Երբ ուշադիր ակնարկ մը նետենք վերջին տաս-տասնհինգ տարիներու հայ նորահաս սերունդի մտաւոր զարգացման վրայ, ուշագրաւ երեւոյթ մը, բնորոշիչ եւ տարօրինակ միեւնոյն ժամանակ, մեզ խորհրդածութեան կը մղէ, այս պահուս, երբ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք քանի մը նորահաս գրողներ իրենց խոստմնալից առաջին քայլերուն մէջ։
Քիչ է անոնց թիւը։ Արդէն գրականութեան եւ արուեստի նուիրեալները իրենց քանակովը չէ որ կշիռ կը ստանան հոծ զանգուածներու բաղդատմամբ։ Սակայն այդ քիչը Սփիւռքահայ կեանքին մէջ զգալի է մանաւանդ այն պատճառով որ ցրուած կեանք մը վիճակուած է հայութեան։ Փոքրաթիւ խմբաւորում մը, նորահաս գրողներու, գրական շարժումի մը մղիչ ուժը կրնայ հանդիսանալ։
Եթէ համախմբումը, մեր պայմաններու բերումով անկարելի է, գոնէ Մերձաւոր Արեւելքի հայաշատ կեդրոններուն մէջ կարելի է յուսալ նոր սերունդի շարքերէն առաջացած երիտասարդ գրողներու խմբաւորում մը, որ նոր ժամանակներու հոգեկան խռովքը արտայայտէր եւ ստեղծէր գրական մթնոլորտ մը, ջերմ ու ծաղկուն։
Դէպի հայ գրականութիւնը խուժող երիտասարդութիւն մը շատ յաճախ դիմաւորած ենք անցած կէս դարու ընթացքին։ Սակայն վերջին երկու տասնեակ տարիներուն գրական եւ մտաւորական կեանքի նուիրուողներու թիւը պակսած է, հակառակ այն իրողութեան որ միջնակարգ կրթութիւնը եւ համալսարանական մասնագիտութիւնը տասնապատիկ յաւելում մը կ՚արձանագրեն այսօր։
Այս արտակարգ երեւոյթը լուրջ քննութեան մը կը կարօտի։
Երեսուն տարի առաջ մէկ միջնակարգ ունէր Պէյրութի հոծ գաղութը, այն ալ նորահաստատ Հայ Ճեմարանն էր։ Վերջին տասնհինգ տարիներուն այս գաղութը 7-8 միջնակարգ հայ վարժարաններ ունեցաւ։
Հայ միջնակարգ վարժարաններէն երիտասարդներու հոծ բազմութիւն մը աւելցած է հայ համայնքին վրայ։ Անոնց մեծ մասն ալ կրցած է համալսարանական կրթութիւն ստանալ, սակայն այդ թիւի համեմատութեամբ հայ գրողներու եւ միաւորականներու զանգուածի մը գոյութիւնը զգալի չէ։ Իրապէս այդ պատրաստուած զանգուածը գոյութիւն ունի, բայց մտաւորական եւ գրական ստեղծագործութիւններէն եւ ապրումներէն հրաժարած կը թուի։ Որով, կեանքի կրկէսին մէջ նետուած այդ հաւաքականութիւնը կը գործէ ու կ՚ապրի, առանց մտաւորական եւ գրական անուն ունենալու։ Քիչերուն վիճակուած է այդ մթնոլորտէն դուրս գալ եւ անվարձք թռիչք մը կատարել դէպի գրական երջանկութիւնը, որ հայ կեանքին մէջ ուրիշ նշանակութիւն մը չունի, եթէ ոչ անհատին հոգեկան բաւարարութիւնը։
Տխուր այս պատկերին միւս երեսը յոյսէն աւելի՝ լաւատեսութեան կը տանի մեզ։
Մեր ուշադրութիւնը երբ դպրոցական պատանիներուն կը դարձնենք, ոգեւորիչ երեւոյթ մը մեզ կը դնէ պտղաբեր այգիներու առջեւ։ Եւ իրօ՛ք, հայ պատանեկութիւնը խանդավառ նորածիլ սերունդ մըն է մեր բազմաթիւ նախակրթարաններուն եւ մանաւանդ միջնակարգ վարժարաններուն մէջ։ Կ՚ապրի հայ գրականութեամբ եւ ազգային ոգիով։ Հպարտ է հայ անուանի գրագէտներով եւ կայծկլտուն աչքերով վաղուան հորիզոնը կը չափէ՝ գրագէտներուն կրտսերագոյնը ըլլալու համար։ Այս ներքին ապրումի ամենէն փայլուն ապացոյցը աշակերտական այն թերթերն են, որոնք վերջին տասը տարիներու ուշագրաւ իրողութիւնը կը կազմեն։
Անցած հարիւր տարիներու ընթացքին հայկական ոչ մէկ միջավայրի մէջ այսքան աշակերտական (միջնակարգ) թերթեր լոյս տեսած են։ Այսօր միայն Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնեն ՏԱՍՆ ԵՒ ՄԷԿ պարբերաթերթեր։ Ասոնցմէ ամենէն հինը Հայ Ճեմարանի Ջահակիրն է, որ մօտ 22 տարուան կեանք ունի։ Յիշենք Գլաձորը (Անթիլիասի Դպրեվանք), Ծիլեր (Հալէպ, Քարէն Եփփէի Ճեմարան), Վերելք (Մխիթարեան վարժարան), Հորիզոն (Յովակիմեան վարժարան), Նաւասարդ (Հայկազեան Գոլէճ), Կանթեղ, Նուիրում, Սիփան, Հունձք, Խաչբուռ, եւ Ճրագ թերթերը։
Այս պարբերականները կանոնաւորաբար լոյս կը տեսնեն տարիներէ ի վեր։ Անոնցմէ ոմանք մէկ-երկու տասնամեակի կեանք ունին։ Այս երեւոյթը կրկնակի պահանջի մը արդիւնքն է։ Եթէ առաջին պատճառը դաստիարակչական մտահոգութենէն կը բխի, վերէն՝ ուսուցչական կազմէն թելադրուած, երկրորդ պատճառը ստուգապէս կրնանք ըսել թէ պատանի աշակերտութեան մը հոգեկան խանդավառութենէն կը պոռթկայ, գրականութեան այգիէն ներս ցատկելու, պտղաբերումի անհուն բաղձանքով։ Պատանի սերունդի այս խանդավառ ձգտումին շնորհիւ է որ այդ պարբերականները տեւաբար լոյս կը տեսնեն։ Խմբագրական կազմերը երկու-երեք տարիներու կեանք ունին միայն։ Ասոնք կ՚անցնին ընթացիկ աշխարհին, բայց անոնց կը յաջորդեն նոր խմբակներ, նոր ոգեւորութեամբ, միշտ թարմ ծաղիկ մը կամ կանաչ տերեւ մը ոռոգելու պատանեկան գրական ածուին մէջ։
Անցած հարիւր տարիներու ընթացքին հայկական ոչ մէկ
միջավայրի մէջ այսքան աշակերտական (միջնակարգ) թերթեր
լոյս տեսած են։ Այսօր միայն Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնեն
ՏԱՍՆ ԵՒ ՄԷԿ պարբերաթերթեր։
Զարմանալին, ու նաեւ մտահոգիչը սակայն, այն իրողութիւնն է, որ ընթացիկ աշխարհին անցած պատանիներն ու երիտասարդները, բացի քանի մը բացառիկներէն, լռութեան մշուշին մէջ կը կորսուին անծպտուն։ Ո՞ւր կը մաշի անոնց պատանեկան խանդավառութիւնը. ի՞նչ զօրաւոր պատճառներ կան, դուրսը, կեանքին մէջ, որոնք հոգեկան, գրական եւ մտաւորական կրակը կը մարեն ու մոխիր կը ցանեն ժամանակակից սերունդին վրայ։
Ահա հարցեր, դուք ըսէք՝ պատկերներ ու հակապատկերներ, որոնք լուսաբանութեան կը կարօտին։
Պատասխանները վերեւի հարցադրութեան շատերու համար պարզ են, բայց վերջին խօսքը չեն։
Աթոմական այս դարուն նորահաս երիտասարդութիւնը մասնագիտութեան կը ձգտի։ Ու մասնագէտը գոնէ համալսարանական կրթութիւն մը ստացած ըլլալու է։ Ապա, համալսարան մտնելու համար… պագալորիան անցնելը անհրաժեշտութիւն մըն է։ Կամաց կամաց կը հասնին միջնակարգ վարժարանի վերջին երկու դասարաններուն, ուր պատանին կը թեւակոխէ երիտասարդական առաջին տարիները։ Ու այդ փոխանցման տարիներուն փոթորիկի կը բռնուի։ Պագալորիայի մղձաւանջը կը սկսի։ Հայ գրականութեան եռանդը, ակամայ, կը կոտորակուի, կը նահանջէ։ Պագալորիան ստացողը նոր վազքի մը մէջ է, այլեւս գլուխ քերելու ժամանակ չունի։ Անյաջողութեան մատնուած աշակերտը մէկ երկու տարի կը կորսնցնէ՝ ճամբայ մը գտնելու։ Փոխանցման այս երկու-երեք տարիներուն գրական եւ մտաւորական յատկութիւնները ծալլուած՝ մէկ կողմ դրուած են, լաւագոյն օրերուն սպասելով։
Սպասուած օրերը միշտ կ՚ուշանան։ Մասնագէտներն ու համալսարանականները խուռներամ բազմութիւն կը դառնան։ Բայց այս բազմութիւնը զուրկ է գրական եւ մտաւորական գործօն կեանքէն։
Ո՞ւր կը մաշի անոնց պատանեկան խանդավառութիւնը.
ի՞նչ զօրաւոր պատճառներ կան, դուրսը, կեանքին մէջ,
որոնք հոգեկան, գրական եւ մտաւորական կրակը
կը մարեն ու մոխիր կը ցանեն ժամանակակից սերունդին վրայ։
Ներկայ աշխարհը ամբողջովին բռնուած է մասնագիտութեան բաղձանքէն։ Կեանքի յառաջդիմութեան անհրաժեշտութիւններէն բխած հրամայական պահանջն է որ ներգրաւած է նորահաս սերունդը։ Ներկայ դարու իրողութիւնն է որ կը հաստատենք։
Սակայն, կազմակերպուած աշխարհի եւ ցիրուցան հայութեան միջեւ մեծ տարբերութիւն մը կայ։ Կազմակերպուած աշխարհի մասնագէտները գիտական, գրական, մտաւորական եւ ուսումնասիրական ստեղծագործական աշխատանքներու նուիրուելու հնարաւորութիւն եւ միջավայր ունին, որով նիւթականին հետ՝ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը ստանան։ Մինչդեռ հայ մասնագէտը միայն նիւթական բաւարարութիւն մը ունի։ Շատերը ատոնցմէ կրնան ինքնաբաւութեամբ գոհանալ։ Սակայն առանց ստեղծագործ արժէքի՝ հոգեկան պարապը պիտի տեւէ՛, ու ձանձրոյթն է որ այդ պարապը պիտի լեցնէ։
Գրական յատկութեամբ օժտուածներու թիւը միշտ սահմանափակ եղած է։ Ազգէ ազգ անշուշտ տարբերութիւններ կան, սակայն ընտրեալներու կամ ընդունակներու քանակը համրանքի ենթակայ է։
Փոքրագոյն տոկոսը որ գրականութեան պիտի նուիրուի մեծ ու կազմակերպուած ազգի մը ծոցին մէջ, ինքնին մեծ քանակ մըն է։ Ու այսօր, հակառակ մասնագիտական վազքին, գրական եւ մտաւորական կեանքը ճոխութեամբ կը թաւալի անհաշիւ հրատարակութիւններով։
Մենք, Հայերս, այս արշաւին մէջ կարծես թէ մեր ուղին կորսնցուցած ենք։
Հայութեան հիմնական յատկանիշներէն մէկը եղած է իր հոգեկան ուժը, որ արտայայտուած է գրականութեամբ, արուեստներով, ճարտարապետութեամբ եւ տոկուն հաւատքով։
Արդ, Հայ Նոր Սերունդին համար գրականութիւնն ու մտաւորական գործունէութիւնը հոգեկան ազատ ասպարէզ մըն են։ Այդպէս եղած է անցեալին մէջ, այդպէս պէտք է ըլլայ մանաւանդ այս ժամանակաշրջանին, երբ հայ մարդը իր սովորական կեանքէն զատ՝ հոգեղէն ուժի պէտք ունի,- համաշխարհային յորձանուտներուն մէջ շնչահեղձ չըլլալու համար։
Ազգապահպանման պարտադիր գիտակցութիւնը չէ որ զիս կը մղէ սթափման այս քանի մը խօսքերը ուղղելու նոր սերունդին, այլ գրականութեան ատակ մարդու ներքին անսահման բաւարարութեան թելադրանքն է որ կ՚ընեմ։ Գրական ստեղծագործութիւնը հոգեկան երջանկութիւն մըն է, իսկ գրականութիւնը անհրաժեշտ սնունդ մըն է ընթերցող հասարակութեան համար։ Անհատական եւ հաւաքական ապրումի հոգեկան այս հարստութիւնը վատնելու չենք մոլոր ու շուարուն ճամբաներու վրայ։
… այսօր, հակառակ մասնագիտական վազքին,
գրական եւ մտաւորական կեանքը ճոխութեամբ
կը թաւալի անհաշիւ հրատարակութիւններով։
Մենք, Հայերս, այս արշաւին մէջ կարծես
թէ մեր ուղին կորսնցուցած ենք։
Քառորդ դարէ ի վեր ուշադրութեամբ հետեւած եմ նորահաս սերունդի ծաղկումին եւ քայլերուն։ Երբեմն ուրախութիւնն ունեցած եմ ցեղային հանճարի կայծերը նշմարել օտար ափերուն վրայ նետուած հայ պատանիներուն մէջ։ Հոգեկան ապրումի արտայայտութիւնները, ծաղկուն պատանիներուն, շատ յաճախ զիս համոզած են թէ անոնք իրենց արիւնին մէջ կը կրեն բաբախումը մեր դարաւոր մշակոյթին եւ թէ հայ տաղանդի ժառանգական աւիշն ունին։
Բայց առօրեայ պայմանները, գրական խանդավառ մթնոլորտի մը եւ մշակութային ապրումներով առլցուն միջավայրի մը պակասը ընդունակութիւնները կը խամրեցնեն։ Մանաւանդ երբ միջավայրը գերազանցապէս նիւթական շահերու, շահաբեր մասնագիտութիւններու, ճոխ կեանքի մը ետեւէն վազելու մրցադաշտ մը դարձած է, բոլորովին գրաւող մթնոլորտ մը, ամէնօրեայ հակազդեցութիւններով։
Գրականութեան եւ արուեստի սիրահար որքա՜ն պատանիներ արեւահար եղած են այս հեւքոտ միջավայրերուն մէջ։ Հաշիւը չկայ։ Ըսենք նաեւ հաշուակալն ալ չկայ։
Տասը տարի առաջ տաղանդաւոր պատանիները, այսօր ճարպիկ մասնագէտներ են, արդէն տասը տարիներու երիտասարդութիւն մը մաշեցուցած։ Բացառիկները միայն շարունակեցին ուխտեալը մնալ «Տիրոջ Այգի»ին։
Անտաղանդ շատերը միշտ թուղթ մրոտեցին, հայ գրականութիւնը մաշած քուրջի վերածելու համար։
Քննութեան առնուած այս բոլոր պարագաները նկատի ունենալով, նորէն յոյսով կը վերադառնամ խանդավառ պատանեկութեան, կ՚ապաւինիմ անոր թարմ երակին։ Այդ պատանիներէն պիտի առաջանայ գրականութեան եւ արուեստի դրօշակիր սերունդը։ Իրենցմէ տասը տարիով հեռացած երիտասարդութիւնը ուրիշ աստուծոյ կը ծառայէ։
Բացառիկները թերեւս օր մը վերադարձ մը կատարեն, բայց անոնք յառաջապահը չեն կրնար ըլլալ։ Անոնք կարաւանի քովէն պիտի քալեն առանց դրօշակի։
Նորահաս պատանեկութիւնն է որ կրնայ գալիք գրական սերունդին պատմական ճակատագիր մը տալ, պայմանաւ սակայն որ շարունակէ գրականութեան եւ արուեստին բացուիլ միջնակարգ վարժարանները աւարտելէն ետքն ալ, առանց ընդհատումի։
Փոխանցման տարիներն են 16-20 տարեկան հասակը։ Մտահոգութեան տարիներ են միջնակարգ վարժարանի վերջին դասարանը եւ անոր յաջորդող տարիները։ Եթէ տաղանդ եւ ընդունակութիւն ունեցող տղաներն ու աղջիկները շարունակեն այն գրական եւ մտաւորական աշխատանքները, որ կը կատարեն տասնմէկ աշակերտական թերթերը խմբագրելով, անկասկած անոնք այլեւս պիտի չհրաժարին գրական-հոգեկան ապրումներէն, եւ մեծ բաւարարութեամբ պիտի շարունակեն ստեղծագործել համաձայն իրենց ներքին դրդումներուն։
Նորահաս պատանեկութիւնն է որ կրնայ գալիք
գրական սերունդին պատմական ճակատագիր մը տալ,
պայմանաւ սակայն որ շարունակէ գրականութեան
եւ արուեստին բացուիլ միջնակարգ վարժարանները
աւարտելէն ետքն ալ, առանց ընդհատումի։
Մտքի եւ գրչի տեւական վարժութիւնը հոգեկան պահանջ դառնալէն ետք, գրական եւ մտաւորական սերունդը ինքնին պատրաստ է։
Նոր եկող ամէն սերունդ ինքը կը կերտէ իր պատմական ճակատագիրը։
Հայ միջնակարգ վարժարանները գերազանցապէս այս նպատակին պիտի ձգտին։
Քառուղիները լայն բացուած՝ կը սպասեն անոնց որ պիտի գան հայ գրական անդաստանը ծաղկեցնելու։