Ասոյեան Խոսրով

ԱՆՏԻՊ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վերադարձի

ճամբու վրայ ենք

ես ու դուն

Վայրէջքի

ճամբու վրայ ենք

ես ու դուն

Աչքերնիս հողին յառած

Նահանջի

Ճամբու վրայ ենք

Ես ու դուն:

 

Աշուն է, Պապի՛կ

աշուն է չոր, թունաւորուած

ականահար վէրքերով հին

չդարմանուող

Ափին քնատ

կողին

Սիւնեաց սարեր դաշունահար

Հայու վարքով, արտօնութեամբ

թունաւոր

արահետի կողերուն

մանուկ որբեր

չդադարող արցունքով

կը սպասեն վերադարձը

իրենց թաղին, իրենց տան

Մշուշի հին ծալքերէն

կը հոսին բառեր կիսահատ

«Զարթի՛ր, որդեա՛կ յուշ բեր վե՛ր կաց,

Պատերազմի փողն հնչեց…»

կը նային տղաքը

կը բերեն

թֆանքը

ֆշանքը

 

«Ձայն տուր ով ֆետա…»

Կը ներես, Պապի՛կ,

Քառորդ դար

անվերադարձ յիշատակներ

յիշատակներ կանաչաբոյր

դէմքեր խանդավառ

Նուիրուեցան, լքուեցան

պղծուեցան, յօշոտուեցան

մայրավանքեր պղծուեցան

Հայուն չէ

Քարվաճառը,

Հադրութը

նուիրուեցան թուրքին

ազերիին

 

«Կռու՛նկ, ուստի՞ կու գաս

Ծառայ եմ ձայնիդ.

Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս…»

Կը մօտենայ կռունկը թեւերուն տակ

կ’ամփոփէ Շուշին

կը դիտէ Ամենափրկիչը

դարձեալ կիսաքանդ

թալանուած

աւերուած

պղծուած

Ոտքերը կը կրճատուին

կը մարին թեւերը

կը թրջուին աչքերը

աչքերէն՝ արցունքին հետ

կը հոսին Կարսն ու Անին

Լենին պապուկին մատներուն թրքացուած՝

Կը հետեւին Սուրմալուն…

Կռո՜ւնկ

թռչիմ քեզի հետ

գլուխս պահեմ թեւերուդ տակ

կառչիմ թեւերուդ

վերադառնանք

Հայրենիք (…)

 

Մշուշ է, Պապի՛կ

մշուշ

կը խորանան վէրքերը

լեռնալանջերը

կը փշրուին

կը յօշոտուին

երգեր վտարուած

վիրաւոր զինուոր

կ’որոնեն շրթները

բառերը շնչահեղձ, շուարած

Պապի՛կ

տղաքը սուրբ հայու հոգւով

պասկուած

վաղը կու գան

հայայոյս յոյսով օծուած

համբուրելու կրկին հայու հողը

Պապի՛կ, Տատի՛կ

կռունկն է Կոմիտասին

հին լուրեր կտուցին

կը շրջի

շրթներէն կը ծորին

խապրիկներ հին

թրքական ֆութպոլի խաղով գինովցած

ղեկերը մեր հին

թուրքը հրաւիրեցին

վայելելու Երեւանը

Ապրիլ 24ին

վայելեցին ու անցան

ձախողեցան

փոխանցեցին

ղեկերուն նոր

որոնք մոռցած հիները

կ’երթան նոյն ճամբով

հին ճամբան

չհասած աւարտին…

նորը թուրքի լաճին ձեռնտու

կը թաւալի օրն ի բուն

նորերը կը յանձնեն

Շուշին,

Հադրութը

Քարվաճառը

« հայկական չեն»

Պէտք է յանձնել Տիգրանաշէնը

(…)

յանձնել

յանձնել

յանձնուեցան

ո՞վ է

ո՞ւր է հայը

Թուրքի լաճը

կը շարունակէ յոխորտալ.

«Ես յանձնեցի

Սիւնեաց սարերը

Կապանը…»

վաղը թուրք եղբօր հետ

Մեղրին…

ու աշխարհով տօնախմբեն

«եղբայր դարձան

Հայաստան, Թուրքիա…»

(…)

կը փնտռեն «նեմեսիս»ը

յաջորդները «նեմեսիս»ին

թուրք

նոր լաճը պարգեւատրելու…

 

Մշուշ է, մշուշ

տխուր է

Երեւան դարձած

Երեւան դարձած

Էրեբունին

Անին կողոպտուող, մոռցուած

կը փնտռէ

էջերը լքուած Կարսի

կը թրջուին աչքերը

ալիքները կը բզկտեն

շրթները

էջերը մոռցուած

կը դարձուին

կը շրջուին

արեւելեան կողմը Մասիսին

Բաղրամեանը

կը հաւաքէ ստուերները

շուրջը դեգերող

(…) աչքով կը կանչէ

ո՞ւր է քոչարին

ստուերները կը խտանան

ու զարմանքով կը կրկնեն

ինչո՞ւ, ինչո՞ւ քոչարին…

Հազարաւոր նահատակներ

դեռ չհիւսուած

շիրիմ հագած

կը դիտեն զինք

ափսոսանքով

ժպիտներով արիւնաքամ…

 

Կը ջլատուի

կը նօսրանայ մշուշը

կը հեռանայ ակամայ

կը յառաջանայ մառախուղը

կը շոյէ լանջերը

արցունքոտ

կը յուշագրէ

կը հաւաքէ

յուշերը հին

կը խնկարկէ

աչքերուն մէջ

անձաւներուն

կը յուսադրէ վերադարձը

ոգին հայուն

մեղեդին Շուշիէն

յոյս կը կաթի

յուշ կը խնկայ

կը սպասէ

վերադարձը հայուն

Հադրութը

տարածքները միւս

յափշտակուած

կալանաւոր

կը սպասեն շարքի…

«Շուշին հայկական չէ»

կը կրկնեն ձայները օտարացուած

հեռատեսիլի պաստառէն

 

Կը ներես, Տատի՛կ

կը ներես, Պապի՛կ

Շուշիի վաշտին տղաքը

կեանք չտեսած, եար չտեսած

օր չտեսած տղաքը

եկան համբուրեցին ձեր հողը

գացին կռուի դաշտ

չվերադարձան

դարձան նահատակ

բազուկները պահեցին վեր

ու տղաքը նոր

բարեկամներ

հարազատներ

ու ընկերներ, մտերիմներ

երդուեցան

շարունակել երթն անոնց

ու միացան

Մարտունիի

Աշանի

Հադրութի…

Կազմեցին բանակ…

 

Շուշին, Պապի՛կ

նուիրուած

կը բզկտուի

կը պղծուի

թուրքին ծիծաղով

Ղազանչեցոց եկեղեցիին

յուշերը հին կը թափին

արցունքին հետ

փլատակուած շէնքերուն

կը փնտռեն տղաքը վաշտին

որոնք կու գային

օրհնութիւններ աղերսելու

յետոյ քարը համբուրելու

 

Տղաքը գացին ու ալ չկա՞ն

յուշերն անոնց

յիշողութեան մէջ կծկուած

կը կառչին

փշրանքներու վերածուած

երազներուն

կու լան

կը դողայ հողը հայրենի

նուիրուած թուր

քին

«Իմ քայլ»ին թաւշեայ

յեղափոխութեան գաղտնի

ափսէով ջարդուած