ԿԻՆԵՐԸ՝ ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ ԷՋԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

«Լիբանանի մէջ… դիցուհիներ ոտաբոպիկ կը շրջէին հին երգերը շալերու պէս իրենց մարմիններուն փաթթուած…»
     Վեհանոյշ Թեքեանի գործերուն մէջ այս նոյն կիներուն զանազան տարբերակները կը ճեմեն: Անոնք կ’անցնին էջէ էջ, կը ցատկռտեն տողէ տող. կը պահուըտին երկար ատեն, յայտնուելու համար կրկին՝ այլ էջի մը անկիւնը: Հին երգերը, նորերու հետ շաղախուած՝ կը յամենան զիրենք փաթթող շալերուն մէջ: Անոնք երբեմն լուռ են. հազիւ լսելի անկէ, որ կը փորձէ հասնիլ իրենց. իսկ երբեմն կը թնդան այնքա՛ն ուժգին, որ սրտին պատուհանները կը դղրդան. կը կոտրին:
     «Լուռ» կիները կը պատկանին Թեքեանի կիներու այն խումբին, որոնց «խօսքը կղպանք» է: Անոնք կը շարժին միայն: Զանոնք կը տեսնենք գրողական պատուհանի մը ետեւէն: Իրենց կեանքը կը ներկայացուի: Տիկին Ճէմիլէն, օրինակ՝ կ’երթայ, կու գայ. հաւ կը պահէ երեխաներուն հաւկիթ հասցնելու համար. պատերազմի գացած եւ անկէ չվերադարձած ամուսնոյն կը սպասէ. հաւը, յոյսը, կը կորսնցնէ. կը փնտռէ, ամէն միջոցի դիմելով կը վերագտնէ (Ճեղքուած մանրանկար. «Տիկին Ճէմիլէին Հաւը»): Գրողին ոսպնեակը կը նկարէ զինք, իր հնարամտութեան, տառապանքին ու քաջութեան խորապատկերով. բայց տիկին Ճէմիլէն լուռ է. կը պատմուի:
     Այլ կին մը՝ տոքթ. Մուշարրաֆիէ, «Լուռ ու յետամնաց սիրով» խորաթափանց պատմուածքին մէջ, բանտարկուած է հոգեկան խանգարումի ճաղերու ետին. իր երեւակայական հիւանդները կը հրաւիրէ քլինիքը կամ իր նախկին սիրահարը կ’ընդունի փակ փեղկերով տունը, բայց չ՚արտայայտուիր զինք կրծող ցաւին մասին. ընթերցողին կը մնայ գուշակել զայն խելագար դարձուցած սիրոյ պատմութիւնը: Կինը կղպած է խօսքը եւ այլացած:
     Այլ տեղ մը՝ «Դեղձենիի եւ Գետնախնձորի պատմութիւն» բանաստեղծութեան մէջ (Բազմածուփ աշխարհ, էջ 28), գիւղացի Ֆարիտան օրն ի բուն կ’աշխատի դաշտերուն մէջ, մինչ աղջիկը՝ Իզապէլ, իր սպիտակ վարագոյրներով տան մէջ ծեծի կ’ենթարկուի տարիքոտ ամուսնոյն կողմէ. ան յաճախ կու լայ, գլուխը դրած ընկերուհիին ուսին, բայց չի բողոքեր:

«Լուռ» կիները կը պատկանին
Թեքեանի կիներու այն խումբին,
որոնց «խօսքը կղպանք» է: Անոնք կը
շարժին միայն: Զանոնք կը տեսնենք
գրողական պատուհանի մը ետեւէն։

     Կարծես որմնանկարմերու մէջ յայտնուող, նուրբ, երկարաւուն ու տխուր այս կիները կ’երեւակայենք փակած՝ պատերուն. դատապարտուած՝ մնալու հոն, այդ քարանձաւային եւ ամայի մինակութեան մէջ, որ կը լռէ:
     Կիներու երկրորդ խումբը հայ օրիորդներու եւ տիկիններու խումբն է: Խորքին մէջ, անոնք ալ իրենց անհատական կարծիքը չեն արտայայտեր. կ’ենթարկուին իրենց ապրած վայրի կանոններուն եւ առանց նոյնիսկ անդրադառնալու՝ կը հետեւին տղամարդոց կողմէ հաստատուած ու հինէ՜ն եկած ընկերային սովորութիւններուն: Նշանագիր գործին մէջ կ’ըսուի. «հայ կիները տեղ մըն ալ չեն երթար. կ’երթըցուին: Օրիորդները ուսուցչութեան կ’երթան, արուեստագէտ օրիորդները դաշնակի դաս տալու կ’երթան, տիկինները Կարմիր Խաչ կ’երթան, բայց բոլորը մէկ այցելութեան կ’երթան» (էջ 83): Այս այցելութիւններուն թեման զարգացած կը տեսնենք մասնաւորապէս Տոհմածառ հատորին տարբեր պատմուածքներուն մէջ: Հեղինակը կը յիշէ իր ազգականներուն կամ դրացիներուն իրարու տուած այցելութիւնները:

     Քանթարի թաղին մէջ, տանտիրուհիի մը այցելութեան օրն է. կիները նստեր են հիւրանոցին մէջ, նախ քոնեակ, յետոյ թէյ, յետոյ սուրճ….
     — Հապա՜, երեք ամիս առաջ ալ տիկին Սրբուհին իր միջնեկը ամուսնացուց. լիմուզինով գնաց իջաւ եկեղեցի Նազիկը, աչքդ տեսնելու էր,— կ’ըսէ տանտիրուհին Նիսէն նոր եկած իր տալոջ մասին:
     — Է՜, պատմէ՛ նայինք, տիկին Սրբուհի, ինչպէ՞ս են — ասոնց մէջ կան հետաքրքիր ձայներ եւ նախանձոտ ձայներ: («Խօսակցութիւն», էջ162)

     Եւ կը պատմեն. այդ այցելութիւններու ընթացքին եղած խօսակցութիւնները հայելին են 70ական թուականներուՊէյրութի քաղքենի դասակարգի կիներու գլխաւոր մտահոգութիւններուն. իսկ այդ մտահոգութիւններուն կարկինը կը սկսի աղջիկ ամուսնացնելու ճիգերէն, կ’անցնի սնոտի բամբասանքներու ու անպայմա՛ն կը հասնի ունեցուածքի ցուցադրութեան կամ յիշեցման: Այս կիները կը խօսի՛ն, բայց ընթերցողը կ’անդրադառնայ, որ ձեւական, հանրային կանոններով սահմանուած խօսակցութիւն մըն է իրենցը: Արդեօք ի՞նչ կը մտածէին անոնք իրենց առանձնութեան մէջ, կամ՝ արդեօք կրնայի՞ն ազատօրէն մտածել, երբ գերին էին իրենց միջավայրին: «Կ’երթըցուին»ը նաե՛ւ ակնարկութիւն է ա՛յս իրականութեան:
     Իսկ կին-մա՞յրը. ան, որ մշտական ներկայութիւն հաստատած է Թեքեանի էջերուն մէջ. ա՞ն ալ կրաւորական դիրք բռնած եւ հոսանքին հետ գացող ու բարքերուն գերի՝ անկար տիպար մըն է: Կ’արժէ մտածել: Հոս նշելի է, որ Թեքեանի գործերուն մեծամասնութիւնը կը կրէ գրողին ձայնը: Մինչ այլ գրողներ կը յստակացնեն, թէ իրենց ստեղծած տիպարները երեւակայական են եւ ուրեմն՝ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունին իրենց անձնական կեանքին հետ, Թեքեանի ձայնը մի՛շտ ներկայ է եւ կ’ընդելուզուի իր նկարագրած հերոսներուն: Պատմողին եւ գրական արարքը կատարողին ձայները նոյնացած կը ներկայանան ուրեմն ընթերցողին: Այս կէտը նկատի ունենալով երբ նայինք Թեքեանի գործերուն՝ կը նկատենք, որ բազմաթիւ մայր հերոսներ իրենց տեղը գտած են հոն, բայց մօր երկու կերպարներ յստակօրէն կը գծուին ընթերցողին մտքի պաստառին:

Կիներու երկրորդ խումբը հայ օրիորդներու եւ տիկիններու խումբն է:
Խորքին մէջ, անոնք ալ իրենց անհատական կարծիքը չեն արտայայտեր.
կ’ենթարկուին իրենց ապրած վայրի կանոններուն եւ առանց նոյնիսկ
անդրադառնալու՝ կը հետեւին տղամարդոց կողմէ հաստատուած ու
հինէ՜ն եկած ընկերային սովորութիւններուն։

     Նախ՝ կայ հեղինակին մայրը, որ մեր գրականութեան մէջ յայտնուող հայ մօր ընթացիկ տիպարը կը յիշեցնէ. ան որ բուրդ լուացած է, հում լեարդը առատ սոխով եւ քիմիոնով տապկած է, ընտանեկան համերաշխ եւ տաքուկ մթնոլորտ ստեղծած է: Անանձնական մայրութեան մարմնացումն է ան. զոհ մը՝ մայրութեան բագինին: 
     Մօր հանդէպ սէրը այնքա՛ն զօրաւոր է եւ անսահման, որ Թեքեանի համար «մայր» բառը համազօր է «լոյս»ի:

Մայր, մայր, մայր, մայր կը կրկնեմ մեքենաբար
որպէսզի չկորսնցնեմ այս բառին լոյսը (Սնունդ եւ անդունդ.«Մայրս». էջ 40)

     Ընթերցողը ինքզինք կը գտնէ մայրացման ու սրբացման եղելոյթի մը դիմաց: «Յաւերժութիւն» բանաստեղծութեան մէջ (էջ105), մօրը շիրիմին առջեւ կեցած, Թեքեան կը հարցնէ.

ո՞ւր ես մայր իմ, ո՞ւր ես մայր իմ
Աստուածութիւնն իմ յանգած

     Այս մայրն է, որ խթանած է աղջկան սէրը գիրի ու գրականութեան հանդէպ եւ մինչեւ վերջին շունչը քաջալերած է զինք, որ գրէ: Մօր մը լուռ անձնազոհութեան առընթեր՝ ան ստեղծած է վայր մը, ուր աղջիկ զաւակը, միջին արեւելեան տուներու մէջ չուզուած սեռին ներկայացուցիչը՝ կարենա՛յ գործածել գրիչը եւ անկէ սահած բառերն ու խօսքը՝ որպէս կնոջական ինքնահաստատում:

Թեքեանի ձայնը մի՛շտ ներկայ է եւ
կ’ընդելուզուի իր նկարագրած
հերոսներուն: Պատմողին եւ գրական
արարքը կատարողին ձայները
նոյնացած կը ներկայանան ուրեմն
ընթերցողին:…երբ նայինք Թեքեանի
գործերուն՝ կը նկատենք, որ
բազմաթիւ մայր հերոսներ իրենց
տեղը գտած են հոն…

     Այս նո՛յն մայրն է, որ սրտի գործողութենէն ետք, ապաքինման սրահին անկողնին վրայ երկարած, անհամար խողովակներու արանքէն կիսախուփ աչքերը աղջկան դարձնելով՝ հարցուցած է. «յօդուածդ վերջացուցի՞ր» (Խօսող լերան պատմութիւնը. էջ 23)։
     Եւ կայ ի՛նքը: Թեքեան-հեղինակ՝ Հայկին եւ Նայիրիին մայրը:
     Բազմածուփ աշխարհին «Օրօր Հայկին» բանաստեղծութեան մէջ մայրը կը խոստանայ պաշտպանել զաւակը չար բաներու դէմ.

Պառկէ՛ հոգիս, պառկէ՛ սուրը մօրդ խօսքին
կապած կողէդ անյաղթ
ցաւիդ դէմ վախիդ կամ անորոշ վհուկին
ես կը ցցուիմ իբրեւ մայր (էջ 19)

     Հոս երկու մակարդակի պաշտպանութիւն մը մտածուած է զաւկին համար: Սասունցի Դաւթին պէս ան իր կողին կապած է սուրը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ մօր խօսքը. իսկ եթէ չար վհուկը յայտնուի՝ սուրը կը կերպարանափոխուի եւ կը ներկայանայ որպէս մայր: Մայրը եւ մօր խօսքը զաւկին պաշտպանութեան յատկացուած են ուրեմն:
     Ան կը նախազգուշացնէ զաւակները հաւանական յուսախաբութիւններէ ու խաբեբայութիւններէ.

Մշիկ-մշիկ կը քնանաս,
Անշուշտ առանց անդրադառնալու թէ հիմա
Այս աշխարհի հազարաւոր կէտերուն վրայ
Կարմիր աղջկան կը խաբէ գայլը
Տգեղ բադիկը լքուած կը զգայ ցուրտ լիճի մը վրայ,
Յովազը կը յօշոտէ եղնիկը, եղնիկը կը յօշոտէ թռչնիկը,
Թագաւոր մը չարութիւն կ’ընէ, բոլոր հսկաները մեռեր են,
Մոխրիկը կը լուայ տունը եւ պարահանդէսի չ’երթար
                                                                                 (Բազմածուփ աշխարհ. Էջ 23)

     Կը կերտէ մա՛րդը՝

Զգոյշ եղի՛ր հասուն խիղճդ
չխեղճանայ չմարմրի
Եղի՛ր զօրեղ որ շոյանքիդ կամ հարուածիդ
նուրբ նժարը չսասանի

     Կը կերտէ հա՛յը՝

Պիտի Երկիր երթա՜նք տղաս
թէ՛ երազով, թէ՛ իսկապէս
Ճանչցի՛ր դուն քեզ
որպէսզի մթնամրմուր պատմութեան մէջ
անմահութեան գօտի՜ն կապես (Բազմածուփ աշխարհ, էջ 118)

     Կը կերտէ նաե՛ւ անհատականութիւն ունեցող եւ խօսո՛ղ կի՛նը:

Կարեւորը Ոչ ըսելը չմոռնալն է
                                                        («Օրօր Նայիրիին», Բազմածուփ աշխարհ. էջ 22)

     Ուրեմն, կարելի է մտածել, թէ խօսքին ու գիրին հանդէպ սէր ստեղծած հեղինակին մայրը աղբիւրն է մի՛ւս խօսքին, որ հեղինակ զաւկին քով վերածուած է պայքարի միջոցի եւ սուրի: Շրջանակը սկսած է զոհուող մայրով ու կը գոցուի վտանգներուն զգաստ, ազդո՛ւ մայր-կինով: Բայց երկա՜ր ճամբայ կտրուած է լեզուն կնոջական ներգործօն եւ ազդեցիկ զէնքի վերածելու համար:
     «Ո՛չ» ըսելու կամքը Թեքեանի կեանքին մէջ մուտք գործած է Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն եւ անձնական դառն փորձառութիւններ ապրելէն ետք: Անկէ առաջ, միամիտ, խնդուն եւ «աչքերը չբացուած» աղջկայ մը նայուածքը ունի շուրջիններուն վրայ:

Մօր հանդէպ սէրը այնքա՛ն զօրաւոր է
եւ անսահման, որ Թեքեանի համար
«մայր» բառը համազօր է «լոյս»ի:

