ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՄԱԶ, ԸՆԿՂՄԱԾ ՏԱՊԱՆԱՔԱՐ ՄԸ ԵՒ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ԿՏԱԿ ՄԸ.

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՇԱՀԱՄԻՐ ՇԱՀԱՄԻՐԵԱՆԻ ԱՆԾԱՆՕԹ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

1997ի աշնան ուշագրաւ յայտնագործու­թիւն մը կատարուեցաւ ստորջրեայ հնագիտական արշաւախումբի մը կող­մէ, որ Մանիլայի Ծովային թանգարանէն (Manila Maritime Museum) ղրկուած էր՝ հե­տազօտելու Թիթուի ծովախութին մօտակայքը, այսինքն՝ Վիեթնամի եւ սպանական գաղութատիրութեան կեդրոն Մանի­լայի եւ Հարաւ-չինական ծովուն միջեւ գտնուող ջրային տարածքը։

Ընկղմած նաւաբեկորները ջուրին մա­կերեսը բարձրացնելէ ետք, ստորջրեայ ի­րերը տեղադրուեցան Մանիլայի Ծովային թանգարանին ընդարձակ մէկ սրահը՝ մանրազնին ուսումնասիրութեան ենթար­կուելու համար։ Տասնութերորդ դարէն կօ­շիկի ժանգոտած ճարմանդներ, ծռած դգալ մը եւ այլ սպասներ, ծորակի այլաձեւ խցաններ (spigots), ապակի է եւ կապարէ թղթակալներ, քառասունի չափ մաշած մե­տաղեայ դրամներ, թնդանօթի գնդակներ, հինտու տաճարի մը տապալած հսկայական քարէ մէկ սիւնին բեկորները եւ հուսկ երեք կոթողային տապանաքար. ասոնք էին ընկղմած նաւուն բեռներէն մնացած իրերը1։

Երկար հետազօտութենէ ետք, դոկտոր Սուսան Շոփ (Susan Schoppe) ի վերջոյ յաջողեցաւ հաստատել, թէ ո՞ր նաւն էր, որ ընկղմած էր ծովուն յատակը։ Արեւելեան Հնդկաց ընկերութեան պատկանող եւ երե­սուն թնդանօթ կրող առագաստանաւ մըն էր՝ «Ըրլ Թեմ փըլ» (Earl Temple) անունով, որ 1762ին Լոնտոնէն Մատրասի նաւա­հանգիստը ժամանած էր զինուորներով եւ պատերազմական իրերով հանդերձ։ Նաւը անմիջապէս մեկնած էր դէպի Մանիլա, նախ արագ այց մը կատարելով ֆրանսա­ցիներու մերձակայ վաճառաշահ քաղաք՝ Փունթիշէրի։ Բրիտանացիք այս քաղաքը գրաւած էին նախորդ տարուան հոկտեմբերին եւ քարուքանդ ըրած՝ լուծելով վրէժը մօտ քսան տարի առաջ ֆրանսացիներու կողմէ Մատրասի նուաճման եւ կոր­ծանման։ Ֆրանսական քաղաքը փլատակ­ներու դաշտի մը վերածուած էր այս նուաճումով, որ Եօթնամեայ պատերազմին Seven Years War) աւարտը կնքած էր ի նպաստ Բրիտանական կայսրութեան2։ Ճիշդ այս ատեն է, որ «Ըրլ Թեմ փըլ» կարճ ժամանակով խարիսխ նետեց կործանած քաղաքին նաւահանգիստը։ Շատ հաւա­նական է, որ քաղաքին գերեզմանատունե­րուն մէջ զետեղուած եւ ապա տապալած ամենէն վիթխարի տապանաքարերէն մէկ քանին այս առիթով բարձրացուած ըլլան «Ըրլ Թեմ փըլ»ի ծփացող շտեմարանը, են­թադրաբար՝ իբրեւ հակաբեռ (ballast)։ Երբ նաւը Մանիլայի ճամբուն՝ Թիթուի խութե­րուն վրայ խորտակուած է 1763ի յունիսին, հազար երեք հարիւր քիլոկրամ կշռող մե­ծագոյն տապանաքարը անկէ բաժնուելով, բարեբախտաբար անմիջապէս Հարաւ-չի­նական ծովուն յատակը ընկղմած է, իյնա­լով երեսի վրայ։ Այս իրողութիւնը մեծա- պէս դիւրացուցած է ապագայ պատմա­բաններուն գործը, գրեթէ անվնաս կերպով պահպանելով խիստ շահեկան եւ հա­ւանաբար սակաւ ծանօթ հետեւեալ երկլե­զու արձանագրութիւնը․ Ներքոյ տապանիս է հանգուցեալ Դաւութ խանի որդի պարոն Սուլթա­նումըն ազգաւ Հայ եւ պատուելի վա­ճառական ծընեալ ի յերկրին Պարսից ի քաղաքն Ըսպահան եկաց ի յաշխարհըս Յիսուն եւ եօթն ամբարի համբաւով վախջանեցաւ ի Փուն­թիշէրի Սեպտեմբերի 19 թիւն 17543։

Սոյն գրութիւնը կը փորձէ նոր լոյս սփռել Շահամիր Շահամիրեան գերդաստա­նի պատմութեան անյայտ կողմերուն վրայ, որոնք ստուերի ներքեւ կը մնան մինչեւ օրս։ Ասիկա յաջողած եմ իրագործել շնորհիւ յիշեալ տապանաքարի յայտնաբե­րումին, ինչպէս նաեւ հիմնուելով ցարդ անյայտ երկու տուեալներու վրայ․ Շահա­միր Շահամիրեանի մինչեւ օրս անյայտ կտակը, որ միայն վերջին տարիներուն յայտնաբերուած է շնորհիւ Լիզ Չէյթորի, եւ լուսահոգի խոջա Սուլթանումի կողակից Աննա Խաթուն Յակոբեանի կողմէ գրուած նամակ մը։ Այս նամակը՝ ներփակեալ շագանակագոյն մազերու փունջով մը հան­դերձ, ի յայտբերած էի մօտ քսան տարի առաջ, Բրիտանական ազգային արխիւին մէջ4։

