ՏԱՆԸԼՏ ՊԱՐԹԵԼՄ

Տանըլտ Պարթելմ (1931-1989) պատմուածքներու ու վէպե­րու ամերիկացի հեղինակ մըն է, որուն իւրայատուկ ոճը ընդօ­րինակուած է բազմիցս։ Արդի աշ­խարհի վայրագութիւնն ու անզգայութիւնը ծիծաղելի եւ անհեթեթ շեշտաւորումներ կը ստանան իր երկերուն մէջ։ Այդ պատճառով ալ հեղինակին գործերը յաճախ դուրս կ’իյնան գրականութեան դասական ընկալումի ծիրէն։ Պարթելմի պատումներուն գիտակցուած շփոթաբանութիւնը եւ կա­ռուցային զարտուղութիւնը կը խոչընդոտեն ընթերցողին բացարձակ նշանակութեան մը փնտռտուքի ճիգը։

1981ին The Paris Review հանդէսին իր շնորհած հարցազրոյցին մէջ, Պարթելմ ըսած է, թէ իր նախընտրած գրողներու շարքին են Քիերքըկարտ, Դոս տոեւսկի, Քաֆքա, Հե­մինկուէյ եւ Պեքէթ («Կարծեմ Պեքէթի շնորհիւ գրող դարձայ»)1։ Յիշեալ հեղինակներուն մօտ պարզուող նշանակութեան յարաբերականութիւնն ու բազմաշերտութիւնը որ դեգ­րելէ անդին, Պարթելմ իր պատումները կը բարդացնէ գեր-գրութենականութեամբ (metatextuality), որով նոյնինքն գրութեան մէջ կը հանդիպինք ճշգրիտ նշանակութեան որոնման անկարելիութեան մասին ակնարկութիւններու։

Իր կենդանութեան Պարթելմ հրատարակած է չորս վէպեր, աւելի քան տասը պատ­մուածքներու հաւաքածոներ, ինչպէս նաեւ թատերական եւ մանկական գրականութեան գործեր (այլ երկեր լոյս տեսած են յետ մահու)։ Ստորեւ Պարթելմի ամենէն ծանօթ պատմուածքներէն «The Balloon»ը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է The New Yorker շաբաթաթերթի 16 ապրիլ 1966ի թիւին մէջ։ Պատմուածքի առաջին տողէն իսկ ծայր կ’առնէ ստուգութենէ խուսափումի ընթացք մը, որ կը զարգանայ վերնագրի փուչիկին նկատմամբ հասարակական հակադիր տրամադրութիւններու եւ կեցուածքներու արտայայտութեամբ, ու կ’աւարտի անանուն պատմողին բոլորովին անձնական, գրե­թէ անկարեւոր մէկ արարքով։ Այդպիսով, փուչիկը կը վերածուի նշանակութեան դատարկ անօթի մը, որ իւրաքանչիւր ընթերցող պիտի լեցնէ ըստ իր զգայնութիւններուն, փորձառութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն։

1 Ճ. Դ. Օ’հարա, “Donald Barthelme, The Art of Fiction No. 66.” The Paris Review, թիւ 80, 1981 ամառ։