Երբ ուշադիր ակնարկ մը նետենք վերջին տաս-տասնհինգ տարիներու հայ նորահաս սերունդի մտաւոր զարգացման վրայ, ուշագրաւ երեւոյթ մը, բնորոշիչ եւ տարօրինակ միեւնոյն ժամանակ, մեզ խորհրդածութեան կը մղէ, այս պահուս, երբ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք քանի մը նորահաս գրողներ իրենց խոստմնալից առաջին քայլերուն մէջ։
Քիչ է անոնց թիւը։ Արդէն գրականութեան եւ արուեստի նուիրեալները իրենց քանակովը չէ որ կշիռ կը ստանան հոծ զանգուածներու
Կարդալ աւելին