Լուսահոգի Պաւլիկ Չոբանեանը ուսու­ցիչս էր 2003-2004 տարիներուն, երբ դեռ նոր յայտնաբերած էի Շահամիրեանի փունջ մը մազ կրող նամակը եւ քիչ թէ շատ նոր վարակուած՝ Հարաւ-չինական ծովու յատակէն լոյս աշխարհ վերադարձած պա­րոն Սուլթանումի տապանաքարը ուսում­նասիրելու կիրքով։ Այդ օրերուն, աժիթէն օգտուելով, պարոն Չոբանեանի հետ եր­կար հանդիպումներ ունեցած էի Շահամիրեանի մօր նամակը վերծանելու ծրագի­րով։ Հետեւաբար, Շահամիրեաններու պատմութեան վերաբերող համեստ գիտե­լիքներս մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտու­թեամբ կը ներկայացնեմ ի յիշատակ սիրելի եւ մեծապատիւ պարոն Չոբանեանին։

Սկսինք Շահամիր Շահամիրեանի կենսագրութեան հետ առնչուած քանի մը աւանդական կարծրատիպերով, որոնք կը կրկնուին մինչեւ մեր օրերը։ Իր ժամանա­կին յատկանշական, մինչեւ օրս ուշագրաւ, սակայն բաւական թերի՝ Նիւթեր Հնդկաս­տանի հայ գաղութի պատմութեան համար երկասիրութեան մէջ, Սմբատ Տէր Աւետիսեան այսպէս կը ներկայացնէ Շահամիր Շահամիրեանի կեանքի ընդհանուր գիծե­րը․մեծ վաճառական, վաղ արդի շրջանի նշանաւոր մտաւորական, առաջին հայ սահմանադրութեան հեղինակ եւ տպարա­նատէր մեր անձնաւորութիւնը՝ «հայ նախկին դերձակ, կիսագրագէտ, բայց իր գոր­ծին ծայրայեղ մոլեռանդութեամբ նուիրուած Շահամիր աղա Շահամիրեանը»5։ Արդեօք ճի՞շդ է երբեմնի թունդ ստալինա­կան պատմաբանը, որ իր անուան տակ հրատարակած է 1937ին գնդակահաուած հնդկահայերու պատմութեան տաղանդաւոր ռահվիրայ եւ իսկական մասնագէտ Թադեւոս Աւդալբէկեանի պատրաստած Զաքարիա Ագուլեցիի արժէքաւոր վաճառականական «Օրագրութիւնը»: Անտարակոյս, Շահամիրեանի մասին Տէր Աւետիսեանի կռահումը թիւրիմացութիւն մըն է, որ գիրքէ գիրք, յօդուածէ յօդուած իր տարածումը կը շարունակէ մինչեւ մեր օրերը, հաւանաբար հիմնուած ըլլալով Շահամիրեաններու ընտանեկան խորհրդանշանին վրայ, զոր անշուշտ կարելի է տեսնել բազմաթիւ տապանաքարերու վրայ փորագրուած, ներառեալ Սուլթան Դաւիթի ընկղմած տապանաքարը, ինչպէս նաեւ անոր որդիին՝ Շահամիրի տապանաքրը, որ այժմ կը գտնուի Մատրաստի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ:

Ուշադրութեան արժանի են մկրատի եւ չափոցի նշանները, որոնց կարելի է հանդիպիլ նոյնիսկ Շահամիրեաններու տպագրած գիրքերուն մէջ ալ։ Հաւանական է, որ հնդկահայոց եւ համաշխարհային պատմութեան բազմաշերտ ծալքերուն անտեղեակ անձեր Տէր Աւետիսեանի եւ անոր հետեւորդներուն նման շուարելով, այս նշանը մեկնաբանած ըլլան իբրեւ դերձակութեան փոխաբերութիւն։ Իրօք, մկրատի եւ չափոցի փոխաբերթիւնը ձեւով մը կ’արտացոլէ Շահամիրի հօր՝ պարոն Սուլթանումին արհեստը, որ հնդկական «չինց» (Chintz) կոչուած կտաւեղէ մեծահարուստ վաճառական էր։ Սուլթան Դաւիթ կամ Sultan David (եր­բեմն ալ David Sultan), ինչպէս կը կոչուի եւ­րոպական աղբիւրներու մէջ, ծնած էր Նոր Ջուղա, հաւանաբար 1697ին։ Ան սերած էր մեծ գերդաստանէ մը, որ Նախիջեւան քաղաքը կը բնակէր մինչեւ 1604ի բռնագաղթը, երբ Մուրատճայ Շահամիրեանց ընտանեօք բռնի ձեւով Ջուղա տեղափոխուած էր Շահ Աբբասի օրօք։ Պարոն Սուլթանումի կեանքի վաղ շրջանէն գրե է ո­չինչ հասած է մեզի։ Միայն գիտենք, որ 1722ին, երբ պարոն Սուլթանում արդէն բաւական չափահաս էր, պսակուած էր Աննա Խաթուն Յակոբեան անունով նոր ջու­ղայեցի կնոջ մը հետ։ Յաջորդ տարի՝ 1723ի նոյեմբերին, նորապսակ ամոլը կ’ու­նենայ իր անդրանիկ զաւակը՝ Շահամիրը, որ տարիներ ետք համբաւաւոր վաճառական, սահմանադրութեան հեղինակ եւ տպագրիչ կը հանդիսանայ Հնդկաստանի հեռաւոր ափերուն։ Ընտանիքի այս շրջանի պատմութեան վերաբերող մեզի հասած արխիւային թուղ­թերը սակաւաթիւ են եւ բազմաբեկոր վիճակի մէջ, թերեւս չյայտնաբերուած նիւթեր ալ կան։ Մեր սահմանափակ գիտելիքները ընդլայնելու համար պարտաւորուած ենք զգուշաւոր կռահումներու ապաւինիլ, յա­ճախ տապանաքարերու կամ այլ վաւերագրերու օգնութեամբ։ Այս առումով, խիստ կարեւոր կը նկատենք Անգլիոյ Արեւելա-հնդկաց ընկերութեան դիւանին մէջ պահպանուած Ընկերութեան նամականին կամ քաղաքապետի դատարանի (Mayor’s Court) զանազան թուղթերը, որոնք այժմ կը գտ­նուին Բրիտանական Ազգային գրադարա­նին մէջ։ Ըստ այս թուղթերուն, Աննայի եղբայր աղա Նազար Յակոբջան կամ Յակոբեան իր քրոջ ամուսինը՝ այսինքն պարոն Սուլթանումը, իր եղբայր Օհաննէսը եւ Ամիրջանը իբրեւ պայմանագրութեան գործակալ կամ գործընկեր (commenda agent or associate) իր քով գործի առած էր հաւանա­բար 1730ի եւ 1740ի միջեւ, երբ արդէն Նա­զար մօտաւորապէս երեսուն տարի անցուցած էր Հնդկաստանի զանազան շուկանե­րու մէջ իբրեւ գործակալ ծառայելով խոջա Մինասենց հռչակաւոր ընտանիքին8։ Այս նոյն Նազարն է, որ երբ 1720ական տարիներու սկիզբը Չինսուրա կը բնակէր եւ ար­դէն հաւանաբար մեծահարուստ վաճառական դարձած էր, որոշած էր բարերար ըլ­լալ մօտակայ Կալկաթայի հռչակաւոր Սուրբ Նազարէթ շքեղ եկեղեցւոյ, որ խոջա Նազարի առատա ձեռնութեան շնորհիւ իր դռները բացաւ 1724ին9։ Վստահ չենք, թէ Նազար երբեւէ Կալկաթա տեղափոխուած ըլլալով հոն բնակած է, սակայն ըստ բրի­տանական աղբիւրներու, յայտնապէս ար­դէն 1730ական տարիներուն Մատրաս տեղափոխուած էր եւ քաղաքին հարուստներէն կը նկատուէր։ 1740ական տարիներու սկիզբը աղա Նազար կը վախճանի։

Կտակին մէջ, որ մինչեւ օրս յայտնաբերուած չէ, Նազար իր ամբողջ հարստութիւ­նը կը կտակէ իր քրոջ՝ Աննա Խաթունին, եւ անոր ամուսինին՝ պարոն Դաւութխանի որդի Սուլթանումին, որ արդէն աղա Նա­զարի հետ կ’աշխատէր իբրեւ պայմանագ­րութեան գործընկեր10։ Հարստութիւնը զգալիօրէն մեծ էր եւ կը բաղկանար երկու շքեղ պալատներէ՝ Մատրասի «Սպիտակ թաղ» կոչուած շրջանին մէջ, ուր միայն բրիտանացի բողոքականներու արտօնուած էր բնակիլ։ Այս պալատական բնա­կարաններէն մէկը ապագայ կառավարիչի տունն էր, ուր Հնդկաստանի անգլիացի հրամանատար եւ Հնդկաց արեւելեան ըն­կերութեան կողմէ Մատրասի կառավարիչ նշանակուած Լորտ Քլայվը բնակած էր։ Այս պալատը աղա Նազարի կտակով ան­ցած էր պարոն Սուլթանումին եւ ապա անոր անդրանիկ որդիին՝ Շահամիր Շահամիրեանին:

Տարիներ ետք, իր մօրեղբօր կտակած ժառանգութեամբ հարստանալով, աղա Շահամիր կերպասի եւ թանկագին քարե­րու վաճառականութեամբ արդէն դարձած էր Մատրասի ամենէն ազդեցիկ եւ հարուստ հայերէն, գերազանցելով նախկին յիսնամեակի մեծահարուստ խոջա Պետրոս Ոսկանեանը, որ «Սպիտակ թաղ»ի մէջ բնակավայրի տէր երկրորդ հայն էր11։ Մինչ այդ, Շահամիրի հայրը՝ պարոն Սուլ­թանում Դաւութխան, որուն ընկղմած տապանաքարով սկսանք մեր պատումը, հալածուած էր այլ ջուղայեցիներու կողմէ այդ պատրուակով որ, իբրեւ Խոջա Նազարի մեծ հարստութեան ժառանգորդ, պէտք է վճարէր անոր ինքնակոչ պահանջատէրե­րուն։ Այդ պատճառով, Նոր Ջուղայի շատ մը վաճառականներ՝ խոջա Մինասեաններէն սկսեալ մինչեւ Գիւղաքաղաքի քալան­թար (կառավարիչ)՝ ոմն Սարգիս քալանթար, պարոն Սուլթանումի կնոջ՝ տիկին Աննա Խաթունին, զօրեր էին որ իր ամուս­նոյն անունով եւ Անգլիոյ Արեւելահնդկաց ընկերութեան հասցէագրուած պարտա­մուրհակներու միջոցաւ Հնդկաստան բնակող եւ վտարանդի սեպուած ամուսինէն հսկայական գումարներ ստանան12։ Սուլ­թանում, կասկածելով որ իր կինը բռնի ստորագրած էր պարտամուրհակները, մերժած էր ընկերութեան պաշտօնեանե­րուն, որ իր՝ Սուլթանումի ընկերութեան հետ ունեցած սեփական հաշիւէն վճարէին կնոջը, որ տակաւին Նոր Ջուղա կը գտ­նուէր։ Նոյնիսկ Պարսկաստանի բռնակալ Նատէր Շահ Աֆշար Արեւելահնդկաց ըն­կերութեան պահանջած էր պարոն Սուլ­թանումի իսկոյն ձերբակալումը եւ ունեցուածքով հանդերձ կալանաւորուած եւ բռնի Սպահան վերադարձը13։ Անշուշտ, Արե­ւելահնդկաց ընկերութիւնը մերժած էր այս բոլորը, սակայն պարոն Սուլթանում իր Հնդկաստանի կեանքը զգոյշ ձեւով կ’ապրէր որ զոհ չդառնար դարանակալ իր ո­սոխներուն։ Ճիշդ այս զգուշութեան պատճառով էր, որ անոր կինը՝ Աննա Խաթուն, շատ ուրիշ կիներու նման ան գրագէտ ըլլալով, թելադրած էր իր երկար նամակը թա­ղամասի ոմն Յակոբ վարդապետի մը, որպէսզի զայն գրի առնէր Ջուղայի բար­բառով14։ Աննա ցանկացած էր պարոն Սուլթանումին ապացուցել, որ ինք՝ Աննան է բուն հեղինակը։ Ուստի, իր որոշումը՝ նա­մակը եզրափակելու իր մազէն փունջ մը աւելցնելով, ուղղուած էր իր ամուսինին հասկցնելու, թէ ինքն է հաղորդակցողը։ Նատեր Շահի՝ յունիս 20, 1747ի սպանութեան լուրը ամուսինին ծանուցանելէ ան­միջապէս ետք, Աննա կը գրէ.

