Հատորը կը խմբէ 2015էն 2025 Գրիգոր Պըլտեանի ու Արամ Պաչեանի միջեւ տեղի ունեցած երեք զրոյց։ Անոնց առանցքը կը կազմէ Պըլտեանի բազմակողմանի ճիւղաւորումներով գրականութիւնը, այսինքն ոչ միայն գրականութիւն, այլեւ լեզու, աւանդութիւն, արդիականութիւն, պատմութիւն, ժամանակ, եւն։ Առաջինը լոյս տեսած էր 1915ին «Ստացածդ բեռ է, ստեղծածդ՝ արարք» խորագրով, «Ինքնագիր» գրական հանդէսի կայքէջին վրայ։ Զրոյցները հեռակայ դրութեամբ եղած են, հարց- պատասխան իմակային փոխանակութեամբ։ Ի տարբերութիւն դէմ առ դէմ ուղիղ զրոյցին, այս եղանակը թոյլ կու տայ որ մտածումը գրիչի ու գրականութեան մէջէն յառաջ գայ, բան մը որ կարծես ժամանակը կը դանդաղեցնէ, նոյնիսկ կը ջնջէ զայն, ազատելով անոր կտրուկ ու պարտադրողական միջամտութիւնէն։ Երկրորդ զրոյցին (2020) տուն տուող դրդապատճառը «Յուզանք ու Զանգ» անունին տակ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը տեղի ունեցած կատարողական արարքն էր՝ performance-ը ու անոր յաջորդած բիրտ հակազդեցութիւնը, որմէ զրոյցը կ՚անցնի Պըլտեանի 2009ին հրատարակած Հայկական Ֆուտուրիզմ խորագրով հատորին: Հասարակաց գիծը անշուշտ ընդունուածէն դուրս շարժումներու արգիլումն է, զանոնք ջնջել կամեցող հայեացքը։ Իսկ վերջինը նոր է, 2025ին, մեկնելով Պըլտեանի վիպական գիշերադարձ շարքի 11րդ հատորէն, որ կը կոչուի Պարը։ Այս երրորդ զրոյցը շարքին ամենէն երկարն է ու ձեւով մը եզրափակումն է նախորդ երկուքին, յաւելում մը, շարունակելիութիւն մը կարելի դարձնող ու գիրքը կեանքի կոչող։





