը լոգցնեմ եւ կը սափրեմ։ Վաղը բժիշկին հետ կը խօսիմ եւ քննութեան արդիւնքները կ՚առնեմ։ Լսեցի՞ր զիս։ Գլուխդ շարժէ եթէ հասկցար ինչ ըսի։
Դգալը Աստղիկի ձեռքին, ճզմուած միսն ու ստեպղինը Տիրանի բերնին մօտ, Տիրանի աչքերը լուռ ցաւի մէջ։
Անոր մահէն շատ առաջ արդէն Աստղիկ սկսած էր առանձին զգալ ինքզինք։ Հետեւաբար, Տիրանին բաժանումը իր զգացական աշխարհին մէջ շատ բան չէր փոխած։ Երկուքին միջեւ հաղորդակցութիւնը մէկուն կողմէ մենախօսութեան իսկ միւսին կողմէ գլխու շարժումներով պատասխանելու մակարդակին իջած էր։ Մինչ Տիրանին աչքերը շատ բան կ՚ըսէին եւ կրնային շատ աւելի հաղորդական ըլլալ, Աստղիկ հպանցիկ կը նայէր անոր դէմքին եւ չէր տեսներ այդ աչքերը։ Իսկ երբ պատահմամբ տեսնէր… տեսնէր անոր խորտակուած մարդու ցաւոտ աչքերը, գլուխը անդին կը դարձնէր, անկարող անոր ցաւը ամոքելու։ Կարող էր շատ լաւ խնամել զինք ֆիզիքապէս. զինք հագցնել, նստեցնել սեղանին կամ հեռատեսիլին դիմաց, լոգցնել, սափրել, կերցնել, խմցնել… բայց հոգեկանին հետ հաղորդակից չէր։ Չէր եղած երբեք։ Երախտապարտ էր Տիրանին իրեն շնորհած ընտանեկան հանգիստ կեանքին, իրենց երեք զաւակներուն լաւ հայր, իսկ իրեն հաւատարիմ ամուսին ըլլալուն համար, բայց միշտ թաքուն վրդովմունք մը զինք կը կրծէր։
Մօր տունէն մինչեւ ամուսնոյն տունը Աստղիկ հետեւող եւ հլու հնազանդ եղած էր նախ զինք հոգացող մօր՝ եւ ապա զինք հոգացող ամուսնոյն։ Մայրը, որ ուսուցչուհիի իր խստաբարոյ եւ կարգապահական մեթոտներով տունը կը կառավարէր՝ կ՚արգիլէր որ իր զաւակները որեւէ հաճոյքի ազատութիւն ունենային։ Աղջիկները՝ տունէն դպրոց, դպրոցէն տուն. ո՛չ մէկ զուարճալի զբաղում։ «Մեր անունը մի՛ արատաւորէք»։ «Ձեռագործ կամ քրոշէ ըրէք եւ տունը նստեցէք»։ Եթէ աղջիկները իրենց ընկերուհիներուն հետ ուզէին ըլլալ՝ անոնք պէտք է գային իրենց տունը եւ սենեակին դուռը բաց պէտք է ձգէին։ Իսկ ինք միշտ պէտք էր հսկէր իրենց վրայ. չարաճճի ընկերուհիները խելքէ կրնային հանել իր մաքուր աղջիկները եւ ծխել խմել սորվեցնել։ Իսկ իր աղջիկներուն արգիլուած էր ընկերուհիներու տունը երթալ։
— Մեր տան պատիւը բարձր պէտք է պահէք,— կ՚ըսէր մայրը, ակնոցը քիթին եւ առանց գլուխը վերցնելու իր աշակերտներուն շարադրութիւններու տրցակէն։
Մայրը, որ զօրաւոր կիներու սերունդէ կու գար, բարձր գին վճառելով սորված էր շատ զուսպ կեանք մը վարել եւ իր երեք աղջիկներն ալ նոյն խստութեամբ կը ջանար կրթել։ Վերջ ի վերջոյ անոնց պատիւին մասին պէտք է մտածէր. ամուսնոյն կանխահաս մահէն ետք բամբասանք ծագած էր, որ ինք սիրահար ունէր եւ զաւակները պիտի լքէր։ Իր աղջիկներուն ապագային սիրոյն՝ ինքզինք զրկած էր նոր սիրոյ մը կարելիութենէն եւ իր կեանքը նուիրած էր անոնց եւ իր աշակերտներուն կրթութեան։ Ինչ որ սակայն զինք դառնացուցած էր եւ իրեն տուած էր խիստ դէմք եւ անհանդուրժող բնաւորութիւն։
Օր մը ան որոշեց Աստղիկը ամուսնացնել իր ընտրած երիտասարդին հետ։ Աստղիկ ըսելիք չունէր այդ ընտրութեան կամ նոյնիսկ ամուսնանալու թէ որոշ ժամանակ մը սպասելու մասին։ Իրեն չէր արտօնուած իր իսկ կեանքը որոշել։ Չառարկեց եւ ամուսնացաւ։
Աստղիկ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին թեթեւ քալած էր այս մոլորակին վրայ։ Իր ոտքի հետքերը կարելի չէ գտնել հողեղէն մարդու աշխարհէն ներս։ Ո՛չ մէկ վիրաւորանք պատճառած էր ուրիշին, ո՛չ մէկ հակաճառութիւն, ո՛չ մէկ կռիւ։ Նոյնիսկ՝ ո՛չ մէկ առարկութիւն կամ պահանջ։ Համակերպող իր բնաւորութեամբ՝ ան յաճախ լռակեաց կը դառնար ընդարձակ ընտանիքի հաւաքոյթներու ընթացքին։ Ընտանիքի անդամները յաճախ պէտք է իրեն դառնալով խօսք մը կամ հարցում մը ուղղէին, որպէսզի խօսակցութեան մաս կազմէր։ Կը նկատէ՞ր ինք այդ—որ իր խնամիները իրեն կարեկցելով իրենց խօսակցութենէն ներս կը բերէին զինք։ Կը վիրաւորուէ՞ր ինք ատկէ։ Կարեկցութիւնը կրնայ եւ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ կարեկցուողին վրայ։ Յայտնի չէր ըներ Աստղիկ։ Միայն երբեմն պրկուած ժպիտով մը կը պատասխանէր։ Այդքան։ Միակ ատենը որ ինք կը կենդանանար՝ խրախճանքներու ընթացքին էր, երբ զինք չէին գտնէր սեղանին շուրջ, այլ՝ պարի բեմին վրայ։ Հոն Աստղիկ դուրս կու գար իր պատեանէն եւ կը կորսուէր շուրջպարի ալիքներուն մէջ։ Եւ այնքան թեթեւութեամբ ու հեզասահ կը պարէր, որ կարծես ոտքերը գետին չէին դպչէր։ Աստղիկը հոն էր որ կ՚ապրէր։
Իսկ իր տան մէջ՝ ան ոչ մէկ ըսելիք ունէր։ Ամուսինը կ՚որոշէր ամէն ինչ. ամենադոյզն բանէն մինչեւ ամենակարեւորը։ Նոր պնակնե՞ր պէտք է գնուէր, Տիրան կ՚ընտրէր ո՛ր սարքը պիտի գնէին. ճաշարա՞ն պիտի երթային՝ Տիրան պիտի որոշէր ո՛ր ճաշարանը. արձակուրդի՞ պիտի երթային, Տիրան պիտի որոշէր ո՛ւր։
Ինք տան որոշումներուն մաս չէր կազմած առաջին իսկ օրէն։ Տիրան օր մը իսկ իր կարծիքը չէր հարցուցած, կամ իր հետ խորհրդակցած կարեւոր կամ նոյնիսկ փոքր հարցի մը շուրջ։ Իսկ երբ ինք փորձած էր միջամտել եւ առնուելիք որոշումին սխալ ըլլալը մատնանշել, կամ հարցի մը մասին իր կարծիքը յայտնել՝ իր խօսքը անտեսուած էր, հակառակ որ յաճախ ի՛նք ճիշդ դուրս կու գար։ Թէեւ Տիրան իր սէրն ու գուրգուրանքը միշտ ցուցաբերած էր իր հանդէպ, ազնիւ եւ սիրալիր եղած էր, ինք ենթարկուողի դիրքին մէջ զգացած էր ինքզինք եւ ատիկա իր մէջ վիրաւորանքի դառնութեան վերածուած էր։ Կը տեսնէր ուրիշ կիներ շրջանակին մէջ, որոնք կը վիճէին իրենց ամուսիններուն հետ եւ ամուսինները տեղի կու տային։ Ինչո՞ւ ո՛չ իր ամուսինը։ Կը տեսնէր կիներ որ իրենց ամուսին ներէն անկախ քայլեր կ՚առնէին, տնային շատ մը հարցեր իրենց վստահուած էր։ Ինչո՞ւ ո՛չ իրեն։
— Ես ապսպրած եմ արդէն, Աստղիկ։ Վստահիր ինծի։ Ամէնէն լաւն է առածս,— Տիրանն է։
— Այս տարի Փարիզ կ՚երթանք արձակուրդի։ Գիտեմ դուն Լիբանան կ՚ուզես կոր երթալ եւ ազգականներդ տեսնել, բայց ատիկա արձակուրդ չէ, հաւատա՛,— Տիրանն է կրկին։
Օր մըն ալ Տիրան լռեց եւ Աստղիկը խօսեցաւ։
Տիրանի հիւանդութիւնը յեղաշրջեց ամէն ինչ իրենց կեանքին մէջ։ Ան հետզհետէ զրկուեցաւ ֆիզիքական շատ մը կարողութիւններէ եւ խօսելու հնարաւորութենէն։ Այլեւս անկարող ինքզինք հոգալու՝ ան ենթակայ էր իր կնոջ հոգածութեան, որ միշտ իր կողքին էր։ Աստղիկ եղաւ տան սիւնը, տան հետ կապուած բոլոր որոշումներուն պատասխանատուն։ Ընտանեկան հաւաքոյթներուն՝ զգալի էր իր կերպարանափոխումը. աւելի համարձակ եւ ինքնավստահ՝ խօսակցութիւններուն մաս կը կազմէր, եւ մանաւանդ՝ ինք կը կառավարէր ամուսնոյն շարժումները, ամուսնոյն ի՛նչ ուտելն ու չուտելը, ո՛ւր նստիլը։ Ուսումնասիրած էր անոր հիւանդութեան բոլոր մանրամասնութիւնները եւ խիստ հիւանդապահուհիի կարգապահութեամբ կը խնամէր զինք։ Բայց աւելի ճիշդ՝ կ՚առաջնորդէր զինք։ Դուրս եկած էր հետեւողի իր դիրքէն եւ եղած էր առաջնորդը իր առաջնորդին։ Յատուկ ուժ մը կար իր մէջ հիմա. յաղթանակ նուաճած անձէն արտացոլող ուժը, իր ազատութիւնը գտած զրկեալէն ցայտող ուժը։
Եւ անկարելի էր չնկատել այդ խորունկ ուրախութիւնը որ կար Աստղիկի դէմքին վրայ։ Այդքան տարի ետք, այդքան ամէն ինչ կուլ տալէ ետք՝ հիմա ի՛նքն էր տան ղէկը եւ իր ամուսինը իրեն ենթակայ էր։ Այնպիսի գոհունակութիւն մը կը զգար, այնպիսի հպարտութիւն մը իր ձեռք ձգած ազատութեան համար, որ կարծես մոռցած էր թէ ի՛նչպէս հոս հասաւ, ի՛նչպէս ազատութիւնը իր գիրկը ինկաւ։ Բայց այդ կէտը պարզ նրբութիւն մըն էր իրեն համար. կարեւորը արդիւնքն էր. ինք ազատ էր չենթարկուելու իր ամուսնոյն եւ դերերը շրջուած էին հիմա։
Յուղարկաւորութէնէն վերադարձին՝ հաճելի թեթեւութիւն մը զգացած էր։ Այլեւս հարկադրանքը չկար ընդարձակ ընտանիքի ներկայութեան հիւանդ ամուսնոյն հաճոյակատարը ըլլալու։ Յաճախ, երբ իր նոր գտած ուժին (զոր տակաւին չէր սորված հակակշռել) թելադրած անհամբերութեամբ խստօրէն կ՚ուղղէր ամուսնոյն շարժումները, կը նկատէր մտահոգ նայուածքները անոր ընտանիքի անդամներուն—իր խնամիներուն, ինչպէս ինք կը սիրէր կոչել զիրենք։ Երբեմն իր զաւակները անգամ կը միջամտէին կասեցնելու իր կոշտութեան հասնող ուղղում ները, պարզապէս յոգնածութեան վերագրելով իր վարմունքը։ Իսկ իր ամուսինը՝ անկարող իր դժգոհութիւնը եւ վիրաւորանքը բառերով արտայայտելու՝ խորունկ նայուածքով մը աչքերը կը սեւեռէր իր վրայ։ Այդ պահերուն սարսուռ մը կ՚անցնէր Աստղիկի մարմնէն եւ կ՚ատէր իր կեանքը։ Կ՚ատէր իր կացութիւնը, կ՚ատէր ամուսնոյն ընտանիքը, կ՚ատէր ինքզինք։
Բայց հիմա անհետացած էին այդ ամէնը։ Նման կացութիւն մը չէր կրնար կրկնուիլ եւ ինք առիթ չէր ունենար չարանալու ամուսնոյն դէմ ամէնուն դիմաց։ Հիմա ինք ազատած էր ճնշումներէ եւ պատասխանատուութենէ։
Թաղումէն ետք մօտ երկու շաբաթ իր մարդու երես տեսնել չուզելը եւս վերագրուած էր իր ողբալու յատուկ եղանակին։ «Ամէն մարդ տեսակ մը կ՚ողբայ, ի՞նչ կրնանք ընել», ըսած էին մօտիկները եւ գլխու հաստատական շարժումներով անցած յաջորդ նիւթին։ Մինչդեռ՝ ինք չէր ուզած որ ոեւէ մէկը տեսնէ թէ ինք որքան հանգիստ էր իր նոր կացութեան մէջ։
Երկու շաբաթ ետք, տան մէջ բոլորովին առանձին՝ զգաց իր շուրջ տարածուած պարապութիւնը—ո՛չ թէ Տիրանի բացակայութեան ստեղծած պարապութիւնը, կամ անոր հիւանդութեան շրջանին իրենց միջեւ զարգացած կէս-կատար հաղորդակցութեան իսկ չգոյութեան պարապութիւնը. այլ՝ Տիրանին համար որոշում առնելէ զրկուելուն, այլեւս ի՛ նք անոր առաջնորդը ըլլալէ դադրելուն, իր վերջերս գտած ազատութիւնը ոեւէ մէկու մը ցուցադրելու անկարելիութեան ստեղծած պարապութիւնը։
Պարապութիւն՝ որ հիմա այլեւս իր առօրեան էր։ Իր զաւակները մեծցած էին, ամուսնացած էին եւ իրմէ անկախ կեանքեր ունէին։ Իսկ ի՞նչ ունէր ի՛նք, վերջ ի վերջոյ։ Տարիներ շարունակ իր ամուսնոյն ենթարկուած եւ ստորակայ ըլլալէ ետք՝ վերջին քանի մը տարիներուն վայելած էր իր որոշում առնողի, առաջնորդի դերը։ Բայց հիմա այդ ալ ոչնչացած էր։ Հիմա ինք ո՛ չ ենթակայ-հետեւող էր, եւ ո՛ չ ալ առաջնորդ։ Ի՞նչ էր ինք։
— Գաւաթ մը սուրճ շինեմ խմեմ. թերեւս քիչ մը թեթեւնամ,— ըսաւ ինք իրեն։ Խոհանոց մտաւ եւ էսփրէսսոյի սրճեփը դրաւ կրակին։ Սուրճին չափը անուշադ րութեամբ կրկնապատկած էր եւ հիմա սուրճը շատ դառն էր։ Քիչ մը կաթ աւել ցուց եւ ճկոյթ մատով խառնեց սուրճին մէջ։ Սուրճով մատը լզած ատեն ինք իսկ զարմացաւ իր համարձակութեան վրայ եւ սաստիկ զուարճացաւ իր ըրածով։ Ինչպէ՞ս կրցած էր քիչ անդին գտնուող դգալին չդիմել եւ մատով խառնել սուր ճը— բան մը որ երբեք չէր ըրած, անքաղաքակիրթ համարելով նման վարմունք։ Բայց ի՛նչ լաւ զգացած էր յետոյ։ Որո՞ւ հաշիւ պիտի տար իր ըրածին-չըրածին համար։ Այո՛, մատով խառնեց եւ լա՛ւ ըրաւ։ Մօր տան մէջ եթէ նման բան ըրած ըլլար՝ խիստ հանդիմանութեան ենթարկուած պիտի ըլլար։
Փորձելով իր մտածումը հեռացնել մօր տունէն, որպէսզի իր աղջկական փոքրիկ հրճուանքը չխաթարուէր, Աստղիկ դարձաւ խոհանոցի պատէն կախուած լուռ հեռատեսիլին, որ իր ընկերակիցն էր այս օրերուն։ Մէկը իր ստեղծած ելեքդ րական փոքր, հազիւ երկու ոտք բարձրութեամբ ինքնաշարժը կը ցուցադրէր։ «Փոքրերու համար ըլլալու է», մտածեց Աստղիկ. հեռատեսիլի ձայնը իջեցուցած ըլլալով՝ պարզապէս պատկերներուն կը հետեւէր։ «Ինչ լաւ. փոքրիկներ կրնան ազատ անկախ իրականին նման օթոյով խաղալ բակին մէջ։ Ո՛չ թէ մեզի պէս ամ բողջ մանկութեան տունը փակուած մնալու, քրոշէ ընելով կամ անկարելի երազներ հիւսելով զբաղուելու», շարունակեց մտածել։ «Ես հեծանիւ անգամ չեմ գիտեր քշել, ուր մնաց օթօ։ Ի՛նչ լաւ որ նման բաներ ստեղծուած են փոքրերու համար»։
Իսկ ի՞նք։ Ի՞նչ ստեղծած էր ինք։ Իր զաւակներն անգամ ինք չէր ստեղծած. ինք մէկ զաւակ ուզած էր, բայց ամուսինը մեծ ընտանիք ուզած էր կազմել։ Ինք եղած էր միայն, այս կամ այն. զաւակ կամ կին, մայր կամ մեծ մայր։ Ինք կրնա՞ր ինքզինք վերստեղծել առանց պիտակներու, առանց դերերու։ Ինք իր խորքը թափանցէր եւ իր ներքին «ես»ը գտնէր։
Յիշեց որ հեռատեսիլէն օր մը լսած էր, որ ինքզինք ճանչնալու լաւագոյն մի ջոցը օրագիր պահելն է։ Առաւ թուղթ եւ մատիտ եւ սկսաւ գրել։
Ես ինքզինքս իսկապէս չեմ ճանչնար տակաւին։ Մէկուն համար
այս եմ իսկ միւսին համար ուրիշ բան։ Բայց ի՞նչ եմ ես ինծի հա-
մար։ Մայրս կ՚ուզէր որ ընտանիքի մաքուր աղջիկ ըլլայի, իսկ ես
կ՚ուզէի որ Ռիթային հետ փարթիներու երթայի եւ տարիքիս յա-
տուկ խենթութիւններ ընէի։ Ինչո՞ւ չըրի։ Ինչո՞ւ ենթարկուեցայ
մօրս եւ Ռիթային պէս գաղտնի չփախայ տունէն եւ Զեփիւրենց
տունը չգացի, ուր բոլորը կը հաւաքուէին։ Եւ յետոյ, Ռիթայէն զատ
միւսները միայն դասընկերներ էին, ուրիշ ընկերուհի անգամ չու-
նէի, իսկ ընկեր՝ երբեք չեմ ունեցած։ Չեմ քալած Պէյրութի պողո-
տաներէն տղու մը թեւը ուսիս։ Կամ իր հետ սինեմա գացած եւ
մութին մէջ համբուրուած։ Պատանեկութիւնս չեմ ապրած ինչպէս
ե՛ս ցանկացած-երազած եմ։ Մայրս խիստ էր եւ ես զրկուած եմ
աղջկական բնական հաճոյքներէն։
Աստղիկ անզգալաբար մտած էր կրկին իր 16 տարեկանի պատեանին մէջ։ Իր չապրած կեանքը զինք կը կանչէր։ Մտածեց՝ ի՞նչ կրնար ընել, ի՞նչ ուզած էր միշտ ընել եւ չէր կրցած, եւ պահ մը գրգիռ յառաջացաւ իր մէջ— կորսուածը գըտ նելու հրճուանքը տաք ալիքի նման պատեց զինք։ Միշտ ուզած էր այր մարդու շապիկ հագուիլ առանց փէշի առանց տաբատի, ճիշդ այնպէս ինչպէս Մարիլին Մոնրոն հագած էր իր ֆիլմերէն մէկուն մէջ, չէր յիշեր ո՛ր մէկուն։ Գնաց իր ամուս նոյն շապիկներէն մէկը հագաւ (դեռ աղքատախնամ ընկերակցութեան չէր ուղարկած Տիրանի հագուստները) եւ մերկ ոտքերով նետուեցաւ բազկաթոռին վրայ ու ոտքը ոտքին վրայ դնելով ինքն իր վրայ զմայլեցաւ։ Լաւ… հի՛մա ինչ… «Ա՛, գիտեմ». եւ բացաւ գինիի շիշը։ (Աստղիկ սովորութիւն չունէր խմելու, իսկ Տիրան գինիի սիրահար էր եւ մինչեւ վերջին շաբաթները գինի կը պահանջէր ճաշին հետ)։ Ձեռքը բաժակ մը գինի՝ Աստղիկ վերադարձաւ բազկաթոռին, ոտքը ոտքին վրայ դրաւ կրկին ու սկսաւ խմել։ Նորօրինակ հաճոյք մը զգաց, որ ինք ինքզինքին կը պատճառէր։ Արեան մէջ այսքան կեանք չէր զգացած տակաւին։ Կուրծքին մէջ փոթորկող այսքան եռանդ, որ իր անսովորութեամբ կը համակէր զինք։ Իր երիտասարդութեան ընկերուհին, Ռիթան (հիմա ո՞ւր էր չէր գիտեր), երբ ամէն շաբաթ փարթիի երթար՝ հոն կը խմէր, կը ծխէր, կը համբուրուէր։ Ինք մի այն կը լսէր Ռիթային պատմութիւնները, բայց հիմա ինք ի՛ր պատմութիւնները կ՚ուզէր ունենալ։ Երեւակայեց թէ ի՛նք ինչ պիտի ընէր եթէ ինք ալ այդ փարթինե րուն գացած ըլլար։ Աչքերը գոցեց եւ յիշեց կեանք մը, որ երբեք չէր ունեցած երիտասարդութեան, եւ բարեկամներով հաւաքոյթներու գնաց, դասարանին ամէնէն գեղեցիկ տղուն՝ Երուանդին ուղղուած չարաճճի ժպիտներ արձակեց եւ խենթ սիրահարութիւն մը ապրեցաւ…
Յիշեց, որ Ռիթան պատմած էր թէ ինչպէս խենթ ու խելառ կը պարէին այդ փարթիներուն։ Ուրեմն պէտք կար երաժշտութեան։
Տիրան մեծ հաւաքածոյ մը ունէր 80-ականներու երաժշտութեան, հակառակ որ ինք 60-ականներու երիտասարդ էր։ Բայց 60-ականներու յեղափոխական հոսանքը իր քովէն անցած էր առանց իրեն դպչելու եւ միայն 80-ականներուն էր, որ կրկին երիտասարդանալու համար՝ սկսած էր օրուան երաժշտութեան հետ կապ մը ստեղծել։ Աստղիկ գտաւ այդ քասէթներէն մէկը (այո, դեռ պահած էին քասէթներն ու քասէթի մեքենան) եւ կոխեց կոճակը։ Սինտի Լոփըրի “Girls Just Want to Have Fun”ը ողողեց սենեակը եւ Աստղիկ սկսաւ պարել Սինտիի ձայնին կշռոյթով։
I come home, in the mornin’ light
My mother says, “When you gonna live your life right?”
Oh momma dear, we’re not the fortunate ones
And girls, they wanna have fun…
Ինք միշտ սիրած էր պարել։ Բայց այսօր իր պարը տարբեր էր. այսօր յատուկ բան մը կար իր պարի ազատ շարժումներուն մէջ։ Բոպիկ ոտքերով եւ ամուսնոյն շապիկով իր մարմնի շարժումները հետզհետէ աւելի կ՚արագանային։
…Some boys take a beautiful girl
And hide her away from the rest o’ the world
I wanna be the one to walk in the sun
Oh girls, they wanna have fun…
Գինիի բաժակը քանի մը անգամ վերստին լեցուեցաւ եւ ինքնակորոյս պարը շարունակուեցաւ։ Սինտի Լոփըր կրկին հաստատեց թէ աղջիկներ պարզապէս զուարճանալ կ՚ուզեն. շատ պարզ։ Ատոր մէջ ոչինչ կար սխալ, հաստատեց նաեւ Աստղիկ։ Աղջկական զուարճանք, որ ուշացած հասած էր իրեն հիմա։
Ամէն ինչ Աստղիկին շուրջ շարժման մէջ մտաւ յանկարծ։ Սենեակը փոթորկահովի մատնուած էր եւ ինք կորսուած էր սենեակին կեդրոնը կանգնած։ Դժուարութեամբ բայց վերջապէս՝ կրցաւ բաղնիք հասնիլ։ Քանի մը վայրկեան ետք՝ բաղնիքին գետինը նստած յիշեց, որ տեղ մը կարդացած էր թէ գինովութիւնը ամոքելու համար տաք ջուրի լոգանքը շատ օգտակար էր։ Մտաւ տաք ջուրին տակ եւ աչքերը գոց՝ ինքզինք հաւասարակշռելու համար պատերը բռնած՝ յանձնուեցաւ իր մարմինը շոյող տաք ջուրին։ Ջուրին մտերմիկ ջերմութիւնը կրցաւ տակաւ առ տակաւ սթափեցնել զինք։ Մտածեց՝ ի՞նչ էր քիչ առաջուան ըրածը. 16 տարեկանի խենթութիւննե՞ր՝ թէ 58 տարեկանի յուսախափութիւններ։ Լոգան քէն ելաւ եւ թաց մարմնով հայելիին դիմաց կանգ առաւ երբ տեսաւ իր փխրուն դէմքը.
Ինչպէ՞ս հասաւ այս դէմքին։ Այս ցասկոտ աչքերուն։ Այս պրկուող-գալարուող շրթներուն։ Ո՞վ էր այս անձը։
Կեցաւ հայելիին դիմաց եւ զննեց իր մերկ մարմինը։ Քիչ առաջուան 16 տարեկանի այս մարմինը հիմա իրականութեան վերադարձած էր։ Տիրան սիրած էր այս մարմինը մինչեւ իր հիւանդութիւնը, բայց ինք երբեք չէր գիտցած սիրել իր իսկ մարմինը։ Իր մարմնի ամէնէն սիրուն մասերը գաղտնիք մնացած էին իրեն, բայց զանոնք տուած էր ամուսնոյն, պարտաճանաչ կնոջ մը պէս։ Դիտելով իր մարմինը ընդունեց զայն ինչպէս որ էր։ Գուրգուրանքով շոյեց երեք զաւակ աշ խարհ բերած իր լայնցած կոնքերը եւ զգաց ներկային տիրապետումը։ Իսկապէս ի՞նչ պիտի փոխէին անցեալի տարիները, եթէ Ռիթային (որ յայտնի չէր ո՞ւր էր հի մա) նման ապրէր. քանի մը սիրահարութիւններ, գինով գիշերներ, համարձակու թիւններ եւ յետոյ… այս ներկան, իր փխրուն դէպքով, կրկին պիտի իշխէր։
Հիմա ունէր ազատութիւնը գինովնալու, սիրահարուելու, համարձակ շարժելու… եւ յետո՞յ։ Ի՞նչ արժէր իր ազատութիւնը, երբ մարդ չկար որ տեսնէր փոփոխութիւնը իր մէջ։ Արդէն ինք ամուսնոյն հիւանդութենէն ի վեր այնքան տնակեաց դարձած էր, որ շրջանակին հետ հանդիպումները հազուադէպ էին, ելոյթներու եւ խրախճանքներու ալ չէր երթար առաջուան պէս, բարեկամներու հետ շփումներն ալ նուազած էին։ Հակառակ իրեն հասած կպած պարտադրուած ազատութեան, տունը տակաւին իր յենարանն ու ապահովութիւնն էր։
Եւ ամենադաժանը՝ հիմա ո՛չ իր դասընկերները կային, ո՛չ իր մայրը, ո՛չ իսկ իր ամուսինը, որ տեսնէին թէ ինք ի՛նչպէս այլեւս ազատ ու անկախ էր, Ռիթային նման։ Հիմա ի՞նչ արժէր իր ազատութիւնը։
Այդ գիշեր Աստղիկ լացաւ իր ամուսնոյն բացակայութեան համար։