Բարեւ Խոսրով, աւելի քան քսան տարուան բարեկամութիւն մը, այն օրերէն սկսեալ, երբ մեր բանաստեղծութիւնները պզտիկ խումբերով կը քննարկէինք, առիթ կու տայ այս մտերմիկ զրոյցին: Ճիշդ է, որ աւելի քան քառորդ դար աշխարհագրականօրէն հեռու էինք իրարմէ, սակայն անկախ հեռաձայնային կապերէ, նաեւ յաճախ առիթներ ստեղծուեցան Լոս Անճելոսի, նոյնիսկ վերջերս՝ Հայաստանի մէջ հանդիպելու:
Մենք ենք մեր սարերը հատորին մէջ կը գրես Ասոյ Խաչոյենց տան Ասատուրին մասին, որ եօթը անգամ դաշունահարուած է իր տան մէջ. բնականաբար, այս մէկը յղում մըն է Ցեղասպանութեան հետ կապուած ընտանեկան ողբերգութեան: Կրնա՞ս ընտանիքիդ պատմութեան մասին խօսիլ:
Եթէ հարցումիդ կարճ պատասխան մը տամ, կրնամ ըսել, որ այո՛, մեծ հայրս եւ մեծ մայրս, ընտանիքի այլ անդամներու հետ, զոհ գացած են ցեղասպան թուրքի եաթաղանին, իրենց տան մէջ, դրան առջեւ: Ասիկա մէկն է այն ողբերգութիւններէն, որոնք բաժին հանուեցան բազմահազար, միլիոնաւոր հայերու, ո՛չ միայն 1915էն սկսեալ, այլ անկէ տասնամեակներ առաջ ալ:
Իսկ եթէ կ’ուզես, որ մանրամասնեմ, պիտի ներես, որ ներկայացնեմ մեր ընտանիքի պատմութեան այդ տխուր էջերէն որոշ մասեր:
Մեծ հայրս եւ եղբայրները ճանչցուած են իբրեւ մալաթիացի, սակայն իմ պրպտումներս, նաեւ ընտանեկան հարազատներու տուած վկայութիւններէն ի յայտ եկած էր, որ անոնք Մալաթիոյ մէջ եկուոր էին: Մեր ընտանիքին մասին ըսուած է, թէ ժառանգորդն ենք Ասոյենց Խաչոյին, այսինքն՝ Ասօ Խաչոյի ընտանիքէն ենք: Մալաթիոյ պատմութիւնը ամփոփող հատորին մէջ, մեր ընտանիքին մասին, իբրեւ Ասոյեան կամ Ասօ Խաչոյի տուն, որեւէ յիշատակում չկար: Երբ Բագինին կ’աշխատակցէի, օր մը, ընկեր Կարօ Սասունիի հետ զրոյցի մը պահուն, յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղեցի: Երկար զրոյցը ամփոփեմ։ Նախահայրերս ապրած են Սասունի շրջանի եօթը գիւղերէն մէկուն մէջ, հոն՝ ուր մականունները հայկական ԵԱՆ-ով չէին վերջանար, հետեւաբար՝ ճանչցուած էին իբրեւ Ասօ Խաչոյի տուն:
Մեծ հօրս ընտանիքը եղած է առեւտրականներու եւ արհեստաւորներու տուն: Ամենէն կանուխ վկայութիւնը կու գայ Չնգուշէն, ուր հաստատուած էր ընտանիքը, յայտնապէս Սասունի իրենց բնիկ գիւղէն տեղափոխուելէ ետք: Աշխատանքի բերումով, ապրած են Չնգուշ, Տիգրանակերտ եւ վերջապէս՝ Մալաթիա: Եւ հոն է որ պատահած է ողբերգութիւնը:
Ա. Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւանքով, հօրս մեծ հօրս ընտանիքէն երեք հոգի՝ երեք եղբայր, զինուորագրուած են օսմանեան բանակին. Անոնցմէ երկուքը սպաննուած են, մարմինները վերադարձուած են տուն, իսկ երրորդը խոյս տուած է ու հասած՝ Տերսիմ: Մեծ հայրս՝ Ասատուր, զգացած է վաղահաս փոթորիկը, իր զաւակները՝ անչափահաս հայրս, երկու հօրեղբայրներս եւ հօրաքոյրս պահած է տան ձեղունին մէջ եւ թելադրած է, որ դուրս չգան, մինչեւ որ «քիւրտ խալօ»ն գայ զիրենք առնելու:
Օր մը ետք, երեք ոստիկաններ եկած են եւ սպառնալիքներ տեղացնելով՝ մեծ հօրմէս պահանջած են փախստական եղբայրը: Զայրացած՝ մեծ հայրս սպաննած է ոստիկաններէն մէկը, իսկ միւսները զինք սպաննած են տեղն ու տեղը: Ապա մտած են տուն, խլած են մեծ մօրս զարդեղէնները եւ տան մէջ խողխողելով սպաննած են զայն: Քանի մը օր ետք, Տերսիմէն կու գայ իր քիւրտ բարեկամը՝ խալօ կոչեցեալը, եւ ձայն տալով եւ ինքզինք ճանչցնելով՝ ձեղունէն վար կը բերէ չորս մանուկներն ու պատանիները, զանոնք կը տանի Տերսիմ: Հօրաքոյրս, որ աւելի խելահաս էր ողբեր- գութեան օրերուն, խելակորոյս վիճակի մէջ կ’իյնայ:
Ատեն մը ետք, փրկուողները կը վերադառնան Մալաթիա, կը սկսին յաճախել կառավարական դպրոց մը: Հօրեղբայրս՝ Սիմոնը, որ հասած էր պատանութեան սեմին, օր մը կռիւի կը բռնուի գայմագամին տղուն հետ, որ զինք կեաւուր կոչած էր: Կառավարիչը գիտէր, թէ հօրեղբայրս որո՛ւն զաւակն էր…: Տեսնելով, որ ընտանիքը մնայուն վտանգի եւ վարկաբեկումի տակ է, Սիմոն հօրեղբայրս կ’որոշէ հեռանալ Թուրքիայէն, ի վերջոյ հաստատուելու համար Հալէպ, իսկ հայրս կը հաստատուի Ամուտա, Գամիշլիի մօտակայ փոքր քաղաք մը, ուր ծնած եմ ես. ապա, տեղափոխուած ենք Գամիշլի, ուր անցուցած եմ մանկութիւնս եւ պատանութեան տարիներս:Ինչպէս ըսի, այս մանրամասնութիւնները քաղած եմ եւ քովքովի բերած՝ ընտանեկան հարազատներէ եւ մալաթիացի ծանօթներէ: Մեծ հօրս ընտանիքին ողբերգութիւնը մէջս աճած է տարիքիս հետ, անոր արձագանգներուն էր որ կ’ակնարկէիր հարցումիդ մէջ:Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն գալով՝ գրական առաջին փորձերդ խմորուեցան Սփիւռք-Գարունի եւ Պօղոս Սնապեանի կազմած երիտասարդ գրողներու խմբակին մէջ: Անոնք ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան կազմաւորմանդ վրայ: Խմբակային աշխատանքի այս հանգրուանը, իր առաւելութիւններով եւ անպատեհութիւններով, ինչքա՞ն օգտակար կը գտնես երիտասարդներու համար: Հարցումդ բազմաթիւ խաւեր ունի: Նախ խօսիմ Սփիւռք-Գարունին մասին: Հոն, Սիմոն Սիմոնեանի շուրջ խմբուած էին քանի մը տաղանդաւոր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ: Յիշեմ գոնէ Վեհանուշ Թեքեանը, Երուանդ Քոչունեանը, որոնց հետ շուտով մտերմութիւն մը ստեղծուեցաւ: Մեր գրածները կ’ընթերցէինք, որոշ քննարկում կ’ընէինք: Աշխատանքիս բերումով, յաճախ կը ստիպուէի բացակայիլ հանդիպումներէն, կը բաւականանայի գրածներս խմբագիրին յանձնե- լով կամ սահմանափակ զրոյցներով: Սիմոնեանի քաջալերանքով էր որ գրածներս մէկտեղեցի առաջին հատորներուս մէջ: Երախտագիտութեամբ պէտք է յիշեմ, որ առաջինը՝ Կէտերը լոյս տեսաւ Մալաթիոյ հայրենակցական միութեան մեկենասութեամբ, իսկ երկրորդը՝ Արեւագալը Սիմոնեանի ջանքերով:
Աւելի ուշ, միացայ Բագինին շուրջ խըմբուած երիտասարդ գրողներուն: Անոնց մեծ մասը Պօղոս Սնապեանի նախկին աշակերտներն էին: Խմբակը 18 գրողներէ կազմուած էր. հոն էին Նազօ Պէրպէրեանը, Սարգիս Կիրակոսեանը, դուն՝ Յարութ Պէրպէրեան, Նազ Տէր Սարգիսեանը, Էլօ Սարաճեանը, Վահան Զանոյեանը, Ազնիւ Գարալէքեանը, Քնար Ճինպաշեանը եւ ուրիշներ: Հոն ալ միատեղ ընթերցումներ կ’ընէինք եւ կը քննարկէինք մեր գրածները, սակայն հոն աշխատանքը որոշ տար- բերութիւն ունէր: Կրնամ ըսել, որ գրականութեան համալսարանական դասընթացքներու բնոյթ ունէին մեր հանդիպումները: Մեր գրածները բաժնեկցելու կողքին, կը կարդայինք գիրքեր կամ ճշդուած հատուածներ, միասնաբար քննարկում կ’ընէինք, կը վերլուծէինք: Այս բոլորին վարիչն էր Պ. Սնապեան, որ գրականութիւն մշակելու տաղանդ ունեցողներուն մղում կու տար գրելու: Այդ խմբակին աշխատանքները կը յիշեմ երանութեամբ եւ երախտագիտութեամբ:
Քանի կը խօսիմ Բագինին մասին, որուն աշխատակցութիւնս եղաւ երկու փուլով (շրջան մը, օրուան աշխատանքիս եւ անձնական այլ որոշ պատճառներով հարկադրուած էի աշխատակցութիւնս դադրեցնելու), կ’ուզեմ միջանկեալ արձանագրել անձնական յուշ մը, որ հաւանաբար հետաքրքրէ ընթերցողդ:
Բագինին հետ ծանօթացումս եւ առաջին «կապս» եղաւ 1960ականներու սկիզբը: Գամիլշիի մէջ միջնակարգի աշակերտ էի: Հոն ունէինք ուսուցիչներ, որոնք բառին ամբողջական եւ ամենէն համապարփակ իմաստով հայեցի դաստիարակութիւն կու տային մեզի: Սորվեցանք մեր պատմութիւնը, անցեալի եւ նորագոյն սխրալի էջերը, ծանօթացանք գրողներու եւ բանաստեղծներու: Գիրք կարդալը, բանաստեղծութիւն սորվիլն ու գրելը ընթացիկ պարտականութիւններ էին: Այդ բոլորը կ’ընէինք ո՛չ պարտադրաբար, այլ սիրելով, որովհետեւ մեր ուսուցիչները դասը սորվեցնելէ առաջ, դասանիւթերը սիրել տուած էին մեզի: Հոն էր որ առաջին քաջալերանքներս ստացած եմ չափածոյ բանաստեղծութիւն գրելու: Երախտագիտութեամբ կը յիշեմ մեր ուսուցիչներէն Յակոբ Մկրտիչեանը: Տարուան ընթացքին հանդիսութիւններու համար բա- նաստեղծութիւններ կը սորվէինք ու կ’արտասանէինք: Գամիշլին ունէր մեծ թիւով քիւրտ բնակիչներ, հայերս ալ բնականաբար սորված էինք քրտերէն եւ կը խօսէինք սահուն կերպով, այնքան մը, որ տարի մը, իբրեւ շարադրութեան պարտականութիւն, Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը (նոր տարածում գտած էր) թարգմանեցի քրտերէնի… (այստեղ կ’արտասանէ քանի մը տող):
Այդ օրերուն էր որ դասընկերներէս մէկը, Հալէպ այցելութենէ մը Գամիշլի վերադարձին, ականջիս փսփսաց, որ Դաշնակցութիւնը որոշած է Պէյրութի մէջ լոյս ընծայել գրական թերթ մը, որ կը կոչուի Բագին: Հետը բերած էր առաջին թիւերէն օրինակներ: Նմանապէս փսփսուքով աւել- ցուց, որ թերթին պատասխանատուն էր Կարօ Սասունին, որ մեզի՝ պատանիներուս համար, Մալխասի Զարթօնքին Թօփալ Սատանան էր: Կրնա՞ս երեւակայել մեր զգացումները, յուզումը: Թօփալ Սատանայ-Սասունին էր գրական սպասուած թերթին պատասխանատու խմբագի՜րը…: Անկէ ետք, հասնող թիւերը կը խլէինք ձեռքէ- ձեռք, ու այսպէսով, առաջին բարեկամութիւնս կամրջուեցաւ Բագինին հետ:
Վերադառնալով հարցումիդ վերջին բաժինին. տուած բացատրութիւններէս մեկնելով, կ’ուզեմ շեշտել, որ թէ՛ Սիմոնեանի եւ թէ՛ Սնապեանի շուրջ խմբուած գրողներուն տարած աշխատանքը շատ կարեւոր գործ էր, վստահ եմ բոլոր մասնակիցներն ալ մեծապէս օգտուած են այդ հանդիպումներէն, որոնք նպաստած են գրողներու հասունացման: Այսօր նման աշխատանք տանող չկայ, գոնէ Սփիւռքի մէջ ծանօթ չեմ, թէ մէկը արդեօք նման աշխատանք կը կատարէ՞: Գիտեմ, որ կարգ մը գրական յաւելուածներ կան հոս-հոն, սակայն թէ՝ յիշեալ խմբակներուն պէս աշխատանքային հանդիպումներ կ’ըլլա՞ն, եւ եթէ կ’ըլլան, ի՞նչ բնոյթով՝ ծանօթ չեմ:
Հարցումդ ինծի կը յուշէ այլ բաներ, որոնք նմանապէս օգտակար եղած են ինծի եւ սերնդակիցներուս, թէեւ անմիջականօրէն աղերս չունին հարցումիդ հետ:
1970ականներու սկիզբները, ուսուցիչ էի Նոր Սիս թաղի ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ: Այդ տարին, 1970-71 ուսումնական տարեշրջանին, Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդը կազմակերպած էր ամառնային դասընթացք մը, հիմնականին մէջ հա- յերէնով աւանդուող դասանիւթերու ուսուցիչներուն համար: Ես թուաբանութիւն կը դասաւանդէի, սակայն մեր դպրոցին տնօրէնը՝ Անդրանիկ Ուրֆալեան, յանձնարարեց, որ ես ալ հետեւիմ այդ դասընթացքներուն: Դասաւանդողներն ու աշխատանքը վարողներն էին համալսարաններու մէջ գրականագէտ եւ պատմագէտ ծանօթ դասախօսներ, ինչպէս Երուանդ Քասունի, Լեւոն Վարդան՝ Հայկազեան քոլէճէն: Գիտեմ, որ հիմա ալ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հանդիպումներ կը կազմակերպուին որոշ տեղեր, սակայն այդ դասընթացքը տարբեր բնոյթ ունէր եւ զգացած եմ անոր օգտակարութիւնը:
Իսկ նախորդ հարցումներէդ մէկուն՝ Բագինին հետ կապիս եւ աշխատակցութեանս մասին, ընեմ կարեւոր յաւելում մը: Նոյն տնօրէնիս՝ Ա. Ուրֆալեանի քաջալերանքով էր որ այդ տարիներուն մղուեցայ Բագինին աշխատակցութեան: Ան էր, որ օր մը ինծի թելադրեց երթալ Ազդակի խմբագրատունը եւ ներկայանալ Պօղոս Սնապեանին, որ մաս կը կազմէր օրաթերթին խմբագրական կազմին: Աշխատակցութեանս առաջին փուլը տեւեց քանի մը տարի, յետոյ, ինչպէս յիշեցի, պահ մը «հարկադիր ամուսնալուծում» մը պատահեցաւ, իսկ աւելի ուշ, 70ականներու վերջերուն, այս անգամ՝ Սարգիս Զէյթլեանի քաջալե- րանքով եւ մղումով, վերադաձայ Բագին եւ վերսկսայ աշխատակցութիւնս: Չեմ ուզեր այլ մանրամասնութիւններով երկարել ու ծանրաբեռնել յուշերու այս բաժինը:
Հայ թէ օտար հեղինակներէ առաւելաբար որո՞նք ազդած են գրականութեանդ վրայ:
Շատ դժուար հարցում է. դժուարութեան պատճառներէն մէկն ալ… առողջական այժմու վիճակս է, որ չ’արտօներ բոլոր ուզած բաներս յիշել: Ուրեմն, բաւականանամ յիշելով քանի մը անուն:
Օտար գրողներէն՝ սկսիմ արաբ բանաստեղծով մը (անունը չեմ յիշեր այս պահուն), որուն մէկ բանաստեղծութիւնը տեղ գտած էր մեր դասագիրքին մէջ, զայն սորված էինք պրըվէի քննութեան համար, ունէր «Մաթար, մաթար, մաթար» (անձրեւ, անձրեւ, անձրեւ) տողերը, որոնք դասակա- նօրէն մէկ տողի վրայ չէին արձանագրուած, այլ տակ-տակի տողերով, ստեղծելով շարժում մը, ձեւացնելով անձրեւին տեղալը: Արաբ գրողներէն պէտք է յիշեմ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը, Միխայէլ Նայիմէն, քանի մը պաղեստինցի ակնառու գրողներ, որոնց թէ՛ գրած ձեւը եւ թէ՛ խորքը, անջրպետային տարածքները խորապէս տպաւորած են զիս: Արեւմտեան- միջազգային գրականութեան աշխարհէն ալ կրնամ յիշել քանի մը դասական եւ այլ գրողներ (պիտի ներես, անունները չեմ յիշեր նոյն պատճառով), իսկ մեր գրականութենէն… Ո՞ր մէկը թուեմ: Աբովեա՞նը, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեա՞նը, Րաֆֆի՞ն, Մեծարե՞նցը, Թումանեա՞նը, Տէրեա՞նը, Սիամանթո՞ն, Վարուժա՞նը, Չարե՞նցը, Սեւա՞կը, Սահեանն ու Դաւթեա՞նը, Դաւոյեա՞նը…: Անկարելի է նախասիրութիւն ընել, որով- հետեւ իւրաքանչիւրը աշխարհ մըն է, մէկ մասնիկը մեր տիեզերքին, որ շունչ ու ոգի տուած է մեզի, նոյնը պիտի շարունակէ ընել սերունդէ-սերունդ:
Առաջին շրջանի բանաստեղծութիւններուդ մէջ քնարական շունչով բանաստեղծութիւններու կը հանդիպինք, ինչպէս 1971-ին լոյս տեսած Կէտեր հատորին մէջ «Թէ՛ գլխահակ, թէ ինձմէ վեր …» քերթուածը, որ սիրոյ մէկ նուրբ պատկերացումդ կու տար: Նոյնիսկ նման, ոչ երկար, բանաստեղծութիւններու շարք մը կայ Բագին ամսագրի թիւերուն մէջ, որոնք հատորներուդ մէջ չեն անցած: Ատկէ երկու տարի ետք, 1973ին լոյս տեսած Արեւագալ հատորովդ արդէն դիւցազներգական շունչով, աւելի երկար բանաստեղծութիւններ կը սկսիս գրել: Այս անցումը կամ նախասիրութիւնը ինչպէ՞ս կը բացատրես:
Խօսիմ առաւելաբար, քու բառերովդ՝ «անցում»ին մասին:
Եթէ յիշեմ երկու անուն, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են վրաս, արդէն, կը կարծեմ, բաւական բան ըսած կ’ըլլամ: Կարօ Սասունի եւ Սիմոն Սիմոնեան: Երկուքն ալ սասունցի, երկուքն ալ հերոսական Սա- սունով շնչող եւ շուրջինները համակող հսկաներ: Անոնց գրականութեան ծանօթ եղողը, վստահ եմ, յաւելեալ լուսաբանութեան պէտք չունի:
Երկրորդ փուլը, որուն կ’ակնարկես՝ ըսելով, որ հոն կայ դիւցազներգական շունչ, հիմա, որ ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ կը դիտեմ այդ ժամանակները եւ ինքզինքս, կրնամ յիշել նաեւ այլ ազդակներ: Այդ տարիներուն էր որ մեր Դատի հետապնդման գործերը մտան նոր փուլի մէջ, իսկ աւելի ուշ, եկան Արցախեան Պայքարի եւ ազատամարտի փուլերը: Ըսեմ միայն այսքանը, որ չեմ կրցած ինքզինքս, ուրեմն նաեւ գրածս տեսնել այդ մթնոլորտէն տարբեր ոլորտներու մէջ:
Շուրջ քսան տարուան ժամանակային բաց մը կայ երկրորդ եւ երրորդ հատորներուդ միջեւ, որ խորհրդանշկանօրէն կը կոչուի Վերադարձ: Ինչո՞ւ այս երկար լռութիւնը. ի՞նչ պատահեցաւ այս շրջանին:
Հոս ալ կրնամ երկու բառով բացատրել երկար ընդմիջումը. Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ» եւ երկրէ երկիր տեղափոխութիւն: Քիչ մը մանրամասնեմ:
Երբ 1975ին Լիբանանի մէջ պայթեցան քաղաքացիական պատերազմ կոչուած բախումները, ինչպէս երկրի ամբողջ տարածքին, նոյնպէս ալ հայկական մեր շրջաններուն ու թաղամասերուն մէջ ստեղծուեցան աննախընթաց վիճակներ, կացութիւններ, որոնք կեանքը դուրս բերին բնականոն հունէն: Բնականաբար ո՛չ ոք կրնար նախատեսել, թէ որքա՞ն պիտի երկարէր այդ ահաւոր փուլը:
Մեր շրջաններուն մէջ ալ, Արեւմտեան Պէյրութ եւ Արեւելեան շրջաններ՝ Էշրեֆիէէն, Պուրճ Համուտէն մինչեւ Անթիլիաս, Ֆանար եւ այլուր, ստեղծուեցան ապահովութեան պահպանման հրամայականներ: Մեր երիտասարդութիւնը այլեւս միայն չէր երգեր «եարի փոխան զէնք եմ գրկել», այլ ամէն թաղ ու շրջան ունէր զէնք գրկող իր պահակները: Ես, ու ինծի պէս շատեր, չէինք կրնար անտարբեր մնալ, «տունը նստիլ» եւ սպասել, որ խաղաղ ու նպաստաւոր պայմանները վերադառնան: Պատմութեան անցած այդ օրերը ծանօթ են բոլորին: Բոլոր զինուորագրեալներուն պէս, ես ալ գացի հոն, ուր մեր պա- տասխանատու ղեկավարները առաքեցին մեզ: Սկզբնական շրջանին, Ճեմարանը, Արա Երեւանեան ակումբը (Արեւմտեան գօտիին մէջ) եւ Հայկազեան քոլէճը եղան մեր ժամադրավայրերը: Աւելի ուշ, Պուրճ Համուտէն մինչեւ բնակավայրիս՝ Ֆանարի շրջանները եղան իրերայաջորդ ժամադրավայրեր: Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, թուղթն ու գրիչը իրենց տեղը զիջեցան օրուան պարտադրանքներուն: Քանի մը տարի ետք, երբ տեղափոխուեցայ Միացեալ Նահանգներ, ինկայ նոր հարկադրանքներու տակ: Պէյրութէն հեռանալէ առաջ, արդէն կազմած էի ընտանիք, որ Լոս Անճելըսի մէջ հետեւեցաւ «աճեցէք եւ բազմացէք» պատգամին: Կար ընտանիքին հոգատարութեան հարցը, կային նոր երկրին ծանօթանալու եւ յարմարելու հարցերը, սկզբնական տարինե- րուն՝ ուսուցչական ասպարէզիս պարտադրած հեւքը, որ չէր նմաներ լիբանանեանին պայմաններուն, իսկ այս բոլորին կողքին՝ համալսարանական ուսման վերադառնալու մղումը:
Այդ տարիներուն, այս եւ նման պայմաններու բերումով, բնականաբար չէի կրնար գրել նախկինին պէս: Խմորումները կային, սակայն զանոնք բիւրեղացնելու եւ թուղթին յանձնելու, անոնց վրայ աշխատելու պայմանները կը պակսէին: Այսուհանդերձ, երբ «վերադարձ»այ, պուրճ- համուտեան եւ յետագայ փորձառութիւններս ու ապրումներս տեղ գտան յաջորդ գիրքերուս մէջ:
(Այստեղ կ’ընդհատուի հարցազրոյցը, որ արձանագրուեցաւ մէկէ աւելի «նիստերով», հանդիպումներով: Պատճառը՝ Խոսրովին առողջական վիճակն էր, որ արագ շիջումի տարաւ զինք եւ առաւօտ մըն ալ, ան հրաժեշտ տուաւ աշխարհին, կիսաւարտ ձգելով ո՛չ միայն այս զրոյցը, այլ նաեւ իր նորագոյն էջերը… (Սարգիս Մահսերէճեան):