ծամլկիցն կտրէլ ամ դրէլ գրումս, խոտ15 կաս մինչ ի բարօվ գաս Ալի ղուլի խանն էլ թագավոր են դրէլ, Նաղարին տվին, աստուծոյ զզար բերան փառք, մին լէվ սհաթ էր, ին­շալայ, աստուծոյ ողորմութիւնն խասնի, բարօվ հրամանքդ գաս, ոտնօվ դէմ գոյ իրեսն պաճես16, էլ հէնց ահ­վալայ` խէր լիցի, սհաբիս յերկար ումպր – միշտ պայծառութիւն:

Ղամար ԻԴ (24) թիւնն փոքր ԱՃԼԲ (132) [օգոստոս 11, 1747]17:

Ո՛չ միայն պարոն Սուլթանում չստա­ցաւ սոյն նամակը անգլեւֆրանսական պա- տերազմի հետեւանքով, երբ անգլիացինե­րը բռնագրաւած էին այն նաւը, որ կը փո­խադրէր Աննա Խաթունի գրութիւնը ուրիշ երկու հազար նամակներով հանդերձ, այլ ճիշդ նոյն պատերազմի շրջանին՝ 1746 թուականին, Սուլթանում Մատրասէն բռնի Փունդիշէրի տեղափոխուած էր, երբ ֆրանսացիները գրաւած էին Մատրաս քա­ղաքը եւ իրենց ֆրանսական գաղութատիրութեան կենտրոնը տնտեսապէս զարգացնելու նպատակով՝ Մատրասէն տեղա­փոխեցին երկու վաճառական իւրաքանչիւր առեւտրական հաւաքականութենէ՝ հայ, հինտու եւ հրեայ18։ Պարոն Սուլթանում, որ բռնի տեղափոխուած հայ վաճա­ռականներէն մէկն էր, ֆրանսացի կառա­վարիչ Ժոզէֆ Ֆրանսուա Տուփլէքսի համար ելեւմտական կարեւոր իրագործում­ներ կատարած էր արդէն, երբ մահկանա­ցուն կնքեց 1754ի սեպտեմբեր 19ին կամ 30ին։ Եւ որովհետեւ Փունդիշէրին հայկա­կան եկեղեցի կամ գերեզմանոց չունէր, հակառակ որ քանի մը ազդեցիկ եւ մեծա­հարուստ կաթոլիկ հայեր կ’ապրէին հոն, վախճանած օրը ընդունած էր կաթոլիկ դաւանանքը, ինչպէս կերեւի ֆրանսական քաղաքին գերագոյն խորհուրդի ատեանի արձանագրութիւններուն մէջ19։ Հաւանա­բար այս որոշումը առնուած էր քաղաքի մէկ գերեզմանոցին մէջ տեղ գտնելու նպատակով, նկատի առնելով որ տարի­ներ առաջ Փունդիշերիի մէջ հայոց եկեղե­ցի եւ գերեզմանոց կառուցելու իրաւունք տրուած էր, սակայն այդ որոշումը չէր իրականացած։ Պարոն Սուլթանունը՝ Աննա Խաթուն Յակոբեան, որ Նոր Ջուղայէն Հնդկաստանի հեռաւոր ափերը գաղթած էր՝ հաւանաբար իր ամուսինին կամ որդիին միանալու համար, իր մահկանացուն կնքեց Մատրասի մէջ, 1765ին։ Անյայտ եւ խորհրդաւոր պատճառներով, յայտնապէս ան ալ իր ամուսինին նման կաթոլիկ դարձած է կամ ալ որոշած է թաղուիլ Մատրասի Սան Թոմէ արուարձանը գտնուող կաթոլիկներու Սուրբ Թովմաս առաքեալի վանքին դրան առջեւ, ուր նաեւ թաղուած է անոր դուստր եւ Շահամիր Շահամիրեանի քոյր Փերինազ Սուլթանումեանը։ Գուցէ այս դաւանափոխումները, որոնք կը թուին պարտադրուած ըլլալ Շահամիրի հօր, մօր եւ քրոջ, պատճառ դարձած ըլլան Շահամիրի հանրածանօթ եւ թունդ առաքելականութեան։ Հնդկահայոց պատմութեան քաջատեղեակ անձերուն ծանօթ է հետեւեալ հատուածը Մխիթարեան Պօ­ղոս վարդապետ Մէհէրեանի ուղեգրութե­նէն, ուր ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս օր մը, շուրջ 1775ին, Մատրաս գտնուած ատեն «փարթամութեամբ մեծ» Շամիր աղային կը հանդիպի Մատրասի ծովափին մօտա­կայ հրապարակի մը վրայ: երբ քաղաքի մը այլ վաճառականներ խոյս կու տան խեղճ հայր Մէհէրեանէն եւ կը մերժեն նոյնիսկ բարեւել զինք, աղա Շամիրը կը մօտենայ վարդապետին: հայր Մէհէրեան կը գրէ. ­

Ասէ պարոն Շամիրն. Վարդապե՛տ, դու դարձեա՞լ ես ի հռովմէացւոց դա­ւանութիւն, թէ՞ ի նմին ծնեալ ես։ Պա­տասխանի ետու նմա, թէ՝ ի նմին ծնեալ եմ եւ սնեալ, զի ի գաւառին մե­րոյ Տարոնու երեկ գիւ[ղ]ք գոն, որք ի դաւանութեան հռովմէացւոց են ի վաղուց հետէ.… Յայնժամ դարձու­ցեալ զերեսս իւր առ միւս պարոնս, ասէ ցնոսա, թէ այս վարդապետիս կարեմ ողջոյն տալ եւ առնուլ, այն զի ինքն ‘ի նմին դաւանութեան ծնեալ է… եւ յայնմ օրէ եւ անդր սկսան ող­ջոյն տալ21։

Յաջորդ օրերուն, Շամիր նոյնիսկ գի­նի եւ պտուղներ կը ղրկէ հայր Մէհէրեանին։ Այս դէպքը մտածել կուտայ, թէ անկախ իր գաղափարա խօսական համոզումներէն, որոնք ժամանակի դաւանական բուռն մթնոլորտի ցոլացումն է Էին եւ իրենց դրսեւորումը կը ստանան սահմանադրա­կան իր գլուխ գործոցին՝ իր տպարանին մէջ հրատարակուած «Գիրք անուանեալ Որոգայթ Փառաց» էջերուն մէջ, Շահամիր Շահամիրեանի խիստ բացասական մօ­տեցումը հռոմէական կաթոլիկ հայերու նկատմամբ հաւանաբար անձնական եւ նոյնիսկ ընտանեկան կապեր ունեցած ըլ­լալու է։

Գրութիւնս եզրափակելով, թռուցիկ ակնարկ մը պիտի նետեմ Շահամիրեա նի մինչեւ օրս չհրատարակուած հռչակաւոր կտակին վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է մասնա­գէտներուն, Շահամիրեան մահացած է Մատրասի մէջ, 1797ին։ Անոր կտակը մինչեւ վերջերս անյայտ կը մնար, քանի որ փոխանակ նոյն տարին դատարանին կողմէ վաւե րացուելու, վաւերացուած եւ արձա­նագրուած էր մօտաւորապէս քսաներեք տարի ետք, երբ անոր Յովսէփոս թոռը չա­փահաս դարձած է եւ կամ պատրաստ ե­ղած՝ կտակակատարի դերը ստանձնելու։ Առանց անդրադառնալու Շահամիրեանի երկար եւ մանրամասն կտակին, կ’ուզեմ ընթերցողին ներկայացնել երկու խիստ հետաքրքրական հատուածներ՝ եօթնե­րորդը եւ քսաներկրորդը, որոնք Շահամի­րը կը կապեն Հայաստանի հողին։ Ինչպէս յայտնի է, Շահամիր՝ վրաց Հերակլ Բ. թա­գաւորի սերտ բարեկամը ըլլալով եւ անոր առատաձեռն նուէրներ ուղարկելով, 1786-ին ստացած էր Վրաստանի իշխանի տիտ­ղոս, ինչպէս նաեւ Լոռի գաւառի Լոռի գիւղը, որ այսօրուան Լոռիի բերդը պէտք է ըլ­լայ, իբրեւ ընտանեկան սեփականութիւն։

Եօթներրորթ, պատիւն որ ես ստա­ցեալ եմ Յոգոստափայլ Տեառն երկրորթ Հէրակալ շնորհօգն Յաստուծոյ թագաւորէն վրաց եւ գաւառնի անուն Լօռիի մէջ Գուգառ անո[ու]­մով յաշխար[հ]ին Հայիոց որ ես ստացէլ ամ Արփիափայլ պրինս Գիօրգի ժառանգորդի թագավորուրթեան վրաց որդոց որդիս ժառան­գութիւն որպէս նոցին արքայական բարձրութեան շնորհեցեալ յրօվարտակն կա[յ] ընթ մեզ յանդերձ գեօղ եւս յագարաք այգիք եւ տունք որ ես ունիմ ի յերեսս յերկրի կրնաթաքիս այսինքն նոմլի եւ փլմփէթ անուամ գեօղն եւ կայ տան կալ անուամ[բ] գեօղն եւ վանայ գրամ եւ վիլիչերի գեղումն յագարակքն եւ սէի տա փէտ գե ղումն իմ տն կած այ գին փուն մա ­լու գա ւա րումն մադ րա սում եւ իմ բ նա կու թե ան տունն տունն յան դերձ նո րին յա րեվե լե ան յան դի ման տը ­նէրն եւ նո րին յու սի սային կող կից իմ բ նա կու թի ան տան տունն եւ իմ բ նա ­կու թե ան տան յա րաֆայ կոյս այ գին եւ տունն եւ իմ բ նա կու թե ան Ա րեվ- մը տե ան կողմ տնէրն բոլորն անվճառելի եւ անբաշխելի արարի եւ բոլորովին տվի ի վէր յիշեցեալ ի մոյս չորս ժառանգաց այսինքն Յովանէսին Նզարոսին՞ Յակոբոսին եւ Յօվսէփոսին. այս մտածութեամբ զի նոքա ժառանգաբար վայելեսցեն պատիւնն եւ տարեկան եկամուտն գավառին գեօղէր քոց այգեստանե­աց եւ ագարակաց եւ տանց յորդոց յորդիս ըստ սահմանի օրինաց քրիս­տոնէից մինչեւ յաւիտեան 22։

Քըսաներկուերորթ, ի յայսմ ժամանակիս մեծ փոխարկում երեվի ‘ի յաշխար[հ]ն հայիոց եւ վրաց եւ յոյս մեծ երեվի զի ասգըն հայիոց զերծցի ի լծորթութեան պարսոց եւ յագարացուց, եթէ ողորմութեամբն յԱստուծոյ լինիցի այսպէս եւ պահպա­նութիւնն տանն հայիոց մնասցէ ‘ի ձեռին ազգիս հայիոց եւ կամ ռուս­տաց որ շնորհօքն յաստուծոյ քրիս­տոնեա են յայնժամ յարկավոր է ժառանգաց ի մոց զի յանդարտութեամբ պատրաստեցուք ապրանքն որում ցանկալի է պարսոց եւ հա-յեաստան յաշխարհի առեւտրին եւ տարէց տարի ձեր ապրանքն ձեր որդացովն ձեր դստերացովն ձերոց հաւատարիմ բարեկամաց կարավարութիւնում յողորկեցեք հայեաս­տան զի յաւաքվեսցեն ի քաղաքն մեր լօռի եւ բնակեսցեն անթ իփր սե­փական յաշխարհս ձեր մինչեւ կ[ա]տ[ա]րեսցի գործ փոխարկութեանն ընչից ձերոց յայնժամ եւ դուք եւս խաղացէք առ Հայեստան. եւ բնակե­ցարուք ի լօռի քաղաքն մերոյ ընթ ընտանիսն ձեր։ վասն որոյ պատվի­րումամ իմ ժառանգորդաց միշտ պահե[ս]ցէք մադրասումս երիս յաւա­տարիմ եւ բարեպաշտ անձինք ձեզ փոխանորթ տեղակալ որ ձերոց կողմանէ Էս Յնդստան վաճառակա­նութիւնն միշտ առեն եւ ձերոց գիեօ­ղէրոնց այգեստանեաց յագարակաց եւ տնէրոնց տիրութիւնն առեն եւ նո­ցին եկամուտն յաւաքեն ձերոց պատվիրանին համեմատ գործածիցեն։ Այլ եթէ տէր մի արասցէ հայեստա­նեց աշխարհս կալով մնայ ընթ յո­վանավորութեան պարսից եւ յագարացուց յորպէս յառաջանամ պատ­վերումամ ժառանգաց իմոց զի դուք կալօվ մնացէք ի յնդիկս յատկապէս մադրասումս կամ բանկալոյ կալկա­թայ որ ըստ փոռձառութեան իմոյ յետ հայեստան յաշխարհէ մադրաս եւ կալկաթայ ձեր բնակութեան հա­մար լաւագոյն է քան զամենայն տեղ եւ յատկապէս յայտնումամ իմ ժա­ռանգորդաց իմ կամքն եթէ ՞իբր բարեպաշտք կամեք պահել պատվէրն իմ եւ կատարել կամս իմ ձերոց եւ ձերոց ժառանգորդաց բնակութիւնն ոչ ոք այլ տեղ եւ ոչ ոք երօփի թաքավորած [sic] երօփի յաշխաում մի արասցուք բայց հայեստան սեբական աշխարհն մեր եթէ լինիցի պահպանութեան որ ­­ոք [ընդ] քրիստոնէի. Եւ յնդաստան մադրասումս եւ բանկալայ կալկաթայ ընթ յովանավորութեան բրիսթանիաց: եթէ տէր մի կամեսցի ոմն ի ձէնջ անտ գնիցէաք ի վեր յիշեցեալ պատվերանիս վկայութիւն դընիմ ի յայմ զի կատարածն գալոց է փոշիմանութիւնն յանդգնողին եւ ի նոյն փոշիմանութեան ոչ կարողանայ զերծանիլ ի թշուառութիւնէ։ Այսքան առ այս բա­ւական լինիցի 23։

Իբրեւ վերջաբան, նամակով մը կը նկարագրեմ, թէ ինչպէ՛ս Շահամիրեանի ժառանգորդները եւ մանաւանդ Յովսէփոս թոռը ձախորդ անձեր ըլլալով, ո՛չ միայն չեն ներկայացած Թիֆլիսի մէջ ռուսական փոխարքայութեան, որպէսզի ստանան ի­րենց ժառանգութիւնը, այլեւ ժառանգած իրենց հարստութիւնը մսխելով, իրենց վերջին, խայտառակ օրերը աւարտած են Մատրասի պարտատէրերու մէկ բանտին մէջ24։ Ստորեւ մէջբերուած անտիպ նամակը գրուած է 1862ին Ջուղայի բարբառով, ուղղուած Հնդկաստանի Նումբլի գիւղէն Շահամիրեանի անգլիացած շառաւիղնե­րէն մէկուն, որ կը բնակէր Լոնտոն կամ հիւսիսային Տեւոն եւ տակաւին քիչ մը Ջու­ղայի բարբառ կրնար կարդալ՝ Շահամիրի մեծ թոռներէն մէկուն պատմածը հասկնա­լու համար․

Նումբլ։ 9 ջուլայի, 1882 Կիրակի Առաւօտ։

Իմ Սիրելի եւ Կարօտեալ Գրիգոր.

Քոյմայի 2. էն գիրն շատ ախոր­ժանօք ստացայ եւ ուրախացայ յոյժ ‘ի վերայ ողջութեան ձեր։ Իսկոյն չկարողացայ պատասխանել վասն անառողջութեանս, վասնզի 71 տա­րական լինելով՝ անձնաւոր ցաւերից (rhumatison) միշտ յաւել կամ պակաս նեղամանամ եւ այս տարէն չափա­զանց շոքն ինձ շատ ներգործեց։ Գը-րածդ բոլորն յաղագս լօռի քաղաքի բանին՝ մտադրութեամբ կարդացի։ Ես կարծումի որ Յովսէփ Շամիրն է ­տուր քաղաթանին տարէլէր որք այժմ տեսմանամ իւր Բիճ որ դու ձեռնումնան, եթէ դա չուզենայ յանձնի՝ փոյթ զի. ի զուր փող մի խարջել վա­ւերացուցեալ օրինակոքն լիովին բաւական են վասն ամենայն բանի. բայց սիրելի, նախքան զամենայն պիտի իմանանք թէ ինչ կայ, եւ եթէ յոյս կայ որոք իքմին գտանելոյ՝ բոլորքս մասնակից կլինեմք ծախուց ընդ քեզ։ Եթէ Հերակլ թագաւորի հրո­վարտակի ինգլիզեվար թարգմանութիւնն ունես՝ եւ շատ ձիգ չի՝ ուրախ կլինեմ եթէ մին օրինակ առաքես ինց. ես այն ժամ կարող կլինեմ ճշտիւ ասել թէ ինչ պիտի եւ ինչ ամք կարող առնել։ Մին իքմին պարզայ. Եթէ մեք՝ իգական կո[ղ]մի սերունդք լի­նելով՝ լօռի քաղաքին իրաւունք (right) չունեմք, ո՞րպէս ամք կարող էտուր ե­կամտին ունենալ. վասնորոյ մեր բանն պիտի պահանջել եւ կորտ գնալ չլինի, այլ միայն աղերսել եւ պա­ղատել։ Շատ լաւ կլինի եթէ դու կարողանաս գնալ Թիֆլիզ. անդ՝ բազում երեւելիք եւ օրէնսգէտք եւս՝ կան ‘ի մերազնէից. նոցանով եւ հայոց Առաջնորդի միջնորդութեամբ՝ կարող կլինես ամենայն ծանօթութիւն գտանել, եթէ որոք կուտեալ եկամուտ կայ, որքանայ՝ եւ որտեղ եւ նոցա խորհուրդն հարցանես. թէ եթէ կայսերն աղերս (petition) մատուցանեմք կբարեհաճի այդ գումարն տալ մեզ։ Արժի գնաս անդ եւ մեր գեղեցիկ երկիրն տեսնես, քանզի մեք (Սամեանք) Վրացի Հայք եմք. իմ մեծ պապն թագաւորի Prime Ministerն է ր։ Կսպասեմ այս մասին կարդալ քեզնից եւ հրօվարտակի թարգմանութեան օրինակն եւս գտանել։ Յաւել չունիմ քեզ գրելոյ, վասնորոյ ընդ մեր սիրոյ եւ համբուրի բոլորիցդ ասեմ Զօրանէք աստուծով միշտ խանդակութեամբ Ամելիայ՞

ՅԳ. Բաբ Ղազարն 1 1/2 տարիայ որ վախճանելայ. Միսին եւ իւր որդին Ilfracomb[e]/N[orth] Devon/ են բնա ­կած 25։

Վերի նկարագրութիւնը մտածել կու տայ Շահամիրեան գերդաստանի պատ­մութեան բազմաթիւ հարցերու մասին, ո­րոնցմէ գուցէ կարեւորագոյնը այն է, թէ  ինչպէ՛ս կը ծնին մեծեր եւ ինչպէ՛ս կը խամ­րին ժառանգորդներ։ Կատարած փորձս միայն քայլ մըն է աւելի համապարփակ ու­սումնասիրութեան մը, որ անհրաժեշտ է իր ուսումնասիրողներուն սպասող ապա­գայի մեծ աշխատանքին մէջ։

68 | ԲԱԳԻՆ

 

1 Susan Schoppe, “Up from the Watery Deep: The Discovery of an Armenian Gravestone in the South China Sea”, Les Arméniens dans le Commerce Asiatique au début de l’ère Moderne, eds. Sushil Chaudhury et Kéram Kévonian (Paris: Éditions de la Maison des science de l’homme), 259-274 (259)։ Տե՛ս նաեւ նոյն հեղինակին « L’épave Trouvée près du récif Thitu», Monuments et Mémoires publiés par L’Academie des Inscriptions et Belles-Lettres, (Paris: De Boccard, 1999), 41-69։

2 Եօթնամեայ պատերազմի եւ անոր Փունթիշէրի քաղաքի վրայ ունեցած հետեւանքներուն շուրջ տե՛ս Henry Davison Loveի դասական գիրքը՝ Vestiges of Old Madras 1640-1800 Traced from the East India Company’s Records preserved at Fort St. George and the India Office, and from other sources (London, 1913), volume II, 580-593։

3 Schoppe, “Up from the Watery Deep”, 263.

4 Արխիւային հսկայական հաւաքածոյին յայտնաբերումիս շուրջ տե՛ս Sebouh Aslanian “Trade Diaspora Versus Colonial State: Armenian Merchants, the English East India Company, and the High Court of Admiralty, 1748-1752”, Diaspora: A Journal of Trans-national Studies, 13,1 (2004), 37-100, ինչպէս նաեւ Sebouh David Aslanian, From the Indian Ocean to the Mediterranean: The Global Trade Networks of Armenian Merchants from New Julfa (Berkeley: The University of California Press, 2011), xiv-xvi, 20-22։

5 Սմբատ Տէր Աւետիսեան, Նիւթեր Հնդկաստանի հայ գաղութի պատմութեան համար, Գիտական աշխատութիւններ (Երեւան, Պետական Համալսարանի Հրատարակութիւն, 1940), 11։

6 Ամենավերջին կրկնողը Տէր Աւետիսեանի անհեթեթ կարծիքին, թէ Շահամիրեան եղած է «հայ նախկին դերձակ», Սաթենիկ Պատուական Թուֆանեանն է Որոգայթ փառացի իր իսկապէս արժէքաւոր ֆրանսերէն թարգմանութեան եւ խորաթափանց մեկնութեան մէջ։ Տե՛ս Le piège de l’orgueil: Un projet républicain en Orient au XVIIIe siècle (Paris : Presses de l’Inalco, 2018), 48, 170, 470.

7 Schoppe5 “Up from a Watery Grave”, 261

8 Տե՛ս Սուլթանումի փորթուկալերէնէ անգլերէնի թարգմանուած երկար նամակը. Records of Fort Saint George, Diary and Consultation Book for 1745 (Madras: Superintendent, Government Press, 1931), 117-118:

9 Aslanian, From the Indian Ocean, 48-50. Կալկաթայի մօտ գտնուող Չինսուրա քաղաքի Տէր Յարութիւն Քահանան իր 1727 թուակիր նամակին մէջ հետեւեալը կ’իմացնէ Նոր Ջուղայի առաջնորդին. «Տեղս Գ [3] կենդանի մարդ գոյ, որ փող կայ ձեռներանումն. թէ չէ այլքն ամենեքեան ձեռն ծոցի պաշարաց կան. մէկ պարոն Աղայ Նազարն է, որ հրամանուցդ աւրհնութեամբն ունի անուն, ունի յերես եւ Աստուծոյ տուած ունի դօլվաթ: Նա էսօր Կալկատու եկեղեցին հաստատեաց. մօտ ԷՌ [7,000] ըրուփի խարճ էլ դեռեւս խարճում է եւ շինութիւն շինում»։ Տե՛ս «Նամակներ—Բանգալա, 1712–1800», Դիւան Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի։ Նամակին ամբողջական արտագրութիւնը տե՛ս Սեպուհ Ասլանեան, «Հնդկահայ վաճարականութեան պատմութիւնից» Պատմաբանասիրական հանդէս, 1, 2006, 254-271 (261)։

10 Տե՛ս Սուլթանումի վերոյիշեալ երկար նամակը՝ Records of Fort St. George, 117-18։

11 Կարճ ժամանակով, 1741ին ոչ անգլիացիներու բացառաբար արտօնուած էր, որ բնակավայր հաստատեն «Սպիտակ թաղ»ին մէջ։ Տե՝ս Love, Vestiges of Old Madras, vol. 2, 307-308։

12 Պարտամուրհակներու եւ պարոն Սուլթանումի կողմէ անոնց հերքման մասին, տե՛ս իր վերոյիշեալ նամակը՝ Records of Fort Saint George, 117-118։ Տե՛ս նաեւ Mesrovb J. Seth, Armenians in India from the Earliest Times to the Present (Calcutta: NP, 1937), 587-589։ Այս է պատճառը որ Աննա Խաթունէն զգալի թիւով պար- տամուրհակներ կան Սանթա Քաթարինայի թղթաբերին մէջ, բոլորն ալ անոր կողմէ՝ ուրիշներու գրիչով գրուած։

13 Տե՝ս Records of Fort Saint George, 202.

