Ձախէն աջ՝ Կարօ Սասունի, Մուշեղ Իշխան եւ Պօղոս Սնապեան

«ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»Ի ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Ազատութեան յորձանքին հետ «Ազատամարտ»ը հայկական լեռներէն փոխադրուեցաւ Պոլիս։
    Սահմանադրութեան շրջանը, որ անակնկալ երեւոյթ մը եղաւ 1908 յուլիսին, սուլթանական երեսուն տարիներու բռնակալութեան օրերէն ետքը, գետնատարած եւ ստրկացած ժողովուրդը ոտքի կը հանէր ազատութեան խանդավառութեամբ: Ոչ մէկ տեղ թերեւս այնքան քաղցր չէ հնչած ազատութիւն բառը, որքան արձագանգ գտաւ ան, Կարմիր Սուլթանի տիրապետութեան տակ տուայտող ամբողջ երկրամասին մէջ:
    Որքան բուռն ու արիւնոտ եղած էր բռնակալութեսւն լուծը, նոյնքան խանդավառ եղաւ ազատութեան պոռթկումը: 
    Ազատութեան շղթայազերծումը տարերային բնոյթ մը ստացաւ մէկ քանի օրուան ընթացքին, ու բազմութիւնները առանց դասակարգի խտրութեան բեմ նետուեցան իրենց ազատութիւնը պոռալու աշխարհին, անդենական աշխարհէն վերադարձողի մը, անյուսալի մահէ մը յետոյ յարութիւն առած մարդու հրճուանքով, բեմերը ողողուեցան ազատութիւն, արդարութիւն եւ եղբայրութիւն քարոզող նշանաբաններով։ 
    Բեմի վրայ էին թուրքը, հայը, յոյնը, արաբը, մակեդոնացին, եղբայրացած ազատութեան գինովութեամբ: Բեմերու վրայ կ՚երեւէին զինուորականը, հայ յեղափոխականը, կրօնական մոլեռանդութեան ներկայացուցիչ շէյխերն ու մոլլաները, գրագէտն ու մտաւորականը, բանտերէն եւ շղթաներէն ազատուածները, որոնք սահմանադրութեան այս իրականութիւնը շնորհող առաջամարտիկներն էին եւ կը յարգուէին բոլորէն: Նոյն խանդավառութեամբ բնութեան գիրկը նետուած էին գիւղացիները, բանուորները ու արհեստաւորները, նոր կեանքի մը խանդավառութիւնը ապրելու համար: 
    Այս ընդհանուր խանդավառութիւնը հին արիւնոտ բարքերու դուռը փակած էր: Իսկ նոր կեանքը անսովոր ալիքով կ՚ընթանար ու ամէն մարդ նոր աշխարհ եկածի պէս, անսովոր կեանք մը կ՚ապրէր։ 
    Գինովութեան շրջան մըն էր, որ ամիսներ տեւեց։ Փակ բերանները բացուած էին, կաշկանդուած լեզուները կը շարժէին եւ ունկնդիր բազմութիւնները խելայեղ ուրախութեամբ կը լսէին ազատութեան խօսքը։ 
    Սահմանադրութեան այս ազատութիւնը տեղահան կ՚ընէր շատերը մէկ տեղէն միւսը փոխադրուելու, աւելի լայն հորիզոններու մէջ նետուելու, կարծես իրենց միջավայրը բանտ մը ըլլար ու այդ բանտէն ազատուիլը շնորհ մը կ՚ըլլար բոլորին, որոնք տասնեակ տարիներով չէին համարձակած իրենց տեղէն շարժելու։ 
    Տեղաշարժի այս հոսանքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէին պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք հեռաւոր նահանգներէն կը խուժէին դէպի Պոլիս, մայրաքաղաքը  ազատութեան ու նաեւ մտաւորական շարժման։
    Ուշագրաւ էր հայկական նահանգներէն դէպի Պոլիս տեղաշարժող հայ պատանիներու հւ երիտասարդներու խուռներամ բազմութիւնը, որ Պոլիս կը հասնէր ուսում ստանալու եւ եւրոպական շունչին հետ հաղորդուելու: Այդ երիտասարդներու երազանքը իրականութիւն կը դառնար եւ անոնք առանց կշռելու պայմանները կը նետուէին դէպի Պոլիս, լայն հորիզոնի մը վրայ իրենց հասակը կոթողելու համար։ Միջոցներ ունէին թէ ոչ, ոեւէ մէկը հաշուի չէր առներ։ Ու ահա, Վանէն, էրզրումէն, Տարօնէն, Տիգրանակերտէն ու Սեբաստիայէն, Խարբերդէն եւ Կիլիկիայէն բազմութիւն մը նոր սերունդի ափ կ՚առնէր Պոլիս։ 
    Այս պատանիները ու երիտասարդները կը մտնէին Պոլիս, իրենց տարազներով ու բարքերով: Երազանքը ունէին ու երկրի բոյրը կը բերէին իրենց հետ։ Բեմերը դեռ կը շարունակէին խանդավառ ճառերը, ու հասարակական կեանքը ամէնօրեայ վերիվայրումի ենթակայ էր, միշտ ազատութեան ծաւալուն շարժումներով։ 

Ազատամարտ

    Հեռաւոր նահանգներէ եկած պատանիներն ու երիտասարդները առաջին իսկ օրերէն կր դիմէին դէպի Կեդրոնական կամ Պէրպէրեան վարժարանը, ուրիշները կը մտնէին իրաւաբանական եւ բժշկական համալսարանները։ Բարձրագոյն կրթութեան անհուն ծարաւն էր, որ թարմ սերունդի այս բազմութիւնը կը նետէր միջազգային այդ կեդրոնը։ Հայկական գաւառներէն տարօրինակ հոսանք մը զգացումներու եւ բարքերու կը բերէր իր հետ, Պոլսոյ հայ կեանքը գունաւորելու աստիճան: 
    Սասնոյ բարձունքներէն գլորած ժայռի կտորի մը պէս ես ալ կը նետուէի հեղեղատին մէջ ու հազիւ թէ սահմանադրական առաջին ամիսը բոլորած, ինքզինքս կը գտնէի Պոլսոյ խաներուն մէջ ու լեռնական հովիւի մը գաւազանը կը պտտցնէի պատմական Բիւզանդիոնի պողոտաներուն վրայ: 
    Աշխարհը ոտքի տակ առնող այս երիտասարդներուն համար անկարելին անծանօթ էր, ու անոնք իրար կը գտնէին Պոլսոյ հին խաներուն մէջ, ուր ժամանակին իրենց հայրերն ու մեծ պապերը ղարիպներու բազմութիւնը կը կազմէին որպէս բեռնակիր։ 
    Նոր դաս մըն էր որ հասակը կը ցուցադրէր քաղքենի Պոլսոյ մէջ, հայկական նահանգներու նորահաս մտաւորականի տիպարով, բոլորովին հակապատկերը բեռնակիր ղարիպին: 
    Ու Կեդրոնական վարժարանի լայն սրահը հաւաքատեղին կը դառնար տարագիր այս նոր սերունդին, Կեդրոնականը վերածելով մտաւորական օճախի մը…
    Ես ալ այդ բազմութեան հետ կը մտնէի Կեդրոնական վարժարանի սրահը, ուր կը կազմուէր բացառիկ դասարան մը այս նորայայտ ու նորաձեւ ղարիպներուն համար։

 

* * *

 

Կեդրոնականի անկիւնէն աչքս կը բանայի Պոլսոյ հայոց մտաւորական ընտրանիին վրայ, ու հոդ առաջին օրերուն, մեր դիմացի ամպիոնին վրայ կը տեսնէինք վարժարանի տեսուչ Հինդլեանը, կոկիկ, բարի, անթերի մանկավարժ, ու մանաւանդ այս հասակաւոր նոր աշակերտները ըմբռնող ներթափանց հոգի մը։ Ֆրանսերէն դասերը ինքը ստանձնած էր եւ մեծ համբերութեամբ կ՚օժանդակէր գաւառներէն ժամանած այս տղոց, որպէսզի իրենց թերիները լրացնեն եւ շարունակեն ճամբան դէպի բարձրագոյն ուսում:
    Այդ դասարանին մէջ հաւաքուողներէն շատերը աւարտած էին Մշոյ Մուրատ-Մխիթարեանը կամ Վանի Կեդրոնականը, ոմանք Սանասարեանի վերջին դասարաններէն կամ Խարբերդի վարժարաններէն կու գային, ուրիշներ կային որ մէկ-երկու տարի ուսուցչութիւն ըրած էին Հայաստանի այս կամ այն նահանգին մէջ, ու հիմա լրջութեամբ խոնարհած էին գրասեղաններուն եւ հեւքով կը հետեւէին գիրենք հետաքրքրող դասերուն։ Անհաւասար կրթութեան տէր այս բազմութիւնը Հայաստանի շունչը բերած էր իր հետ եւ գերագոյն ճիգ մը կ՚ընէր երկար ճանապարհը կտրել անցնելու, որքան կարելի էր կատարեալ, որքան կարելի էր շուտ։
    Կեդրոնական վարժարանի ուսուցչական կագմը եւ վերին դասարաններու աշակերտները կը պատկառէին այս դասարանէն։
    Դասարանական առաջին շաբաթն անցած էր, երթ տեսուչը յայտարարեց թէ հայերէն լեզուի եւ շարադրութեան դասախօսը, Մելքոն Կիւրճեան, յաջորդ օրը իր դասախօսութեան պիտի սկսի: Ոմանք գիտէին թէ նոր եկող ուսուցիչը՝ Հրանդ, գրական անունով յայտնի մտաւորական մըն է, ոմանք բացարձակ անտեղեակութեամբ կը դիմաւորէին հայերէնի ուսուցիչը:
    Ու յաջորդ օր Հրանդ հեւքով կը մտնէր դասարան եւ առանց բեմը գրաւելու, կը դառնար դասարանին.
    – Դո՛ւք, Հայաստանի տղա՛ք, բարով էք եկեր մեր այս մայրաքաղաքը, ես Արարատի ձիւնի մէկ շերտը եւ Մշոյ դաշտի Մեղրագետի մէկ կաթիլ ջուրը այս քաղաքին հետ չեմ փոխեր… Դուք Հայաստանը բերած էք ձեր հետ, Վասպուրականն ու Տարօնը կը շնչեմ հոս, ու դուք հին ղարիպներո զաւակնե՛ր. դուք Ս. Մեսրոպի թոռներն էք, լոյսը առնելով այս կեդրոնէն ու տարածելու գայն Հայաստանի խաւարակուռ անկիւնները…
    Հայաշունչ դաս մը եղաւ մեր առաջին հանդիպումը, բայց մեզմէ շատերը արդէն զարմացած էին Հրանդի աոաջին մուտքին, հաստատելով թէ նոր ուսուցիչը առաջին օրերուն խաներու այցելող այն հայն էր, որ ամենէն առաջ հետաքրքրուած էր գաւառներէն հասնող այս պատանիներով: Աոաջին օրէն Հրանդը եւ այս դասարանը իրար ձուլուած ամբողջութիւն մը եղան:
    Հրանդ մեծամարմին եւ թիկնեղ հայաստանցի մըն էր, տարիքը առած, բայց աշխոյժ դասախօս մը, որ հայրական բարեացակամութհան հետ, Հայաստանի շունչով կը շէնցնէր այս ղարիպ տղոց սիրտը։ Անմիջական ու հարազատ էր իր խօսքը, բնորոշումը, կամ վերլուծումը։ Ու աշակերտները եռանդով գործի լծուած էին, կարծես մէկ տարիէն հնգամեակ մը գրաւելու. համար։
    Հրանդ, սահմանադրութեան խանդավառ տարիներուն, բարեկամը ու ընկերը եղաւ հայաստանցի ուսանողներուն, ուսուցչի եւ հովանաւորի ինքնանուէր իր պարտականութեանց ընթացքին։ 
    Երր Հրանդ որպէս պատուիրակ մեկնեցաւ էջմիածին կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակցելու, իր դասերը ստանձնեց Ինտրան, խորհրդաւոր մեհեանի մը վերածելով մեր դասարանը։ Միսթիք այս գրագէտը երբ ամպիոնը կր գրաւէր, հոգեշունչ մթնոլորտ մը կը ստեղծուէր դասարանին մէջ, ու անոր պուտտայական դէմքէն քրիստոնէական միւռոնը կը կաթէր։
    Հրանդի անմիջականութիւնն ու հարազատութիւնը չունէր Ինտրան, բայց հայերէն, լեզուի այլազանութիւնը ճշգրիտ իմաստով գործածելու եւ ամէն բառին եւ նախադասութեան բնորոշիչ իմաստաւորութիւն մը տալու կատարելութիւնն ունէր իր վերլուծումներու ընթացքին։ Թափանցում եւ վերլուծում էր անոր դասը, ու այդ պահերուն, հասարակ բառերն ու պարզ նախադասութիւնները իմացական գունաւորում կը ստանային, կամ հակառակ պարագային, կը մերկանային իրենց շքեղութիւններէն եւ իրենց թերոււթիւններով ակնբախ կը դառնային։
    Նոյն բծախնդիր վերլուծումը կը տեսնէինք մանաւանդ շարադրութեան դասերուն ընթացքին: Մէկ կամ երկու աշակերտ կը հրաւիրուէին կարդալու իրենց շարադրութիւնները, որոնք իր ուշադրութիւնը գրաւած էին։ Ինտրայի դիտողութիւններն ու գնահատանքները, ամբողջ դասարանը սրբագրելու եւ նոր ճիգի մղելու բնոյթը կը ստանային: 
    Շատ գգայուն էր, երր խօսք կ՚ըլլար Ներաշխարհի մասին։ Ինտրայի այդ թոյլ կողմը գիտէին աշակերտները եւ չէին կրնար դիմանալ չարաճճիութիւն մը ընելու իրենց բաղձանքին։ Օր մը աշակերտներէն մէկը խնդրեց Ինտրայէն որ խօսի իր գրած գիրքի մասին, ու զիս մատնանշելով՝
    – Այր գրքի մասին անընդհատ կը խօսի մեր այս դասընկերը, կ՚ուզենք աւելին լսել ձեզմէ։ 
    Ակնյայտնի հետաքրքրութեամբ աչքերը յառեց իմ վրաս.
    – Ի՞նչ, դուն կարդացա՞ծ ես Ներաշխարհը… Ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ո՞ր գաւառէն ես:
    – Սասունցի եմ, բայց ձեր գիրքը կարդացած եմ հրատարակուած տարին, Տիգրանակերտ եղած միջոցիս։
    – Ուրեմն մինչեւ այդ տեղուանքը գացած է Ներաշխարհը, ես կը կարծէի թէ այդ գիրքը փակուած կը մնայ Պոլսոյ գրախանութներուն մէջ: Տարի ու կէս անցած է հրատարակութեան թուականէս, ու միայն 35 օրինակ ծախուած է… 
    Ինտրան լռեց պահ մը։ Աղօթքէն սփոփուած մարդու մը հրճուանքը կար անոր մթաստուեր աչքերուն մէջ : 
    – Ներաշխարհը թողունք ներաշխարհ ունեցողներու հետաքրքրութեան, ու մեր սովորական դասը շարունակենք…
    Լռելեայն մտերմութիւն մը կը զգայի մեր դասախօսի զարմանքներուն եւ նայուածքին մէջ: Այդ օրէն ետք, շատ յաճախ շարադրութիւնս կարդացի դասարանին մէջ , ու լսեցի Ինտրայի դիտողութիւններն ու թափանցող խօսքերը։ 
    «Նոճեստանէն» ներշնչուած միսթիքը սիրուած էր դասարանէն ու դասապահը կ՚անցընէր խորհրդաւոր լռութհամբ, կարծես պատարագի մը ներկայ եղած ըլլային բոլորն ալ։ Մինչ Հրանդի դասերը Հայաստանաշունչ էին, ու աշակերտները խանդավառաւթեամբ կը մասնակցէին անոր զեղումներուն, դասի սահմաններէն դուրս ելած։

* * *

Չեմ կրնար չյիշատակել Կուրտիկեանը, թուրքերէնի դասախօսը, որ միեւնոյն ժամանակ թուրք յայտնի գրագէտներու ուսուցիչը եղած էր եւ ամբողջ թուրք մտաւորականութեան համար անոր մէկ խօսքը լեզուական անվերաքննելի պատգամ մըն էր։ Քրմական լրջութիւն մը ունէր եւ անոր լեզուական բծախնդիր խստութիւնը կարգապահութեան կարօտ այս դասարանին հաճելի կը թուէր, մանաւանդ տարիքով մեծերուն, որոնք աճապարանքի մէջ էին բան մը աւելի սորվելու։   
    Կոպիտ սխալները շտկած վայրկեաններուն, թուրքերէնի հետ գրաբար հայերէնի նախադասութիւն մը կ՚ընդելուզէր, ժպիտի շոգ մը աչքերուն ինչ որ կը նշանակէր թէ դասարանն ալ կրնայ փոքրիկ ծիծաղ մը ունենալ, պարզապէս անոր համար որ Կուրտիկեանէն հազուադէպօրէն հայերէն բառ մը լսուած էր դասարանին մէջ: Պարսկերէնի, արաբերէնի եւ թուրքերէնի լեզուագէտ մեր դասախօսը հմուտ էր գրաբար հայերէնին եւ սիրուած ու յարգուած դէմք մըն էր Հայ ազգային եւ մտաւորական շրջանակին մէջ։


* * *


Կեդրոնականի մեր նշանաւոր դասարանը, որ տարեվերջին, 1909ին պիտի ցրուէր զանազան համալսարաններ, դասերէն դուրս, անհանդարտ ապրումներ կը դրսեւորէր:    
    Երբ ուսանողներս կը հաւաքուէինք վերին ամփիթատրոնին մէջ, դպրոցական սովորական խնդիրները կը մոռնայինք, եւ ճառերը իրարու կը յաջորդէին։ Վանէն եկած երիտասարդները առաջին գծի վրայ կու գային, ափ ի բերան թողնելով պոլսեցի ուսանողները, որոնք ալ վարժուած էին հրապարակային ճառեր լսելու, բայց ճառելու կարողութիւնը չունէին։ Միայն Յ. Ճ. Սիրունին, որ այդ տարին պիտի աւարտէր Կեդրոնականը եւ արդէն բանաստեղծութեան փոքրիկ հատոր մը լոյս ընծայած էր, ղեկավարի իր դերէն չէր հրաժարեր եւ երբեմն ալ մրցման կ՚ելլէր գաւառներէն եկող  ճառախօսներուն հետ, սակայն առանց հռետորական շնորհիւ: 
    Մեր դասարանի հետաքրքրական ձեռնարկներէն մէկը եղաւ խմորատիպ երկշաբաթաթերթի մը հրատարակութիւնը։ Անունը դրինք «Զարթօնք»: Այդ օրերու եռուն կեանքը բնորոշող բառ մըն էր Զարթօնքը այս երիտասարդներուն համար։ Խմորատիպ թերթ հանելու մասնագէտները վանեցիներն էին: Վանի մէջ արդէն գաղտնի հրատարակութիւններ ընելու վարժուած էին։ Անոնք Այգեստանի մէջ լոյս ընծայած էին «Նոր սերունդ» ամսաթերթը եւ այդ անունով կը կոչուէին նոր սերնդականներ։
    «Զարթօնք»ի խմբագրական կազմին կը մասնակցէին Գուրգէն Մխիթարեան, Մանուկ Ասլանեան, Լեւոն Մոզեան, Արտաշէս Ֆէրահեան եւ տողերս գրողը։ «Զարթօնք»ի միայն վեց թիւեր լոյս աշխարհ եկան։ Ու ամէն թիւ որ լոյս կը տեսնէր, իրարանցում մը կ՚առաջացնէր դպրոցին մէջ։ Մեզմէ գոհ էին միայն հայերէնի ուսուցիչները։ Գոհ էր նաեւ բարեհամբոյր տնօրէնը՝ Հինդլեանը, որ սակայն քանի մը անգամ խմբագրական մարմինը սաստեց, անիշխանական մեր արտայայտութիւնները մատնանշելով։ Բայց այդ օրերուն հայկական նահանգներէն եկող երիտասարդները խրատներ մտիկ ընելու տրամադրութիւն չունէին։ Բռնապետութեան երկաթեայ կաշկանդումներէն ձերբազատուելէ յետոյ, ազատութեան ըմբռնումը սահման չունէր իրենց համար : Տարին հազիւ լրացած, այս արտակարգ դասարանի տղոց մեծ մասը կ՚արձանագրուէր զանազան համալսարաններու դասընթացքներուն եւ աղմըկալից ուսանողական կեանքի հորիզոններէն կը հետեւէին Պոլսոյ մտաւորական կեանքին։ 


* * *


1909ին լոյս կր տեսնէր «Ազատամարտ» օրաթերթը Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրապետութեամբ: 
    Գրագէտներու եւ մտաւորականներու փաղանգ մը կը բոլորուէր նոր խօսք բերող այս թերթին շուրջ: «Ազսւտամարտ»ի շռնդալից երեւումով ազատութեան իսկական բանբերը բեմ կու գար եւ հրապարակագրական կեանքը կը յեղաշրջէր արմատապէս: «Ազատամարտ»ի խմբագրական կազմին կը մասնակցէին Յ. Շահրիկեան, Ռ. Դարբինեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Գեղամ Բարսեղեան, Համբարձումեան, Սիրունի։ Թերթին կ՚աշխատակցէին Արտաշէս Յարութիւնեան, Զապէլ Եսայեան, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Յակոբ Քիւֆէճեան, Վռամեան, Ակնունի, Զաւարեան, Գ. Խաժակ, որոնք արդէն Պոլիս կը գտնուէին եւ ամէնօրեայ ժամադրավայր ունէին «Ազատամարտ»ի խմբագրատունը: 
    Ռուսական բանտերէն եւ հալածանքներէն ազատուող մտաւորականները շունչ կ՚առնէին Պոլիս։ Ա. Ահարոնեան, Ա. Իսահակեան, Վ. Մինախորեան, Արամ Մանուկեան… եւ այլ բազմաթիւ գործիչներ ու մտաւորականներ պիտի երեւնային Պոլսոյ բեմերուն վրայ, համահայկական մթնոլորտ մը ստեղծելով ու խանդավառելով բազմութիւնները, որոնք յագեցած չէին նորաշունչ ճառերէն։ Հայկական նահանգներէն եւ ներքին գաւառներէն Պոլիս խուժող երիտասարդութիւնը այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ բարձրախօսի դերը կը կատարէր: 
    «Ազատամարտ»ի լոյս տեսած օրերուն, Ռոստոմի, Զաւարեանի եւ Ռ. Դարբինեանի նախաձեռնութեամբ կը կազմուէր Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութիւնը: Կեդրոնական վարժարանը փոխանցման կայան մըն էր 1908ին: Այժմ երիտասարդութիւնը արդէն արձանագրուած էր համալսարաններու դասընթացքներուն, ու հոն կը փոխադրէր իր խանդավառութիւնը, ազատութեան գաղափարը աւելի լայն շրջանակի մէջ տարածելու համար։ 
    Գիտութեան եւ զարգացման այդ կայաններէն, աւելի գիտակից ու աւելի կշռադատող, մեր հայեացքը կը դարձնէինք դէպի հայ եւ թուրք մտաւորական աշխարհը։ Ու առաջին օրերէն, իրաւաբանական համալսարանի բեմին վրայ մեր դիմացը կը գտնենք Գրիգոր Զօհրապը որպէս պատժական օրէնքի եւ փիլիսոփայութեան դասախօս, համալսարանի ամբողջ ուսանողութիւնը առինքնող։ 
    Գրագէտ Զօհրապէն տարբեր անձնաւորութիւն մը կը տեսնենք բեմին վրայ։ Գիտուն, իր ստանձնած նիւթին հմուտ ու բազմակողմանի զարգացման տէր դասախօսն էր որ յաղթական արշաւի մը կը վերածէր իր դասախօսութեան պահերը: Հռետոր էր ու տիրական բեմին վրայ: Այդպէս էր նաեւ Օսմանեան փառլամենտի բեմէն, ուր ամենէն շատ ուշադրութեամբ կ՚ունկնդրուէր անուանի հայ երեսփոխանը։ Շաբաթը երեք պահ ունէր պատժական օրէնքի այս դասախօսը։ Այդ պահերուն միւս դասարանները գրեթէ կը դատարկուէին եւ ուսանողութիւնը կը խուժէր մեր դասարանր ուր հազիւ եօթը հարիւր հոգիի տեղ կար, ու ահա անցքերը եւ պատուհանները խճողուած էին ուսանողներով, որոնք իրենց միւս դասերը լքած՝ Զօհրապը կ՚ուզէին լսել։ 
    Մենք հպարտ էինք Զօհրապով, ու բնաւ չհիասթափուեցանք անկէ։ Ամէն տեղ, գրական, հասարակական եւ քաղաքական իր ելոյթներու ընթացքին Զօհրապ փայլեցաւ իր սրամտութիւններով, իմաստութեամբ եւ պատրաստաբանութեամբ, միշտ ինքնայատուկ, եւ միշտ նորութեամբ գունաւոր: 
    Համալսարանէն դուրս ուսանողութեան կեդրոնատեղին «Ազատամարտ»ի վարի սրահն էր։ Խուռներամ բազմութեամբ մենք հոն էինք ու մեզի կու գային միանալ նաեւ միջնակարգ վարժարաններու երկսեռ աշակերտները: Դասախօսութիւն, վէճ ու վիճաբանութիւն իրարու կը յաջորդէին, աղմկալից ելոյթներով: Վերի յարկերը խռովքի կը մատնուէին: «Ազաաամարտ»ի խմբագրական սենեակները, աւելի վերը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի խորհրդաւոր գրասենեակը ուսանողներու այս խռովիչ ուժականութենէն երբեմն կը նեղուէին: Ու ահա վար կ՚իջնէր Պանք Օթոմանի Հրաչը, հւ սաստ մը կ՚ուղղէր մեզի.
    – Եթէ այս անկանոն ընթացքը շարունակէք, ակումբը ուսանողներէն պիտի առնենք եւ առանձին մարմինի մը պիտի յանձնենք:
    Առանց պատասխանի սպասելու վեր կ՚ելլէր: ահ մը լռութիւն։ Ու մենք կը վերսկսէինք վիճաբանութիւները, աւելի կրքոտ, աւելի բարձրաղաղակ։ Ու ահա Զաւարեանի շուքը կը նշմարէինք աստիճաններուն գլուխը։ Սրահը խոր լռութեան կը մատնուէր: Յոյս ունէինք որ մեր բոլորիս պաշտելի առաքեալը կ՚անցնի կ՚երթայ։ Բայց այդպէս չեղաւ։ Մտաւ սրահ եւ տեղ գրաւեց մեր մէջ : 
    – Ինչի՞ շուրջ էք վիճում, ես էլ ուզում եմ մասնակցել ձեր քննած հարցերին… Իրարու երես կը նայինք բոլորս ալ շուարած։ Բազմաթիւ խնդիրներ մէկը միւսին խառնուած մեզ մեր հանդարտ հունէն հանած են։ Քանի մը կցկտուր խօսքեր ըրինք այն խնդիրներու շուրջ, որոնք տաք վիճաբանութեան դուռ բացած էին։ Զաւարեան ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ ետք, դարձաւ մեզի.
    – Ապա, չէ՞ք անդրադառնում թէ նման խնդիրների շուրջ գոռում գոչումներով չեն խօսում։ Դուք նորահաս սերունդն էք հւ մեր յոյսը ձեր վրայ է դրուած: Ով որ վեր է ելնում այս աստիճաններից, մեզ յայտնում է թէ վարը կռիւ եւ տուր ու տմբոց կայ: Վե՛րջ տուէք այդ բոլորին ու լծուեցէք աւելի լուրջ գործերի, մենք ձեզանից շատ բան ենք սպասում… 
     Գուրգուրանք ու սաստ կար Զաւարեանի խօսքին մէջ։ Մենք բոլորս գլխիկոր էինք։ 
     Մեկնած պահուն ըսաւ.
    – Կարծեմ խօսքս հասկանալի է բոլորիդ։ 
    Այդ միջադէպէն ետք, մեր ուսանողական սրահը հանդարտ շրջան մը բոլորեց։ Զաւարեանի բարոյական հեղինակութիւնը երիտասարդական ամէն ձեւի ըմբոստութիւն մեղմելու ուժն ունէր: 

    * * *

    Ժամանակի ընթացքին ճառախօսութիւնները կը նուազէին, ու լուրջ դասախօսութիւններու եւ ինքնազարգացման շրջան մը կը բացուէր։ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութիւնը ձեռնարկած Էր «Երկունք» ամսագրի հրատարակութեան: Մենք ուսանողներս, զարմանալի մեծամտութեամբ, ա՛լ չէինք հաւներ «Ազատամարտ»ը եւ ոչ ալ «Ազատամարտ Շաբաթաթերթ»ը։ Մեր խօսքը կ՚ուզէինք լսելի ընել։ Ու «Երկունք»ը կը դառնար Պոլսոյ, Եւրոպայի եւ Պէյրութի Ուսանողական Միութիւններու օրգանը։ Ու ժամադրավայրը անուանի գրողներուն։ Դ. Վարուժանը «Երկունք»ի էջերէն կր սկսէր իր «Հացին երգը»: Երիտասարդութեան այս բեմը քաշողական ուժ մը ունէր, հոն կ՚երեւէին Գեղամ Բարսեղեան, Վահրամ Թաթուլ, Ահարոն, ու ապա Սիամանթօ:  
    «Երկունք»ը տարածուն ամսաթերթ մըն էր եւ ունէր երկու հազար հինգ հարիւր բաժանորդներ, խանդավառ ուսանողներէ եւ միջնակարգ վարժարաններու աշակերտներէն բաղկացած: Կարծես թէ Կեդրոնականի մէջ լոյս ընծայուած «Զարթօնք» խմորատիպին շարունակութիւնն էր «Երկունք»ը, բայց աւելի հասուն եւ աւելի լայն հորիզոնով: Խմբագրական կազմի մէջ էին Գ. Մխիթարեան, Լ. Մոզեան, Հմայեակ Մանուկեան, Արտաշէս Վանարեան եւ տողերս գրողը: 
    Մեր ազատ դասախօսութիւններուն կը մասնակցէին Ռ. Դարբինեան, Լ. Նազարեանց, Գ. Խաժակ, Յ. Շահրիկեան որոնք ընկերաբանական, գիտական եւ տնտեսագիտական խնամուած վերլուծումներ կ՚ընէին եւ կը նպաստէին ուսանողներու ինքնազարգացման:
    Գրական ասուլիսի շարք մըն ալ կար Եսայեան վարժարանի սրահին մէջ: Յ. Ճ. Սիրունին եռանդուն կազմակերպիչն էր այդ դասախօսական շարքին։ Գրիգոր Զօհրապ, Ռ. Զարդարեան, Դ. Վարուժան, Շ. Միսաքեան, Գ. Խաժակ, Զ. Եսայեան եւ Սիպիլ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին գրական այս շարժումին։ 
    Ուսանողները ականջի ծայրով միայն մտիկ կ՚ընէին գրական այս ասուլիսները, հակառակ անոր որ մեծանուն հեղինակներն էին պատգամախօսները։ Երիտասարդութիւնը բռնկուն հետաքրքրութհամբ կը հետեւէր ընկերաբանական, իմաստասիրական շարժումին եւ խանդավառ էր ընկերվարական մտածողութեամբ: Գրականութիւնը, այդ օրերուն, պարզ ծաղկազարդում մը կը թուէր այս նորահասներուն աչքին։ Երիտասարդական տուրք, որ նոյնն է ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակաշրջանի:
    «Ազատամարտ»ի խմբագրատունը ամբողջական Հայաստան մըն էր։ Մտաւորական ընտրանին հոն էր Արեւելեան ու Արեւմտեան Հայաստանէն, գրագէտն ու ընկերաբանը, հռետորն ու քննադատը հոն կը մտնէին ազատ հայրենիքի սեմէն անցնելու պէս։ Հոն, վերի յարկի սենեակներուն մէջ կը խոկար Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն։ Զաւարեանի եւ Ռոստոմի բարոյական ծանրութիւնը կը հովանաւորէր մտքի ու գրչի այս հաստատութիւնը։ Ակնունին, Արմէն Գարոն, Հրաչ Թիրեաքեան, Վռամեան եւ ուրիշ պատասխանատու վարիչներ այդ առանձնութեան մէջ քաշուած կը մնային։ 
    Միջին յարկը գրաւած էր «Ազատամարտ»ի քրմապետ Ռ. Զարդարեան, բարեհաճ, բայց միշտ քրմական լրջութհամբ: Անոր գրական եւ հրապարակագրական հեղինակութիւնը տիրական էր, ու անոր գործածած լեզուն շքեղութեամբ կը փայլէր։ Պոլսոյ հին թերթերը գունատ շարունակութիւնն էին տխուր անցեալին: Խմբագրապետին գործակիցներն ու աշխատակիցները նոյնքան հեղինակաւոր դէմքեր էին եւ բծախնդիր՝ իմացական եւ լեզուական կատարելութեան եւ թերթին բարոյական նկարագրին:
    «Ազատամարտ»ի ճառագայթումը գրական եւ մտաւորական վերածնունդ մըն էր այնքան ատեն բռնութեան տակ կքած Հայութեան նոր կեանքին մէջ: 
    Հոն կը տողանցէին Սիամանթօ, Ա. Ահարոնեան, Ա. Իսահակեան, Ա. Յարութիւնեան, Խաժակ, Զ. Եսայեան, Դ. Վարուժան եւ այլ երիտասարդ գրողներ: Ահարոնեանը հայ գրականութեան թուխ Արամագդն էր, ինչպէս բնորոշած էր Զ. Եսայեան  Մասիսի այս զաւակը, երբ Մետեխի բանտէն կ՚ազատուէր ու օր մըն ալ կը յայտնուէր Պոլսոյ հորիզոնին վրայ: Երիտասարդութիւնը մտիկ կ՚ընէր Ահարոնեանը որպէս պատգամախօս, կենալով յարգելի հեռաւորութեան մը վրայ: 
    Սիամանթոն, արձանային գեղեցկութեամբ ու միեւնոյն ժամանակ արձանային անայլայլութեամբ կ՚անցնէր դէպի վերին յարկերը: Մեծապաշտ էր ու երիտասարդները կ՚անտեսէր։ Ողբերգական եւ հերոսական քարացած մտածում մը կար անոր ճակատին ու անժպիտ դէմքին վրայ: Ուղղակի կը մտնէր Զարդարեանի սենեակը, շռայլ գնահատանք մը ընելու անոր մէկ գեղեցիկ նախադասութեան առթիւ, կամ պոռթկալու այն արտայայտութիւններուն դէմ, որոնք լոյս տեսած էին դեղին մամուլին մէջ։ Ու առանց ժամանակ կորսնցնելու վերի խորհրդաւոր սենեակը կ՚ելլէր, ուր խոնարհ պատանի մը կը դառնար, եւ մեհենական աղօթողի մը կերպարանքը կը ստանար: Հոն էր Զաւարեան… ու Սիամանթոն կ՚ապրէր այն հին օրերը երբ հանդիպած էր Քրիստափորին եւ Զաւարեանին, ու անոնց շունչին տակ դարձած էր դիւցազուններուն անուանի դիւցազներգակը։ 
    Միւս գրագէտներն ու մտաւորականները վերի այցելութիւններէն ետք կ՚իջնէին ուսանողներու ժխորալից ակումբը: Ապագան էր որ կը բոցավառէր այդ սրահին մէջ, ու ակնյայտ էր թէ մտաւորականութեան այս ընտրանին, գորովալից աչք մը կը պահէր նոր սերունդի այս յորձանուտին վրայ: 
    Դ. Վարուժան, Ահարոն եւ Գ. Բարսեղեան միշտ ուսանողութեան հետն էին՝ պատանեկան խանդավառութեամբ: Մենք այս բանաստեղծները կը սիրէինք, բայց զանոնք ծեր կը նկատէինք, քանի որ անուանի գրագէտներ էին: Մինչդեռ հետագային պիտի հաստատէինք թէ անոնք միայն հինգ–տասը տարուան տարբերութիւն ունէին եռուն ուսանողներէն: Անոնք ու անոնցմէ մեծերը հաճոյքով կ՚ընկերանային ուսանողներու ջրվիժուն կեանքին, հայ նորազատ ապրումներուն հաղորդակից ըլլալու համար։ 

 
  * * *


Դասախօսութիւն ու թատրոն, վիճաբանական հանդիպումներ՝ հոսանքէ հոսանք, ու կուսակցական եւ բանուորական կազմակերպական աշխատանքներ՝ բաւարար չափով չէին սպառեր կենսունակութիւնը այս ուսանողութեան: Անոնք ամէն տեղ էին եւ բոլոր շարժումներուն մասնակից: 
    Աւելին, կիրակնօրեայ պտոյտներ կը սարքէինք դէպի Չամլճայի կամ Ֆրէնկի լերան բարձունքները։ Կերուխում, երգ ու պար, սէր ու սիրերգութիւն՝ աւանդական պատկերը կու տային Հայաստանի վանքերուն վրայ կատարուած ուխտագնացութեանց: Գաւառացի այս ուսանողները ձանձրացած եւրոպական պարերէն, հոգեւին Հայաստանը կը վերապրէին։ 
    Պանդուխտի սփոփանք, որուն յօժարակամ կը մասնակցէին պոլսեցի մեր ընկերներն ու ընկերուհիները։ 
    Դ. Վարուժան շատ յաճախ այս հաւաքականութեան հետն էր լեռնային պտոյտներու ընթացքին։ Հրանդ երբ լսէր եւ տեղը գիտնար այս խնճոյքներուն (որոնք համեստ էին, ուսանողական քսակի համեստութեամբ) , ճարը կը գտնէր պահ մը ապրելու իր սիրած խանդավառ ղարիպներուն հետ։ 
   Օր մը, երբ ուսանողները հաւաքուած էին Ֆրէնկի լերան ծառերուն տակ, ու հայկական պարեր կր պարէին, պարգօտիին մէջ առնելով Դ. Վարուժանը եւ ուրիշ քանի մը երիտասարդ գրողներ, հեռուէն, զարմանքով լսեցինք թմբուկի եւ զուռնայի ձայնը.. . Մելքոն Կիւրճեանն էր։ Թաղէ թաղ, խանէ խան պտտած էր ու գտած հայաստանցի զուռնաճին եւ թմբկահարը ու իր հետ առած եկած էր ուրախացնելու հայաստանցի ուսանողները։ 
    Ու ահա պարգօտը կը լայննար, խանդավառութեամբ շղթայի մէջ կ՚առնէին Հրանդը եւ իր հետ բերած արտակարգ օռքէսթրը: Հրանդ կ՚անցնէր պարգօտին գլուխը, ու հայաստանցի տղաք խելայեղօրէն գետինը կը դոփէին նկուն շարժումներով:
    Բայց Հրանդ դժգոհ էր։ Թմբուկը իր ուզածին պէս շրջապատը չէր դղրդացներ: 
    – Տղա՛ք, դուք պարը շարունակեցէ՛ք, ըսաւ, ու հեռացաւ պարգօտէն, հանեց իր բաճկոնը, առաւ թմբուկը, անցուց ուսէն ել կեցաւ պարգօտին կեդրոնը։ Ու թմբուկը Հրանդի զարկերուն տակ հնչեց համաչափ ու բարձր արձագանգներով։ Պարը ինքն իր վրայ գալարուեցաւ, համաչափ եւ ճկուն շարժումները թմբուկի արձագանգներուն հետ թռիչք ստացան, ու տղաքը պահ մը հոգեպէս փոխադրուեցան Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի բարձունքներուն վրայ: 
   Այդ օր, երեք սերունդներ միացած էին Վոսփորի ափին բարձրացած այս բլուրին վրայ:


  
 * * *


Պալքանեան պատերազմը փոթորկալի անակնկալներու շրջան մը դարձաւ։ Հիւանդ Մարդր կ՚անդամահատուէր, այս անգամ Օսմանեան Կայսրութեան ծոցէն ազատած պալքանեան չորս պետութիւններու կողմէ։ Թուրքիան ջախջախիչ պարտութիւն կրած էր եւ ընդամէնը երկու ամսուան ընթացքին կորսնցուցած էր եւրոպական Թուրքիոյ եօթը նահանգները։
    Ու ահա, Հայկական Հարցը կրկին կու գար սեղանի վրայ, եւ 1913ին լուծում կը ստանար այն իմաստով, որ հայկական եօթը նահանգները երկու շրջաններու բաժնուած՝ կը դրուէին եւրոպացի երկու լիազօր քննիչներու հսկողութեան տակ, ինքնավար Հայաստանին ճամբայ մը բանալով։
    Հայ Ժողովուրդը միակամ էր ու խանդավառ։ 
    Ազատութեան նոր հորիզոններ կը բացուէին արդէն կազդուրուած Հայութեան առջեւ: 1913ին, կը տօնուէին հայ գրերու գիւտի հազար հինգհարիւր եւ տպագրութեան հինգհարիւր ամեակները։ Կովկասէն մինչեւ Պոլիս, հայկական նահանգներէն մինչեւ հեռաւոր գաղութները հայ մշակոյթի փառատօնը, ազգային խորունկ հպարտութեամբ, կը հնչէր բեմէ բեմ: 
    Պոլսոյ մէջ ուսանողները կը ստանձնէին նախաձեռնութիւնը  եւ հայ ընտրանին կը հաւաքէին  Փըթի Շանի թատրոնը եւ ընդարձակ պարտէզը Ս. Մեսրոպի գիւտը փառաբանելու, փառք մը որ հայութիւնը հազար հինգ հարիւր տարիներէ ի վեր արժանաւորապէս կը կրէր, մշակոյթի վերելքի իր ճամբուն վրայ: 
    Ակնունին բեմէն բազմութիւնները կ՚ոգեւորէր հայ անցեալով, ու սրահը կը դղրդար խելայեղ ծափերու տակ: 
    Հանդէսը կր վերջանար հոգեպարար մթնոլորտի մէջ, ու երբ հասարակութիւնը կը դատարկէր սրահն ու պարտէզը, ոստիկանութիւնը կը մտնէր Փըթի Շան, հանդէսին կարգադրիչները որոնելու։ Գալուստ Էյնէթեան տոմսերու եւ այլ թուղթերու տրցակները ձեռքը, կը ձերբակալուի ոստիկաններէն եւ կ՚առաջնորդուի դէպի իր բնակարանը, երեւի խուզարկութեան մը համար։ Բերայի շիտակին վրայ կը հանդիպիմ Գալուստին, որուն կ՚ընկերակցին երկու ոստիկաններ։
    Գալուստ երբ եղելութիւնը ինծի յայտնեց, աւելցուց թէ տունը ապրանք կայ… Ես ոստիկաններուն ներկայացայ որպէս կարգադիր յանձնախումբի նախագահը եւ ըսի թէ այս մարդը (Գալուստը մատնանշելով) պարզ ծառայ մըն է, մուտքի տոմսերը ծախելու։
    – Ուրեմն, դո՛ւք հրամեցէք ոստիկանատուն մեզի փոքրիկ լուսաբանութիւն մը տալու, այս մարդը կրնայ երթալ:
    Ու Գալուստ, ազատ շունչ մը առնելով, կը հեռանայ վտանգաւոր ցանցէն։ Երբ դէպի ոստիկանատուն կ՚երթայի, դիմացի մայթերէն կ՚անցնէին մեր ուսանող ընկերները՝ Հրաչ Փափազեան, Լ. Մոզեան, Պօղոս Տէր Պօղոսեան եւ Հայկ Գալճեան (հնչակեան); Անոնք մօտեցան մեզի եւ ոստիկաններէն իմացան թէ բացատրութիւն կը պահանջուի հանդէսի կազմակերպիչներէն, ու առանց այլեւայլի ինծի հետ մտան ոստիկանատուն։ Մենք պատրաստուած էինք ծանր դիտողութիւն ընելու ոստիկանապետին, որ թոյլ կու տայ անհանգստացնելու քաղաքացիները մշակութային այսպիսի հանդէսի մը առթիւ։ 
    Մեզի սպասման սենեակը մտցուցին։ Երկու ժամ անցաւ ու ոստիկանապետը չերեւցաւ։ Դրան վրայ խումբ մը ոստիկաններ կը հսկէին, ու մեր հարցումներուն կը պատասխանէին.
    – Հիմա, քիչ մր յետոյ…
    Կէս գիշերն անցած էր, երբ մեզ հրաւիրեցին իրենց հետեւիլ. 
    – Կեդրոնը պիտի երթաք հարցաքննուելու…
     Վար իջանք եւ մեզ մտցուցին գոց կառքերու մէջ։ Զինուած ոստիկաններով շրջապատուած՝ ինքզինքնիս գտանք Պոլսոյ կեդրոնական բանտի երկաթեայ դարպասներուն առջեւ: Մեզ վար իջեցուցին եւ հրմշտկելով ներս հրեցին։ Բանտի ոստիկանները մեզ առաջնորդեցին բազմաթիւ անցքերէ, միշտ դէպի վարերը, ու զնտան մը նետեցին, ուր գողեր, մարդասպաններ եւ վտանգաւոր շղթայակիրներ տարածուած էին խոնաւ պատերուն տակ եւ զնտանին կեդրոնը։ 
     Խաւարը կ՚իջնէր մեր վրայ , ու ոչ ոք գիտէր մեր տեղը: 
    Հինգ օր այդ զնտանի ոջիլներուն մէջ մնացինք։ 
    Հինգերորդ օրը միայն կրցանք «Ազաաամարտ» առնել ցրուիչէն, որ մեզի հաղորդեց թէ Ակնունին, Զօհրապը եւ Վարգգէսը դիմում կատարած են մեր ազատման համար։
    Յոյսի նշոյլ մըն էր այդ լուրը, բայց այս յուսաբեր «Ազատամարտ»ը տխրութեամբ կը համակէր մեր սիրտը։ Թերթը ամբողջութեամբ սեւ շրջագծերու մէջ առնուած տեսանք, որ մեզի կը գուժէր Ս. Զաւարեանի  մահը… 
    Բանտը մոռցանք եւ խորունկ վիշտով խոնարհեցանք այն անփոխարինելի կորուստին վրայ, որ մեզ սուգի կը մատնէր:
    Կէս գիշերն անցած էր, ու մենք անքուն էինք։ Խոնաւ զնտանի դուռը ճռինչով բացուեցաւ։ Երկու ոստիկաններ մեզի մօտեցան եւ հրաւիրեցին իրենց հետեւելու։ Բանտի երկաթեայ դրները մեր առջեւ բացուած էին։ Գոց ու մռայլ կառք մը մեզի կը սպասէր։ Թխմուեցանք կառքին մէջ եւ զինեալ ոստիկանները մեկնելու հրամանը տուին։  
    Կախաղանի դատապարտուածները փոխադրելու բեմադրութիւնը կատարեալ էր։ Մատնուած էինք անորոշ մտահոգութեան մը։ 
    Զինուորական ատեանի ընդարձակ բակին մէջ կեցուցին կառքը ու մեզ առաջնորդեցին սպասասրահ մը, զինեալ պահակներու շարքի մը առջեւէն: Պատերազմի շրջան էր ու Թուրքիան ստիպուած էր պարտութեան դաշինքներ ստորագրել: Կատաղութիւն մը կար թուրքերու դէմքին վրայ, ու այդ կատաղութեան արիւնոտ հայեացքը ուղղուած էր հայերու դէմ։ Այդ վերաբերմունքը կը զգայինք ամէն քայլափոխի:
    Ժամ մը սպասեցինք, անորոշ մտմտուքներով: Մեր ժամանման մասին ներսի խորհրդաւոր սենեակը զեկուցում ստացած էր: Մուտքը ու ելքը սպաներուն ու ոստիկանապետերուն աւելի քան մռայլ կը դարձնէր այն դուռը որ մեզ ներս պիտի առնէր:
    Վերջապէս, կէս գիշերէն ետք, ժամը երեքին մեզ ներս հրաւիրեցին։ Ընդարձակ սրահ մը: Պատերազմական ատեանի ամպիոնը բազմած էին Էնվէր փաշան, Ճէմալ փաշան եւ Պէտրի պէյը. քովի սեղանները գրաւած էին քանի մը քարտուղարներ, խոնարհած թուղթերուն, մռայլ դէմքերով։ Բաւական հեռաւորութեան վրայ աթոռներ շարուած էին ամպիոնի դիմացը, երեւի հարցաքննուածներուն համար: Մենք առաջացանք մինչեւ աթոռներրը, բարեւեցինք եւ կանգնած մնացինք: Մեզի չառաջարկեցին որ նստինք. ու անմիջապէս խօսքը մեզի ուղղելով, Ճէմալ փաշան ըսաւ.
     – Դուք Իրաւաբանական Համալսարանի մեր ուսանողներն էք, մենք կը կարծէինք թէ դուք հաւատարիմ քաղաքացիներ էք եւ կը պատրաստուիք այս երկրի գաւառապետները եւ դատաւորները դառնալու, մինչդեռ դուք հայկական թագաւորութիւն կ՚ուզէք եղեր: Ձեր սարքած հանդէսի ընթացքին հայ հին թագաւորներու նկարները ցրուած էք, չէ՞ք գիտեր թէ թուրք ժողովուրդը որքա՛ն կրնայ գրգռուիլ այդ ընթացքէն։
    Մեր ընկերներէն մէկը, ընտիր թուրքերէնով յայտնեց թէ մենք միշտ հաւատարիմ եղած ենք, եւ թէ այդ նկարները գրավաճառներու եւ թերթ ծախողներու շահադիտական արարք մը ըլլալու է, որմէ մենք ուսանողներս երբեք տեղեկութիւն չենք ունեցած: Ճէմալ փաշան, Էնվէր փաշան եւ Պէտրի պէյը թթուած դէմքով մեզի կը նայէին, եւ անոնց աչքերուն մէջ աւելի մեծ սպառնալիք կար, քան խօսքերուն: Ճէմալ փաշան կրկին խօսքը մեզի ուղղեց.
    – Ականջնիդ լաւ բացէք, թուրք ժողովուրդը մոլեռանդ ազգասէր եւ կրօնասէր է, մի՛ գրգռէք անոր զայրոյթը որ կրնայ արիւնալի ջարդերով վերջանալ։ Պետութիւնը չի կրնար այդ զայրոյթը զսպել…Հիմա կրնաք երթալ: 
    Խոնարհութիւն մը ըրինք եւ դուրս եկանք սրահէն։ Ոստիկան մը մեզի ընկերացաւ մինչեւ դուրսի դուռը։ Արշալոյսը բացուելու վրայ էր։ Կառք մը գտանք եւ ելանք Բերա։ 
    Նոյն օրը գտանք Ակնունին եւ Վարդգէսը «Ազատամարտ»ի վերին յարկը եւ եղելութիւնը հաղորդեցինք անոնց։
    Ճէմալ փաշան մեր միջոցաւ ամբողջ հայութեան ուղղած էր իր խօսքը։                                                                                       

(հատուած)
ԿԲ. ՏԱՐԻ, 2023 թիւ 1