մեր ուղիները յամառօրէն մերժեցին

խաչաձեւուիլ

ու մերուիլ

մեր մարմինները լռեցին դարերով

եւ աստուածները Նեմրութի

որոնք գիտեն

ամէն ինչ

իրենք միայն կը կարդան ոտնահետքերը

եւ կը լսեն

քնքուշ

ճողփիւնը

ցեխին

ներբաններուդ

գրգանքով

մեր համբոյրն էր որ լռութեամբ բաբախեց

իր խենթ գրգիռը նետելով

շողերուն

հիմա այս նեղ արահետն է որ կը բերէ

մեզ իրարու

գարնան փխրուն խօսքերն են որոնք կ՚ապրին

խոստովանանքը

հողերուն

եւ

դուրս

ժայթքող

սուսամբարին

սրտոտութիւնն

այս պչրոտ

ես կը զգամ քու երբեմնի պատանութիւնդ կապոյտ

որ իր երգով կ՚առինքնէ

քու մատներդ դեռ լոյս են

եւ ելեւէջը ձայնիդ

դեռ գիտէ

բոժոժներով ողողել

հեռհեռուները

լսողութեանս

մեռնող

դուն այն երգն ես որ կը շոյէ մանկութեամբ

քու վանկերդ են որոնք գիտեն մտերմութիւնը

հողին

դուն կը գրես խենթութեամբ

քու եթերիդ ակերէն յանկարծաբուխ

կը պոռթկան

շուշանները երկնքին

իմ ծերութիւնս կը զգայ անէութիւնը խաբուսիկ

այս օրուան

դուն հրաշքով կերտեցիր տիեզերքն այս

մենաւոր

դուն մեկնեցիր բարութեամբ երազները

մեր բոլոր

մենք միասին յանգեցանք այս անանուն

հաշտութեան

անապական

մեր սիրոյն

կ՚օրհնեմ քեզ

Մայիս 24, 2021

Մըքլէյն

 

 

յաջորդ
ԱՆՀԱՏՆՈՒՄ