ԵՆԹԵՐԿՐԵԱՅ ԵՆԹԱԿԱՅ (Subterranean Subjects)

Ենթուղւոյ քարափին

կը սպասեն

ուղեւորներ կը սպասեն

անհամբեր

վերջ ի վերջոյ

դռները կը բացուին

եւ

ամէն մէկ ճամբորդ կը տիրանայ իր աթոռին,

այնպիսի աթոռներ

լայնաչափ

այսչափ այդչափ այնչափ

անջատ

Ծանուցումներ ամէնուրեք

լոյսով

ու

ձայնով

հոս ու

հոն

ցիր ու ցան

կան

կը լսենք, կը տեսնենք զանոնք

զանոնք ամէնուրեք

Ուշ հասնող մը

քննելով շրջանակը

հատած է

հոգին

ձողին

կը բռնուի

նախանձալի

 

աչք մը աթոռներուն

կը նետէ

կը մնայ տեղե

կանգնած

յուսաբեկ

Այլաւ Մարկարին

Խորապէս ախորժելի

Ամենուրէք սիրելի

Բնական իւղի պէս

Նման գիւղի մ’ պէս

Անպակաս թող գտնուի

Անկասկած թող գործածուի

Այլաւ Մարկարին

Ճամբորդներ բազմազգի

ուրուական ու

թափառական

ուրթափական եւ

թափերգական

Ըսի-ըսաւ մը բեմադրեցինք

թատերգական

«Ողջոյն Աշխարհ, քէ փասա

Օլա ամիկա, ա լա քասա»

ըսի ես

«Ուի՜ Առ Քուլ

Միւսէօ Սին Ճին»

Ըսաւ ան

«Ըսի»ներս փսփսանքով շարոննակեցի…

«Անցեալին մեղաւորեցի,

Ապառնին պիտի մեծարեմ»

«Կապոյտ գաղափար, մապոյտ գաղափար

Փերթ փերթ լուսինկայ դարձար ոսկեփառ

Պլուզային ճազ, սէր ու սիրահար

Ձմեռնային ճին, հաւատք մը եղար»

Փափ Փչիկ՝ Կարմիր Փչիկ

Փիփ Փչիկ՝ Կապոյտ Փչիկ

Փոփ Փչիկ՝ Կանանչ Փչիկ

Ուռեցէ՛ք Փուչ-Փչիկ

մօր

մը

մէկ

կոնքին կպչած

կոնքին կառչած

աղջնակ մը

նստիլ կ’ուզէ

բայց մայց

Ո Ո

տտ տտաղ

քքքք քքքքջն

իիիիի իիիիիակ

կը կենաայ կը մնաայը

Արքէ Քրէմ

Կակուղ, Արքէ Քրէմ

Կակուղէն կակուղ, Արքէ Քրէմ

Կակուղին կակուղէն կակուղ, Արքէ Քրէմ

Արէ՛ք Արքէ Քրէմ

Ուրտեղէն ուր

 

ու

մէկէն ի մէկ

 

երիտասարդներ                    վառ ու խանդավառ

կը ցուցադրեն

ճարտարութիւն

եւ ճարպիկութիւն

ուժանական ռՌռ

                        Իիի

                        ԹԹթ

                        մՄմ-ով

«Ով

Ով

Ով»

Կը որոտան

Ափեղցփեղ բարբառներ

Փոխնիփոխ բարբաջումներ

«մով Կովերը Հովին

Բարձրաբերձ բառաչումներ

Կը յանձնեն»

Թով-թովչանքներ

Այլեւ

«ալալիք, Առ ալիք

Ալեաց աղիքէն

Ափ մ’աղ քաղելիք»

Տաղախաղ

Ծափ ու ծիծաղ

ոստում

Ցասում, եւայլն

գլորում,

եւայնմ

եւայժմ

(բերանս

բաց մնաց

բացայայտ)

մուրացողի նման

յաջորդ գնացքին

անձայն անցան

առանց ցտեսութեան

Առ ընթերցողս

Լաւ փրփրոտ

Լաւ հոտոտ

Լաւ օճառոտ

Առ յաճախորդս

Լաւճառ Օճառ

Վերջապէս,

վերջին

ուժաթափ

ուրաթափ անիւները

կը սահին

դէպի քարափ

սահմանին

եւ

օրմըեւս, կը հասնի

իր աւարտին

ենթուղւոյ ընդմէջէն

մոռացութեան դէպի

կ’երթայ, ենթակայ

բայց անվերջակէտ ալ

կը մնայ

(Նիւ Եորք, 2015-2024)

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *

յաջորդ
ԵՐԵՔ ԿԷՏ