     Տոհմածառին մէջ տեղ գտած «Ճերմակ սփռոցին վրայ թափած սուրճ» պատմուածքին մէջ, նախապէս հնչուած կնոջական խօսակցութիւններուն սալիկին վրայ «զիլ» ձայն մը կը յայտնուի: Թեքեան դեռ չէ ձգած Պէյրութը, Ամերիկա չէ գաղթած եւ ամերիկեան փորձառութիւնները չէ ապրած: Հետեւաբար՝ երբ իր զարմուհիներէն մէկը կը ղրկուի Միացեալ Նահանգներ, կ’ազդուի կիներու ազատագրման շարժումէն եւ Լիբանան վերադառնալով ֆեմինիզմի մասին կը խօսի անդադար՝ Թեքեան անոր մտիկ կ’ընէ գրեթէ քմծիծաղով. «ըստ իրեն՝ պէտք է կինը ազատ զգայ կրծկալ չգործածելու, իր ուզած տղամարդը շարժապատկերի հրաւիրելու, զայն հրաւիրելու ամուսնութեան՝ հաւասար պատասխանատուութեամբ, զաւակ ուզելու կամ չուզելու, եւ հարկ եղած պարագային ամուսնալուծում պարտադրելու, կէտ առ կէտ բոլոր իրաւունքները պահանջելու: Կինը պէտք է արթուն ըլլայ, տէր կանգնի իր իրաւունքներուն»։ Երկու աշխարհներու՝ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի տարբերութիւնը եւ բախումը ի յայտ կու գան: Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ օրերուն ո’չ համաշխարհայնացում կար, ո’չ դիմատետր: Այդ օրերուն, Թեքեան կը պատկանէր Արեւելքին. իսկ ըստ իր զարմուհիին՝ արեւելքցի կիները գիտէին «միա՛յն երիտասարդութիւն եւ հոգի մաշեցնել, տիտիկ-տիտիկ սարմա փաթթել, կռկռոց կեսուրի մը տան մէջ շոր լուալ եւ անհաւատարիմ ամուսինի մը դիմաց հօնգուր-հօնգուր լալ» (էջ 149)։ Ան այդ գունագեղ պարբերութիւնը կը վերջացնէ զարմուհիին ինքնապաշտպանական ճիւտոյի դասընթացքները եւ պատշգամը գտնուող եօթը աղիւսները մէկ հարուածով կիսելը յիշելով:

…խօսքին ու գիրին հանդէպ սէր
ստեղծած հեղինակին մայրը աղբիւրն
է մի՛ւս խօսքին, որ հեղինակ զաւկին
քով վերածուած է պայքարի միջոցի եւ
սուրի:

     Զարմուհիին ֆեմինիստի հաւատամքը ներկայացնելու ընթացքին, Թեքեան զայն կը դիտէ դուրսէն՝ թատրոնի եկած հանդիսատեսի պէս, որ թատրոնը տեսնելէ ետք կը պատմէ թատերական ներկայացման մաս կազմող զանազան տիպարներուն մասին: Ինք առնչուած չէ անոնց. գոնէ՝ ո՛չ տակաւին: Թատրոնին միւս հերոսուհիները՝ հօրաքրոջ ու մօրաքրոջ զաւակներ, կը ներկայացուին նոյն զաւեշտական շեշտով. մեծ զարմուհին կը յայտարարէ թէ իր չսիրած երիտասարդին հետ չի կրնար ամուսնանալ, նոյնիսկ եթէ հայրը «ֆապրիքա» ունի. զարմուհիին քոյրը «Չայքովսքի է. կենսուրախ, քիչ մը թեթեւ հոգիով». օրն ի բուն ծաղիկ եւ աղջիկ կը գծէ: Միւս քոյրը ամէն բանի մասին տեղեկութիւն կրնայ հաւաքել ու խօսիլ անոնց մասին, բայց երբ տղամարդու գայ հարցը՝ կը լռէ. «այնքան աննշան կ’անցնի այդ երրորդական նիւթէն, որ կարծես տղամարդիկ ուրիշ մոլորակի մը կը պատկանին, եւ դեռ ճշդուած չէ՝ իրապէս գոյութիւն ունի՞ն թէ չունին»։
     Այս հանդիսատեսի դիրքը արմատապէս կը փոխուի, երբ արեւելքցի երիտասարդուհին խոզակէն դուրս կու գայ եւ կ’անցնի Արեւմուտք: Փարիզի փողոցներուն մէջ կը քալէ բարեկամի մը հետ եւ կը ցնցուի կնոջ մը աղիողորմ ճիչերը լսելով պատուհանէ մը:

     «Երթա՛նք ոստիկանին լուր տանք», ըսի: «Չ’ըլլա՛ր», ըսաւ եւ կախեց
գլուխը: «Պէ՛տք է աճապարել» պնդեցի, «օգնութեան հասնող չկայ»։ «Հոգ
մի՛ ըներ», ըսաւ. «հիմա կը վերջանայ»։ «Ելլե՛նք», ըսի: Բաւական տեղ լուռ
քալեցինք: Սէքս շօփերը կը դիտէի:
     . . .
     «Ինչո՞ւ կը ծեծեն»:
     «Սատիստ յաճախորդներու համար մասնաւոր այսպիսի կիներ կան»,
ըսաւ. «օրէնքով արգիլուած է, բայց ասոնք վարժուած կ’ըլլան»։
     «Աւելի կը վճարուի՞ն»։ Չուզեց պատասխանել։ (Նշանագիր. էջ 80)