14 Նոր Ջուղայի կիներու անգրագէտ ըլլալուն եւ այս անգրագիտութեան բացասական հետեւանքներուն շուրջ տե՛ս Մեսրոպ Թաղիադեանց, Ճառ դաստիարակութեան օրիորդաց (Կալկաթա, 1846), 48-52։ Այս յղումը կը պարտիմ գործընկերոջս՝ Փիթըր Քաուիին։

15 Հոտ, բույր:

16 Համբուրել:

17 Նատեր Շահի սպանութեան եւ Ալի Ղուլի խան կոչուած անձի մը կողմէ փոխարինուելու մասին տե՛ս Lawrence Lockhart, Nadir Shah: A Critical Study Based Mainly upon Contemporary Sources (London: Luzac and Company, 1938), 262-264։ Աննա Խաթունի մինչեւ օրս անյայտ նամակը, որ Սանթա Քաթարինա անուամբ նաւով կ’առաքուէր Հնդկաստան, տե՛ս The National Archives (TNA), Kew, HCA 30/682, նամակ թիւ 1534։ Նամակը հասցէագրուած է այսպէս՝ «Աստուծով հասցէ ի Ք[րիստո]ս հանգուցեալ դավութ խանի Ամենապայծառ սահաբ դոլվաթ սահաբ Աղայ Սուլթանումին ղուլուղն ՚ի բարին Մադրասն կամ Փունթշերի»։ Սանթա Քաթարինա նաւուն բրիտանացինետու կողմէ բռնագրաւումի մանրազնին նկարագրութեան համար, տե՛ս Aslanian, “Trade Diaspora versus Colonial State”, 37-100.

18 Շահամիր ցարդ չհրատարակուած աղերսագիրի մը մէջ իր հօր բռնի տեղափոխման մասին կը գրէ հետեւեալը, «Որ ձեր աղերսարկուն ինքզինքին եւ իր հօր համար թոյլտուութիւն կը խնդրէ ներկայացնելու ձեր մեծապատիւներուն իրենց տխուր պարագան եւ պատահած դժբախտութիւններուն մասին Մատրասի անկումէն ետք երբ մեծ կորուստներ կրեցին քաղաքին ֆրանսացիներու կողմէ գրաւման պատճառաւ, երբ ձեր աղերսարկուի հայրը տարագրուած էր Փունդիշերի, այլընտրանք ունենալով որ կորսնցնէ իր ամբողջ ունեցուածքը եւ լոկ այն պատրուակով, որ զէնք վերցուցած էր այդ ազգին դէմ երբ [քաղաքը] պաշարած էին։ Ձեր աղերսագրողին հայրը տակաւին կալանաւորուած է այնտեղ իր կամքին հակարակ եւ միայն կը սպասէ պատեհութեան մը, որ իր ունեց-քուածքով վերադառնայ Մադրաս, ուր ժամանակ մը երջանիկ ու բարգաւաճ էր եւ յաջող առեւտուրին կցուած ազատութեան քաղցրութիւնը համտեսած էր» [That your petitioner for himself and his Father begs permission to represent to your Honours their unhappy Case and the misfortunes which have befallen them since the loss of Madras, in having greatly suffered in their fortunes in the capture of the Town by the French, by the carrying away of your petitioner’s father to Pondicherry, under the sad alternative of the utter confiscation of all he stood possess’d of Unless he went thither and all for having taken up arms against that Nation during the Time of the Seige [sic]; that your petitioners father is still detained there against his Will, under the same restraint, and only waits an opportunity of clearing himself from his Merchandize and then to return to Madras where he was once happy and prosperous, and where he so much tasted the Sweets of Liberty joined to the advantages of successful Trade]։ Տե՛ս “The humble petition of Shameer Sultan Son of Sultan David of Fort St. George, Merchant”, IOR E/1/36, 62a։ Հայ եւ այլ վաճառականներու Փունդիշերի տեղափոխման շուրջ տե՛ս Archives Colonial Fonds Ministériels, Aix-en-Provence, France, ACFM C/2/ 81, 287r-v.

19 Ըստ Փունդիշերիի արխիւային վաւերագրերու, Խօջա Սուլթան Դաւիթ մահկանացուն կնքէց 63 տարեկանին, սեպտեմբեր 30, 1754ին, նոյն օրը դաւանա- փոխ ըլլալով. « David Sultan [sic] (Coja) âgé 63 ans, né à Julfa en Perse; avait abjuré le mème jour»։ Տե՛ս Résumes des Actes de l’état civil de Pondichéry (Pondichéry: Société de L’histoire de L’inde Française, 1919), 209։

20 Տե՛ս Schoppe, “Up from a Watery Grave”, 260.

21 Պօղոս Մէհէրեան, «Պատմութիւն Վարուց Հայր Պօղոս Վարդապետի Մէհէրեան. Շարագրեալ յիւրմէ 1811, Վենետիկ ի Վանս Սրբոյն Ղազարու», հրատարակութեան համար խմբագրեց Գէորգ Տէր Վարդանեան, Բազմավէպ 1-12, (2007), 57

22 Տե՝ս Բրիտանական Գրադարանին մէջ պահպանուած կտակը՝ «The last Will and Testament and Codicil of Shamier Sultaun», India Office Records (IOR), L/AG/

34/29/222, էջ 64

23 Նոյն տեղ, էջ 67։

24 Տե՛ս Seth, Armenians in India, 591-592։ Տե՛ս նաեւ Սարգիս Վ. Թէոդորեան, Պատմութիւն Մուրատեան եւ Հայկազեան վարժարանաց եւ Մխիթարեան Աբ- բայից հատոր Ա. (Փարիզ, 1866), 593-594.

25 Այս նամակին բնագիրը պահպանուած է Մելիտոնեան/Melitus Ընտանիքին մօտ Անգլիա։ Բարեկամուհիիս՝ Լիզ Չեյթըրին կը պարտիմ նկարուած տարբերակը։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *