ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ ՎԱՀՐԱՄ ԿԱՔԱՒԵԱՆԻՆ

Պատրաստեց եւ ծանօթագրեց՝

ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ

Զապէլ Եսայեան ու Վահրամ Կաքաւեան (1903-1973) հանդիպած են անկասկած Փարիզի եռօրեայ «Երեւան» թերթի հրատարակման թերեւս առաջին տարինե­րուն (1925-1930)։ Այդ թերթին մէջ Եսայեան կը վարէր գրական բաժինը։ Չէր վա­րանած թերթի առաջին համարին մէջ գրելու «Մեր ուղղութիւնը» խորագիրով յօդուած մը, ուր կը խոստանար «ուշադրութիւնը» դարձնել «մասնաւորաբար այն երիտասար­դութեան վրայ որ ըսելիք նոր բան ունի, արտայայտելիք հարազատ զգացումներ եւ որուն գրական եւ գեղարուեստական թափը իր կշռոյթը եւ շեշտը կը ստանայ տանջան­քով, յոյսով, ձգտումերով լիքը կեանքին մէջ որ համաշխարհային արդի կեանքն է, մտա­ծող եւ զգացող բոլոր մարդկութեան համար» (Երեւան, թիւ 1, 4 հոկտեմբեր 1925)։

Այս տրամաբանութեամբ Եսայեան թերթին մէջ կանոնաւորաբար տեղ կու տայ նոր անուններու, գլխաւորաբար համայնավար թեքումով. Զ. Որբունի, Յ. Երուանդունի, եւ քանի մը ուրիշներ, որոնց մասին պիտի գրէիր «Նորք»ի մէջ լոյս տեսած երկու յօդուածներուն մէջ. «Գաղութահայ գրականութիւն» (Նորք, Ա գիրք, Երեւան 1927) եւ «Արեւմտահայ նոր սերունդը եւ իր արտայայտութիւնները գրականութեան մէջ» (Նորք, Գ Գիրք, Երեւան 1928)։

Ինչպէս պիտի ըլլայ Որբունիի «Փորձը»ի պարագային՝ Եսայեան կը կարդայ մօտէն Կաքաւեանի առաջին վէպին ձեռագիրը՝ «Լինա»ն, որ հակառակ տրուած խոստումին կը տպուի միայն թերթօնի ձեւին տակ, քանի մը տարի ետք, բայց ոչ առանձին հատո­րով եւ ասոր համար պիտի մնայ անծանօթ։ Յատկանշականը այն է որ մինչեւ 1928 հաս­նող այս նամակներուն մէջ չի խօսուիր Կաքաւեանի իսկապէս պրոլետարական ձգտումներ պարզող «Պողպատէ սերմեր» արձակ հատորէն (տես Ֆրանսահայ գրա­կանութիւն 1922-1972, Նոյնէն Այլը, Երեւան 2017, էջ 374-378), ուր կարելի է գտնել հետ­քեր Եսայեանի «Նահանջող ուժեր»էն, թէ՛ իբրեւ գաղափարախօսական ոլորտ, թէ՛ իբրեւ գրելակերպ։ Գուցէ այդ «Պողպատէ» հատորի երեք պատմուածքները տակաւին չէին գրուած, մինչ «Լինա»ն աւարտած է 1924ին, ըստ թերթօնի յետին նշմարին եւ Թէքէեա­նի մէկ նամակին։

Շահեկան է անկասկած այս վէպին քննարկումը։ Նոյնքան շահեկան է պատկերը որ նամակները կու տան, Եսայեանի հիւանդութեան առթիւ, «Երեւան» թերթի եւ անոր շրջապատի, այսինքն՝ համայնավար ճակատի ներքին ծալքերէն։ Գրագիտուհին՝ բուռն փարած “նոր հայրենիքին” եւ պրոլետարական գրականութեան, կարծէք կ’անդրադառնայ ­այն խուլ ընդդիմութեան որուն նշաւակն են իր անձն ու մտաւորական կերպարը։ Էր ժամանակ երբ Երեւան լոյս տեսած Նամակներուն մէջ (Երեւան, Երեւանի Համալսա­րանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1977) նոյն այս տարիներու նամակներուն մէջ սփռուած դժգոհանքը, երբեմն ընդվզումը կը վերագրուէին… հակադիր ճակատին՝ Դաշնակցութեան։ Ի հարկէ Եսայեան կը զգուշանայ անուններ տալէ, գուցէ վերապահութիւն մը կը տածէ երիտասարդ գրողին հանդէպ եւ կամ կը ձգտի երեւոյթները փրկել, սակայն ակնյայտ է որ նիւթական վիճակը կը վերագրէ «քոսոտ շուներ»ուն եւ ասոնց չկամութեան։ Ըստ ամենայնի ներկուսակցական պայքար մը սկսած է արդէն, զուգահեռ Խորհրդային միութեան մէջ զարգացող իշխանութեան խուլ պայքարին, որ պիտի սաստկանայ քանի մը տարի ետք։

Նամակները մեծ մասամբ գրուած են Ֆրանսա, Փարիզի մերձակայ Վիրօֆլէէն, որ քսանական թուականներուն պզտիկ, հայաշատ գիւղ մը եղած է, մայրաքաղաքէն շուրջ 15 քմ. հարաւ-արեւելք։ Ներկայիս վերածուած փարիզեան քիչ մը հեռաւոր արուարձա­նի մը։

Եսայեանի այս նամակներուն մասին Կաքաւեան կը թուի թէ երբեք չէ խօսած կամ գրած։ Գուցէ ատոնց եւ Եսայեանին կ’անդրադառնայ «Օրագիր»ին մէջ, որուն գոյութեան փաստն են մէջբերումները որ կ’ընէ իր վերջին գրութեան մէջ, նուիրուած Ն. Սա­րաֆեանին (բանաստեղծին նուիրուած Բացառիկ, Յառաջ, 28 յունուար 1971)։ Այդ մեծա­պէս շահեկան երկը մատչելի չէ եղած ինծի։

Նամակներու բնագիրները ատենին տրամադրութեանս տակ դրած էր Քրիստին Կարտոն (Christine Gardon), Կաքաւեանի թոռնուհին, որ ատոնք յայտնաբերած էր գրո­ղի արխիւին մէջ, ուրիշ նամակներու այլապէս կարեւոր տրցակի մը մէջ, ուր ներկայ են Կաքաւեանի ընկերներէն ու բարեկամներէն գիրեր. Թէքէեան, Զաւէն Սիրմէլեան, եւ այլն)։ Ոչ մէկ հետք՝ դժբախտաբար Կաքաւեանի պատասխաններէն։

Հրատարակութեան համար պատրաստած այս էջերը կը հետեւին Եսայեանի բնագ­րին։ Չեմ ուղղած գրագիտուհիին այլապէս վիճելի քերականական զանցումները, չըսեմ սայթաքումները։ Մի քանի տեղ կետադրած եմ, յայտնօրէն արագ գրուած նախադասու­թիւններ, մանաւանդ հոն ուր երբեմն Եսայեան, հետեւելով ֆրանսերէնի համակարգին, կը բաւարարուի միջակէտով։ Պահուած են անշուշտ ֆրանսաբան տարազներ («կը հա­շուեմ» վրադ… որ տառացի փոխադրութիւնն է Je compte sur toiին), բայց ֆրանսերէն բառերու կողքին, անկիւնաւոր փակագիծերու մէջ, տուած եմ հայերէնները, բայց միայն այն պարագաներուն երբ հեղինակը ինք չէ թարգմանած յաջորդ տողերուն մէջ։ Վեր­ջապէս պահպանուած է Եսայեանի տառադարձութիւնը, նոյնիսկ եթէ ատիկա ներկայիս դադրած է զօրելէ միջին արեւմտահայերէնի մէջ։

ԳՊ

Ա

14 ապրիլ 1926

8, rue Lamartine

Viroflay (Seine et Oise)

Սիրելի պարոն Կաքաւեան,

Շիրակունին1 յանձնեց ինձ ձեր ձեռագիրը2. կը ցաւիմ որ շատ ուշ եկեր էք այնպիսի օր մը երբ ես այնտեղ չէի, երբ կը մտածէի որ երեքշաբթի առաւօտ ձեզ ժամադրութիւն նշանակած եմ. ամեն պարագայի յիշողութեան սխալ մը կայ որ ես գործած եմ անշուշտ։

Անմիջապէս որ ընթերցումը աւարտեմ ձեզ կը պատասխանեմ այն հարցերուն որ դրեր էիք։

Թէքէեանի յառաջաբանին3 որեւէ անպատեհութիւն չեմ գտներ։ Իմ անձնական հա­մոզումս է որ հին փլատակներէն, իբր բանաստեղծ միայն, Թէքէեանը կանգուն կը մնայ։ Մեր գրականութեան մէջ (ժամանակակից) գիծ մը կայ —Սուրեան— Մեծարենց— Թէ­քէեան— որ կ’երկարի ընդմէջէն այն ժխորին որ բարձրացուցեր են այնքան միջակ ու անարժէք անուններ։ Ուրիշ գիծի մը վրայ կանգնած են անշուշտ Սիամանթօ եւ Վարու­ժան, ոչ զուրկ մեծ արժանիքէ, բայց խորապէս, անկեղծօրէն բանաստեղծական տրա­մադրութիւնը առաջին գիծին մէջն է։

Բայց վերադառնանք մեր գործին։ Ուրեմն Թէքէեանի մասին ունեցած յարգանքս եւ համարումս ինձ կը նախապաշարէ եւ թոյլ չի տար իր յստակ կերպով տեսնեմ թէ անպատեհութիւն մը կա՞յ թէ ոչ, որ անոր յառաջաբանով երեւայ ձեր գիրքը։ Բայց արդեօ՞ք անհրաժեշտ է յառաջաբանը։ Իմ կարծիքով աւելի լաւ է ապահովել յօդուած մը գնահա­տական թէ ոչ — խնդիր չէ— ձեր գիրքի մասին, երբ հրապարակ գայ, քան թէ յառաջա­բան մը։

Բայց այս խնդրի մասին առիթ կ’ունենանք խօսելու դեռ անձամբ, կը յուսամ։

Ձերդ սիրալիր բարեւներով

Զապէլ Եսայեան

Բ

8, rue Lamartine

Viroflay (Seine et Oise)

17 մայիս 1926

Սիրելի պարոն Կաքաւեան,

Հազար ներողութիւն կը խնդրեմ ձեր նամակին այսքան ուշ պատասխանելուս. գլխաւոր պատճառը այն էր որ այս վերջին ժամանակները առողջութեամբ լաւ չէի եւ նաեւ ուզեցի ձեզ գրել երբ վերջնական կարգաւորութիւն մը ըլլայ ձեր գիրքի տպագրութեան մասին (նիւթական եւ տեքնիքական տեսակէտներով)։

Ձեր գիրքը կարդացի ու վերստին կարդացի. կարող եմ ձեզ անկեղծօրէն եւ համո­զումով ըսել որ շատ վաղուց է որ հայու գրչէ ելած այդքան բան չէի կարդացած։ Կանգ առնելով ձեր գործին յատկութիւններուն վրայ եւ զայն գնահատելով այդ յատկութիւններու աստիճանէն, անպայման կու գանք այն եզրակացութեան որ ձեր վէպը յաջող գործ մըն է եւ շատ գեղեցիկ սկզբնաւորութիւն մըն է նոր գրողի մը համար։ Չեմ շեշտեր այստեղ նոր գրող որակումը գնահատութիւնս համեմատական դարձնելու համար նպատա­կաւ։ Ընդհակառակը նոր սերունդին համար գեղեցիկ եւ խոստմնալից սկզբնաւորութիւն մը ընելը շատ, շատ աւելի դժուար է քան եղած է մեր սերունդին համար։ Բազմատեսակ պատճառներով։

Ձեր վէպը երեւան կը հանէ գրական ուժեղ խառնուածք եւ այն անսահմանելի տրա­մադրութիւնը, տեսակ մը յատուկ մտայնութիւն, որուն շնորհիւ ճշմարիտ գրագէտը կը զգայ, կ’ըմբռնէ, կը տեսնէ դէպքերու եւ դէմքերու էական գիծերը։ Ասիկա ամենէն թան­կագին յատկութիւնն է որուն շնորհիւ հետզհետէ ձեր գրական զարգացման ընթացքին պիտի հասնիք անշուշտ համադրական ստեղծագործութիւններու։ Ձեր այս առաջին գործին մէջ իսկ կը ձգտիք կամ կը սկսիք ձգտիլ այդ համադրութեան, տակաւին վարա­նումով, թերեւս անգիտակցութեամբ եւ որուն հետեւանքն է անշուշտ (այդ ձգտումին) վերլուծական մասերու համեմատական թուլութիւնը։ Յետոյ կ’ուզէի նաեւ յիշատակել այն հողը, baseը որուն վրայ պիտի կառուցանէք ձեր երկին ճարտարապետութիւնը, հաս­տատէ, լայն, ու ձեր այս առաջին գործէն իսկ տոկուն առողջութեան շունչ մը կը բուրէ որ ինձ մասնաւոր կերպով հաճելի է։

Այս է իմ ընդհանուր կարծիքս ձեր գործին վերաբերմամբ, բայց նաեւ չի պիտի վա­րանիմ ձեզ մատնանիշ ընել կարգ մը շատ դիւրաւ սրբագրելի թերութիւններ որոնք կրնան տկարացնել սակայն գործին ընդհանուր տպաւորութիւնը։

1) Ըսի արդէն որ վերլուծական մասերը տկար են։ Արտաշէսի ներքին էութիւնը4 նկա­րագրած ժամանակ դուք կը յենուիք բարոյական նկատողութիւններու վրայ, փոխանակ կենալու հոգեբանական հողի վրայ։ Բարոյական նկատողութիւնները եզրակացութիւն­ներ են եւ հետեւաբար վիճելի, մինչ դեռ հոգեբանական վերլուծումը աւելի առարկայական է, անոր տուեալները գտնուելով ձեր իսկ թիփին մէջ որը ստիպուած ենք ընդունիլ այնպէս ինչպէս որ կը ներկայացնէք։ Եւ այդ հոգեբանական վերլուծումն ալ իր կարգին պէտք չէ առաջուց տրուի իբր անջատ տեղեկատուութիւն, ընթերցողը լուսաբանելու հա­մար գալիք դէպքերու մասին։

2) Ի՞նչ հարկ պնդել Արտաշէսի անմեղութեան մասին։ Այդ կէտը équivoque [երկդի­մի] տրամադրութիւն մը յառաջ կը բերէ ընթերցողին մէջ դէպի ձեր հերոսը որ այլապէս կը գուշակուի այնպէս ինչպէս դուք կ’ուզէք ներկայացնել առանց այդ պնդումին։

3) Աշխէնին ինքնասպանութեան կեղծ փորձը ըստ իս աւելորդ է եւ ստուեր կը ձգէ ձեր հերոսուհիին վրայ. աւելորդ՝ նաեւ մարիլ-իյնալը։ Այդ տեսակ բանը ինքնին aboutis­sement [յանգում] մըն է նախապէս ներկայացուած անցքերուն։ Աշխէն կրնայ բերանա­բաց յայտնել որ մտադիր է ինքնասպան ըլլալու իր այդ րոպէին անկեղծութեան մէջ։ Կամ գտնել ուրիշ եղանակ մը։ Միթէ՞ բաւական չէ որ Արտաշէս եւ Աշխէն իրենց առան­ձին հոգեկան վիճակներուն մէջ կը հասնին այդ կէտին. ուրիշ խօսքով իրարու կը հան­դիպին իրենց թաքուն ձգտումներով։

Այս թերութիւնները ձեւի եւ մասամբ կառուցման մանրամասնութիւններ են ան­շուշտ, բայց իմ կարծիքով պէտք է ուշադրութիւն դարձնել։ Անոնք անշուշտ կը համա­պատասխանեն համարժէք իրողութիւններու որոնց ականատես եղած էք, զորս ապրած էք, եւ այդ իսկ պատճառով ինքնզինքնին կը հարկադրեն ձեզ5։ Բայց պէտք է դուրս գալ ընթացիկ դէպքերու բռնապետութենէն եւ եթէ կարելի է անցնիլ աւելի serein [պայծառ, անդորրաւէտ] ոլորտի մը մէջ։

Ասիկա չի նշանակեր իրականութենէն հեռանալ այլ զայն ըմբռնել իր ամբողջութեան, իր արդիւնքին մէջ եւ զգուշանալ ընդհարիլ անոր բութ ան­կիւններուն։

Կը տեսնեմ որ եթէ այսպէս շարունակեմ, փոխանակ նամակ մը գրելու ձեզի յօդուած մը ղրկած պիտի ըլլամ։ Աւելի լաւ կ’ընենք թերեւս (եթէ կը փափաքիք) միասին կարդանք վերստին ձեր ձեռագիրը եւ մի առ մի նշանակեմ այն ձեւական թերութիւննե­րը որ ընթերցումներու միջոցիս աչքիս հանդիպեցան։ Իմ դիտողութիւններս անշուշտ ոչ մէկ հարկացուցիչ բնոյթ ունին, բայց քանի որ վստահեցաք ինձ, կ’ուզեմ ինձ տրուած դերը խղճմտօրէն կատարել։

Յառաջիկայ կիրակի եւ երկուշաբթի տօն օրեր են. արդեօք կրնա՞ք երկուշաբթի ինձ մօտ գալ, Վիրօֆլէ։ Եթէ երկուշաբթի արգելք մը ունիք, եկէք կիրարկի, ժամը 2-ին։ Երկու պարագային ալ հաճեցէք ինձ երկտողով մը իմացնել։

Իմ տպաւորութիւններուս (լաւ) մասին խօսեցայ Չ-ի ն6 եւ մտադրեցինք ձեր գիրքը հրատարակել։ Այդ մասին ալ կ’ուզէի ձեր հետ տեսակցիլ վերջնական կարգադրութիւն մը ընելու համար։

Ձերդ սիրալիր բարեւներով եւ լաւագոյն զգացումներով՝

Զապէլ Եսայեան

Գ

Carte Postale

Théodore Botrelի դիմանկարով Dinan7

2 օգոստոս 1926

Սիրելի պարոն Կաքաւեան,

Այս րոպէիս ստացայ ձեր 28 յունիս թուակիր նամակը, որովհետեւ բացակայ էի Բա­րիզէն։ Կը գրեմ Չուպարին. հեռուէն աւելի բան մը չէ կարելի. ես կը վերադառնամ տուն օգոստոս 12ին։ Ձեզ ալ կը գրեմ աւելի երկար։

Ձերդ՝ Զ. Եսայեան

Դ

24 սեպտեմբեր 19268

Սիրելի քաղաք[ացի] Կաքաւեան,

Այս առաւօտ աղջիկանս Սօֆիին հասցէով ստացուեցաւ հրաւիրագիր մը ուսանո­ղական ժողովի մը համար որ տեղի պիտի ունենայ այս իրիկուն, 8 rue Saint Denis։ Դժբախտաբար աղջիկս Բարիզ չէ եւ հետեւաբար չի պիտի կրնայ ներկայ ըլլալ։ Կը խնդրեմ որ իր կողմէն յայտնէք իր բացակայութեան այս հարկեցուցիչ պատճառը։

Ինչպէս գիտէք, քանի մը օրէն կը մեկնիմ Հայաստան9։ Կը խնդրեմ ձեզմէ որ ուսա­նողական հայկական բաժնի ժողովները հաղորդէք աղջիկանս։ Երբ մանաւանդ ցորեկուան ժամերուն հանդիպի, ուրախ կ’ըլլայ ներկայ ըլլալով եւ մասնակցելով իր ընկեր­ներու աշխատանքին։ Միեւնոյն ատեն կը խնդրեմ որ նկատի ունենաք միշտ որ գիշերուան ժողովներուն իրեն համար անկարելի է մասնակցիլ, բնակարանը հեռու գտնուելուն պատճառաւ եւ ոչ թէ անհետաքրքրութեամբ։

Ձերդ՝ սիրալիր բարեւներով

Զ. Եսայեան

 ­Ե

Չորեքշաբթի [մայիս 1927]10

Շատ կը ցաւիմ որ ստիպուած եմ ձեզ իմացնելու որ յառաջիկայ հինգշաբթի ինձ հա­մար անկարելի պիտի ըլլայ «Յարդգող»ի հրաւէրին համեմատ զեկուցումս կատարել, որ ձեզ խոստացայ ընել բերանացի11։ Պատճառը այն է որ ճիշդ նոյն իրիկունը խումբ մը յայտնի ֆրանսացի գրողներ ինձ հրաւիրած են ժողովի՝ նախապտրաստելու համար ծրագիրը մտաւորական եւ գրական կապ հաստատելու Խորհրդային Միութեան հետ։ Այս խնդիրը վաղուց ի վեր “մշակուած” հարց մըն է, մեծ հեռանկարներով, որը ահա, հակառակին նման գործադրութեան ճամբու մէջ կը մտնէ ճիշդ այդ հինգշաբթի իրի­կուն։

Կը կարծեմ որ արգելիչ պատճառիս կարեւորութիւնը նկատողութեան առնելով, նե­րողամիտ կ’ըլլաք իմ այս ակամայ, եւ կարող եմ ըսել, աննախընթաց խոստմնազանցութեանս համար։

Որոշում առնելէ առաջ կշռեցի կացութիւնը եւ եկայ այն եզրակացութեան որ աւելի կարող եմ հաշուել ձեր ներողամտութեան վրայ քան թէ ֆրանսացի գրողներուն, որոնք իմ բացակայութիւնս կարող են բացատրել շատ անցանկալի կերպերով։

Կը խնդրեմ նաեւ որ իմ կողմէս ներողութիւն խնդրէք ձեր «Յարդգող»ի ընկերնե­րէն։ Յառաջիկային պատրաստ եմ դարմանել այս պատահածը։ Այսու ամենայնիւ կը խնդրեմ որ գոնէ շաբաթ մը առաջ պայմանաւորուիք ինձ հետ։

Ի գիտութիւն կը յայտնեմ որ յառաջիկայ հինգշաբթի իրիկուն հրապարակային դա­սախօսութիւն մը պիտի ունենամ եւ նոյնպէս Մայիս 20-25 ժամանակս բռնուած է 12։

Ձերդ՝ սիրալիր բարեւներով

Զապէլ Եսայեան

Զ

21 յունուար [1928]13

8 rue Lamartine

Viroflay (Seine et Oise)

Սիրելի Կաքաւեան,

Այսօր չի կրցայ գալ ժամադրութեան որովհետեւ հիւանդ էի։ Այս առաւօտ Սօֆին ու­զեց որ երկտող մը ձգէ փոստը, բայց ես յուսացի թէ պիտի կրնամ գալ, բայց անկարե­լի եղաւ։ Եթէ կրնաք դուք եկէք Երուանդունիին14 հետ Վիրօֆլէ։ Բանալին դրան վրայ կը գտնէք, բացէք եւ մտէք։

Ձերդ՝ բարեւներով

Զապէլ Եսայեան

Յ.Գ. Գոհ կ’ըլլամ եթէ գալու ըլլաք. թերեւս բան մը խնդրեմ ձեզմէ։ Չեմ կարծեր որ շաբաթէն առաջ ոտքի վրայ ըլլամ. դարձեալ անիծեալ լեարդս է։ Նոյն։

Է

11 մայիս 1928

Սիրելի Կաքաւեան,

Այս առաւօտ տեսայ բժշկապետը Prof. Leguaie, որ մասնագէտ է լեարդի հիւանդու­թիւններու եւ պրոֆէսոր Բժշկական վարժարանին։ Քննութեան արդիւնքը մնաց անորոշ (գոնէ այդպէս ըսին ինձ), այսինքն՝ այդ ուռեցքին բնոյթը դեռ յայտնի չէ եւ պէտք է հիւանդանոց մնամ։ Որոշուեցաւ ուրեմն որ երկուշաբթի առաւօտ երթամ Hopital Necker15 ուր պիտի մնամ չեմ գիտեր քանի օր, որովհետեւ իրենք ալ դեռ չենք գիտեր թէ ի՞նչ կար­գի դարմանում պէտք է ընեն։ Ամէն պարագայի խնդիրը այն է որ լուրջ բան մը կայ եւ այլեւս պէտք չէ ուշանալ դարմանելու։ Բրոֆէսորին վարմունքը ինձ հետ արտակարգ կերպով սիրալիր էր եւ որուն համար շատ զգայուն եմ։ Մարդը շատ աւելի հոգածու է իմ բարոյական տրամադրութեանս համար քան իմ անմիջական շրջապատիս մէջ եղողնե­րը։ Վերջապէս… յայտնի բան է որ այս վերջին ամիսներուն կրած զանազան կարգի հո­գերս եւ յուզումներս իրենց դերը ունեցած են. «Ի՞նչ կրնաք ըրած ըլլալ որ այստեղ հասեր էք», հարցուց եւ յետոյ «Ի՞նչ գործ կ’ընէք», եւայլն։

Ամէն պարագայի հոգեկան վիճակս շատ լաւ է եւ կը մտածեմ որ ինչ որ ըլլայ հարկ եղած պաղարիւնով կը դիմաւորեմ կացութիւնը. կը բաւէ, որ կրկին եւ կրկին չենթարկուիմ այն ջղագրգռութիւններուն եւ վիրաւորանքներուն որոնք իմ առօրեայ սնունդս դարձեր են ամիսներէ ի վեր։

Այսպէս ուրեմն, սիրելի Կաքաւեան, եթէ վաղը կիրակի, կարենաս գալ ինձ մօտ, Վիրօֆլէ, շատ գոհ կ’ըլլամ։ Կը յուսամ որ Դրաստ [ամատ]ը16 տեսար կամ կը տեսնես եւ կը կարգադրես ինչ կը վերաբերի ինձ հասնելիք դրամին։ Ո՛չ մէկ պարագայի չեմ ուզեր որ այդ խնդիրը կախում ունենայ թերթին մէջ որջացած անարժաններէն։ Ես երբեք չեմ կրնար մոռնալ որ օրերով առանց դրամի մնացի criseի [տագնապ] մը միջոցին եւ երբ գրե­ցի որ գոնէ առ հաշիւ փոքրիկ բան մը ղրկեն (գրեցի երեք անգամ) նոյնիսկ պատասխան չի տուին։ Այդ օրերուն նոյնիսկ ցաւերս մեղմացնելու համար առնելիք դեղս չի կրցայ առնել։ Այս բոլորին հաշիւը օր մը կը տեսնուի, բայց առայժմ չեմ ուզեր եւ չեմ ուզեր այդ մարդոց հետ ոեւէ կապ ունենալ։ Եթէ Վիվանը տեսնես, ըսէ՛ որ շատ գոհ կ’ըլլամ զինքը տեսնելով։ Եթէ կիրակի հետդ չի կրնար գալ հետագային համար կը կարգադրենք։ Կը կարծեմ թէ հիւանդանոցը պիտի կարենամ ամէն օր հիւր ընդունիլ։ Պարզ է որ ինձ հետ պիտի վերաբերուին ինչպէս բացառիկ հիւրի հետ. այդպէս ալ ըսին, քաջալերելու համար։

Ուրեմն ցտեսութիւն. վաղը։ Իսկ եթէ ոեւէ արգելք ունենաս, հոգ մի’ ըներ, Սօֆիին հետ կը կարգադրես կամ ես քեզ կը գրեմ հիւանդանոցէն։ Քեզ կը յանձնեմ [կը յանձ­նարարե՞մ] հետը խօսիլ այնպէս որ ապարդիւն չըլլայ եւ կարգաւորուի ինչպէս ես կը ցան­կամ։ Կը յուսամ եւ կը հաւատամ որ գոնէ այս ծայրայեղ վիճակիս մէջ չեն շարունակեր ինձ թողուլ անտէր եւ անօգնական։

Շատ սիրալիր բարեւներով՝

Զապէլ

Ը

[Վիրօֆլէ] Հինգշաբթի (11 մայիս 1928]

Սիրելի Կաքաւեան

Նամակդ ստացայ երէկ. բովանդակութիւնը ինձ չի զարմացներ եւ այդ չզարմանալս իր կարգին մեծ բան կը նշանակէ։ Ամէն պարագայի եթէ այս իրիկուն գալու ըլլաս Վի­րօֆլէ, շատ գոհ կ’ըլլամ. եթէ չի կարենաս, վաղը իրիկուն, ուրբաթ անպատճառ եկուր։

Կարծեմ գործերը հասեր են այնպիսի կէտի մը որ այլեւս պէտք է վերջնական եւ վճռական որոշումներ հանել։ Իմ մասիս եղած բազմաթիւ եւ բազմատեսակ վիրաւորանք­ները՝ զերօ։ Մարդս կը վիրաւորուի մարդոց կողմէ ստացած վիրաւորանքներով, իսկ սրանք քոսոտ շուներ են …ուրիշ ոչինչ17։ Այս բոլորին մէջ Դ[րաստամատ]ի վարմունքը թէ՛ անհասկնալի է թէ՛ ցաւալի։ Երկու տեսակէտէն ալ նայելով խնդրին՝ ցաւալի է։ Անոր վարմունքին գաղտնիքը պէտք է փնտռել այն բանին մէջ որ սկիզբէն ինկաւ սովորութեան ազդեցութեան տակ։ Գալով Վիվանին18, ինչ որ գրեր էիր հաճոյք պատճառեց. ես իրեն կը հաւատայի եւ մեծապէս կը գնահատէի իր նոյնիսկ մոլեռանդ մաքրակրօնու­թիւնը։ Այս վերջին ժամանակներս ինձ անկեղծօրէն ցաւ պատճառող բաներէն մէկը այն էր որ կը տեսնէի թէ ինքն ալ խառնուած է այդ քոսոտ շուներուն հետ։ Քու տողերէդ հասկցայ թէ սխալած եմ, այդպէս չէ, եւ թէ ան իր կարգին զոհ մըն է։ Ահա թէ ինչու քու տողերդ հաճոյք պատճառեցին ինձ։ Երբ իրեն կը մտածեմ, կրնամ ուրեմն, ինչպէս առաջ, մտածել sérénitéով [հոգեկան անդորրութիւն]։

Քու նամակդ ինձ հասաւ երբ նոր վերադարձեր էի հիւանդանոցէն։ Radioscopie-ն [շողանկար] ցոյց տուաւ որ լեարդին վրայ թուզի մեծութեամբ ուռեցք մը կայ։ Կրնաս երեւակայել թէ ֆիզիքական ի՜նչ ցաւերու աղբիւր մը եղած է այս ուռեցքը լեարդի նման փափուկ օրկանի մը վրայ, եւ այդ բոլորը տարեր եմ քաշքշուելով այդ քոսոտ շուներուն հետ։ Ի զուր սպասումներով, զայրանալով, վիրաւորուելով, եւայլն, եւայլն։ Ֆիզիքական ցաւերը կը կրեմ ընդհանրապէս ստոյիկեան դիմադրութեամբ եւ այդ է պատճառը որ ոչ ոք կարող կ’ըլլայ գիտնալու թէ ի՞նչ աստիճանի հիւանդ եմ։ Այժմ ահա իմ վիճակս։ Շա­բաթ առաւօտ կրկին պիտի երթամ հիւանդանոց եւ պիտի վճռուի. կա՛մ վիրաբուժական գործողութիւն եւ կամ դարմանում rayon Xով։ Երկու պարագային ալ պէտք է որոշ ժա­մանակ զբաղուիմ ինքզինքս դարմանելով։ Բժշկապետը չի յայտնեց թէ այդ ուռեցքը ինչ բնոյթ ունի։ Բայց պիտի ջանամ հասկնալ եւ ըստ այնմ իմ յետագայ անելիքներս, ժամանակս տրամադրել ըստ այնմ։

Կը խնդրեմ, սիրելի Կաքաւեան, բացի Դրաստամատէն ոչ ոքի չի խօսիլ իմ հիւան­դութեանս մասին։ Դ[րաստամատ]ը պէտք է գիտնայ շատ մը պատճառներով։ Առաջին խորհուրդը որ բժիշկը ինձ տուաւ այն է որ հեռու պէտք է մնամ որեւէ գրգռութենէ. բարկութիւն, յուզում, եւայլն պատճառող կացութիւններէ։ Կը հասկնաս որ այդ չէ կարելի քոսոտներու հետ։  ­

Վերջապէս անձամբ կը խօսակցինք այս իրիկուն կամ առաւելն վա­ղը իրիկուն։ Կը հաշուեմ ձեր վրայ եւ ձեր մասին կը մտածեմ հաճոյքով եւ անսահման վստահութեամբ։ Այս պղտոր եւ զզուելի օրերուն մէջ ինձ կը ներկայանաք ինչպէս մա­քուր պատկեր մը որուն անդրադառնալով միտքս կը խաղաղի։ Եւ քաջութիւն ամէնուս համար։ Պէտք է յաղթել լեարդի ուռեցքին ու աշխարհիս բոլոր քոսոտ շուներուն, եւ կը յաղթենք։

Ձերդ՝ Զապէլ Եսայեան

Թ

12 մայիս 1928

Hopital Necker

Salle Laugier

Սիրելի Կաքաւեան,

Ահա վերջապէս հիւանդանոցն եմ։ Պէտք է ըսել որ ինչքան լաւ որ կարելի է ըլլալ հիւանդանոցի մէջ, այնքան լաւ եմ։ Ինձ տուին առանձին սենեակ մը եւ ամէն մէկը կը վարուի ինձ հետ մեծ սիրալիութեամբ։ Հիմակ որ արդէն հիւանդանոցն եմ, տրամադ­րութիւնս շատ լաւ է (բացի այն րոպէները երբ միտքս կը բերեմ որոշ դէմքեր եւ վարմունքներ)։

Երէկ չեկաք, կը խորհիմ որ արգելքներ ունեցած էք. կը յուսամ այստեղ տեսնել ձեզ։ Ամէն օր կարելի է ինձ մօտ գալ ժամը 1-2 եւ հինգշաբթի ու կիրակի օրերը 1-3։ Բայց այս règlementaire ժամերէն դուրս կարող էք գալ։ Հարցուցէք Mr Prat, Rédacteur, եւ անոր ըսէք թէ ինձ պէտք է տեսնէք գործի համար.—Այսօր ինձ ինքնաբերաբար առաջարկե­ցին որ, եթէ պէտք է, կրնամ ընդունիլ մարդ օրինական ժամերէն դուրս։

Կը յու սամ Դրաստամատը տեսաք կամ տեսնելու էք։ Չափազանց մտահոգ եմ տնե­ցիներուն մասին։ Եթէ մինակս ըլլայի ոչ ոքի գլուխը չէի ցաւցներ, բայց ի՞նչ ընեմ։ Հե­տաքրքիր է ինձ համար մինչեւ ծայրը չափել այս անսահման անտարբերութիւնը որ կայ ինձ նկատմամբ։

Անձամբ կը խօսինք շատ մը բաներու մասին։ Դեռ չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պիտի որոշուի ինձ համար։ Հաւանական է վիրաբուժական գործողութիւն մը։ Եւ ըսել թէ դէմքէս բոլորովին յայտնի չէ թէ այս աստիճանի հիւանդ եմ։ Բժիշկին կարծիքով, բացի լեար­դէս, ընդհանուր առողջութիւնս լաւ է եւ ամէն բանի կարող եմ դիմանալ. այդ մէկը արդէն գիտեմ որ ամէն բանի դիմանալու ընդունակ եմ։

Վիվանին շատ բարեւ, շատ, շա՜տ գոհ կ’ըլլայի եթէ զինքը տեսնէի։ Ըսէք իրեն։

Ցտեսութիւն ուրեմն եւ Ձերդ՝ լաւագոյն զգացումներով Զապէլ Եսայեան

Յ.Գ. Վիվանը անպատճառ [թող] գայ ինձ տեսնելու. հետաքրքիր բաներ ունիմ ըսելիք (ոչ լեարդիս մասին, ի հարկէ)։ Նոյն։

1 Վազգէն Շիրակունի (Քելլերեան Գուրգէն), աշխատակցած է Գահիրէի «Յուսաբեր»ին ինչպէս Փարիզի «Երեւան»ին։

2 Ձեռագիրը Կաքաւեանի «Լինա» վէպն է, որուն քննութիւնը պիտի կատարէ Եսայեան յաջորդ նամակին մէջ։

3 «Լինա»ն կը տպուի «Երեւան»ի մէջ 1928ին իբրեւ թերթօն (փետրուար-մայիս, թիւ 331էն մինչեւ թիւ 372), ի հարկէ առանց որեւէ յառաջաբանի Վ. Թէքէեանէն։ Կաքաւեանին ուղղուած անտիպ նամակներուն մէջ յառաջաբանի ակնարկութիւն չկայ։ Թէքէեան ստացած է ձեռագիրը, բայց չ’աճապարեր զայն կարդալու, «Քիչ մը արդէն ծանօթ ըլլլալուս համար նիւթին՝ զայն գրելու եղանակիդ, քիչ մը՝ ձեռագիր կարդալու համար աչքերուս կրած յոգնութեան եւ քիչ մըն ալ իրապէս ժամանակ չգտնելուս համաը…», Բարիզ, 11 յուլիս 1924։

4 Արտաշէս եւ Աշխէն վէպի կեդրոնական կերպարներն են։

5 Նիւթը կը բխի Վանի ինքնապաշտպանական կռիւներէն, նման Կաքաւեանի աւելի ուշ գրած ֆրանսագիր վէպերուն. տես Le Vert soleil de ma vie, Stock, Paris 1959; Le Cհevalier à l’émeraude, Stock Paris 1961, L’Apocalipse écarlate, Calmann-Lévy, Paris 1970. Le Vanetsi: Une enfance arménienne, Stock Paris, 2008, Préface de Jean-Marie Carzou.

6 Չ-ն Եղիա Չուպարն է (1887-1937), որ վարած է «Երեւան»ը, մինչեւ արտաքսումը Ֆրանսայէն 1927 հոկտեմբերին։

7 Բացիկին վրայ կը տեսնուի դիմանկարը Théodore Potrelին, ներկայացուած որպէս Le Barde populaire breton, né à Dinan (Côtes-du Nord), Պրըթոն ժողովրդական գուսան, ծնած Տինան (Քոթը-տիւ Նոր)։ Բացիկի հասցէամասին վրայ մատիտով, տեսակ մը կրնագիր, կը կարդացուի Մալլարմէի Ծովային սիւքը (Brise marine), որ ակնյայտօրէն գրուած է գուցէ Կաքաւեանի կողմէ։

8 Նամակը գրուած է «Երեւան» թերթի «Խմբագրութիւն» նշումը կրող թերթիկին վրայ։ Այդ թուականին թերթի հասցէն էր 44, rue Taitbout, Paris 9ème. Թերթը յաճախ հասցէ փոխած է։

9 Այս ճամբորդութենէն դարձին Եսայեան պիտի հրատարակէ իր ճամբորդական նոթերը, որոնք ամփոփուած են «Պրոմէթէոս ազատագրուած» գրքին մէջ, Մարսէյլ 1928։

10 Նամակը թուական չի կրեր։ Կը թուի որ գրուած է 1927ի մայիսին։ «Յարդգող»ը քայքայուած է 1928ին։

11 Այս մասին տե՛ս, Ֆրանսահայ գրականութիւն, 1922-1972, Նոյնէն Այլը, Երեւան 2017, էջ 172-174։

12 Ըստ «Երեւան»ի մէջ լոյս տեսած տեղեկատուական մէկ յօդուածին (3 յունիս 1927), Եսայեան կիրակի 28 Մայիս 1927ին բանախօսած է «Վահան Տէրեան լսարանի բացումին»։ Անկէ վերջ սեպտեմբերին անցած է Լիոն, տես 5 սեպտեմբեր 1927ի թուակիր նամակը ուղղուած Աննա Բուդաղեանին, «Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1986, թիւ 3, էջ 206։

13 Տարեթիւէ զուրկ նամակ մը եւս։ Ըստ մեր ենթադրութեան՝ գրուած է 1928ին, երբ Եսայեանի առողջութիւնը կը վատթարանայ։ Տե՛ս յաջորդ նամակը։

14 Նկատի ունի բանաստեղծ Յ. Երուանդունին, (հաւանաբար Յակոբ Գասպարեան) որ գրած է Վիեննայի «Արեգ»ին մէջ՝ «Երեւան»ի մէջ 1927ին, ինչպէս Կաքաւեանի «Ցոլք»ին 1928ին։ Իր «Գաղութահայ գրականութիւնը» յօդուածին մէջ Եսայեան կը մէջբերէ պրոլետարական շունչով գրուած «Մեքենաների երգը» երկար քերթուածը։

15 Փարիզի կարեւոր հիւանդանոցներէն մին, որ կը շարունակէ բանիլ։

16 Դրաստամատ Տէր-Սիմոնեան (1895-1937), լրագրող ու հրապարակախօս, եղած է ի միջի այլոց «Երեւան»ի խմբագիրը 1928ին, Եղիա Չուպարի նման զոհ՝ ստալինեան մաքրագործումներուն։

17 Այս երիցս կրկնուող “քոսոտ շուներ”ը անթափանց դարձուածք մըն է։ Որո՞նք են ատոնք։ Յայտնօրէն Եսայեան նկատի ունի «Երեւան» թերթի շրջանակէն մարդիկ եւ ոչ համայնավար ճակատին դէմ դնող դաշնակցականներ։ Շահեկան է տեսնել որ 14 յունիս 1928ին գրուած նամակի մը մէջ առ Արշակ Չօպանեան, Եսայեան կ’ակնարկէ նորէն “կարգ մը վէճեր”ու եւ ասոնց “հետեւանք եղող սրտնեղութիւններ” (տես Զապէլ Եսայեանի Նամակներ, Երեւան 1977, կազմեց եւ ծանօթագրեց Արփիկ Աւետիսեան, էջ 270)։ Ծանօթագրողը կը փութայ նոթ մը աւելցնել այս նամակին, գրելով որ «Եսայեանի հետ վատ էին վերաբերւում Սովետական Հայաստանի թշնամիները, յատկապէս դաշնակցականները, որոնք չէին հանդուրժում Եսայեանի անշահախնդիր հայրենասիրութիւնը…», նոյն էջ 377, նոթ 2։ Արդ՝ Եսայեանի նամակը Կաքաւեանին աւելի քան թափանցիկ է, ինչ կը վերաբերի դժուարութիւններուն որ կը բախէր «Երեւան»ի մէջ, գուցէ նաեւ համայնավար բջիջին, որուն մաս կը կազմէր։ Պէ՞տք է ենթադրել որ կը “խնայէր” Դրաստամատ Տէր-Սիմոնեանին, թէ՞ կը հաւատար խոր-հըրդային այդ պաշտօնատարին “անկեղծութեան”։ Յամնայն դէպս՝ Եսայեանի ակնարկութիւնները աւելի ներկուսակցական տարրերու կը յղուին։

18 Վիվանի կամ Վի-Վանի (1899-1960), վանեցի, արձակագիր ու թարգմանիչ, աշխատակցած է «Երեւան»ին, «Մեր Ուղիին», «Դարբնոց»ին (Փարիզ)։ Այս շրջանին բանախօսութիւններ կ’ընէ Փարիզ, Մարսէյ «Հայաստանը մինչեւ խորհրդայնացումը (1917-1920), որոնցմէ մէկուն կը մասնակցի նաեւ Կաքաւեանը (Երեւան, 11 Մայիս 1928)։