Ճեսի Արլէն

ՄԵՀԵՆԱԳԻՐՔ

ՇՐՋԱՆԱԿ Ա

 

անգղ

Մեհենագիր Ա

ծնունդ

առանց

այլեւայլի

կը ծնիս դուն զիս

լուսանցքին

կ’արձանագրուիմ

հակող նախկին

հրաշագործ Գիրիդ

ձգտող

դէպի այլուր չգոյ

աղաղակող

օ Բուրգ անհաս

Աշտանակ գերբնական

պաշարէ պարուրէ պատէ

մանրագիրս

ըստ քու պատկերիդ ու նմանութեան

𓃀

Ոտք

Մեհենագիր Բ

հրամցուածը կաթ է

շիշը՝ որդին

հոգին սուրբ՝ կթողը

իսկ դուն ես կթուողը

օ հայր բանաւոր

ինքզինքդ տալով

բերկրութեամբ

խմողին

ստինքդ ուռած

բաբախող

կը հրաւիրէ

ծծող շրթունքիս

գոչիւն

ի հպում

առ աս աղմկողը

մօտեցուր աս հեռաւորը

ի կուրծք անդր

էական

𓎼

կուժակալ

Մեհենագիր Գ

կը ձայնեմ

պալպլող

բա բա

բարձր բարբառ

կարկաչող

ի խնդիր իմաստի

գլգլացող

դէպի աշխարհ անգիւտ

երկիր անծանօթ

կը կանչեմ

օ Անտես

գթա ձայնիկս

𓂧

ձեռք

Մեհենագիր Դ

բաց բաց բաց

դուռ գրութեան

կը կանչեմ քեզի

օ Քննող ներքիններու

կ’իյնամ ոտքիդ

անխօս

երկիր պագող

հեկեկացող

***

 

բա

բա

բացուեցաւ

օ Բան անպատում

օրհնէ աս ուղեւորը

ուղեկցէ աս ճամբորդը

ի տարագիր անհուն

𓇍

քալող եղէգ

Մեհենագիր Ե

ո՞վ պիտի լսէ մուսաներէն

կանչումս

ո՞վ պիտի ըմբռնէ

կարկաչումս

ո՞վ մտիկ պիտի ընէ

թոթովիս

ո՞վ պիտի ընկալէ

աղերսս

կաթէդ մի կտրեր

աս անզօրը

անտես մի ըներ

աս պանդուխտը

երեսդ մի դարձներ

ինձմէ

 

խղճա

ողորմէ

նշոյլ սփռէ

օ Գիր լուսաւոր

դատարկութեանս վրայ

𓊃

սողնակ

Մեհենագիր Զ

եւ հիմա

աղաղակելով

երեսս գետնին

կը սողամ

կերակուրս եղած է

փոշին

հետքերուդ

սողոսկող

դիմող

դէպի ոչ մէկ վայր

բազուկդ երկարէ

առ

բռնէ

մի թողուր զիս

ի ստոր

𓋹կեանք

Մեհենագիր Է

Ձեռքդ

Եթէ ետ քաշես նէ չեմ քալեր

Երեսդ

Եթէ դարձնես նէ կը տարակուսիմ

Շունչէդ

Եթէ զիս զրկես նէ կը մարիմ

Պաղատանքս՝

Կերակրէ գիրովդ

Խմցուր շունչովդ

Օծէ մելանովդ

Օ Ստեղծաբան

Այս ժամ

Յարաժամ եւ յաւիտեան

 

 

Մինի խորհրդանշան

Մէհէնագիր Ը

 

ցիր ու ցան ոսկեդաշտ

այս տարաշխարհին մէջ սերմանուած

երկիր բարի կը բուսնիմ

վայթէ վրաս ջուրդ դպրութեան

արմատներս լեցուր ուժովդ կենսական

որպէսզի

ծլիմ

ներքեւ՝

էոյթի

արեւուդ

𓊑

Մինի խորհրդանշան

Մեհենագիր Ը

ցիր ու ցան

ոսկեդաշտ

այս տարաշխարհին մէջ

սերմանուած

երկիր բարի

կը բուսնիմ

վայթէ վրաս

ջուրդ դպրութեան

արմատներս լեցուր

ուժովդ կենսական

որպէսզի

ծլիմ

 

ներքեւ՝

էոյթի

արեւուդ

 

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *