Հրատարակութեան պատրաստեց, յառաջաբանը գրեց, ծանօթագրեց՝
Արթուր Անդրանիկեան. Էդիթ Պրինտ, 2022:
Ներկայ հատորը, աւելի քան 500 էջ ծաւալով, խմբագիր Ա.Անդրանիկեանի՝ «Սարաֆեանական» յաջորդական հրատարակութիւններուն նորագոյնն է՝ մեր գրասեղաններուն հասած: Կ’ամփոփէ «…«Չափածոյ երկեր»ը եւ «Վէնսէնի անտառը» խո[ր]հագրութիւնը»:
Հրատարակութիւնը կոկիկ է, ակնահաճոյ՝ առաջին ակնարկով, էջադրում ու տպագրութիւն բաւական խնամուած, նոյնիսկ եթէ երկ առ երկ ներկայացումը կը շարունակէ թխմումի երեւանեան «աւանդութեան» տուրք տալ (երկէ երկ անցումը կը կատարուի ներքին տիտղոսաթերթերու սեղմուած-իրերայաջորդ էջերով, աջի կամ ձախի՝ պատահաբար, եւ առանց նուազագոյն բացութեան): Իսկ բովանդակութիւնը, բաւական խնամուած. կը ներկայանայ սակաւասխալ արդիւնքով համեմատաբար…
Հրատարակութեան Աքիլլէսի մէկ կրունկը իր «վերլուծական» ներածութիւնն է, որուն առանց ծանրանալու՝ կը բաւէ խմբագիրին ընել մէկ թելադրանք.- Որ՝ լաւ կ’ընէ յետագայ իր նախաձեռնութիւններուն մէջ (գործօն հրատարակիչ է) աւելի հետամուտ ըլլալու իմաստի, քան՝ բառեր կու տակելու… Լաւ կ’ընէ նաեւ՝ եթէ նա՛խ հաշուեյարդարի մը ենթարկէ ենթակայական հիւանդագին մղումներու բարդոյթներ, չխճո- ղուելու համար մակաբոյծ ակնարկութիւններով—ինչպէս ըրած է աւարտի իր կցկտուր «Ծանօթագրութեան» մէջ: Ու աւելի լաւ կ’ընէ եթէ, փոխանակ հաշուելու փարիզեան հրատարակութեան գոյ թէ անգոյ վրիպակները, ընդունի, որ իր զոյգ բաժիններուն համար… անխնայ օգտագործած է 1980ականներուն Սարաֆեանը մոռացութեան խաւարէն կամ մամուլի քաւարանէն հանող զոյգ հրատարակութիւնները՝ պէյրութեան Չափածոյ երկեր եւ փարիզեան Վէնսէնի անտառը, եւ զանոնք յիշատակած է միայն «ի մէջ այլոց», մթին ու անհասկնալի «առարկութիւններու» առթիւ…
Աքիլլէսի միւս կրո՞ւնկը…: Բայց արդէն երկարեցանք: Ամփոփելով ուրեմն՝ մաղթենք, որ խմբագիր-հրատարակիչը խնամէ, յաճախակի չեղծէ իր՝ Սարաֆեանէ (ինչպէս եւ տեղ մը՝ Մեծարենցէ), կատարած մէջբերումները: Մենք իրեն պիտի չհետեւինք՝ ընելու համար իր (ոչ սակաւաթիւ) վրիպակներուն համարակալութիւնը՝ ըլլայ մէջ բերումներու, ըլլայ բո՛ւն իսկ սարաֆեանական բնագիրին մէջ, ե՛ւ չափածոյի, ե՛ւ Վէնսէնի Անտառը արձակին…:
Այսքանով կը բաւարարուինք՝ յուսալով որ թելադրութիւնները կ’ունենան իրենց դրական ազդեցութիւնը, կ’օգնեն արդիւնքներ աւելի եւս բարելաւելու, ինչպէս՝ մանաւա՛նդ՝ կեցուածքներ առողջացնելու— իմա՛ համեստացնելու…
յետ-գիր.- Ընկերացող նկարը, ուր փոխանակ հատորի տիտղոսաթերթին՝ կը ներկայացնենք ետեւի կողքը, չկարծուի որ … վրիպակ է: Խնդրոյ առարկան հոս՝ Սարաֆեանի նկարին ընկերացող կարճ մէջբերումն է, որուն մանրամասնեալ տեսքը կը խնայենք ընթերցողին—իր երեսնեակ մը բառերը այլանդակող տասնեակ տառասխալներով: