Կարելի է ըսել, թէ ընդհանուր դժգոհութիւն կայ Սփիւռքի գրականութեան մասին:
Կան շատեր, որոնք ընդունելով հանդերձ մեր անհատ գրողներու նուաճումներն ու յաջողութիւնները, գոհ չեն երբեք մեր գրականութեան ընդհանուր վիճակէն:
Անշուշտ ունինք շնորհալի եւ տաղանդաւոր գրողներ, մէկէ աւելի: Սակայն, չենք կրնար մատնանշել գրական գործ մը, որ թուական բանար: Այսօր ապրող սերունդը, որ հին փորձառութիւնը չունի, կը մտածէ միշտ Զօհրապներու եւ Բաշալեաններու մասին եւ կը փնտռէ անոնց գործերուն առաջ բերած ցնցումները, կամ կը մտածէ Մեծարենցի մը, Սիամանթոյի կամ Վարուժանի հատորներուն մասին եւ մտաւորականութեան անվերապահ գնահատութեան, նոյնիսկ հիացումին վրայ:
Իսկ երէկուան նոր սերունդը, որ արդէն միջին սերունդ դարձած է այսօր, քիչ անգամ կ’անդրադառնայ հին գրողներուն եւ անոնց ապրած շրջանին տիրող մթնոլորտին, եւ կը փնտռէ զգայացունց նոր գործեր, որոնք յեղաշրջէին մեր գրականութիւնը։
Ան, անդրադառնալով օտար, ֆրանսական եւ անգլեւամերիկեան գրական գործերուն, կը պահանջէ իրաւամբ, որ հայ գրագէտներն ալ ատոնց հաւասար գործեր տան մեր ժողովուրդին : Չէ՞ որ տաղանդը մենաշնորհ չէ որեւէ ժողովուրդի:
Բարերար է այս դժգոհութիւնը, որովհետեւ ամբողջական գոհունակութիւն մը, խաղաղ ու անդորր, հոգեկան ու իմացական լիճեր պիտի կազմէր, առանց փոթորիկի: Մինչ ալիքն ու ալեկոծութիւնը անհրաժեշտ են, անդունդներու կարգին բարձունքներ ալ ճանչնալու, ունենալու համար:
Այսօր, առհասարակ, գլուխ-գործոցներ կը փնտռենք եւ չունինք: Անշուշտ, ունինք գործեր, որոնք ուշադրութիւն կը գրաւեն, սակայն, չունինք գործ մը, որ համազգային ուշադրութեան, հետաքրքրութեան առարկայ դառնար, գործ մը՝ որ անպատճառ ունենալ ուզէինք, փնտռէինք եւ չգտնէինք, կամ դժուարութեամբ ձեռք բերէինք:
Ատեն մը մեծ ուշադրութիւն գրաւեց Շահան Շահնուրի գործը, «Նահանջը առանց երգի», բայց շրջանի մը միայն կը պատկանէր ան, եւ հեղինակին յաջորդ գործերը չբացին նոր հորիզոններ: Համաստեղի գիւղական կեանքէն քաղուած պատմուածքները, կորսուած կեանքի մը բաբախուն ու հարազատ պատկերացումով, ուշադրութեան առարկայ եղան: Երկար ատեն՝ «Գիւղը» եւ «Անձրեւ»ը պահեցին իրենց հմայքը, քաղքենի դարձած մեր ժողովուրդին համար, որ կը յիշէ միշտ հայ կորսուած գիւղերուն քաղցրութիւնները: Սակայն, իր յաջորդական գործերը յաւելեալ հմայք մը չբերին, հակառակ անոր որ «Սպիտակ ձիաւոր»ի Ա. հատորին մէջ մասնաւորաբար, ստորագրեց ան էջեր, ուր հայ կեանքը կը յորդի եւ ուր իր պատկերալից ոճը կը հասնի իր լրումին: Համաստեղ մնաց հայ գիւղին արուեստագէտ պատկերացնողը:
Ուրիշներ, Վահէ Հայկ, Բ. Նուրիկեան եւայլն, նոյն աշխարհէն, յաջողութիւններ արձանագրեցին եւ ուշագրաւ դարձան լեզուի, կեանքի եւ պատկերներու կենդանութեամբ, սակայն չբացին նոր թուականներ:
… չունինք գործ մը, որ համազգային ուշադրութեան,
հետաքրքրութեան առարկայ դառնար, գործ մը՝ որ
անպատճառ ունենալ ուզէինք, փնտռէինք եւ չգտնէինք,
կամ դժուարութեամբ ձեռք բերէինք:
Հակառակ այս բոլորին, սակայն, Թլկատինցին, Զարդարեանը եւ Հրանդը – Կիւրճեանը -, պահեցին իրենց անունն ու հմայքը, չնայելով որ անոնց գործերուն մէջ չեն պակսիր գորշ էջեր:
Օշական, իր կարգին, գիւղէն տուած իր պատկերներով եւ յետոյ, մանաւանդ իր «Մնացորդաց»ով, ընդգրկեց հայ կեանքը, լայն գիծերով, իր տագնապներով ու վիշտերով, հոգեկան խորունկ զգացումներով ու վերլուծումներով, սակայն իր լեզուական դժուարութիւններուն պատճառով քիչերու հեղինակը դարձաւ: Անտեսուեցաւ «Մնացորդաց»ը, եւ փնտռուեցան միայն գիւղական պատկերները, իրենց ընտանութեան, պարզութեան եւ պսպղուն գոյներուն համար։ Մինչդեռ «Մնացորդաց»ը սահմանուած էր ըլլալու գլուխ-գործոց մը, եթէ ամբողջանար եւ զիջուէին կարգ մը խորհրդածական էջեր, թէեւ շատ արժէքաւոր իրենք իրենց մէջ:
Կ. Զարեան իր գրութիւններով, պսպղուն ոճով ոստումներ փորձեց եւ յաճախ զարմացուց իր ընթերցողները: Սակայն, մինչեւ իսկ իր գլխաւոր գործովը՝ «Նաւը լերան վրայ», չյաջողեցաւ հայ ժողովուրդին փնտռած հեղինակը դառնալ:
Կան անշուշտ ուրիշներ ալ, ինչպէս Վիգէն Գլակ, որուն կարգ մը պատմուածքները գեղարուեստական արժէքի հասան. Յ. Մնձուրի, որ դարձեալ հայ գիւղը եւ խոնարհ մարդիկը տուաւ, իր միամիտ ու հաճելի պատմումներով, ձմեռ գիշերներու յատուկ:
Արամ Հայկազ, իր պատերազմի ու պայքարի յուշերով, գրականութեան սահմաններէն ներս մտաւ ու պատուաւոր տեղ գրաւեց, որովհետեւ իր յուշերուն մէջ գիտցաւ ոչ միայն իր, այլեւ իր ժողովուրդին վիշտն ու պայքարը պատկերացնել պարզ ու հաստատ գիծերով, արցունք ու ծիծաղ իրար խառնելով յաճախ: Իր յուշերուն մէջ թէ առանձին պատմուածքներու ընթացքին, իր ներկայացուցած դէմքերը մասնաւոր հմայք մը կ՚աւելցնեն իր գրականութեան վրայ, որ պիտի փնտռուի միշտ:
Կարելի է նոր անուններ յիշել դեռ, ինչպէս Շ. Նարդունին՝ իր հեքիաթներով, Զարդարեանը ՝ իր պատմուածքներով, Նշան Պէշիկթաշլեանը իր երգիծական դէմքերով, Կ. Փօլատեանը իր «Կը հրաժարիմ Հայութենէն» գիրքով, Կ. Մեհեանը, Եդ. Պօյաճեանը, եւ այլն: Կարելի չէ բոլոր անունները յիշել, չմեղադրուելու համար «կողմնակալութեամբ» սակայն, կարելի է ըսել, որ եթէ ոչ տրուած կեանքով ու կառոյցով, գոնէ լեզուով ու ոճով, Սփիւռքի գրականութիւնը նուաճումներ արձանագրած է, երէկուան հետ բաղդատելով: Ամայութեան մէջ չէ քերթողութիւնը, ոչ ալ աղքատ, սակայն քանի մը անուններ միայն կան, որոնք փորձած են հայ ժողովուրդի սիրտը գտնել եւ անոր բաբախումները տալ, ինչպէս Մ. Իշխան, Ա. Ծառուկեան, Վահէ-Վահեան, Բ. Թօփալեան, Ս. Սահակեան, Քաջարենց, եւ այլն, որոնք սակայն իրենց առաջին գործերուն կը պարտին իրենց անունն ու հմայք։
Ուսումնասիրական եւ քննադատական հատորները, Օշականէն սկսած մինչեւ Կ. Սասունի, Հայր Ճանաշեան եւ մանաւանդ Մ. Թէօլէօլեան, պատկերացուցած են եղածը միայն, առանց փորձելու նոր ակօսներ բանալու ստեղծագործ աշխատանքի, որ պիտի գայ ապահովաբար վաղը, խորացնելով Օշականի բացած ճամբան: Այդ ուղղութեամբ գնահատելի են Սնապեանի եւ Շահինեանի քայլերը: Մեր ներկայ գրական սերունդը, որ խառն է հիներով եւ նորերով, մեր գրականութեան դանդաղումը, չըսելու համար տեղքայլը կը բացատրէ տիրող ընդհանուր կացութեամբ.- ցրուած հայութիւն, հայրենիքի հեռաւորութիւն, անստոյգ ապագայ եւ այս բոլորին կարգին քննադատութեան պակասը:
Կրնանք ըսել թէ այս բոլորը դեր ունին մեր գրականութեան զարգացման մէջ, սակայն, չըսենք աւելորդ, բայց անգոհացուցիչ բացատրութիւն մըն է, որ կը տրուի, որովհետեւ եթէ հայրենիքը հեռու է, կայ անոր կարօտը, խոր զգացումը հայրենիքի, որ մշտավառ կանթեղի մը նման կախուած է հայ հոգիներուն մէջ: Վարուժան եւ Մեծարենց նման հայրենիք չունէին, ինչ որ մենք ունինք:
Ցրուած է հայ ժողովուրդը, բայց կայ վերջապէս հայ ժողովուրդը, իր վիշտով, բաղձանքներով, տաղանդով ու ոստումներով, որոնք հարուստ ատաղձ են գրականութեան համար: Անստուգութիւնը մեզի յատուկ չէ միայն, այլ կարելի է ըսել բոլոր ժողովուրդներուն: Ո՞վ կրնայ վստահութիւն ունենալ վաղուան վրայ:
Քննադատութեա՞ն պակասը: Այո, զօրաւոր ազդակ մըն է քննադատութիւնը, եթէ միայն գիրքերու վրայ չհակի ան ու նոր հորիզոններ բանալ գիտնայ:
Գրականութիւն ու քննադատութիւն ստեղծելու համար, պիտի գիտնանք մթնոլորտ ստեղծել: Եւ յետոյ, երբ քննադատութեան մասին կը խօսինք, կը թուի թէ սխալ կը հասկնանք, շփոթելով զայն գրադատութեան հետ: Քննադատութիւնը դատումի եւ արուեստի բխում մըն է, ինչպէս վէպը կամ քերթուածը, ուր դատումէն աւելի տիրականը զգացումն է: Սխալ դասաւորում մը ըրած ենք, քննադատութիւնը հեռացնելով բուն գրականութեան սահմաններէն. մինչ գրականութիւններուն գրականութիւնն է ան:
Քննադատութիւնը մեր մէջ, քիչ անգամ եղած է իր դերին մէջ, որ ստեղծագործական դեր մըն է: Կա՞յ տարբերութիւն Ա. Յարութիւնեանի դիմաստուերներուն եւ քերթուածներուն միջեւ, կամ քննադատ Օշականի եւ վիպագիր Օշականի միջեւ, որոնք իրարու հետ մրցակցութեան մէջ են:
Սխալ դասաւորում մը ըրած ենք, քննադատութիւնը
հեռացնելով բուն գրականութեան սահմաններէն.
մինչ գրականութիւններուն գրականութիւնն է ան:
Նոյն պատկերը կայ միջազգային կեանքին մէջ: Ո՞վ աւելի հետաքրքրական է, Պալզա՞ք մը թէ Սէնթ Պէօվ մը կամ Րէմի տէ Կուրմօն մը, նկատի ունենալով այս վերջիներուն քննադատական գործերը: Անտրէ Մօրուա, տեսակցութեան մը ընթացքին, կը պնդէր թէ նոյնքան արժէքաւոր ու յաւերժական են Սէնթ Պէօվի դէմքերը, որքան Պալզաքի գծած դէմքերը: Անշուշտ, մէկուն մէջ դատողութիւնը տիրական է, միւսին մէջ աւելի կեանքը, սակայն երկուքն ալ, հաւասարապէս արուեստի եւ ստեղծագործական շունչով կ’ապրին: Դէմքի մը պատկերացումն ու վերլուծումը նուա՞զ նշանակութիւն ունին, քան «Քուզին Պէթ» մը ստեղծումը:
Կրնանք ճիշդ նկատել այն կարծիքը՝ թէ երկուքն ալ զոյգ կ’ընթանան. գրական որեւէ սեռ,- վէպ, բանաստեղծութիւն թէ քննադատութիւն – արժէքի կը հասնի գրողին տաղանդին դրոշմով, ստեղծագործ շունչով, արուեստի ըմբռնումով, թերեւս այն միակ տարբերութեամբ, այն որ քննադատութեան մէջ կրնան «փուշ»եր ըլլալ, որոնք կը վիրաւորեն ոչ միայն հեղինակները, այլ եւ նոյնիսկ ընթերցողները:
Ունինք Մեծարենցներ, Սիամանթօներ, Վարուժաններ ու Զօհրապներ եւ կ՚ունենանք ատոնց արժանավայել քննադատական գրականութիւն, որուն խորքով կը կազմուին գրական արժէքաւոր ստեղծագործութիւնները:
Մեր մէջ, դժբախտաբար, կը կարծուի թէ քննադատութիւնը կրնայ գրականութիւն ստեղծել: Այո, կրնայ նոր հորիզոններ բանալ, սակայն չի կրնար ներշնչումի եւ արուեստի տարրեր տալ գրողին կամ ժողովուրդին:
Այսօր հարուստ են մեր գրականութեան բոլոր ճիւղերը: Իրական քննադատ ունենալու համար պիտի փնտռենք նոյնքան իրական, անվիճելի գրագէտ ու բանաստեղծ: Եւ արդէն քննադատութիւնը եկած է գրախօսին հետ, որ քանի մը գիծ միայն կրնայ տալ գրքէ մը, եթէ բարեխիղճ է:
… կը կարծուի թէ քննադատութիւնը կրնայ
գրականութիւն ստեղծել: Այո, կրնայ նոր հորիզոններ
բանալ, սակայն չի կրնար ներշնչումի եւ արուեստի
տարրեր տալ գրողին կամ ժողովուրդին:
Հայ գրականութեան զարգացման պայմանները՝ նոյնն են ինչ որ բոլոր միւս ժողովուրդներուն համար: Հայ գրողը պիտի տայ իր շրջապատը, իր ժողովուրդը՝ իր առօրեայ կեանքին մէջէն, անոր յաւերժական բաղձանքները արձանագրելով եւ պիտի տայ հաւատքով ու տառապանքով: Քննադատը կը բաժնէ հայ գրողին ճակատագիրը: Հետեւաբար, կը մնայ որ հայ ժողովուրդը բառնայ իր սիրտն ու միտքը՝ հայ գրականութիւնը փնտռելու համար, գրական հետաքրքրութիւն ու մթնոլորտ ստեղծելով:
Հայ գրականութեան զարգացման պայմանները՝
նոյնն են ինչ որ բոլոր միւս ժողովուրդներուն համար:
Հայ գրողը պիտի տայ իր շրջապատը, իր ժողովուրդը՝
իր առօրեայ կեանքին մէջէն, անոր յաւերժական
բաղձանքները արձանագրելով…
Այս ստեղծումին մէջ, գրողները, բոլորը, կոչուած են իրենց դերը կատարելու: Ամէն սերունդ իր մտահոգութիւնները, բաղձանքները եւ զանոնք լուծելու միջոցները ունի:
Ապրող սերունդը ի՞նչ կը մտածէ այս մասին:
Տժգոյն են մեր օրերը, եւ հոգեկան ու իմացական արժէքները չունին անցեալի փայլուն հրապոյրը: Պիտի գիտնա՞նք ստեղծել զանոնք. կը հաւատամ, եթէ հայ գրողները ձեռք տան հայ ժողովուրդին եւ մշակոյթի բարձունքները առաջնորդեն զայն: