կը լսեմ երգը ջուրերուն որոնք կու գան ընդերքէն
մեր
առեղծուածին
անոնք զտուած են
անոնք մերուած են մեր հողերուն
անոնք կ՚ապրին գերերկրային սնունդներով
եւ կ՚երկնեն առաւօտը
աշունը իր վերջին տերեւները կը թափէ
եւ ջուրերը կը սարսռան
օրուան
վերջին շողերէն
մենք պիտի ապրինք
մենք պիտի ապրինք
ի հեճուկս
նախճիրին
մենք հականախճիրն ենք
որ ոտք դրած է
դրախտէն
ներս
ուր մեր կեանքը վերջ չունի
եւ ուր աշնան արեւը
կը պատմէ
մեր անմահութիւնը
մահը մերն է որպէսզի մենք զայն
փոխակերպենք
ոսկիի
կեանքը մերն է
որպէսզի զայն ընենք
անապական
եւ անսուտ
մենք հողն ենք
որ կ՚ապրի
կերպարանքով
Աստուծոյ
մենք ջուրն ենք
որ կը բխի սրտէն երկրին
գետերով
մենք աւիշն ենք
անհատնում
որ կը ծնի
որ կը ծնի
մենք Որդին ենք
որ կը յառնէ
խենթութեամբ
Նոյեմբեր 24, 2024





