Կեանքի վերջին տարիներուն, գրականագէտ Ալմաստ Զաքարեանը (1923-2013) հրատարակած էր ծովածաւալ (1900 էջ) Եղիշէ Չարենց. կեանքը, գործը, ժամանակը աշխատութեան երեք հատոր (1997, 2003, 2008)։ Ըստ մահագրութեան մը, «Ա. Զաքարեանն աշխատեց այս կոթողային մենագրութեան յաջորդ հատորների վրայ, բառիս բուն իմաստով, մինչեւ իր կեանքի վերջը: Աւաղ, տաղանդաւոր եւ կրքոտ գրչով գրուած այդ մենագրութիւնը նա չհասցրեց իր աւարտին»[1]«Ալմաստ Զաքարեան», «Գրական թերթ», 28 Յուլիս 2013 (ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական … Continue reading։
Անշուշտ, 1960-ական թուականներուն Չարենցի երկերու վեցհատորեակը ծանօթագրելու եւ այնուհետեւ բազում յօդուածներու եւ հրապարակումներու վաստակով յայտնի գրականագէտը, որ «մեզանում լաւագոյն չարենցագէտն էր, Չարենցի ճշմարիտ նուիրեալը»[2]Անդ։, նման մենագրութիւն արտադրելու ամէն իրաւունք ունէր։ Առաջին գիրքին մասին, հատորներուն խմբագիրը՝ ակադեմիկոս Սերգէյ Սարինեանը (1924-2017), գրած էր. «Պէտք է դիտել միայն, թէ գրականագէտի տիրապետող գրիչն ինչպիսի հմտութեամբ է շարադրում փաստերը եւ իմպրովիզացիաների ազատ տողանցումներով հիւսում պատմութեան աւանդավէպը, որի յուշիկներից ծնունդ են առնում Չարենցի բառը, տողը, բանաստեղծութիւնը՝ հայոց ճակատագրի տառապանքի ու մաքառման տիեզերական արձագանգները»[3]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց. կեանքը, գործը, ժամանակը, գիրք 2, Երեւան, 2003, էջ 5 (ընդգծումը մերն է)։ … Continue reading։ Սակայն, Սարինեանի կողմէ ոչ-հաշտ աչքով դիտուած այն «կասկածամիտներ»էն ըլլալով, որոնք «տողեր կ՚ընդգծեն ու հարցականներ կը դնեն գրքի լուսանցքներում»[4]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 5։ երբ փաստ ու իրականութիւն իրարու չեն համապատասխաներ, տարիներ առաջ ցոյց տուած էինք, որ «իմպրովիզացիաների ազատ տողանցումներ»ը Ա. Զաքարեանի այս գործին գիտականութիւնը լիովին խախտող երեւոյթներէն մէկը կը հանդիսանային[5]Վարդան Մատթէոսեան, «Սարոյեան եւ Չարենց (նորահնար առասպելի մը առիթով», «Բագին», Մարտ 2005, էջ … Continue reading։ Վերոյիշեալ մահագրութեան յաւուր պատշաճի թուացող այն հաստատումը, թէ «եղածն էլ հիմք է ծառայում մեզ ասելու, որ Ա. Զաքարեանը գրել է հայ մեծ բանաստեղծի, թերեւս, լաւագոյն կենսագրութիւնը»[6]«Ալմաստ Զաքարեան»։, լրիւ անտեսած է շուրջ երկու հազար էջերու երկայնքին տիրող չափազանցուած կրքոտութիւնը, ժամանակավրէպ զգացականութիւնը[7]«Այս տողերը [Չարենցի «Պոեզոզուռնա»-յէն. Վ.Մ.] քաղելիս յօշոտող սրտնեղութիւն իջաւ հոգուս. … Continue reading, ազգային-քաղաքական քարոզները[8]«Ինչ վերաբերւում է մեր ժողովրդի զաւակներին, ապա նոյն պատմութիւնը, գուցէ թէ, իրօք, … Continue reading, ինչպէս եւ գիտութեան հետ աղերս չունեցող անհարկի շեղումները[9]«Տարիներ առաջ մի յօդուածում Գ. Աբովը հաստատում էր, թէ Պ. Սեւակը հոտառութիւն չունի։ Իրօք, … Continue reading, հիմնազուրկ վարկածները[10]Չարենցի Օգոստոս 1920-ի նամակին հասցէատէր անծանօթ բժիշկը Զաքարեանի կողմէ նոյնացուած է ՀՀ … Continue reading, ենթակայական մեկնաբանութիւնները[11]«Կինոբեմադրիչի լեզուով շարադրուած այս տողերը (…) նշանակում են նաեւ, որ այդ օրը … Continue reading, անտեղի գովեստները կամ հաշուեյարդարները[12]«Ն. Յովհաննիսեանի մասին հետաքրքրուել եմ վարժարանի [Մելգոնեան կրթ. հաստատութեան. Վ.Մ.] … Continue reading, դաւադրական տեսութիւնները, եւ այլն։ Գիտութեան դէմ անհաշիւ մեղանչումները փաստական ամէն հիմքէ կը զրկեն այն ամպագոռգոռ պնդումը, թէ «նրա չարենցականը կը լինի յաւերժ ուղեկիցը մեր մեծ ազգային բանաստեղծի կեանքի պատումով հետաքրքրուող իւրաքանչիւր հայ մարդու համար»[13]«Ալմաստ Զաքարեան»։։
Երրորդ հատորին սկիզբը Սարինեան գրած էր. «Եւ պէտք է դիտել միայն, թէ ինչպիսի հմտութեամբ է գրականագէտը ներհիւսում ժամանակագրութեան էջերը, բացայայտում, մեկնաբանում իրերի բնոյթը, ու համոզւում ես, որ նա, միայն նա կարող էր կատարել այդ գործը, քանզի արտօնուած էր անանձնական նուիրումով, նաեւ հարուստ կենսափորձով, նաեւ մտաւոր զարգացմամբ եւ անհատապէս գիտակցուած աշխարհայեացքով»[14]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 6։։ Սակայն, ներհիւսումը, բացայայտումն ու մեկնաբանութիւնը նման եզակիութեան համոզումի տեղ չեն ձգեր, ինչպէս փաստէ Չարենցի իտալական ուղեւորութեան նուիրուած աւելի քան 140 էջերուն[15]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 383-425. Նոյն, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 11-110։ քննութիւնը կը փաստէ։
Զաքարեանի կողմէ հրատարակուած Նոյեմբեր 17, 1924 թուակիր ֆրանսերէն փաստաթուղթը (որ նաեւ տրուած է ռուսերէնով) lettre de courier («սուրհանդակի գիր») մըն էր, համապատասխան՝ ճամբորդական լիազօրագրի մը։ Ան կը հաստատէր, որ Չարենց Թուրքիա ու Իտալիա կ՚երթար իբրեւ «դիւանագիտական սուրհանդակ» (courier diplomatique)՝ «դիւանագիտական թղթատարութեան երկու ծրարներ» տանելով Պոլսոյ խորհրդային ընդհանուր հիւպատոսարանին եւ Հռոմի խորհրդային լիազօր ներկայացուցչութեան[16]Տե՛ս Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 283, ուր խորհրդային Արտաքին Գործոց նախարարութեան … Continue reading։ Պոլիսէն մեկնելու նախօրեակին՝ Յունուար 8, 1925-ին, Չարենց կը հաղորդէր Ալեքսանդր Միասնիկեանին, թէ «Ամերիկա գնալու վիզա ստանալու համար» աւելի քան ամիս մը սպասելէ ետք, որոշած էր «խաչ քաշել Ամերիկա գնալու գաղափարի վրայ եւ շրջել Եւրոպայում, տեսնել Եւրոպան»։ Հետեւաբար, կ՚աւելցնէր, «այստեղից վաղը ես մեկնում եմ Աթէնք, ապա կը գնամ Հռոմ, կը շրջեմ իտալական զանազան քաղաքներում, յետոյ Փարիզ-Լոնդոն-Բեռլին-Վիեննա-Մոսկուա. ահա իմ ծրագիրը»[17]«Ե. Չարենցի նամակը Ալ. Միասնիկեանին», «Գրական թերթ», 22 Սեպտեմբեր 1954, էջ 3։ Հմմտ. Եղիշէ Չարենց, … Continue reading։
Յունուար 9-ին մեկնելով, Չարենց շատ կարճ կեցութիւն մը պիտի ունենար Աթէնք, որ յիշուած չէ իսկ Դերենիկ Դեմիրճեանին ուղղուած Մայիս 7-ի նամակին մէջ. «Ես շատ հաւանեցի Վենետիկը, Պոլիսը եւ Փարիզը. Հռոմը եւ Բեռլինը առանձին տպաւորութիւն չարին վրաս»[18]Չարենց, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 419։։ Վիգէն Իսահակեանի վկայութեամբ, 1935-ին Չարենց ըսած է. «Ախր, ես Եւրոպան տեսայ, ինչպէս ասում են, «քառասմբակ վազքով» – Պոլիս, Հռոմ, Վենետիկ, Փարիզ, Բեռլին»[19]Վիգէն Իսահակեան, Հայրս, Երեւան, 2000, էջ 490։ 1936-ին, Աւետիք Իսահակեանի հետ խօսակցութեան … Continue reading։ Ասատուր Ասատրեանի նշումը, թէ Աթէնքի մասին «միայն մի յիշատակութեան ենք հանդիպել»[20]Աս. Ասատրեան, «Ե. Չարենցի արտասահմանեան ուղեւորութիւնը», «Գրական թերթ», 18 Օգոստոս 1957, էջ … Continue reading, հաւանաբար կ՚ակնարկէր Յուլիս 1925-ի վերջերուն կատարուած «Մարտակոչ»-ի հարցազրոյցին, ուր Չարենց իր երթուղիին մասին յայտնած էր. «Ճանապարհորդութեան ժամանակ ես առիթ ունեցայ անցնելու Պոլիս, Աթէնք, Նէապոլ, Հռոմ, Վենետիկ, Պարիզ, Բերլին եւ այլ տեղեր»[21]Մ. Ս., «Զրոյց ընկ. Ե. Չարենցի հետ», «Մարտակոչ», 1 Օգոստոս 1925, էջ 1։ Հմմտ. Չարենց, Երկերի ժողովածու, … Continue reading։
ՆԱՓՈԼԻ ԵՒ ՀՌՈՄ
Յիշեալ նախադասութիւնը հիմնական հանգրուանները ճիշդ ներկայացուցած էր։ Պոլիս-Աթէնք եւ Հռոմ-Վենետիկ-Փարիզ-Պերլին հատուածներուն հիմնաւոր յաջորդականութիւնը տրամաբանական կը դարձնէ, որ Չարենց Իտալիա մտած ըլլար Հռոմի դուռը հանդիսացող Նափոլիի (Նէապոլ) նաւահանգիստէն։ Ըստ Վ. Իսահակեանի, «Չարենցը պատմեց, որ [Վենետիկ] եկել է Նէապոլից՝ Ստամբուլից ժամանած մի նաւով (…)»[22]Իսահակեան, Հայրս, էջ 214։ Սակայն, Աւետիք Իսահակեան վկայած էր. «Ինձ մօտ եկաւ նա Հռոմից։ (…) Մնաց … Continue reading։ Արդարեւ, բանաստեղծը ո՛չ միայն դիւանագիտական թղթատարութիւնը պէտք է յանձնէր Հռոմի մէջ, այլեւ Արշակ Չօպանեանի միջամտութեամբ ստանալիք ֆրանսական մուտքի արտօնագրին սպասէր[23]Ահարոն Խաչատուրեան, «24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ Հռոմի մէջ (1925ին)», «Սփիւռք», 11 Օգոստոս 1966, էջ 7։ … Continue reading. ամիսներ առաջ, ֆրանսահայ գրագէտը նոյնպէս Հայաստանէն մեկնած Կոստան Զարեանին արտօնագիր ապահոված էր[24]Տե՛ս Զարեանի Սեպտեմբեր 2, 1924-ի Չօպանեանին գրած նամակը Վենետիկէն (Վարդան Մատթէոսեան, … Continue reading։
Չարենց Դեմիրճեանին պիտի գրէր Նափոլիի ու շրջակայքի տեսարժան վայրերուն մասին. «Սքանչելի էր Նապոլին, Կապրի կղզին, Վեզուվը եւ Պոմպէին։ Աննման գեղեցկութիւններ են դրանք, հեքիաթային բաներ!»[25]Չարենց, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 420։։ Գափրի այցելութեան յուշը, ի մասնաւորի, պիտի յայտնուէր 1926-1929-ի «Հատուածներ չգրուած պոէմից» գործին «Լիրիքական շեղում»-ին մէջ.
Յիշում եմ՝ օրը լուսաւոր էր,
Երկինքը ջինջ ու անյատակ,
Ծովի պչրանքը ու օրօրը,
Գարնան թովչանքը խորը, խորը,
Ինչպէս երկինքը կապուտակ…
Ծովում ճախրում էր մի ջինջ ապրիլ,
Թնդացող գարնան անհուն հաւատ,
Եւ, նստած մի պարզ, փոքրիկ նաւակ՝
Մենք գնում էինք դէպի Կապրի՛…[26]Եղիշէ Չարենց, Երկերի ժողովածու, չորրորդ հատոր, Երեւան, 1968, էջ 65 (ընդգծումները մերն են)։
Անշուշտ, այցելութիւնը Ապրիլին եղած չէ, քանի որ Ապրիլ 4-ին «Ապագայ» շաբաթաթերթը կը հաղորդէր, թէ «բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց Բարիզ հասած է»[27]«Ժամանում», «Ապագայ», 4 Ապրիլ 1925։։ Հնարաւոր է, որ Յունուարի վերջերուն ձմեռը մեղմացած ըլլար՝ գարնանային եղանակի նմանելով, ինչպէս պատահած էր Վենետիկի մէջ[28]«Հակառակ ձմրան սովորեալ խստութեան՝ ցուրտ բայց հիանալի օրերու երկար շարք մ՚ունինք այս … Continue reading։ Ապրիլի յիշատակումը Վլատիմիր Լենինի Ապրիլ 1908-ին կղզին կատարած այցելութեան արձագանգ մը կարելի է նկատել, իսկ գարունը՝ լաւատեսութեան ու զարթօնքի խորհրդանիշ, Լենինի փառաբանութեան սատարելու համար։
Յունուար 22-ին արդէն Հռոմ գտնուող Չարենցը կը գրէր Թագուհի Զարեանին, թէ «անտանելի դժուար դրութեան մէջ» էր՝ առանձին ըլլալու ու լեզու չիմանալու պատճառով։ Հետեւաբար, կը խնդրէր, որ ծանօթներ ունենալու պարագային, «ինձ գրէք մի երկուսի հասցէն, ես կը հանդիպեմ նրանց՝ գուցէ բարի լինեն մի քիչ աջակցել քաղաքը եւ շրջակայքը տեսնելու գործում։ Ես փորձեցի այդ մենակ անել, բայց եւրոպական ոչ մի լեզու չիմանալով՝ բան դուրս չեկաւ»[29]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 384։ Զաքարեան պնդած է, որ Չարենց սխալմամբ Յունուար (I՝ հռոմէական … Continue reading։ Ի վերջոյ, Մխիթարեան ընծայարանի տեսուչ Հ. Տիմոթէոս վրդ. Տէր Կիւլեանի միջնորդութեամբ, բանաստեղծը ծանօթացած է Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանէն երկու շրջանաւարտներու, որոնք յաջորդ շաբաթներուն անոր ընկերացած են։ Մէկը՝ նորաւարտ ճարտարապետ Արման Սարեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Իտալիոյ դեսպանատան քարտուղարն էր, թէեւ «Չարենց բոլորովին կ՚անգիտանար Սարեանի քարտուղար ըլլալը [Միքայէլ] Վարանդեանին»[30]Խաչատուրեան, 24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ, էջ 7։ Խաչատուրեանի «հայ հանրապետութեան Լեկասիոն … Continue reading, իսկ միւսը՝ Ահարոն Խաչատուրեանը, տակաւին բժշկութեան ուսանող էր։
Մինչ այդ, «Յուսաբեր»-ի խմբագիր Վահան Նաւասարդեանը մասնակցած էր Փարիզ գումարուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ժ. Ընդհանուր Ժողովին, որ տեւած էր երկու ամիս (Նոյեմբեր 17, 1924-Յունուար 17, 1925)[31]Hratch Dasnabedian, History of the Armenian Revolutionary Federation Dashnaktsutiun 1890/1924, translated by Bryan Fleming and Vahe Habeshian, Milan, 1990, p. 159.։ Չարենցին նուիրուած իր յետմահու հատորին մէջ, ան պիտի վկայէր, որ «1924-ի վերջերին Փարիզ էի։ Դարձիս դէպի Եգիպտոս՝ գործով մտայ Վենետիկ»[32]Վահան Նաւասարդեան, Չարենց (յուշեր եւ խորհրդածութիւններ), Գահիրէ, 1957, էջ 7։։ Կ՚ենթադրենք, որ ան պէտք է հանդիպէր Աւետիք Իսահակեանին ու ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Վարանդեանին, որ Փետրուարի կիսուն արդէն Հռոմէն մեկնած էր[33]Խաչատուրեան, 24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ, էջ 8։։ Արդարեւ, Ապրիլ 26-ին, Վարանդեան «Հայրենիք»-ի խմբագիր Ռուբէն Դարբինեանին պիտի գրէր Վենետիկէն, թէ «ես էլ երկու ամիսից ի վեր այստեղ եմ», աւելցնելով, որ «միանգամայն “ազատագրուած” եմ այլեւս պետական եւ կուսակցական ամէն գործից ու պաշտօնից»[34]«Միքայէլ Վարանդեանի նամակները», «Հայրենիք» ամսագիր, Յունիս, 1963, էջ 10։ Նոյն օրը, … Continue reading։
