ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

Արարել բառը ինքնին շա՛տ պար­տաւորեցնող է։ Ես պարզապէս ծնած եմ արուեստի մէջ» կ’ըսէ ինքն իր մասին Լիլիթ Սողոմոնեան։ Իրօք ծնած է արուեստագէտներու ընտանիքի մը մէջ. հայրը՝ Վան Սողոմոնեանը նկարիչ, քանդակագործ, խեցեգործ էր, մայրը՝ Նոնա Գաբրիէլեանը, նմանապէս նկարչուհի, խեցեգործ, ինչպէս նաեւ գրող է։ Լիլիթ Սողոմոնեանը փոքր տարիքէն շր­ջապատուած եղած է արուեստագէտնե­րով այն աստիճան, որ կ’ըսէ թէ նոյնիսկ ընտրութեան զգացումը չէր ունեցած, որ կարելի էր այլ բանով զբաղիլ քան արուեստով։ Ուսումը կատարած է Երեւա­նի Գեղարուեստաթատերական հիմնար­կին մէջ, աւարտելով գծագրական՝ graphic բաժինը 1991ին։ Այդ մէկը պայմաններու բերումով էր կ’ըսէ ան, պարզապէս որով­հետեւ գեղանկարչական բաժնի մուտքի տեղերը աւելի սահմանափակ էին, քան գծագրականինը։ Այսօր ան երկու ձեւերով ալ կ’աշխատի։ «Եթէ կարենամ սեւ գիծով ըսելիքս ըսել, այդ ուղղութեամբ կ’երթամ», կ’ըսէ ան, իսկ «եթէ զգամ որ գոյնը ինք զինք կը զգացնէ, ապա կ’աշխատիմ գոյներով ու իւղաներկերով», կ’աւելցնէ։

Իսկապէս իւրայատուկ արուեստով մը կը ներկայանայ մեզի նկարչուհին. մէկ կող­մէն ջերմ գոյներով յագեցած հրեշտականման երեխաներու խոշոր գլուխներ, ինքնիր վրայ ծալլուած մարմիններով, կամ ճերմակ թուղթի վրայ գծանկարներ ուր գերիշխող է գիրկընդխառնումի, ողջագուրումի, փաթթուելու բնանիւթը, ուր գոյները կու գան մա­սամբ լրացնելու տեսարանը, հենք տալու միջավայրին, յետսամասին։

«Մարդը որպէս բնանիւթ ինծի համար միշտ գերիշխողը ու հետաքրքրականը եղած է», կ’ըսէ ան։ «Ուզած եմ ներքին մենախօսութիւնս վերածել հանդիսատեսին հետ երկ­խօսութեան, անոր մէջ արթնցնելու համար որեւէ զգացում, դրական, բացասական, զարմանք, կամ մղելու զինք որ ետ երթայ իր յիշողութիւններուն մէջ, յիշելու համար հոն գտնուող զգացում մը որ այլապէս պիտի մնար անհասանելի»։ Յիշողութեան շարքի պաստառներուն հիմնական նիւթը ատիկա է։ «Ի՞նչ կը յիշենք մանկութենէն» հարց կու տայ ան. յատուկ պահե՞ր, դրուագները։ «Իմ պարագայիս կը փորձեմ վերագտնել ու փո­խանցել զգացողութիւն մը, որ յատուկ էր մանկութեանս ու մանկութեան ընդհանրապէս»։ Պաստառներուն մէջ երեւցող երեխայի խոշոր գլուխով կերպարը իսկապէս խորունկ հանգստութեան, իսկական երջանկութեան զգացմունքը կ’արթնցնէ դիտողին մէջ։ Ան կ’ըսէ նաեւ որ մեր գոյութիւնը այս մոլորակին վրայ առանձին, մինակ երեւոյթ չէ եւ ամէն իրադարձութիւն իր ազդեցութիւնը ունի ամէն մէկուս վրայ, կը փոխէ մեզ։ «Նոյն­պէս ամէն մէկ նկարի հետ ես ալ կը փոխուիմ», կ’աւելցնէ ան եւ արուեստի ներգործութեան այդ կարողութիւնը հիմնական կը նկատէ։ «Մարդ արարածը կարիքը ունի ստեղծելով ինքզինք հասկնալու եւ այդ շնորհքը արուեստին է տրուած։ Միայն մարդը ունի այդ կարիքը ու կարողութիւնը։ Ատկէ աւելի մարդկային բան չկայ։ Փափաքս է որ ամէն մէկս ինքն իր մէջ գտնէ ստեղծագործող անձը, կ’ուզէի որ արուեստը ըլլար բոլո­րիս կեանքին անպակաս մէկ մասը։ Կը կարծեմ որ այդ ձեւով աշխարհը աւելի բարի կը դառնար», կ’ըսէ ան։

Լիլիթ Սողոմոնեան մասնակցած է բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու, ունեցած է նաեւ շարք մը անհատական ցուցահանդէսներ, ինչպէս՝ Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանի (2012), Ուաշինկթընի Artists’ Museumի (2000)ի մէջ, ցուցահան-դէսներ՝ ԱՄՆ, Ռուսաստան, Գերմանիա, ուր նաեւ ապրած է երկար տարիներ։ 2025ի նոյեմբերին Պէյրութի Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահէն ներս Լիլիթ Սողոմոնեանի պաստառները պիտի ցուցադրուին ամուսնոյն ու որդւոյն՝ Գագիկ ու Գայ Ղազանչեաններու պաստառներու կողքին, երկուքն ալ նկարիչ, որոնց գործերը նախապէս երեւցած են նաեւ «Բագին»ի էջերուն մէջ եւ կողքերուն վրայ։

 

 

 

նախորդ
ՆԱՄԱԿԱՆԻ