ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԽՈՍՐՈՎ ԱՍՈՅԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Այս մէկը բանաստեղծին քերթողական աշխատանքի վերլուծումը չէ, այդ մէկը ան­ցեալին կատարած եմ Ազդակ եւ Ասպարէզ օրաթերթերու էջերուն` փոքր փոփո­խութիւններով, եւ չեմ ուզեր ինքզինքս կրկնել (1): Ասոնք Խոսրով Ասոյեանի վերջին շրջանի աշխատանքները կամ փորձերն են՝ երբեմն ամբողջական, երբեմն պա­տառիկներ եւ երբեմն ալ նոյն գործին տարբերակները, որոնք բանաստեղծին կողմէ վերջ­նական ձեւաւորումի չեն ենթարկուած:

2021ի հոկտեմբերին հանդիպած էի իրեն, Երեւանի մէջ, ուր եկած էր ընտանիքին հետ վերջին անգամ քանի մը օրով Արցախ այցելելու եւ հանդիպելու իր զէնքի ընկեր­ներուն: Ճիշդ է որ շուրջ տարի մը առաջ առանձին եղած էր այն տեղ, սակայն անդրա­դառնալով իր առողջութեան արագ քայքայման՝ կարծես մնաք բարովի այցելութիւն մըն էր կատարուածը: Տակաւին ամբողջովին չէր պարպուած Արցախը եւ այդ օրերուն ան­կարելի էր պատկերացնել անոր ամբողջական կորուստը, սակայն քառասուն չորս- օրեայ պատերազմին մարդկային թէ նիւթական կորուստները, մասնաւորաբար Շուշիի, Հադրութի եւ նման կենսական շրջաններու յանձնումը շատ ծանր կը կշռէր բոլորիս վրայ: Խոսրովը, անկախ առողջական լուրջ հարցերէն, մասնաւորաբար կը տառապէր ձեռքի մատներուն վրայ հակակշիռ բանեցնելուն դժուարութենէն: Իսկապէս դժուար էր պատկերացնել Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Ֆանարէն Պուրճ Համուտ եւ Պէյրութ հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան ծառայած եւ 1993ին շրջան մը, Արցախի մէջ, ճակատի վրայ պատասխանատուութիւններ ստանձնած Խոս­րովը այսպէս: Հաղորդակցութեան դժուարութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ ձայնը կը տկարանար եւ դժուար կ’ըլլար հետեւիլ իր խօսակցութեան, զինք աւելի հանգիստ զգացնելու համար՝ իրեն կ’ըսէի, որ լսողութիւնս տկարացած է, նոյնիսկ օժանդակ լսողա­կան սարքը օգուտ չունի շրջակայ աղմուկին մէջ:

Նկատի  ունենալով որ իր գործերէն գոնէ չորսը կապ ունէին Արցախեան փորձա­ռութեան հետ՝ ծրագրեցինք զանոնք մէկ հատորի մէջ ամփոփել, մանաւանդ որ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, այս առնչութեամբ նոր բանաստեղծութիւններու վրայ կ’աշխատէր: Այլ տարբերակ մը եւս քննարկուեցաւ՝ իր ամբողջական գործերու հրատարակութիւնը, որովհետեւ ատենին, եօթը հատորներէն անկախ, մասնաւորաբար Բագին ամսագրի էջերուն, շահեկան բանաստեղծութիւններ լոյս տեսած էին իր մէջ:

Աւելի ուշ, Բագին պարբերաթերթի տասը հարցում հարցազրոյցներու ծիրին մէջ նման շարք մը պատրաստեցի եւ ղրկեցի իրեն, եւ քանի դժուարութիւն ունէր գրելու, խնդրեցի մեր սիրելի հասարակաց բարեկամէն՝ Սարգիս Մահսերէճեանէն, որ իր պա­տասխանները արձանագրէ: Հարցումներու պատրաստութիւնը շատ աւելի դիւրին էր անշուշտ, քան անոնց պատասխաններուն արձանագրումը: Ինչ որ Սարգիս Մահսերէճեան կը վկայէ, երբեմն Խոսրովին ձայնը այնքան կը տկարանար, որ գրեթէ անլսելի կը դառնար, եւ երբ մեր բարեկամը կը փորձէր կրկնել տալ պատասխանը՝ նշելով ձայնին տկարացումը, բանաստեղծը կը յուզուէր: Առաւել Խոսրովը երբեմն կը մոռնար իր սիրած հեղինակներուն անուններն իսկ (2): Այսպէս կարելի եղած էր հինգ հաէցումներու պատասխանները ապահովել, զորս կը հրատարակուին այստեղ: Խոսրովի մահէն ետք, ընտանիքին հաւանութեամբ, Ս. Մահսերէճեան հաւաքած էր այն թղթիկները, որոնց վրայ գրած էր հեղինակը եւ զանոնք կարելի հարազատութեամբ վերարտադրած: Բանաստեղծութիւն է նաեւ այն պարագան, որ Խոսրովը յաճախ ինծի կամ Սարգիսին կը սիրէր կարդալ գրածները եւ կարծիք կ’ուզէր, իր նախորդ հատորին առնչուած ձեռագիր շարք մը ունիմ, զոր ղրկած է, որպէսզի հարծիքս յայտնեմ ու թելադրանքներ կատարեմ այդ գծով, այնպէս որ ես ու սրագիս Մահսերէճեանը ծանոթ ենք իր մտածողութեան եւ այս մէկը եւս նպաստած է աշխատանքին: Բնականաբար դժուար է ճշդել, թէ կարգ մը գործեր առանձին բանաստեղծութիւննե՞ր են, թէ շարքի մը տարբեր բաժինները եւ ի՞նչ հետեւողականութեամբ պէտք է դասաւորել զանոնք: Սակայն ինչպէս Ձայնը, հազրոն, կանչը, Մենք ենք մեր սարերը հատորներու պարագային, հոս եւս կը տեսնենք որ Արցախեան տագնապը եւ վերոնշեալ շրջաններու կորուստը մտասեւեռում, յաճախանք դարձած է Ասոյեանի համար:

Վերոյիշեալ հատորներուն, նոյնիսկ Վերադարձի կարգ մը բանաստեղծութիւններուն մէջ, ճիշդ է որ Ցեղասպանութիւն-անցեալ, Միջին Արեւելք, յատկապէս՝ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներ, Արեւելք-Միացեալ Նահանգներ եւ Արցախի շրջագիծին մէջ կը ծաւալէին, սակայն Արցախը առանցքային կեդրոնացում ունէր, եւ բանաստեղծը նոյնիսկ քառասունչորսօրեայ պատերազմէն առաջ կը տագնապէր անոր շուրջ եղած բանակցութիւններով, իրենց թիկունքէն զարնուած Ռաֆօներու ողբերգութեամբ («Ռաֆօ՜/Մերուժն եմ,/ Արթնցի՛ր,/  կը ծախեն տունը», Կանչը, էջ 35): Իսկ քանի մը աջ առաջ, Արցախի շուրջ սակարկումը բանաստեղծը նմանցուցած է Անին ծախելու, անհանդուրժութեամբ: Ճիշդ է որ Մենք ենք մեր սարերը հատորի սկզբնաւորութեան բանաստեղծը կ’ըսէ պէտք է հաւաքեմ վէրքերս, յուշերս, երգերս, թուղթերս, գիրքերս, օրերս, խոհերս «որ իմս չեն այլեւս / ու երթամ», սակայն կե տեսնենք որ իւրաքանչիւր նշում՝ նոր բանաստեղծութեան առաջին տողը կը դառնայ եւ «իմս չեն» աւելի շատ կը վերաբերի այլեւս իր ընթերցողին կամ հայ հաւաքականութեան:

Ինչ որ այս անտիպներուն պարագային կարելի չէր ամբողջովին վերարտադրել՝ բանաստեղծական տողերու կառոյցն էր: Տեղ-տեղ ձեռագիրներուն վրայ տեսանելի են անոնք, սակայն հատուածներ կամ պատառիկներ ըլլալով, չենք գիտեր թէ վերջնական ի՞նչ ձեւ կրնային առնել: Այսպէս, Խոսրով յաճախ կը սիրէր կտրատել տողերը կամ բա­ռերը առանձին ձեւերով շարել: Ով որ ծանօթ է իր նախորդ հատորներուն՝ անմիջապէս կրնայ հասկնալ ինչ որ կը դիտարկեմ: Երկու օրինակ նշելով այստեղ.

կ’անջատուին

տողերս

կը կիսեմ զանոնք

տող

առ

տող

(Մենք ենք մեր սարերը, էջ 46):

Կամ՝

կ’իյնայ

կաղնին

Մռաւի լանջերուն

Սարսանդի

կապոյտ

էջը

կը բզկտուի

Թաթառը

կը փրփրի

կը յորդին

ջուրերը

ափերը

կ’օծուին

արիւնով

մասունքներով

հայդուկներուն

(Մենք ենք մեր սարերը, էջ 21):

Բարեբախտաբար, հիմնականօրէն այդ թղթիկներուն վրայ իսկ բաւական յստակ են տողային բաժանումները:

Այս բանաստեղծութիւններուն մէջ, գլխաւորաբար ուղղուած Պապիկ ու Մամիկի Պապիկին, երբեմն ժողովրդային կամ յեղափոխական երգի մէկ տողի յղումով նոր գործ մը կը կառուցուի՝ կարօտի, ափսոսանքի, զայրոյթի կամ կորստեան ցաւի ապրումներ արձանագրելով, երբեմն յիշողութենէն ծլած արարք մը տեղ կը գտնէ այնտեղ, այլուր քաղաքական կեցուածքներու հանդէպ բանաստեղծին ցասումը կը դրսեւորուի: Բոլոր պարագաներուն ալ՝ հեղինակին անկեղծ ձայնն է որ կը բնորոշէ արարումը: Կը կարծեմ որ այս գործերը կարդալով, Արցախի, հայրենիքի գծով, բնական, կենդանի զրոյց մը կը զարգանայ ընթերցողին եւ Խոսրով Ասոյեանի միջեւ:

Ամէն պարագայի, բանաստեղծին մահէն ետք, Ս. Մահսերէճեան եւ Վեհանոյշ Թեքեան իրենց յօդուածներով կենդանի դիմանկարը տուին Խոսրով Ասոյեանի:

ՅՂՈՒՄՆԵՐ.

  1. «Խոսրով Ասոյեան եւ յանձնառու հայ մարդուն տագնապը», ազդակ 2019, Մարտ 16-ի թիւով:
  2. Տեսնել Խ. Ասոյեանի հարցազրոյցը:
  3. Սարգիս Մահսերեճեան, Խոսրով Ասոյեանի մահէն ետք, գեղեցիկ յօդուած մը գրած է հայ մամուլին մէջ, ուր կենդանի կերպով կը տեսնենք Խոսրով Ասոյեան բանաստեղծ-մարդը: Վեհանոյշ Թեքեան. «Խոսրով Ասոյեանի ասքը», Հայրենիք, 7 Ապրիլ, 2022

Your email address will not be published. Required fields are marked *