ՀԱՐՑՈՒՄ. Քաղաքականութիւնը, իբրեւ եղելութիւն ու նաեւ մեր քաղաքակրթութեան մէկ երեսը, ո՞ր չափով կը հետաքրքրէ ձեզ: Դուք գրագէտը պատասխանատու կը նկատէ՞ք աշխարհի քաղաքական արդի կացութեան համար: 
ՊԱՏԱՍԽԱՆ - Քաղաքականութիւնը զիս կը հետաքրքրէ իբրեւ «եղելութիւն», բայց ո՛չ՝ իբրեւ Կարդալ աւելին
Կարելի է ըսել, թէ ընդհանուր դժգոհութիւն կայ Սփիւռքի գրականութեան մասին: 
    Կան շատեր, որոնք ընդունելով հանդերձ մեր անհատ գրողներու նուաճումներն ու յաջողութիւնները, գոհ չեն երբեք մեր գրականութեան ընդհանուր վիճակէն: 
    Անշուշտ ունինք շնորհալի եւ տաղանդաւոր գրողներ, մէկէ աւելի: Սակայն, չենք կրնար մատնանշել գրական գործ մը, որ թուական բանար: Այսօր ապրող սերունդը, որ հին փորձառութիւնը չունի, Կարդալ աւելին