Հալածուածները

Զարեհ Որբունի,
Հալածուածները

Լոյս տեսաւ ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի (Էօքսիւզեան, 1902-1980) վիպային գործերու եռահատոր քննական հրատարակութեան առաջին հատորը «Յովհաննիսեան» ինստիտուտի կողմէ, Երեւան, 2021ին։ Հատորին մէջ զետեղուած են հեղինակին Հալածուածները վիպաշարի առաջին երեք` Փորձը (Փարիզ,1929), Թեկնածուն (Պէյրութ,1967) եւ Ասֆալթը (Պոլիս, 1972) վէպերը։ Փորձը վերատպուած էր Որբունիի երեւանեան հատորին մէջ (1966), բայց Թեկնածուն եւ Ասֆալթը երկրորդ անգամ չէին հրատարակուած։ Հատորին մէջ տեղ գտած է Որբունիի վիպագրութեան նուիրուած Մարկ Նշանեանի «Գրականութիւնը որպէս «սրբագրութիւն»» հետազօտութիւնը։ Հրատարակութիւնը հիմնուած է վէպերուն առաջին հրատարակութիւններուն, պահպանուած բնագրերու եւ բնագրային արժէք ունեցող ֆրանսերէն թարգմանութիւններու միջեւ առկայ բնագրագիտական տարբերութիւնները նշող ծանօթագրութիւններով։ Գիրքը պատրաստուած է Գրիգոր Պըլտեանի, Մարկ Նշանեանի եւ «Յովհաննիսեան» ինստիտուտի հետազօտող Սիրանոյշ Դւոյեանի գործակցութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ: