Օրուան յոգնութիւնը անխնամ փաթթած
թեւիս տակ ամուր սեղմած,
բազում փոխադրամիջոցներ
մտնել
ելլել
մտնել
ելլել
եւ վերջապէս
մեծ մայրաքաղաքին մէկ արուարձանէն
լսարանը կը հասնիմ
ամէնէն ետեւը
ապահով մէկ անկիւնը
կը տեղաւորուիմ
կարենալու
թաքուն թաքուն
մանրակրկիտ զննել
առեղծուածային դասախօսը …
այս պատկերը
շա՜տ շատոնց էր
երբ տակաւին
նոր նոր ճամբայ ելած էի
եւ իրեն բարեւ տալու
կը տատամսէի`
տա՞մ
թէ չտամ
տա՞մ
թէ չտամ…
իսկ եթէ
իր հետը խօսելու
համարձակութիւնը ունենայի
անկասկած
երկրորդ դէմք
յոգնակիո՛վ կը խօսէի …
իրեն նման
ե՛ս ալ
նո՛յն քաղաքէն
եկած հասած էի
այս մայրաքաղաքը մեծ …
հոն` այն փողոցը
ուր պորտս նետած էին
ոլոր մոլոր կը սողար
եւ կը հասնէր
իր սեմերուն …
թերեւս
թաղակից ըլլալն էր պատճառը
որ օր մը
քաջութիւնը ունեցայ
համարձակ բարեւելու զինք
ապա ուրիշ օր մը
ժպիտո՛վ բարեւելու
վայելելով
բարեւիս փոխադարձող
կծու ժպիտը իր …
բարեւ մը տալով
բարեւ մըն ալ ստանալով
անշուշտ չյագեցայ …
ուստի օր մը
հինգերորդ յարկի
իր պատշգամի
ծաղիկներուն բուրմունքին մէջ կանգնած
քաջութիւնը ունեցայ
արտօնութիւնը խնդրել`
այլեւս իրեն
երկրորդ դէմք
եզակիո՛վ դիմել …
հարի՛ւր տոկոս վստահ
իր ծաղիկներուն բուրմունքին մէջ երջանիկ
դրական պատասխանին կը սպասէի
երբ յանկարծ
հարուածը
իջաւ գլխուս…
այ անխե՛լք աղջիկ
դուն ո՞վ
հովեր առած
կտոր մը փայտով
մտեր ես ծով …
պիտի ճգնիս
քրտնիս ու տառապիս
կերտես
ստեղծես
որ հասնիս հոն`
եզակիին…
տարիները գլորեցան
եւ վերջապէս օր մը,
շա՛տ կ’ուզես կոր
ա՛ռ`
ըսաւ …
կանգնած էի անշարժ …
լեզուս
իր փակ գաւիթին մէջ
կը գալարուէր …
ինչպէ՞ս արձակէի
լեզուիս տակէն
անունը եւ եզակին
միասին …
տեսա՞ր որ դժուար է`
շարունակեց …
ի՜նչ դժուար,
անկարելի՛…
կորսուած մեր աշխարհին
փրկուած ծիները
իր մէջ ապաստան գտած
բանաստե՛ղծն է ան
ի՛մ
եւ քո՛ւ,
մեր երկուքին`
սփիւռքին …
մեծ մայրաքաղաքին
մէկ արուարձանը նստած
բառերս կը ստկեմ
եւ կ’ուղղեմ եզակիով
երրո՛րդ դէմքին`
բանաստեղծին…
ան`
բանաստեղծը
երրորդ դէմք եզակին
նուազագոյնիս մէջ նոյնիսկ
կը գտնէ քար մը
կը դնէ մատը վէրքին վրայ
մինչ ես
իր մատին ծանրութեան տակէն
սուր հայեացքին ընդմէջէն
կը լսեմ `
աս աղջիկը հայերէն
ե՞րբ պիտի սորվի …
աս աղջիկը`
ԾԵ. Տարի, 2016 թիւ 1-2