ՈՉ ՄԻ ՇԱԲԱԹ ԱՌԱՆՑ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆԻ
Կազմող եւ խմբագիր՝ Հայկ Համբարձումեան
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
Պէյրութ, 2025, 152 էջ

Գիրքին մէջ ներառուած են հատուածներ Հրանդ Մաթեւոսեանի գրեթէ բոլոր երկերէն, պատառիկներ անոր ստեղծագործական ժառանգութեան կարեւոր մասը կազմող հարցազրոյցներէն, տարբեր հրատարակութիւններու յառաջաբաններէն ու յօդուածներէն:

Այս նիւթերը ընգրկուն պատկերացում կու տան հեղինակի կենսական ու ստեղծագործական ընթացքի մասին, միաժամանակ մեծ գրողի, երեւելի մտաւորականի ու մարդու միջոցով կու տան 20-րդ դարու կէսերէն մինչեւ անկախութեան առաջին տասնամեակի հայ հասարակական-քաղաքական ու գրական-մշակութային կեանքի ճշմարիտ պատկերը:

յաջորդ
ԱՆՀԱՇՏ