Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները,
Խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան
Յառաջաբան՝ Կարօ Յովհաննէսեան
ՎԷՄ մատենաշար, թիւ 10,
Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն
Պէյրութ, 2025, 216 էջ

Հատորը կը խմբէ Ռուբէն Զարդարեանի 1897էն 1903 Խարբերդէն գրած 63 նամակ, պահպանուած ՀՅԴ դիւանատան արխիւներուն մէջ։ Նամակները լուսարձակի տակ կ՚առնեն Խարբերդի կոմիտէութեան դիմագրաւած օրուան հարցերը, դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ակնկալութիւնները։ Կենդանի ձեւով կը նկարագրուին շրջանի գիւղերու հայ բնակչութեան քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական վատ վիճակը։ Առ այդ, անոնք ժամանակագրական պատուհան մը կը բանան ընթերցողին առջեւ որպէս վկայութիւն ու պատմական փաստագրութիւն։