Փետրուար 12-ին, Իսահակեան կը հաղորդէր Դարբինեանին, թէ նախորդ օրը Նաւասարդեանը Եգիպտոս մեկնած էր[35]Աւետիք Իսահակեանի նամակները, Գահիրէ, 1959, էջ 14, էջ 62։ Նաւասարդեանի Վենետիկէն մեկնումը … Continue reading։ Ճանապարհին, գրած է վերջինս, «անցայ Հռոմ, ուր մնացի մի քանի օր։ Դիպուածաբար այդ օրերին Հռոմ եկաւ նաեւ Չարենցը»[36]Նաւասարդեան, Չարենց, էջ 7։։ Ապրիլ 30-ին, ան Դարբինեանին կը գրէր, թէ «Հռոմում պատահական հանդիպում ունեցայ Եղիշէ Չարենցի հետ։ Ճիշդը՝ գիտէր որ թանգարան պիտի լինեմ, եկաւ ինձ տեսնելու»[37]«Վահան Նաւասարդեանի նամակները», «Հայրենիք» ամսագիր, Մայիս 1963, էջ 8։։ Սակայն, ըստ Խաչատուրեանի, Չարենց անոր ներկայութենէն տեղեակ չէր։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է Փետրուար 15-ին՝ Ազգային Թանգարանին (Museo Nazionale Romano) մէջ, Ա. Սարեանի դասաւորումով, որ նոյն օրը Խաչատուրեանին կը յայտնէր, թէ «երեք օր առաջ Փարիզէն գալով՝ դէպի Եգիպտոս իր ճամբուն վրայ Հռոմ հանդիպեցաւ Նաւասարդեանը. անոր յայտնեցի Չարենցի հոս գտնուիլը»[38]Խաչատուրեան, «Եղիշէ Չարենցի հետ»։։
Հանդիպումէն խորապէս դժգոհ, յաջորդ օրն իսկ բանաստեղծը կը գրէր «Հանգուցեալ պարոնը կամ պարոն հանգուցեալը» այլաբանական ակնարկը, որուն հրատարակութիւնը կը յայտարարուէր Երեւանի մէջ ամիս մը ետք[39]«Խորհրդային Հայաստան», 21 Մարտ 1925, էջ 1, ուր տպուած յայտարարութիւնը կ՚ըսէր. «Վաղուայ … Continue reading, բայց լոյս կը տեսնէր Ապրիլի սկիզբը[40]Եղիշէ Չարենց, «Հանգուցեալ պարոնը կամ պարոն հանգուցեալը (արտասահմանեան պատմուածք)», … Continue reading։ Ինչպէս յայտնի է, գրութիւնը Դաշնակցութիւնը իբրեւ հանգուցեալ կը նկարագրէր՝ Նաւասարդեանի կերպարին տակ։ Միշտ «ընդյատակին հետամուտ»[41]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 403։ Ա. Զաքարեանը հերթական դաւադրական տեսութիւնը հիւսած է՝ մեկնելով Նաւասարդեանի այն հաստատումէն, որ Չարենցը «ընդարձակօրէն տալիս է միայն մէկ մասը այն զրոյցի, որ զանազան հարցերի շուրջ – գերազանցաբար՝ քաղաքական – նա ունեցաւ ինձ հետ»[42]Նաւասարդեան, Չարենց, էջ 14։։ Այսպէս, Իսահակեանն ու Նաւասարդեանը՝ Ընդհանուր Ժողովի արդիւնքներէն իբրեւ թէ դժգոհ, ձեռք բերած են «Չարենցի ստանձնած երկսայրի պատասխանը համագումարին»[43]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 20։ «Համագումար» բառը կ՚ակնարկէ Ընդհանուր Ժողովին։, որ արտայայտուած է վերոյիշեալ քննադատական գրութեամբ։ Բոլորովին թէական է, անշուշտ, որ Չարենցի կողմէ չյիշուած մասերը «դարձել են Յ. Քաջազնունու “Դաշնակցութիւնն այլեւս անելիք չունի” (1924) հարցադրման շուրջ», եւ իրականութեան լրիւ հակառակ է, որ «հաստատապէս կարելի է ասել, որ Քաջազնունու կարծիքին է եղել եւ Վ. Նաւասարդեանը»[44]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 401, 410։, քանի որ Զաքարեան անտեղեակ է, թէ վերջինս արդէն «Հ. Յ. Դաշնակցութեան անելիքը» հատորը (1924) գրած էր Քաջազնունիի դէմ, իսկ 1925-ին պիտի գրէր «Դաշնակցութեան քաղաքական ուղին (10-րդ Ընդհանուր Ժողովի առիթով)» հատորը։ Միւս կողմէ, Արման Սարեանը՝ հանդիպումին միակ ականատեսը, վկայած է, որ «խօսակցութիւնը երկուքին միջեւ եղաւ կրքոտ, թունաւոր եւ թշնամական»[45]Արման Սարեան, «Իմ յուշերը Եղիշէ Չարենցի մասին (իբրեւ լրացուցիչ բժ. Ա. Խաչատուրեանի … Continue reading, իսկ Ահարոն Խաչատուրեանը, որ նախօրօք վերակերտած էր խօսակցութեան միեւնոյն մթնոլորտը՝ ըստ Սարեանի պատմածին, մէջբերած է Չարենցի արտայայտութիւնները Նաւասարդեանի մասին՝ «անպիտան», «շուն»[46]Խաչատուրեան, «24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ», էջ 7-8։ Զաքարեան փորձած է լարուածութիւնը … Continue reading։
Բանաստեղծին յաջորդ հանգրուանը Վենետիկը պիտի ըլլար, ուր պիտի ծանօթանար Իսահակեանին։ Սակայն, նախ պէտք է անդրադառնալ անոր Գափրի այցելութենէն բխած Ա. Զաքարեանի երեւակայութեան հերթական թռիչքին։ Ան պնդած է, որ այդ այցը «մէկից մէկ վերաբերում է Իսահակեանի ու Չարենցի նախավենետիկեան հանդիպմանը Հռոմում» եւ, աւելի՛ն, որ «կարող ենք համարեա անխաթար վերականգնել պայմանաւորուածութեան շղթան. նախ Աթէնքից Վենետիկ, ապա՝ Վենետիկից Հռոմ, կրկին՝ Վենետիկ, յետոյ էլ միատեղ հանդիպում Նէապոլում… այնտեղից էլ ուղեւորութիւն Կապրի…»[47]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 19-20։, առանց դոյզն փաստական հիմք բերելու։
«Մենք գնում էինք դէպի Կապրի՛» տողը Զաքարեանի կողմէ վերածուած է կարծեցեալ հիմքի, որ «Կապրի մեկնելու վճիռը կայացել էր Չարենցի վենետիկեան այցելութեանը նախորդած օրերին. եւ իտալացի թիավարի նաւակով գնացողները եղել են Չարենցն ու Իսահակեանը, երրորդ անձնաւորութեան հետ միասին, որը եւ՝ դարձեալ վստահօրէն ասած, եղել է Վ. Նաւասարդեանը»[48]Անդ, էջ 19 (ընդգծումը բնագրային է)։ Անշուշտ, Զաքարեան ո՛չ միայն «բացայայտած» է այլապէս … Continue reading։ Այսքան ինքնավստահութեան ամբողջ ու միա՛կ հիմքը Խաչատուրեանի այն վկայութիւնն է, որ Նաւասարդեան , Չարենցին հանդիպելէ «մէկ-երկու օր յետոյ Նափոլիէն շոգենաւ պիտի առնէր մեկնելու համար Եգիպտոս, իր պաշտօնին…»[49]Խաչատուրեան, «24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ», էջ 8։։ Սակայն, Չարենց առնուազն շաբաթ մը աւելի մնացած է Հռոմ. իր անունն ու թուականը արձանագրած է Չարլզ Չափլինի մասին գնած ռուսերէն մէկ հատորին՝ Փետրուար 24-ին[50]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 383։, որ անպայման կեցութեան վերջին օրը չէր։ Իր զինուոր ընկերներուն ակնարկելով «Մենք ճամբայ ընկանք առաւօտեան ծէգին» գրող Չարենցը («Դանթէական առասպել») արդեօք չէ՞ր կրնար իրեն հետ Գափրի կղզի գացող զբօսաշրջիկներու ակնարկել «Լիրիքական շեղում»-ին մէջ։
ՎԵՆԵՏԻԿ
Չարենցի ու Իսահակեանի հանդիպումը թուագրող վերջինիս նամակներուն լոյս ընծայումը 1957-1958-ին փոփոխութեան ենթարկած է սկզբնական կարծիքը, ըստ «Էլեգիա, գրուած Վենետիկում» վիպերգի «1925, Յունուար. Վենետիկ» թուականին, որ Չարենցը նախ Վենետիկ ու ապա Հռոմ այցելած էր[51]Նաւասարդեան, Չարենց, էջ 9. Ասատրեան, «Ե. Չարենցի արտասահմանեան ուղեւորութիւնը», էջ 3։ … Continue reading։ Այլ ապացոյցներու չգոյութիւնը պարզ կը դարձնէր, որ Յունուար 1925 թուականը կեղծ էր։ 1957-ին, Չարենցի մտերիմ Գուրգէն Մահարին արդէն ակնարկած էր «Էլեգիա»-ի Վենետիկ գրուած չըլլալուն.
«Երբ վերադարձար դու արտասահմանից, քո ամենասիրելի խօսակցութեան նիւթը Իսահակեանն էր։
Մեծ ոգեւորութեամբ դու պատմում էիր ձեր հանդիպումների մասին, հիացմունքով յիշում էիր նրա ասոյթները, պատմում էիր հատուածներ “Ուստա Կարոյից” եւ պնդում էիր որ՝
— Պայծառ մարդ է Աւոն, սրտառո՛ւչ, իմաստո՛ւն։
Եւ յանկարծ գրեցիր քո “Էլեգիան”։
Ես մինչեւ հիմա էլ չգիտեմ, թէ ինչո՞ւ գրեցիր այն…»[52]Գուրգէն Մահարի, «Չարենցեան քանդակներ», «Գրական թերթ», 28 Սեպտեմբեր 1957, էջ 3 (ընդգծումը մերն … Continue reading։
1964ին, «Էլեգիա»-ի ակադեմական հրատարակութեան ծանօթագրութեան մէջ, Ա. Զաքարեան կը նշէր, թէ ան գրուած էր Մարտ 1925-էն ետք, «հաւանաբար արտասահմանեան ուղեւորութիւնից վերադառնալուց յետոյ եւ Երեւանում»[53]Եղիշէ Չարենց, Երկերի ժողովածու, հատոր 2, Երեւան, 1962, էջ 391։։ Չարենցի կատարած յայտարարութիւնները «Մարտակոչ»-ին այս տրամաբանական տեսակէտը կը հիմնաւորեն. «Այսպէս կոչուած նախկին վաստակաւոր գրողներից ես հանդիպեցի միայն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի հետ, որի կարօտը «երկրի» շատ մեծ է։ (…) Նրա մէջ արդէն որոշակի նկատելի է գաղափարական թեքում դէպի Խորհրդային Հայաստանի (ինչպէս գրական, նոյնպէս եւ քաղաքական) իդէալները։ Մենք միանգամայն համոզուած ենք, որ շատ մօտ ապագայում նա կը վերահաստատի իր սերտ կապերը Խորհրդային Հայաստանի հետ»[54]Մ. Ս. «Զրոյց», էջ 1։ Հմմտ. Չարենց, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 420։։ 1939-ին Իսահակեան հաստատած էր, «Էլեգիա»-ին ակնարկելով, որ «այն մտքերը, որ վերագրել է Չարենցը ինձ, ինձ համար անբացատրելի է։ Վերածնուող Հայաստանի մասին Չարենցի հաղորդած տեղեկութիւնները սրտանց ուրախացնում էին եւ նա զգում էր ու տեսնում իմ բերկրանքը»։ Ի լրումն, ան հաւաստած էր, ըստ Յովհաննէս Ղանալանեանի, «որ այդ ամէնը իրականութեանը չի համապատասխանում, ինքը նման տրամադրութիւններ չի արտայայտել ամենեւին եւ վերջում էլ աւելացրեց, որ Չարենցը ի զուր է այդ մտքերը իրեն վերագրել»[55]Յ. Ղանալանեան, Աւետիք Իսահակեան (յուշագրութիւն), Երեւան, 1975, էջ 16-17։։ Բանաստեղծին բոլոր խնդրայարոյց քայլերը արդարացնող, Զաքարեանը, սակայն, մանուածապատ ենթադրութիւններ հիւսած է վիպերգին շարժառիթները բացայայտելու համար[56]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 289-300։, որոնք, Գրիգոր Աճէմեանի պատկերաւոր բնութագրումով, «յիշեցնում են մութ սենեակում սեւ կատուի որոնումները»[57]Մահարի, Երկերի լիակատար ժողովածու, էջ 551։։ Վիպերգը լոյս տեսած է «Նորք»-ի 1926-ի առաջին թիւին մէջ, որ այդ տարի Երեւան տպուած երեք գիրքերու գրախօսականներ կը պարունակէր, առաւել՝ «Հայաստանի Կոչնակ»-ի 2 Յունուար 1926-ի բացառիկին անդրադարձ մը եւ Աշոտ Յովհաննիսեանի 28 Յունուար 1926 թուակիր երկարաշունչ յօդուած մը։ Հետեւաբար, անկարելի չէ պատկերացնել, որ արուեստական Յունուար 1925-ը կը ծածկէր բուն՝ Յունուար 1926 թուագրումը։
Ապրիլ 22, 1925-ին, Իսահակեան կը գրէր Մարտիրոս Սարեանին, թէ «մարտ ամսին այստեղ էր Ե. Չարենցը։ Ամէն օր միասին էինք»[58]Աւետիք Իսահակեան, Երկերի ժողովածու, հատոր 6, Երեւան, 1979, էջ 206։ Տե՛ս նաեւ Չարենցի Մայիս 7-ի … Continue reading։ Մարտ 3-ին Վենետիկ ժամանելով, Չարենց յաջորդ օրը կը հանդիպէր Փատովայէն վերադարձած Իսահակեանին[59]Իսահակեան, Հայրս, էջ 215, 269։ 1939-ին Աւ. Իսահակեան պատմած էր, թէ Փատովա գացած էր, որովհետեւ … Continue reading։ Կարեւոր է շեշտել, որ վերջինս Մարտ 6-ին Նաւասարդեանին կը գրէր. «Մի երեք օր է այստեղ է Ե. Չարենցը։ Առաջի[60]Բնագրին մէջ անընթեռնելի նկատուած այս բառին վերականգնումը մերն է։ օրը եկել էր ինձ տեսնելու։ Շատ յարգանքով արտայայտուեց (անընթեռնլի) դէպի ինձ»[61]Աւետիք Իսահակեանի նամակները, էջ 14։։ Վերջին նախադասութիւնը առաջին անգամ մէկուն ծանօթացողի մը կողմէ սպասելի տպաւորութիւնն է։ Ան կը ջրէ Զաքարեանի անհիմն ենթադրութիւնը, թէ երկու բանաստեղծները հանդիպած էին Վենետիկէն առաջ, եւ թերեւս Իսահակեան նոյնիսկ Նափոլի գացած էր Չարենցը դիմաւորելու՝ Իտալիա մտնելու պահուն[62]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 21։։ Բնականաբար, Իսահակեան իր «մեղսակից» Նաւասարդեանէն պիտի չթաքցնէր նման հանդիպումներ, եթէ իրօք գոյութիւն ունեցած ըլլային։
Հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ Իսահակեանն ու Մխիթարեան յայտնի բանասէր ու թարգմանիչ Հ. Արսէն Ղազիկեան բարեկամներ էին, Զաքարեան պնդած է, որ Չարենցի մոսկովեան երկհատորեակը (1922) անոնց զրոյցի նիւթ եղած է, յատկապէս Ղազիկեանի կողմէ գնահատուած «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ն[63]Իսահակեան, Հայրս, էջ 240։ եւ, ենթադրաբար, «Դանթէական առասպել»ը, քանի որ Իսահակեանը երկուքին ակնարկած է երեսուն տարի ետք[64]Իսահակեան, «Չարենցի հետ», էջ 2։ Հմմտ. Յիշողութիւններ, էջ 19։։ Անշուշտ, Իսահակեանի Սեպտեմբեր 1923-ի բացասական կարծիքը հաշուի առնուած չէ. «Բոլշեւիկները գրեթէ գրական մարդիկ չունեն։ Մի Չարենց ունեն, մի գաճաճ, որ բոլշեւիզմի թեւով կը թռչի եւ նրա հետ էլ պիտի յօդս ցնդուի»[65]Աւետիք Իսահակեանի նամակները, էջ 43։։
Միւս կողմէ, Զաքարեան ենթադրած է, որ եթէ Ս. Ղազար այցելութիւններու օրը Կիրակի էր (փաստ բերելով Յունուար 29, 1925 սխալ թուագրութեամբ հնդիկ նշանաւոր գրագէտ Ռապինտրանաթ Թակորի վանք այցելութեան մասին թղթակցութիւն մը Աթէնքի «Նոր օր»-ին մէջ)[66]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 72։ Թուականը սխալ է թէ՛ իբրեւ տեղեկութիւն եւ թէ՛ իբրեւ ապացոյց … Continue reading, եւ Չարենց իր կեցութեան առաջին Կիրակին այցելած է կղզին[67]Իսահակեան, Հայրս, էջ 239-240, որ միայն յիշած է այցելութեան Կիրակի օր մը տեղի ունեցած ըլլալը։ (այսինքն՝ Մարտ 8-ին), «այդ եթէների հանրագումարով պէտք է որ նախ ճանաչենք Ղազիկեանի հեղինակութեան չափը, (…) եւ որ նոյնքան կարեւոր է, պէտք է համոզուած լինենք, որ Իսահակեանի հետ, թէ՛ մենակ, Չարենցը Ս. Ղազար է այցելել բազմիցս»[68]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 72-73։։ Այս «եթէների հանրագումար»ը իբրեւ թէ կը հիմնաւորէ նախօրօք գրուածը, թէ «դանտէապաշտ Չարենցը շատ շուտով Վենետիկում իտալական վերածնութիւնից պատուով քննութիւն պէտք է յանձնէր Հայր Արսէն Ղազիկեանին»[69]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 402։, որուն համար «համոզուած կարելի է ասել, որ քսանից առնուազն տասը օր ու անգամ՝ Իսահակեանի հետ կամ մենակ, այցելել է Ս. Ղազար»[70]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 87։ Յայտնի է, որ Ղազիկեան «21.3. 25 Վենետիկ Ս. Ղազար» թուագրումով … Continue reading։ Համոզումը թերեւս կը մեկնի Աւ. Իսահակեանի կեանքի վերջալոյսին գրածէն, թէ «թափառում էինք հրաշալի Վենետիկում (…), յետոյ գնում էինք Մխիթարեանների վանքը՝ Ս. Ղազար»[71]Իսահակեան, «Չարենցի հետ», էջ 2։ Հմմտ. Յիշողութիւններ, էջ 19։, բայց Չարենցի այցելութեան մօտ 70 էջ նուիրած անոր որդին Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարան եւ Ս. Ղազար ընդամէնը մէկական այցելութիւն նկարագրած է, ինչպէս եւ Ղազիկեանի անունը[72]Իսահակեան, Հայրս, էջ 229 եւ 240։, առանց դոյզն ակնարկութեան Չարենցի՝ վանքի «գրադարանից օգտուելու հանապազօրեայ հացից էլ անյաղթահարելի պահանջ[ի]» կամ «Ղազիկեանի, անշուշտ, եւ Մխիթարեաններից միւսների հետ զրուցելու, բաղձանքներ, խոհեր փոխանակելու, ամենատարբեր հարցեր պարզաբանելու ցանկութեա[ն]»[73]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 87։։ Աւելի՛ն. Վ. Իսահակեան եզրափակած է վանք այցելութեան իր նկարագրութիւնը՝ յայտնելով, թէ «Սուրբ Ղազար այցելութիւնը մի յիշարժան օր եղաւ, որը Չարենցը Երեւանում, 1935-1937 թթ., յաճախ, կարօտով յիշում էր»[74]Իսահակեան, Հայրս, էջ 242։։ Բնականաբար, բանաստեղծը յիշարժան այցելութիւն մը կարօտով վկայակոչելու պատճառ պիտի չունենար, եթէ իսկապէս «քսանից առնուազն տասը օր ու անգամ» վանք այցելած ըլլար։
Գուշակութիւններու իր յորձանքին մէջ, Զաքարեան ազատ-համարձակ ենթադրած է, որ «Դանթէի ստեղծագործութեանն ու մեկնութիւններին խորամուխ լինելու տեւական ընթացքներով» բանաստեղծը «ուսումնառութեան անուրանալի դպրոց է անցել անձամբ Հայր Արսէն Ղազիկեանի շնորհիւ ու օգնութեամբ»[75]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 87։։ Չգոհանալով նման մտամարզանքներով, ան պնդած է, թէ «փաստական նախադրեալներով Հայր Արսէնը անմիջական մասնակիցն է “Մահուան տեսիլ”ի մտայղացմանը. ասել է՝ Իսահակեանի հետ միասին անբաժան է Չարենցի ոգեւոր ներքին կեանքից, ստեղծագործական լիցքերից ու սլացքներից»[76]Անդ, էջ 98 (ընդգծումները բնագրային են)։, ինչպէս եւ, Ալիշանի ու Տանթէի ներկայութենէն մեկնելով, թէ «“Մահուան տեսիլ”ը միաժամանակ երախտագիտութեան իւրատեսակ տուրք է Վենետիկում անցկացրած օրերի, վայելած հոգեհարազատութեան Աւ. Իսահակեանից ու Հայր Ղազիկեանից եւ առհասարակ վսեմացած ուղերձ է Սուրբ Ղազարին ու դասական Իտալիային»[77]Անդ, էջ 102 (ընդգծումները բնագրային են)։։ Մեր կողմէ, նոյնքան ազատութեամբ կրնայինք երեւակայել, որ եթէ, դիցուք, «Մահուան տեսիլ»ի ուղեցոյցը «Դրախտ կորուսեալ»ի հեղինակ Ճոն Միլթոնը ըլլար, վիպերգը դասական Անգլիոյ «վսեմացած ուղերձ» պիտի դառնար։
Մարտ 22-ին Ալեքսանդր Միասնիկեանը օդանաւային վթարի զոհ կ՚երթար Թիֆլիսի մօտերը։ Յաջորդ օրը «Ասոշիէյթէտ Փրէս»-ի Մոսկուայէն հաղորդած լուրը Մարտ 24-ին լոյս կը տեսնէր միջազգային մամուլին մէջ[78]Տե՛ս, օրինակ, “Accident mortel en aéroplane”, L’Humanité, 24 mars 1925, p. 3։ Հմմտ. «Մեասնիկեան մեռած», «Հայրենիք», 25 Մարտ … Continue reading։ Հաւանաբար նոյն օրն իսկ, Չարենց Վենետիկէն հեռագրով կ՚արձագանգէր[79]«Ցաւակցական հեռագրեր», «Խորհրդային Հայաստան», 27 Մարտ 1925, էջ 4։ Տրամաբանական հիմքէ զուրկ է այն … Continue reading։ Զաքարեան գրած է, ըստ երեւոյթին օգտագործելով Ղազիկեանի «“30.3.1925” տարեթուով Չօպանեանին հասցէագրած այս տողերը. “Վաղը Չարենցը կը մեկնի դէպի Բարիզ (…)»[80]Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 102։, որ բանաստեղծը «Վենետիկից անցել էր Հռոմ, Հռոմից՝ Մարտ 31-ին Փարիզ»[81]Անդ, էջ 34։, առանց բացատրելու, թէ ինչո՞ւ ան նախ պէտք է ուղղուէր դէպի հարաւ՝ Հռոմ, ու ապա հիւսիս մեկնէր, մինչ այլուր յայտնած է, թէ «գիտենք, որ Վենետիկում մնացել է 1925-ի մարտի 3-ից 28-ը»[82]Անդ, էջ 87։։ Արդարեւ, ըստ մեր ստուգումին, Ղազիկեանի վերոյիշեալ բացիկը երկու դրոշմակնիքներ ունի։ Առաջինը՝ «29 III 1925 Venezia Ferrovia», Վենետիկէն առաքումին կը վերաբերի, իսկ երկրորդը՝ Փարիզ ստացումին. կիսով չափ ջնջուած ֆրանսերէն կնիքը յստակօրէն ցոյց կու տայ «30 III 1925» թուականը։ Ասիկա արդէն փաստ է, որ նամակը Մարտ 30-ին գրուած չէր։ Մարտ 28 բուն թուականով, յաջորդ օրը թղթատարին յանձնուած բացիկին եզրափակիչ նախադասութիւնը հետեւեալը կ՚ըսէր. «Վաղը Չարենցը կը մեկնի դէպ ի Բարիզ, շատ շիրին տղայ մըն է, լաւ խմոր կայ մէջը, պօլշեւիկ է բայց մերն է, միայն ծռագրութեան[83]«Ծռագրութիւն» բառը կ՚ակնարկէ 1922-ի խորհրդահայ ուղղագրութեան։ հարցով հեռի է մենէ»[84]Եղիշէ Չարենցի Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան, Արշակ Չօպանեանի ֆոնտ, I բաժին, թ. 3831։ … Continue reading։
Ի դէպ, Ղազիկեանի այս բացիկին թուականը կը հակասէ Մարտ 25-ին Իսահակեանի կողմէ Նաւասարդեանին գրուած հետեւեալ տողին. «Եղիշէ Չարենցը այստեղ էր, գնաց»[85]Աւետիք Իսահակեանի նամակները, էջ 15 (ընդգծումը մերն է)։։ Մեկնումի Մարտ 29 թուականը՝ ըստ Ղազիկեանի, աւելի հաւանական կը թուի, քան Իսահակեանի Մարտ 25-ը, որ գուցէ ժամանակին սխալ կարդացուած է «Յուսաբեր»-ի խմբագրութեան կողմէ[86]Ապրիլ եւ Յունիս 1925-ին Աթէնքի «Նոր օր» օրաթերթը երկու շատ աննպաստ թղթակցութիւններ … Continue reading։
Մարտ 30-ին, Չարենց Փարիզ կը ժամանէր։ Հինգ ամիս ետք, Աւետիս Ահարոնեանի դէմ ուղղուած անոր սուր քննադատականը կը սկսէր հետեւեալ նախադասութեամբ. «… Փարիզ հասնելուս երկրորդ օրն ինձ ասացին, որ երեկոյեան ժամի 8-ին, ինչ որ դահլիճում ինքը՝ նայիրեան մեծահռչակ գրող, անուանի “յեղափոխական”, ինչ որ անհայրենիք կառավարութեան անհայրենիք դելեգացիայի նախագահ պ. Աւետիս Ահարոնեանը կարդում է մի դասախօսութիւն “Հեթանոսութիւնը հայ գրականութեան մէջ” նիւթի մասին»[87]Եղիշէ Չարենց, «Սեւրի դաշնագրից մինչեւ «հայ կանանց ալեծուփ մազերը եւ հեթանոս մարմինը» կամ … Continue reading։ Չարենց ներկայ եղած էր, թէկուզ մասամբ, Մարտ 31-ի Ահարոնեանի «Հեթանոս լոյսը հայ բանաստեղծութեան մէջ» դասախօսութեան, զոր կազմակերպած էր Փարիզի Հայ Ուսանողական Միութիւնը[88]«Բարիզահայ կեանք», «Ապագայ», 28 Մարտ 1925։։
* * *
1970-ական թուականներուն լոյս տեսած իր երկհատոր մենագրութեան վերջաբանին մէջ, Սուրէն Աղաբաբեանը (1922-1986) կը գրէր, թէ Չարենցի գիտական կենսագրութեան եւ կեանքի ու ստեղծագործութեան տարեգրութեան իրականացումով «թերեւս նոր լոյսի տակ կ՚երեւան մեր ժամանակի ամենաբարդ գրողի ստեղծագործութեան “գաղտնիքներ”ն ու մեկնաբանութիւն յարուցող “առեղծուածներ”ը»[89]Սուրէն Աղաբաբեան, Եղիշէ Չարենց, գիրք երկրորդ, Երեւան, 1977, էջ 393։։ Դժբախտաբար, Չարենցի իտալական ճանապարհորդութեան պարագան յաւելեալ փաստ մըն է, որ, եթէ իսկապէս Ալմաստ Զաքարեանի «հանրագիտարանային ու համապարփակ այս աշխատանքը (…) նախօրինակը չունեցող, խոշոր երեւոյթ»[90]Անուշաւան Զաքարեան, «Վաստակաշատ գրականագէտը (Ալմաստ Զաքարեանի ծննդեան 90-ամեակի … Continue reading մը ըլլար՝ էջերու պատկառելի քանակէն անդին, աւելի լոյս պիտի սփռէր արդէն գոյութիւն ունեցող առեղծուածներու վրայ, փոխանակ արուեստական առեղծուածներ, կամ, ինչպէս ըսած ենք այլ առիթով, առասպելներ[91](91)Մատթէոսեան, Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, էջ 149։ ստեղծելու։
↑1 | «Ալմաստ Զաքարեան», «Գրական թերթ», 28 Յուլիս 2013 (ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւնների բաժանմունքի եւ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան ինստիտուտի մահախօսական) (www.grakantert.am)։ |
---|---|
↑2 | Անդ։ |
↑3 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց. կեանքը, գործը, ժամանակը, գիրք 2, Երեւան, 2003, էջ 5 (ընդգծումը մերն է)։ Սարինեան առաջին հատորը խմբագրած էր գրականագէտ Ֆելիքս Մելոյեանի (1940-2017) հետ։ |
↑4 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 5։ |
↑5 | Վարդան Մատթէոսեան, «Սարոյեան եւ Չարենց (նորահնար առասպելի մը առիթով», «Բագին», Մարտ 2005, էջ 38-39. Նոյն, «Կոստան Զարեան՝ խորհրդային գործակա՞լ (գրական «պատմաշինարարութեան» նմոյշ մը)», «Յառաջ – Միտք եւ Արուեստ», Յուլիս 2005, էջ 2-4. Նոյն, «Չարենցի Աթէնք կեցութեան հարցին շուրջ», «Գրականագիտական հանդէս», Բ., 2005, էջ 227-233։ Հմմտ. նոյն, Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, Անթիլիաս, 2009, էջ 128-149։ |
↑6, ↑13 | «Ալմաստ Զաքարեան»։ |
↑7 | «Այս տողերը [Չարենցի «Պոեզոզուռնա»-յէն. Վ.Մ.] քաղելիս յօշոտող սրտնեղութիւն իջաւ հոգուս. յիշեցի (…) Ն. Զարեանի “սալոնի” անդամներից մի քանիսի բարբաջանքները Բակունցի այն տողի առիթով, որով խնդրում էր “շան պէս կապել Հայաստանի սահմանի վերջին ծառից”, միայն թէ “չարտաքսել Հայաստանից” (…)» (Ալմաստ Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց. կեանքը, գործը, ժամանակը, գիրք 1, Երեւան, 1997, էջ 922)։ |
↑8 | «Ինչ վերաբերւում է մեր ժողովրդի զաւակներին, ապա նոյն պատմութիւնը, գուցէ թէ, իրօք, սովորեցնի “զգուշութիւն բանեցնել” ու սեփական ժողովրդին ու հողին ծառայելուց բացի չծառայել ի բարօրութիւն ուրացող այլ ժողովուրդների… “Գլուխը ցաւից ազատելու” համար հասկանայ, որ այդ ժողովուրդները կարող են ունենալ եւ տխրահռչակ որդիներ, որոնց կարող են անգամ պղծօրէն քարուքանդ անել հայութեան հարիւրամեայ գերեզմանները եւ հին ու նոր ոսկորների վրայ գերեզմաններ գցել…» (նոյն, էջ 320)։ |
↑9 | «Տարիներ առաջ մի յօդուածում Գ. Աբովը հաստատում էր, թէ Պ. Սեւակը հոտառութիւն չունի։ Իրօք, Սեւակը հոտի զգացողութիւն չունէր եւ զարմանում էր, թէ Աբովը ինչպէս է զգացել» (նոյն, էջ 526)։ |
↑10 | Չարենցի Օգոստոս 1920-ի նամակին հասցէատէր անծանօթ բժիշկը Զաքարեանի կողմէ նոյնացուած է ՀՀ վարչապետ, բժիշկ Համօ Օհանջանեանի հետ՝ առանց բովանդակութիւնը վերլուծելու (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 1, էջ 689-690)։ Գրչի մէկ հարուածով կատարուած այս նոյնացումը լիովին անհիմն է՝ Օհանջանեան-Չարենց կապի չգոյութեան պայմաններուն մէջ, քանի որ անբացատրելի կը մնան, օրինակ, նամակին «Սիրելի բժիշկ»-ով սկսիլը կամ «ինչպէս դուք գիտէք՝ վերջին ժամանակներս հիւանդ եմ եւ բնաւ դուրս չեմ գալիս տունից» տողը (Եղիշէ Չարենց, «Սիրելի բժիշկ», «Բագին», Օգոստոս 1980, էջ 16)։ |
↑11 | «Կինոբեմադրիչի լեզուով շարադրուած այս տողերը (…) նշանակում են նաեւ, որ այդ օրը Իսահակեանն ու Չարենցը սեփական հայրենիքի անկախութեան երազանքով լռելեայն գլուխ են խոնարհել Ջուզեպէ Գարիբալդիի արձանի առջեւ, խոնարհուել են ու երդուել “հազար կեանքով” մեռնել “անոյշ Հայաստանի” հողին ու հողում… ապրել այդ հողի համար…» (Ալմաստ Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց. կեանքը, գործը, ժամանակը, գիրք 3, Երեւան, 2008, էջ 41)։ |
↑12 | «Ն. Յովհաննիսեանի մասին հետաքրքրուել եմ վարժարանի [Մելգոնեան կրթ. հաստատութեան. Վ.Մ.] սաներից. խուսափել են պատասխանելուց… Ինչո՞ւ» (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 35)։ 1969-ին, Նշան Յովհաննէսեանի մասին երկու էջնոց դրական տպաւորութիւններ շարադրելէ ետք, Անդրանիկ Փոլատեան կ՚եզրակացնէր. «Այսպէս ճանչցանք Պր. Յովհաննէսեանը Մելգոնեանի մէջ եւ սիրեցինք զայն, ու նոյն ջերմութեամբ կապուած ենք իրեն անցնող քսան տարիներուն» (Անդրանիկ Լ. Փոլատեան, «Վաստակաւոր կրթական մշակը», Յուշարար-Միութիւն, 15 Յունիս 1969, էջ 22. հմմտ. անդ, Հերկ եւ բերք, Նիւ Ճըրզի, 2002, էջ 284)։ |
↑14 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 6։ |
↑15 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 383-425. Նոյն, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 11-110։ |
↑16 | Տե՛ս Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 283, ուր խորհրդային Արտաքին Գործոց նախարարութեան փաստաթուղթը «վիզա» համարուած է։ Ինչպէս յայտնի է, այցագիրը հիւրընկալող երկիրներու կողմէ տրուող ու կնքուող արտօնութիւնն է։ |
↑17 | «Ե. Չարենցի նամակը Ալ. Միասնիկեանին», «Գրական թերթ», 22 Սեպտեմբեր 1954, էջ 3։ Հմմտ. Եղիշէ Չարենց, Երկերի ժողովածու, վեցերորդ հատոր, Երեւան, 1967, էջ 412։ Ինչպէս յայտնի է, ի վերջոյ Չարենց Լոնտոն ու Վիեննա այցելած չէ։ |
↑18 | Չարենց, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 419։ |
↑19 | Վիգէն Իսահակեան, Հայրս, Երեւան, 2000, էջ 490։ 1936-ին, Աւետիք Իսահակեանի հետ խօսակցութեան ընթացքին, Չարենց յիշած է Ակրոպոլիսի գեղեցկութիւնը (անդ, էջ 552)։ |
↑20 | Աս. Ասատրեան, «Ե. Չարենցի արտասահմանեան ուղեւորութիւնը», «Գրական թերթ», 18 Օգոստոս 1957, էջ 2։ |
↑21 | Մ. Ս., «Զրոյց ընկ. Ե. Չարենցի հետ», «Մարտակոչ», 1 Օգոստոս 1925, էջ 1։ Հմմտ. Չարենց, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 302։ Առանց փաստ բերելու, Զաքարեան պնդած է, որ Չարենց այստեղ «դիտաւորեալ է Նէապոլը յիշատակել Աթէնքից յետոյ… շփոթեցնելու համար նոյն [խորհրդային գաղտնի. Վ.Մ.] ծառայութիւններին» (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 21)։ |
↑22 | Իսահակեան, Հայրս, էջ 214։ Սակայն, Աւետիք Իսահակեան վկայած էր. «Ինձ մօտ եկաւ նա Հռոմից։ (…) Մնաց մի ամբողջ ամիս Վենետիկում» (Աւետիք Իսահակեան, «Չարենցի հետ Վենետիկում», «Գրական թերթ», 28 Սեպտեմբեր 1957, էջ 2. հմմտ. Յիշողութիւններ Եղիշէ Չարենցի մասին, Երեւան, 1961, էջ 19)։ Փաստ չկայ, որ Չարենց մէկուկէս ամիս Վենետիկ մնացած ըլլայ (Իսահակեան, Հայրս, էջ 271)։ |
↑23 | Ահարոն Խաչատուրեան, «24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ Հռոմի մէջ (1925ին)», «Սփիւռք», 11 Օգոստոս 1966, էջ 7։ Յուշագրութիւնը տպուած է առանձին գրքոյկով. Եղիշէ Չարենցի հետ Հռոմի մէջ (1925), Պէյրութ, 1966։ Վերատպումը տե՛ս Չարենցի հետ (յուշեր), կազմեց եւ խմբագրեց Դաւիթ Գասպարեան, Երեւան, 1997, էջ 156-171։ |
↑24 | Տե՛ս Զարեանի Սեպտեմբեր 2, 1924-ի Չօպանեանին գրած նամակը Վենետիկէն (Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի նամակները Արշակ Չօպանեանին (1922-1931)», «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», Լ. հատոր, 2010, էջ 440-441)։ Ըստ երեւոյթին, Զարեանի «(…) կարող է պատահել, որ նախ Վիեննա յայտնուենք (…)» տողէն Զաքարեանը եզրակացուցած է, թէ Նոյեմբեր 1924-ին ան Վիեննա էր, եւ թէ «ասել է արտասահման է մեկնել այն ճանապարհով, որով (Բեռլինի վրայով) թոյլ չէր տրուել Չարենցին» (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 119)։ Իրականութեան մէջ, Նոյեմբեր 1924-ին Զարեան արդէն Փարիզ էր (Վարդան Մատթէոսեան, Կոստան Զարեանի շուրջ, Անթիլիաս, 1998, էջ 185), ուր հասած էր Պաթում-Պոլիս-Վենետիկ ճանապարհով՝ Չարենցի նման։ |
↑25 | Չարենց, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 420։ |
↑26 | Եղիշէ Չարենց, Երկերի ժողովածու, չորրորդ հատոր, Երեւան, 1968, էջ 65 (ընդգծումները մերն են)։ |
↑27 | «Ժամանում», «Ապագայ», 4 Ապրիլ 1925։ |
↑28 | «Հակառակ ձմրան սովորեալ խստութեան՝ ցուրտ բայց հիանալի օրերու երկար շարք մ՚ունինք այս տարի, գարուն մ՚է, բայց առանց գարնանային ծաղիկներու, գարուն մը՝ առանց բնութեան երգիչներու» (Հ. Ղ. Տայեան, «Հնդիկ ամենամեծ բանաստեղը Ս. Ղազարու մէջ», «Բազմավէպ», Փետրուար 1925, էջ 58. ընդգծումը մերն է)։ |
↑29 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 384։ Զաքարեան պնդած է, որ Չարենց սխալմամբ Յունուար (I՝ հռոմէական թիւերով) գրած էր, փոխանակ Փետրուարի (II) (անդ, էջ 386)։ Փետրուար 22-ին, արդէն լայնօրէն Հռոմ պտտած բանաստեղծը օգնութեան պիտի չդիմէր՝ քաղաքը շրջելու համար։ Նամակին հրատարակիչը Կ. Զարեանի կրտսեր որդին էր՝ Արմէն Զարեանը (1914-1994), որ նշած էր անոր անպատասխան մնալը, քանի որ Չարենցը իր հասցէն գրած չէր։ Ըստ Զաքարեանի, նամակը տպուած է Ա. Զարեանի «մահախօսականի հետ համարեա միաժամանակ», յղելով «“Հայութիւն”, 1994, Յունիս, թիւ 7, հ. 34» (անդ, էջ 384-385)։ Սակայն, ան չկայ «Հայութիւն»-ի 1993-1994-ի հաւաքածոյին, ինչպէս եւ Դաւիթ Գասպարեանի կազմած չարենցեան ժողովածուներուն մէջ (Եղիշէ Չարենց, Նորայայտ էջեր, Երեւան, 1996. Նոյն, Գիրք մնացորդաց, Երեւան, 2009)։ |
↑30 | Խաչատուրեան, 24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ, էջ 7։ Խաչատուրեանի «հայ հանրապետութեան Լեկասիոն դիւանի քարտուղարի պաշտօնը» ձեւակերպումը Զաքարեանի կողմէ վերածուած է «սովետական ներկայացուցչութեան “Լեկասիոն” դիւանի քարտուղար»ի, իսկ Վարանդեանը՝«Վարդանեան»ի (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 401. ընդգծումը մերն է)։ |
↑31 | Hratch Dasnabedian, History of the Armenian Revolutionary Federation Dashnaktsutiun 1890/1924, translated by Bryan Fleming and Vahe Habeshian, Milan, 1990, p. 159. |
↑32 | Վահան Նաւասարդեան, Չարենց (յուշեր եւ խորհրդածութիւններ), Գահիրէ, 1957, էջ 7։ |
↑33 | Խաչատուրեան, 24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ, էջ 8։ |
↑34 | «Միքայէլ Վարանդեանի նամակները», «Հայրենիք» ամսագիր, Յունիս, 1963, էջ 10։ Նոյն օրը, Վարանդեան ներկայ կ՚ըլլար Մխիթար Սեբաստացիի մահուան 176-ամեակի յուշատօնին (Հ. Ղ. Տայեան, «Մեծին Մխիթարայ տարեդարձը Ս. Ղազարու մէջ», «Բազմավէպ», Մայիս 1925, էջ 157)։ |
↑35 | Աւետիք Իսահակեանի նամակները, Գահիրէ, 1959, էջ 14, էջ 62։ Նաւասարդեանի Վենետիկէն մեկնումը Փետրուար 11-ին բաւարար էր փաստելու, որ Ընդհանուր Ժողովը Փետրուար 10-ին վերջացած չէր (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 368)։ |
↑36 | Նաւասարդեան, Չարենց, էջ 7։ |
↑37 | «Վահան Նաւասարդեանի նամակները», «Հայրենիք» ամսագիր, Մայիս 1963, էջ 8։ |
↑38 | Խաչատուրեան, «Եղիշէ Չարենցի հետ»։ |
↑39 | «Խորհրդային Հայաստան», 21 Մարտ 1925, էջ 1, ուր տպուած յայտարարութիւնը կ՚ըսէր. «Վաղուայ համարում կարդացէք Եղիշէ Չարենցի “Հանգուցեալ պարոնը կամ պարոն հանգուցեալը” պատմուածքը»։ |
↑40 | Եղիշէ Չարենց, «Հանգուցեալ պարոնը կամ պարոն հանգուցեալը (արտասահմանեան պատմուածք)», «Խորհրդային Հայաստան», 5 եւ 7 Ապրիլ 1925։ Հմմտ. նոյն, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 135-154։ |
↑41 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 403։ |
↑42 | Նաւասարդեան, Չարենց, էջ 14։ |
↑43 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 20։ «Համագումար» բառը կ՚ակնարկէ Ընդհանուր Ժողովին։ |
↑44 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 401, 410։ |
↑45 | Արման Սարեան, «Իմ յուշերը Եղիշէ Չարենցի մասին (իբրեւ լրացուցիչ բժ. Ա. Խաչատուրեանի յուշերուն)», «Սփիւռք», 29 Սեպտեմբեր 1966, էջ 2։ |
↑46 | Խաչատուրեան, «24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ», էջ 7-8։ Զաքարեան փորձած է լարուածութիւնը արուեստականօրէն մեղմացնել Սարեանի այն հաստատումով, թէ երբ Նաւասարդեան մօր ուղղուած նամակը Չարենցին յանձնած է, «տեսարանը սրտաշարժ եւ յուզիչ էր» (Սարեան, «Իմ յուշերը Եղիշէ Չարենցի մասին», էջ 2)։ |
↑47 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 19-20։ |
↑48 | Անդ, էջ 19 (ընդգծումը բնագրային է)։ Անշուշտ, Զաքարեան ո՛չ միայն «բացայայտած» է այլապէս հիմքէ զուրկ եռակողմանի այդ այցելութեան գոյութիւնը, այլեւ մասնակիցներուն խօսակցութեան նիւթերը. «Ուրեմն եւ դէպի Կապրի ու յետոյ ամէն կարգի խօսք ու զրոյցի շրջանակում՝ առաւելապէս շօշափուել են համագումարը եւ կայացուած ազգադաւ որոշումները՝ բոլոր նշաններով եռակողմանի համերաշխութեան մթնոլորտում (…)» (անդ, էջ 20)։ Բնականաբար՝ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն «ազգադաւ» որակումին հիմնաւորում տրուած չէ։ Որոշումներուն ամփոփ նկարագրութեան համար, տե՛ս Dasnabedian, History of the Armenian Revolutionary Federation, p. 159-163։ |
↑49 | Խաչատուրեան, «24 օր Եղիշէ Չարենցի հետ», էջ 8։ |
↑50 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 383։ |
↑51 | Նաւասարդեան, Չարենց, էջ 9. Ասատրեան, «Ե. Չարենցի արտասահմանեան ուղեւորութիւնը», էջ 3։ Զաքարեան խեղաթիւրած է «Հանգուցեալ պարոնը կամ պարոն հանգուցեալը»-ին ակնարկող Նաւասարդեանի տողը՝ «Գրութեանը տակ հետեւեալ թուականը կար՝ 1925 Փետր. 16, Հռոմ» (Նաւասարդեան, Չարենց, էջ 9), զայն կցելով «Էլեգիա»-ին ու անգոյ վրիպում մը հնարելով (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 409)։ |
↑52 | Գուրգէն Մահարի, «Չարենցեան քանդակներ», «Գրական թերթ», 28 Սեպտեմբեր 1957, էջ 3 (ընդգծումը մերն է)։ Վերջնական բնագրին համար («Նորից նրա հետ» խորագրով), տե՛ս նոյն, Երկերի լիակատար ժողովածու, հատոր 9, Երեւան, 2016, էջ 249։ |
↑53 | Եղիշէ Չարենց, Երկերի ժողովածու, հատոր 2, Երեւան, 1962, էջ 391։ |
↑54 | Մ. Ս. «Զրոյց», էջ 1։ Հմմտ. Չարենց, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 420։ |
↑55 | Յ. Ղանալանեան, Աւետիք Իսահակեան (յուշագրութիւն), Երեւան, 1975, էջ 16-17։ |
↑56 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 289-300։ |
↑57 | Մահարի, Երկերի լիակատար ժողովածու, էջ 551։ |
↑58 | Աւետիք Իսահակեան, Երկերի ժողովածու, հատոր 6, Երեւան, 1979, էջ 206։ Տե՛ս նաեւ Չարենցի Մայիս 7-ի նամակը Դեմիրճեանին (Չարենց, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 419)։ |
↑59 | Իսահակեան, Հայրս, էջ 215, 269։ 1939-ին Աւ. Իսահակեան պատմած էր, թէ Փատովա գացած էր, որովհետեւ «այդտեղ մի հայ բժիշկ պէտք է վիրահատէր որդուս նշագեղձերը, ուզում էի ներկայ գտնուել վիրահատմանը։ Նոյն օրը երեկոյեան Վենետիկ վերադարձայ» (Ղանալանեան, Աւետիք Իսահակեան, էջ 15)։ Վ. Իսահակեան այս վիրահատումին եւ անոր հետեւած շրջապտոյտը իտալական քանի մը քաղաքներ թուագրած է 1924-ին (Իսահակեան, Հայրս, էջ 156-170)։ Վենետիկ-Հռոմ-Վենետիկ-Նափոլի-Գափրի-Վենետիկ երթուղին յօրինելէ ետք, Զաքարեան պնդած է, որ Չարենց ու Իսահակեան պայմանաւորուած էին անջատ ճանապարհներով Վենետիկ ժամանել, իսկ վերջինիս «Պադուա մեկնելն ու Չարենցից յետոյ վերադառնալը հնարովի էր՝ թաքնուելու եւ պաշտպանուելու համար գործակալական աչքից…» (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 20)։ |
↑60 | Բնագրին մէջ անընթեռնելի նկատուած այս բառին վերականգնումը մերն է։ |
↑61 | Աւետիք Իսահակեանի նամակները, էջ 14։ |
↑62 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 21։ |
↑63 | Իսահակեան, Հայրս, էջ 240։ |
↑64 | Իսահակեան, «Չարենցի հետ», էջ 2։ Հմմտ. Յիշողութիւններ, էջ 19։ |
↑65 | Աւետիք Իսահակեանի նամակները, էջ 43։ |
↑66 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 72։ Թուականը սխալ է թէ՛ իբրեւ տեղեկութիւն եւ թէ՛ իբրեւ ապացոյց կիրակնօրեայ այցելութեան։ Արդարեւ, Թակոր Վենետիկ ժամանած էր Ուրբաթ, Յունուար 29-ին եւ վանք այցելած՝ Կիրակի, Յունուար 31-ին (Տայեան, «Հնդիկ ամենամեծ բանաստեղծը», էջ 60)։ |
↑67 | Իսահակեան, Հայրս, էջ 239-240, որ միայն յիշած է այցելութեան Կիրակի օր մը տեղի ունեցած ըլլալը։ |
↑68 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 72-73։ |
↑69 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 2, էջ 402։ |
↑70 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 87։ Յայտնի է, որ Ղազիկեան «21.3. 25 Վենետիկ Ս. Ղազար» թուագրումով գիրք մը մակագրած է Չարենցին (անդ, էջ 102), ինչ որ կրնայ ենթադրել տալ վերջինէս (երկրո՞րդ) այցելութիւն մը։ |
↑71 | Իսահակեան, «Չարենցի հետ», էջ 2։ Հմմտ. Յիշողութիւններ, էջ 19։ |
↑72 | Իսահակեան, Հայրս, էջ 229 եւ 240։ |
↑73, ↑75 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 87։ |
↑74 | Իսահակեան, Հայրս, էջ 242։ |
↑76 | Անդ, էջ 98 (ընդգծումները բնագրային են)։ |
↑77 | Անդ, էջ 102 (ընդգծումները բնագրային են)։ |
↑78 | Տե՛ս, օրինակ, “Accident mortel en aéroplane”, L’Humanité, 24 mars 1925, p. 3։ Հմմտ. «Մեասնիկեան մեռած», «Հայրենիք», 25 Մարտ 1925, էջ 3. «Մահ մը» (խմբագրական), Հայրենիք, 26 Մարտ 1925, էջ 2։ Մարտ 24-ին, Ա. Սաֆրաստեան Լոնտոնէն Միասնիկեանի յիշատակին յօդուած մը կը գրէր (Արշակ Սաֆրաստեան, «Միասնիկեանի ողբալի մահը», «Ապագայ», 4 Ապրիլ 1925, էջ 2-3)։ Այս բոլորը բաւարար է հերքելու այն պնդումը, որ «Ալ. Միասնիկեանի սպանութեան բօթը արտաշխարհ է հաղորդուել 1925-ի Մարտի 27-ին» (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 111)։ |
↑79 | «Ցաւակցական հեռագրեր», «Խորհրդային Հայաստան», 27 Մարտ 1925, էջ 4։ Տրամաբանական հիմքէ զուրկ է այն յուզումնախեղդ յայտարարութիւնը, թէ «եւ բօթն առնելուն պէս հետեւել էր… օ՛, միատեղ ձեւակերպուած հեռագիրը» (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, 108)։ Դաշնակցական Իսահակեանը հազիւ թէ «Փառք ընկածներին ու մեր [համայնավար. Վ.Մ.] կուսակցութեանը» խօսքով վերջացող հեռագրի մը շարադրութեան մասնակցէր, բացի եթէ ենթադրուի, ըստ Զաքարեանի մտքեր կարդալու «մեթոտ»ին, որ «մեր» գրուելու ատեն, Իսահակեանը իր կուսակցութիւնը ի մտի ունէր… |
↑80 | Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 102։ |
↑81 | Անդ, էջ 34։ |
↑82 | Անդ, էջ 87։ |
↑83 | «Ծռագրութիւն» բառը կ՚ակնարկէ 1922-ի խորհրդահայ ուղղագրութեան։ |
↑84 | Եղիշէ Չարենցի Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան, Արշակ Չօպանեանի ֆոնտ, I բաժին, թ. 3831։ Զաքարեան սխալ արխիւային յղում տուած է (թ. 3836՝ առանց բաժինի յիշատակութեան) եւ զանց ըրած՝ «միայն ծռագրութեան հարցով հեռի է մենէ» խօսքը (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 102)։ |
↑85 | Աւետիք Իսահակեանի նամակները, էջ 15 (ընդգծումը մերն է)։ |
↑86 | Ապրիլ եւ Յունիս 1925-ին Աթէնքի «Նոր օր» օրաթերթը երկու շատ աննպաստ թղթակցութիւններ հրատարակած էր Չարենցի Հռոմ եւ Վենետիկ կեցութեան մասին՝ «Յ. Ս.» եւ «Թղթակից» ստորագրութիւններով (Զաքարեան, Եղիշէ Չարենց, 3, էջ 30-31 եւ 33)։ Զաքարեան հակած է կարծելու, որ «սոյն թղթակիցը կամ թղթակցի յետեւում կանգնած անձը» Նշան Յովհաննէսեանն էր՝ «1920-ի Ամերկոմի այն յայտնի պաշտօնեան», որ Չարենցի մասին աննպաստ յուշեր գրած է հետագային (անդ, էջ 34-35)։ «Յ.» սկզբնատառի առկայութենէն բխած այս կարծիքը շինծու է։ Ն. Յովհաննէսեան այդ ժամանակ ո՜չ Վենետիկ էր եւ ո՛չ ալ կրնար մասնաւորապէս շահագրգռուած ըլլալ Չարենցը հալածելու թղթակիցի մը միջոցով։ Արդարեւ, 1916-1928-ին ան Ամերկոմի (Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի) Հայաստանի դպրոցներուն կրթական տեսուչն էր (Նշան Յովհաննէսեան, «Ինքնակենսագրութիւն», Ծիածան, Յունուար-Դեկտեմբեր 1947, էջ 77)։ |
↑87 | Եղիշէ Չարենց, «Սեւրի դաշնագրից մինչեւ «հայ կանանց ալեծուփ մազերը եւ հեթանոս մարմինը» կամ հակառակը (Արտասահմանեան տետրակից)», «Խորհրդային Հայաստան», 16 Օգոստոս 1925, էջ 3 (ընդգծումը մերն է)։ Հմմտ. նոյն, Երկերի ժողովածու, 6, էջ 155։ |
↑88 | «Բարիզահայ կեանք», «Ապագայ», 28 Մարտ 1925։ |
↑89 | Սուրէն Աղաբաբեան, Եղիշէ Չարենց, գիրք երկրորդ, Երեւան, 1977, էջ 393։ |
↑90 | Անուշաւան Զաքարեան, «Վաստակաշատ գրականագէտը (Ալմաստ Զաքարեանի ծննդեան 90-ամեակի առթիւ)», «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1, 2013, էջ 236 (ընդգծումը մերն է)։ Այս նախադասութիւնը բառացիօրէն կրկնուած է երկու մահախօսականներու մէջ. տե՛ս «Ալմաստ Զաքարեան» եւ «Ալմաստ Զաքարեանը հայ գրականագիտութեան մէջ», «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների», 2, 2013, էջ 279 (հանդէսի խմբագրութեան ու աշխատակազմին կողմէ)։ |
↑91 | (91)Մատթէոսեան, Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, էջ 149։ |