ԶԱՐԵՀ ՈՐԲՈՒՆԻ
Օրագիր

Աշխատասիրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի

Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո
Երեւան, 2024

«Ժամանակ եւ Խօսք» մատենաշարի սոյն հատորը կը ներկայացնէ ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի (1902-1980) աւելի քան կէս դարու երկայնքին գրուած օրագիրը, որ ոչ միայն անձնական վաւերաթուղթ է, այլեւ շրջանի մը պատկերը։ Հատորին կցուած են նաեւ գրագէտի արխիւէն վերցուած ձեռագրերու եւ լուսանկարներու պատճէններ։

Your email address will not be published. Required fields are marked *