Խմբ. Մեր գրական մամուլը միշտ ունեցած է նամականիի բաժին մը։ Այս թիւով կը վերադառնանք այդ գեղեցիկ սովորութեան։ Կը հաւատանք որ գրող եւ ընթերցող նոյն ոլորտին բաղկացուցիչ տարրերը կը հանդիսանան։ Գիրն ու գրականութիւնը կը կազմեն աշխարհին մէկ ծայրէն միւսը մեզ իրար կապող հիմնական տարրը, մեր օդն ու ջուրը։ Գրեցէ՛ք մեզի ձեր նախասիրութիւններուն, խնդրանքներուն եւ գրական բոլոր հարցերուն առնչութեամբ։ Հասցէ՝ [email protected]։
Ներքեւ կու տանք Կարօ Արմէնեանի գեղեցիկ գիրը, որուն համար աւելի քան շնորհակալ ենք։
31 օգոստոս, 2025
Սիրելիներ՝ Րաֆֆի եւ Սոնիա,
Հաճոյքով հետեւեցայ «Բագին»ի յունիս 2025ի համարին մէջ Թալին Ոսկերիչեանին հետ ունեցած ձեր հարցազրոյցին։ Մտածումներով շատ հարուստ եւ խթանի՛չ։ Ուրախ եմ, որ արեւմտահայ գրականութեան աւազանը կը շարունակէ ինքզինք նորոգել նոր մտքերով։ Կարելի է երկար խօսիլ ձեր հարցադրումներէն եւ Թալինին պատասխաններէն բխող հարցերուն մասին։ Դժբախտաբար ատոր հնարաւորութիւնը չունիմ այս օրերուն։
Կ’ուզեմ սակայն երկու խնդրի վրայ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել։
Առաջինը էջ 12-ի վրայ ձեր արծարծած հետաքրքրական հարցն է ժամանակակից անգլերէն բանաստեղծութեան մէջ խօսակցական «շինանիւթ»ի օգտագործման մասին։ Չեմ գիտեր, թէ ճշտիւ ո՞ր հեղինակներու գործին կ’ակնարկէք, բայց հարցադրութեան էութիւնը շատ յստակ է։ Իմ կարծիքով, խօսակցականը շատ հարուստ լեզուական հանք մըն է եւ հետզհետէ ՝ աւելի հզօր ներուժով յայտնուող քերթողական հաղորդամիջո՛ց մը իրերայաջորդ սերունդներու տողերուն մէջ։ Ան նաեւ մեծ գանձարան մըն է արեւմտահայ մշակոյթէն մեզի տրամադրուած։ Ես քանիցս ուզած եմ այս մասին գրել «Բագին»ին մէջ, բայց այդ բանին համար անհրաժեշտ հետազօտական աշխատանքը պարզապէս չեմ կրցած ընել։ Այն ինչ որ ստեղծած է մեր ժողովուրդը լեզուական մեծ դասեր կը պարունակէ իր մէջ։ Իսկ անկէ ծնող քերթողական ատաղձը հրաբխային է։
Երկրորդը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գաղափարախօսութեան մասին է։ Ձեր մատը կը դնէք շատ կարեւոր եւ միաժամանակ զգայուն խնդրի մը վրայ։ Ցեղասպանութեան դատապարտու մը կրնա՞յ արդեօք մասնաւորեցուիլ մէկ ժողովուրդի փորձառութեան վրայ ան տեսելով այլ ժողովուրդներու ողբերգութիւնը։ Բնականաբար՝ ո՛չ։ Եւ անմիջապէս աւելցնեմ, որ ՀՅԴ Հայ Դատի մեր համաշխարհային կառոյցին մէջ մենք եղած ենք բացառաբար սկզբունքային այս մարզին մէջ (երբեմն ռիսքերու գնով)։ Աւելի քան որեւէ այլ քաղաքական ուժ։ Բնական է, որ Արաբական Աշխարհի եւ Իրանի մէջ դրօշակ չպարզենք հրէական փորձառութեան ի նպաստ։ Բայց համաշխարհային բեմի վրայ մեր դիրքորոշումը ինքնին մեծ խիզախութիւն պահանջած է։ Այս մարզին մէջ, մեր որակը իր կրկնօրինակը չունի։ Բոլոր միւսները ի վերջոյ կ’իյնան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի զգայնութիւններուն տեղ տալու թակարդին մէջ։ Այս առումով, Ղազզայի հարցին մէջ — եւ միշտ — մենք կեցած ենք պաղեստինեան դատին կողքին։ Չեմ կրնար ըսել, որ ակնկալուած փոխադարձութիւնը տեսնելով Արաբական Աշխարհի ուժերէն։ Բայց այսպէս է քաղաքական կեանքը։ Կը մշակես հողը եւ կը սպասես ռազմավարական պատեհութեանց։ Պէտք է ըսեմ, որ ընդհանրապէս խրախուսիչ եղած է հունձքը։
Կ’ուզեմ նաեւ ըսել, որ ձեր անխոնջ աշխատանքը հրաշալի բերք մը կ’ապահովէ մեր գրական բեմին համար։ Հազար ապրի՛ք։
Կարօ