     Իր ամուսնոյն կողմէ ծեծուած Իզապէլին պատկերին կ’աւելնար տղամարդոց սեռային քմահաճոյքները գոհացնելու համար ծեծուող կնոջը: Աւելի ուշ՝ Ամերիկա հաստատուելէն, զաւակներ ունենալէն եւ դժուա՛ր ամուսնալուծումէ մը ետք Թեքեանի գրիչ-սուրը կը դառնայ աւելի՛ հատու: Իր «Ապահարզան» բանաստեղծութեան մէջ ան ամբողջական պատկերը տուած է ամուսնալուծման իրականութեան: Դատարանի միջանցքները. սիրոյ կորսուած պահերուն յիշողութիւնը եւ վաղուան ցուրտ մինակութեան հեռապատկերը. բարկութիւնը անոր հանդէպ, որ դժոխքի վերածած է կեանքը: Իսկ շուրջը՝ իրեն պէս մեծ թիւով կիներ, որոնց ճակատագիրը կախուած է փաստաբաններէ եւ դատաւորներէ:

Պիտի զայրանան որ օր մը կրցեր ենք Ո՛չ ըսել
Առատ ստրկութեան
Բռնութեան Խարազանին
Եւ մարդկայնութեան շնչահեղձման
Կրցեր ենք Ո՛չ ըսել կեղծիքին
Ինքնախաբէութեան վախը հեռացուցեր ենք
Եւ օրերու հոսքը՝ վերադարձուցեր իրենց իմաստին:

     Ընթերցողը կը տեսնէ այն «Ո՛չ»ը, զոր հեղինակը արդէն սորվեցուցած էր իր աղջիկ զաւակին («Օրօր Նայիրիին»): Բայց այլեւս մինակ չէ. ան բանբերն է հազար-հազարաւոր կիներու, որոնք չեն կրնար խօսիլ:

     Նոյն «Ապահարզան»ին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.

Այն ատեն ես քանի դար է՝ կ’ապրէի
Մայրը կ’օրօրէր մանուկը երբ մտայ սենեակը
Ըսաւ՝ պիտի գրե՞ս
Պիտի գրեմ ըսի
Ըսաւ՝ ես անցած կ’ըլ լամ. վերմակը ամուր ծածկէ՛
Զաւակս ապստամբութենէն թող չխանգարուի
Քո՛յր, ես մանուկիդ փափուկ բարձ մը բերի
Բայց վերմակը մինչեւ ականջները ո՛չ՝ չծածկեցի

     Երբ ականջները բաց այդ մանուկը, ապագայի տղամարդը՝ լսէ տիկին Ճէմիլէին հաւուն երգը, ընտանեկան բրտութեան զոհ՝ Իզապէլին հեծկլտուքը, դատարանին մէջ իր իրաւունքներուն համար պայքարող կնոջ կանչը, երբ մօտենայ Վեհանոյշ Թեքեանի կիներու հոյլին ու զանոնք դուրս բերէ որմնանկարային իրենց դիրքերէն՝ անոնք պիտի խօսի՛ն իրեն եւ ըսեն. «Մենք Օրօրով կը քնացնենք թերեւս, բայց չե՛նք քնանար. մենք որոշած ենք տեղ մը չերթըցուիլ, այլ մեր ազատ կամքով երթալ. որոշած ենք ո՛չ ըսել ամէ՛ն ձեւի անարդարութեան եւ բրտութեան»։

     Թեքեանի բառերով՝

Մեր մաշկին տակ կին կայ եւ մայր        որեւիցէ թոյն
Պիտի չյաջողի անցնիլ անկէ ներս:

     Այն ատեն պիտի անդրադառնայ մանուկը, որ Թեքեան լեզո՛ւ տուած է բոլո՛ր կիներուն:

ԾԸ. Տարի, 2019 թիւ 3-4