Հանդարտ ու ննջաւէտ մեր թաղին մէջ քիչ փոփոխութիւն կը կատարուի: Բնակիչները գլխանց կը բարեւեն զիրար եւ երբե՜մն միայն խօսքի կը բռնուին: Վաղեմի դրացիներս արդէն իսկ շատ չենք գիտեր իրարու մասին, ուր մնաց վարձակալները, որոնք աննշմար կը յայտնուին եւ նոյն չափ աննշմար կ’անհետին:
Մեզ իրարու կապողը ցրուիչներն են: Ցրուիչը մարդկութեան մասնաւոր տեսակն է՝ օդերեւութաբանօրէն եւ հոգեբանօրէն: Կը տոկայ թէ՛ ձիւն-անձրեւին, թէ՛ ամրան տապին ու կիզիչ արեւուն: Եւ օդի դժնդակ պայմաններուն տակ իսկ կը մնայ մարդամօտ ու սրտաբաց:
Օր մը նոր ցրուիչ մը եկեր է մեր թաղը ծառայելու: Ոչ մի այն աւելի զրուցկան էր բոլոր իր նախորդներէն ու յաջորդներէն, այլեւ իր մարդեղութեամբ տարբեր: Յիսուննոց մէկն էր՝ կայ տառ ու քաջառողջ, չափազանց խնամուած արտաքինով մը ու նոյնչափ խնամուած խօսելաձեւով: Պաշտօնին գլուխը հազիւ անցած՝ արդէն կը բարեւէր զիս հեռուանց: Դրացիներուն հետ խօսած ատեն երբեմն արտասովոր նիւթերու վրայ կը ցատկէր՝ ամէն անգամ ոտքին վրայ մնալով ամրօրէն: Ականջիս հասածէն կը յիշեմ բժշկական խրթին խնդիր մը, որուն մասին ցրուիչը անակնկալ բանի մացուեամբ կ’արտայայտուէր:
Եթէ դրացիներէս մին իր ինքնաշարժին առջեւի կափարիչը բանար՝ ցրուիչն իր դեղին հեծիկով ու դեղին շապի կով քովն ի վեր կը բուսնէր ու իսկոյն դրացին ոչ միայն կառքին ընդերքը կը վստահէր անոր, այլեւ իր սրտին խորն ալ կը բանար առջեւը:
Զաւակներուս անունները կը յիշէր, վրան ալ՝ դպրոցին մէջ տեղի ունենալիք գրաւորներուն նիւթերն ու թուականները:
Տեսած եմ տարեց դրացիներուս համար մանր-մունր գնումներ ընելը: Յաճախ տեսած եմ իր՝ ծաղիկի մը կամ օգտակար բոյսի մը տունկով հեռանալը, առանց նշելու նորաթուխ կարկանդակներուն կտորները, որոնք պարզապէս կը տեղային վրան:
Մեր հետ իր յարաբերութիւնը երբեք չափազանց, երբեք անպատեհ եւ երբեք անձնական պատնէշէ մը ներս խուժող էր: Իր ներկայութիւնը միշտ ալ բաղձալի էր ամէն ժամուն:
Օր մը պիտի գար սակայն, որ ինքն ալ՝ իր նախորդներուն եւ յաջորդներուն պէս անհետէր: Մեկնումէն ետք եթէ խօսք բացուէր իրեն մասին՝ ամէնքս զարմանքով կ’անդրադառնայինք, որ իր անունը չէինք գիտեր:
Վրայէն խոտ պիտի բուսնէր, եթէ իրիկուն մը տունիս դուռը բացած ատենս հեռատեսիլի պաստառին վրայ չտեսնէի զինք: Ցրուիչի իր դեղին շապիկին տեղ վայելուչ բաճկոնով էր եւ փողկապով: Սակայն աւա՜ղ. մինչ կը մօտենայի տակի անունը կարդալու՝ հեռատեսիլը նոր նիւթ մը կը բանար արդէն:
Անակնկալ այդ լուրը դրացիներուս հասցնելու փորձերս բաղխած էին թերահաւատութեան: Ոչ մէկուն խելքին կը պառկէր, որ ցրուիչ մը ոչ թէ իր բուն դերով հանդէս գար հաղորդումի մը մէջ, այլ ելոյթ ունենար, կարծիք յայտնէր: Միայն ե՞ս էի, որ այդ մարդուն արտասովոր ըլլալը կը զգայի:
Կարճ այդ դրուագը պիտի մոռնայի, եթէ օր մը զուիցերական սահմանամերձ քաղաք մը մեկնած չըլլայինք օդափոխութեան: Անհոգ կը քալէ ինք ընտանեօք, երբ դրամատան մը դուռը բացուելով՝ ճիշդ դիմացս կ’ելլէր մեր ցրուիչը:
Դէմքիս վրայ ուրախութեան ժպիտ մը եւ բարեւս բերնիս մէջ՝ անշարժ պիտի սառէի տեսնելով մարդուն կատարեալ անտարբերութիւնը: Ընդ որում շատ բնական անտարբերութիւն մը՝ առանց երեսը դարձնելու, նայուածքէս խուսափելու կամ զիս չտեսնել ձեւացնելու դոյզն իսկ ճիգի:
Ճամբան կտրէի՞ ու դիմէի՞ իրեն: Հիասթափութիւնս զարմանքիս հետ կը մրցէր՝ յաղթական հանելով հետաքրքրութիւնս: Կեցայ ու ետեւէն նայեցայ, մինչ ինք ամենայն հանդարտութեամբ ճամբան կը շարունակէր: Ձեռքը կաշիէ խոշոր թղթապանակ մը կար: Դրա՞մ բերած էր զուիցերական դրամատան մէջ պառկեցնելու: Ցրուիչի իր խնայողութի՞ւն ները, թէ՞ իր միւս՝ ինծի անյայտ մնացած կեանքին մէջ շահածը:
Բնականաբար վերջին այդ դէպքը դրացիներէս ոչ մէկուն յայտնի ըրի: Անոնց համար անցեալը գոյութիւն չունի: Ցրուիչ ես այսօր՝ գլուխնուս վրայ: Ցրուիչ չես այլեւս՝ երթաս բարով, բայց քեզ մտաբերելու յոգնութիւնը խնայէ՛ մեզի հաճիս:
Սակայն այն որ մեզի անցեալ կը թուի՝ իրականին մէջ անցնիլ չ’ուզեր եւ ջրասոյզ չ’ըլլար:
Օր մը վար կ’իջնեմ ու վարի մեր դրացուհիս կը տեսնեմ երկու ոստիկաններու հետ աշխոյժ զրոյցի մը բռնուած: Կինը ամէն բանէ տեղեակ, ամէն անցած-դարձածի մէջ միջամուխ եւ ամենէն կարեւորը՝ կարգ ու կանոնի կամաւոր ու անձնուէր պահապաններու տեսակէն է: Ոստիկաններուն կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդելու վրայ էր՝ ձեռքին լայն շարժումներով, իբրեւ տեղուանքն ու միջավայրը լաւ ճանչցող մէկը:
Գալ հասնիլս տեսնելով կինն ալ աւելի աշխուժացաւ եւ զիս ներկայացուց զրուցակիցներուն: Ոստիկանները իսկոյն պարզեցին խնդիրը: Մեր շէնքին ետեւի առանձնատուներէն մին հաւանաբար ոճիրի մը բեմահարթակը դարձած էր, եւ իրենք երկու վկայի պէտք ու նէին հոն օրինապէս ներս մտնելու համար:
Մտովի հրաժեշտ տուի զիս սպասող ընթրիքին ու յօժարեցայ ընկերանալ իրենց: Պիտի կարենայի՞ ուտել արիւնով ծածկուած գետինները տեսնելէս ետք:
Իսկոյն գացինք: Ոստիկանները մեզի թելադրեցին դուրսը մնալ եւ ներս մտնելու իրենց արտօնութեան սպասել: Մինչ իրենք զէնքերնին զոյգ ձեռքերով առջեւնին բռնած ու կտրուկ կերպով աջ ու ձախ դառնալով՝ տունէն ներս սողոսկեցան, կարծես ամերիկեան ոստիկանական շարժապատկեր մը կենդանացնելով մեր առջեւ:
Ու քիչ ետք ներս մտնելու ձայն տուին մեզի: Տունը մութ էր եւ տակն ու վրայ՝ հապճեպ ու վայրագ փնտռտուքէ մը ետք: Պահարաններուն ու դարակներուն չորս դին անոնց ցիրուցան պարունակութեան վրայէն կը քալէինք: Ես ալ դիտմա՛մբ թուղթերուն վրայ կը կոխէի՝ արիւնի լճակի մը մէջ ոտքս չդնելու համար:
Քիչ անդին՝ սենեակի մը անկիւնը կծկտած մարմին մը նշմարելով՝ շունչս բռնեցի դիակի հոտէն չգանելու համար: Սակայն իսկոյն մարմինին ոտքը շարժեցաւ: Զոհը փրցուած վարագոյրին մէջ փաթթուած էր՝ աթոռի մը կապկպուելէ ետք ու այդ վիճակով կողքին վրայ տապալած, հաւանաբար ինք զինք ազատելու ապարդիւն ճիգով:
Հոն է որ դրացուհիս բերանը բացաւ ու սկսաւ ներկայ բարքերն անիծել՝ ներկաներս համոզելով, որ նման վայրագութեան մը ականատես չէ եղած ծնած օրէն ի վեր, ոչ ալ լսած է վերջին յիսուն-վաթսուն տարուան մէջ: Ու մինչ ինք դառն իր մենախօսութիւնը կը շարունակէր՝ ոստիկանները զոհը կապանքներէն ազատելու կ’աշխատէին:
Վերջապէս մարդը ոտքի կ’ելլէր վրան-գլուխը շտկռտելով: Ու սենեակէն հեռանալու կտրուկ շարժում մը կատարեց իսկոյն, զոր ոստիկաններն արգիլեցին վճռապէս:
Մեր առաջուան ցրուիչն էր:
Գրպանէն ինքնութեան թուղթը հանելով անխօս՝ ոստիկաններուն ցոյց տուաւ ու թելադրեց որ համոզուին, թէ նոյն իր անունը տան մուտքի տախտակին վրայ կը կարդացուի, այսինքն որ տան տէրը ինքն է:
Մեր առաջուան ցրուի՜չը:
Ըսածը ստուգելէ ետք ոստիկանները մի քանի արձանագրութիւններ հանեցին՝ ինծի ու դրացիիս ստորագրել տալու համար: Այդ միջոցին ես աչքս չէի կտրեր ցրուիչէն: Մարդը ոչ զիս ճանչնալու, ոչ ալ ծանօթութիւնը ուրանալու որեւէ նշան ցոյց տուաւ։
Ձեւականութիւններն ամբողջացնելէ ետք ոստիկանները ըսին մեզի, որ իրենց հետ մէկ տեղ հեռանանք: Մուտքի դուռին հասնելով ուզեցի տախտակին վրայի անունը կարդալ, սակայն ոստիկաններէն մին շարժումս նշմարելով՝ կռնակով աչքէս ծածկեց տախտակը ու տեղը մնաց սպասելով որ դէպի պարտէզին դուռը քալեմ:
Ոստիկաններէն բաժնուելնէս ետք դիմեցի դրացուհիիս.
— Ճանչցա՞ք մեր ցրուիչը:
— Ո՞ր մէկ ցրուիչը:
— Ինչպէ՞ս չճանչցաք: Քանի՜ քանի՜ անգամ ձեր պարտէզէն ծիլ ու տունկ բաժին հանած էիք իրեն:
— Աս մարդը առաջին անգա՛մ կը տեսնեմ, գուխը երերցուց կինը ու յանկարծ աչքերուս շեշտակի նայելով հարցուց.
— Դուք չէի՞ք նախկին մեր ցրուիչը հեռատեսիլէն ելոյթ ունենալ տեսնողը: Շատո՞նց է որ զինք ամէն տեղ տեսնել կը հաւատաք:
Ոչի՛նչ պատասխանեցի: Սակայն հետեւեալ իսկ առտու գործէս առաջ փութացի դէպի մեր շէնքին ետին ինկած այդ առանձնատունն ու պարտէզը կտրելով դուռին առջեւ կեցայ:
Անունը կրող տախտակին տեղ գամի չորս ծակ կը նայէին ինծի: