Օ.— Վէպը՝ որբունիի «Հալածուածները» շարքին երրորդ հատորը «Ասֆալթը», նոր լոյս տեսած Պոլիս, հրատարակութիւն «մարմարա»ի: Շարքին երկու առաջին հատորներն են «Փորձը» (Փարիզ 1929), եւ «Թեկնածուն» (Պէյրութ 1967): Այս երկու հատորներուն միջեւ՝ մօտ քառասուն տարուան փոս մը, որուն պէտք է անդրադառնալ, որբունիի այսօրուան արտադրութիւնը կարենալ հասկնալու համար:
1.— Ասիկա կը պահանջէ սակայն, որ համակարգային անհրաժեշտ ընթերցումին ձեռնարկելէ առաջ, մեկնինք այդ գործերու մասին ընդհանուր նշումներէ, գաղափարներէ, որոնք յետոյ միայն պիտի տարրալուծուին, մանրամասն ընթերցումներէ ետք դառնան խնդրական եւ տեղափոխուին իրենց ընդունուած վայրերէն։ Այս ճշդումը հոս՝ փարատելու կամ առաջուընէ շրջանցելու համար այն համոզումը, թէ կրնայ այսօր գրութիւն մը յայտնել «կարծիք մը» ուրիշ գրութեան մը մասին (ան ալ որբունիի վէպին), ըսել անոր շուրջ ճշմարտութիւններ կամ տպաւորութիւններ, առանց ըլլալու միաժամանակ անդրադարձում իր իսկ աշխատանքին վրայ։ «Գրադատական» յօդուածը չի կրնար մնալ նոր լոյս տեսած գիրքի մը պարզ վերլուծումը, ոչ ալ թերութիւններու եւ յաջողութիւններու մասին վճիռներ արձակելու փորձ մը (ո՞ր իտէալ նմոյշին համեմատելով)։ Այլ, միւս գրութեան (texte) հետ շփման մէջ մտնելով, անոր հետ խաղալով, որոնում մըն է գրութեան եւ ընթերցումի նոր գործողութեան (pratique) մը, հարցադրում եւ կազմալուծում իր իսկ «գիտութեան», շնորհիւ «գրախօսուած» գիրքի ներքին աշխատանքին։ Հոս՝ գրախօսականը եւ բնագիրը անխուսափելիօրէն կը միանան, կը խաղան, մէկը միւսով կարելի, ի վերջոյ մէկը միւսին հետ փոխարինելի (բնագիրը գրախօսական մը արդէն, իր իսկ մասին, կամ կարելի գրախօսականներուն մասին)։
ինչո՞ւ որբունիի վէպերուն առջեւ «գրադատը» չի կրնար շարունակել հաստատական ըլլալ, փորձել դրութիւնը բռնել գաղափարներու, եւ տպաւորութիւններու ցանցի մը մէջ։ Դասական վէպն է (օրինակ՝ դեռ, եւ որոշ վերապահումներով, Շահնուրինը) որ կը ներէ, կը պարտադրէ իսկ, այդ կեցուածքը իրեն հանդէպ, եւ ասոր պատճառը այն է, որ ան միշտ իրմէ դուրս ձգած է իր մեկնաբանութիւնը։ Ուզած է ըլլալ «ուղղագիծ», ճշմարիտ, լայն առումով իրապաշտ, չմտածելով երբեք ինքզինք իբրեւ գրութիւն, իբրեւ վէպ։ Արդիա գոյն վէպը
(եթէ «վէպ» մակդիրը դեռ կը պատշաճի այս գրութիւններուն), ձերբազատուած՝ իրականութեան մը, առարկայականութեան մը յղելու այս մտահոգութենէն, կը վերադառնայ ինքն իր վրայ, կը կրկնէ ինքզինք եւ այսպէս կը կրծէ, կը քերթէ ներսէն գրութիւններու վրայ սովորական ամբողջատիրական գործողութիւներու կարելիութիւնը։ Այստեղ, ուրեմն, բնագիրին աշխատանքն է, իբրեւ այդ, որ կը հարցադրէ գրախօսականի գիտելիքները իր մասին եւ ընդհանրապէս գրախօսութեան կարելիութիւնը։ Գրախօսականի հաստատումները կրնան միայն տեղափոխուիլ, դանդաղ խոտորումով, մինչեւ գրութեան վերջին տողը։ Ասկէ, անշուշտ, դժուարութիւնը ընթերցումին: Երբ գրութիւնս, անցնելով բնագիրէն, կը ստիպուի անոր իսկ թելադրանքով, վերադառնալու ինքն իր վրայ, եւ տեղափոխելու, խոտորելու ինքզինք, այլեւս ես չեմ ո՛չ պատասխանատուն այս շարժումին, ո՛չ ալ զայն ղեկավարողը: Գրութիւններու խաղն է, որ կը բռնէ մեզ։
2.— Սկզբնական շրջանին, «Հալածուածները» ուզած Է հետեւիլ հայ մարդու մը, կամ հայ մարդուն ոդիսականին: Կեանքը հոս՝ հասկցուած իբրեւ ճամբորդութիւն մը, յամր ներգրաւում նոր աշխարհի մը, գոց՝ նախ եւ որ հետզհետէ պիտի յայտնուի իր այլազանութեամբ եւ հարստութիւններով։ Միեւնոյն ժամանակ, հերոս մը պիտի կազմաւորուի անցնելով զանազան փորձերէ, փորձառութիւններէ, մինչեւ որ հասնի որոշ տիրութեան մը: Սկիզբը (սկիզբէն)՝ «Հալածուածները» կը ներկայանայ իբրեւ կազմաւորման վէպ մը, բայց միայն իբրեւ առաջադրանք. «Փորձը» ներկայացումն է գրուելիք վէպին, որ կրնայ իրապէս գրուիլ սկսիլ, երբ անցքը կատարուի աշխարհի եւ փորձառութեան հունէն: «Փորձը» առաջադրանքն է փորձառութեան եւ անոր վէպին (երկուքը միասնաբար, անքակտելի. փորձը՝ հասկցուող միայն գրուած-գրուելիք վէպէն, եւ նոյնիսկ իբրեւ վէպ), երկուքն ալ ապագայ։ Պատմութիւնն է ուրեմն մէկումը, որ դեռ չէ ծնած1, եւ կը տուայտի ձերբազատուելու համար մօրմէն, անցեալէն, աշխարհ գալու համար սեռայինի եւ արհեստի կրկնակ ճամբով («երկուքը մետալի մը երկու երեսները կը կազմեն», էջ 1562): «Փորձը»ի վերջին էջերուն, հերոսը կը ձգէ իր ետին անցեալը, մայրը, եւ սեռի-դրամի կրկնակ գողութիւն մը—պղծում մը գործելէ ետք (ձերբազատումը՝ կարելի միայն բռնութեամբ, ապօրինի, կարգերը խախտող, բայց միաժամանակ սահմանուած անոնցմէ, հոս սեռ-դրամ զոյգը, եւ պատրաստ՝ նոր կարգի մը յանգելու. կազմաւորման վէպը կը հետեւի հերոսի մը մինչեւ իր կարգուիլը, սեռը-դրամը-անոնց յարաբերութիւնը կարգաւորող համակարգը (մտնելը), կը մեկնի ան դէպի Փարիզ, մայրաքաղաքը, դառնալու համար նոր մարդ մը, մարդ մը պարզապէս։
Արդիագոյն վէպը (եթէ «վէպ» մակդիրը դեռ կը պատշաճի այս գրութիւններուն), ձերբազատուած՝ իրականութեան մը, առարկայականութեան մը յղելու այս մտահոգութենէն, կը վերադառնայ ինքն իր վրայ, կը կրկնէ ինքզինք եւ այսպէս կը կրծէ, կը քերթէ ներսէն գրութիւններու վրայ սովորական ամբողջատիրական գործողութիւններու կարելիութիւնը։
3.— «Եւ եղեւ մարդ», որ լոյս կը տեսնէ 1964ին, «Հալածուածներ»ու շարքէն դուրս, կը լրացնէ ձեւով մը, իր անկարելի լրումին կը հասցնէ վերը յիշուած առաջադրանքը. անհատական-սփիւռքեան կազմաւորման վէպը գրել-ապրիլ։ «Փորձը»ին մէջ արդէն հերոսը Սփիւռքի բնակիչ էր (որոշադրումը կատարուած է Սփիւռքի մէջ ապրիլ փորձող անձի մը յատկանիշներով, մասնաւորապէս փորձերը միջավայրին հետ կապեր հաստատելու համար)։ Սփիւռքի բնակիչ պարտադրաբար, բայց դեռ առանց պարունակութեան։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ բնակելու ձեւը։ Արմատապէս տարբե՞ր նախկինէն։
Որբունիի հերոսին կամ հերոսներուն ոդիսականը կարելի է կարդալ իբրեւ սեռային ոդիսական մը, մինչեւ տիրապետում՝ կաշկանդող մղումներուն վրայ, մինչեւ խորտակում՝ կապանքներուն, եւ լուծում՝ բեւեռումներուն…
«Եւ եղեւ մարդ». մարդ մը հոս կը ծնի, անցեալի կապանքներէն դուրս, կը դառնայ տարեց վերջապէս, առնելով որոշում մը (հայուհիի մը հետ ամուսնանալու աներեւակայելի որոշումը) եւ հեռանալով մօր եւ օտարուհիի (բացարձակ հարազատի եւ բացարձակ օտարի) կրկնակ եւ փոխադարձ քաշողութենէն։ Ծնունդը հոս ազատագրում մըն է ամուսնանալու անկարելիութենէն։ Անհատական խնդիր նախ, զոր կարելի է դիտել հոգեվերլուծումի տեսանկիւնէն։ Բեւեռում՝ մօր տիպարին վրայ, որ կ’արգիլէ սեռային մօտեցումը մայրը յիշեցնող կիներուն։ Հոգեվերլուծական բուժումը. անցք մը մանկութենէն, վերադառնալու համար ներկային, անցնելով կրկին անգամ բեւեռման բոլոր հանգրուաններէն եւ լուծելով այսպէս հոգեբանական հանգոյցները։ Ճամբորդութեան կամ կազմաւորումի ձեւ մը (ուր կրկնումը նոյնպէս խօսուած-գրուած է): Եւ որբունիի հերոսին կամ հերոսներուն ոդիսականը կարելի է կարդալ իբրեւ սեռային ոդիսական մը, մինչեւ տիրապետում՝ կաշկանդող մղումներուն վրայ, մինչեւ խորտակում՝ կապանքներուն, եւ լուծում՝ բեւեռումներուն (մինչեւ որ կարելի դառնայ գիտակից որոշումը, վախէն եւ անձկութենէն ազատագրումը):
Միայն անհատական խնդիր մը չէ սակայն ասիկա: Յ. Քիւրքճեան իր «Սփիւռքահայ հոգեբանական վէպը եւ ենթակայական ճշմարտութեան մը որոնումը» յօդուածին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Եւ եղեւ մարդ»ը հա՛յ վէպ է, ամբողջ հաւաքականութեան մը կենսապայմանը թելադրող գործ է… զուտ անհատական հոգեբանութեան սահմաններուն մէ՛ջ իսկ: Թովմասի մը սաղմնային կեանքին, սեփական երկունքի ճիգերուն եւ բարդոյթներուն մէջէն, Որբունի կու տայ «Սփիւռքը՝ անձնականացուած»։ Եւ նոյնպէս. «Հայոց պատմութիւնը ուրկէ՞ պիտի գայ մեզի, եթէ ոչ հայ ներանձնական մարդուն խորունկ հեռաւորութիւններէ3։ Բայց ո՞ր Սփիւռքը, ո՞ր պատմութիւնը։ «Կորուստի» դատապարտուած, (կամ) «փրկութեան» ելքեր փնտռող հիւանդ խմբաւորո՞ւ մը, եւ անոր երկընտրանքնե՞րը։ Ո՛չ անշուշտ։ Թովմասի անկարողութիւնը. սեռայնօրէն հայուհիի մը մօտենալու անկարելիութիւն, առնչուած մօր եւ օտարուհիի զոյգ (զուգուած) ձգողութիւններուն: Սփիւռքի «հիւանդութիւնը»՝ յղուիլ «ծագումի» մը, երբ ամէն ծագում «սկզբնականօրէն» օտար է (մայրն ու օտարուհին քով քովի) եւ խորտակիչ (տուայտանքները, բարդոյթները Թովմասի)։ Հայոց պատմութիւնն է այդ խորտակումին պատմութիւնը (սարսափը՝ հայուհիներու մէջ սեռայինի երեւումէն)։ Այսպէս՝ կազմաւորման վէպը կը խօսի նաեւ Սփիւռքի կազմաւորման եւ ծնունդի մասին, երբ Թովմաս կ’ազատագրուի ծագումի մը մօտենալու պատրանքէն-փորձութենէն, եւ միաժամանակ օտարի հրապոյրէն։
Պատմութիւնը եւ «խորունկ հեռաւորութիւնները». կազմաւորման վէ՛պը իբր այդ կ’ենթադրէ այդ խորութիւնները։ «Եւ եղեւ մարդ», իբրեւ այդ խորութիւններու թափանցումի փորձ, անհատական-սփիւռքեան վէպը գրելու-ապրելու առաջադրանքին իրագործումն է։
4.— Բայց խորը անմիջապէս մակերեսն է հոս (ամենէն մակերեսայինը)։ Հարազատ-օտար գաղափարաբանական հակադրութիւնն է (հակադրելը հաւասար է համակարգուած երկու բեւեռներէն մէկը մերժելու, այսինքն՝ միաժամանակ անոր ձգողութեան մէջ ապրելու), որ կը գործէ հոս եւ կը գծուի Սփիւռքի ամբողջ տարածութեան։ Եւ առաջին արդիւնքը այս մակերեսային անդրադարձներու խաղին՝ խորութեան տպաւորութիւն մը ձգելն է։ Հոգեբանական խորութիւնները կը ճանչնան միայն մայրը, սեռայինը, կամ «Մայր-Օտարուհի» անքակտելի զոյգը, որով ծագումը կ՚ըլլայ խորտակիչ. ծագումը ենթադրուած է միշտ հոս, թէեւ իբրեւ օտար, եւ ա՛ն կարելի կը դարձնէ անձնական պատմութիւնը իբրեւ հայոց պատմութիւն։ Բայց ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ հայուհին, իբրեւ հայ, սեռային խորշանքներու կամ «մանկութեան արհաւիրքին յաճախանքի» երկարաձգումին մէջ. յամենայնդէպս ո՛չ հոգեբանական (խորունկ, խորտակիչ)։ Կէտ մը կայ ուրեմն, ուր հոգեբանական «խոր» իրականութիւն մը ըլլալէ կը դադրի «Մայր-Օտարուհի» զոյգը, ու կը դառնայ պարզ արդիւնք մը, գիծ մը, զուտ հակադրութիւններով կազմուած համակարգի մը մէջ։ Գիծեր, հակադրութիւններ, որոնք սկզբնականօրէն սեռային եւ հոգեբանական (ենթակայական) չեն այս պարագային, այլ գրուած ըսուած։ Մակերեսը՝ խօսքերուդ էջերու մակերեսն է (հոգեվերլուծական հոլովոյթին մէջ ալ, խօսքերու մակերեսէն՝ խորութեան տպաւորութիւնը, յղումը իրական, «ճշմարիտ» եղելութիւններու)։ Եւ միակ կարելիութիւնը հոս հարցադրումն է հակադրութեան եւ անոր ենթադրած գաղափարաբանութեան։ Այդ հարցադրումն է, որ կը կատարուի նաեւ «Եւ եղեւ մարդ»ի մէջ, եւ ուրեմն միայն կազմաւորման (անհատական- սփիւռքեան ենթակայական ճշմարտութիւն մը որոնող) վէպ մը չէ այլեւս այս վէպը, այլ արդէն ուրիշ բան։ Երեք մօտեցումները «Փորձը»էն մինչեւ «Եւ եղեւ մարդ» երկարող ճամբուն. հերոսի-Սփիւռքի կազմաւորում, սեռային խորտակումէ մը բժշկում, գաղափարաբանութեան մը հարցադրում: Պէտք է հիմա երեքէն անցնել շրջագիծ մը, որով երրորդը կը վերադառնայ առաջինին. աշխարհի մը բացուիլդ այդպէս իբրեւ մարդ կազմուիլ, կը նշանակէ նախ եւ առաջ հակադրութիւններու զանցումը. պէտք է հասկնալ, որ եթէ այսօր միայն կրնանք գաղափարաբանութեան մը մասին խօսիլ, որբունիի վէպերուն ամբողջ յորձանքին սկզբնատարրը այդ գաղափարաբանութեան մերժումն է (հարցադրողին առաջին հակազդեցութիւնը), փորձը անկէ ազատագր(ու)ելու (հարցադրումը)։ Առանցքը սակայն կը մնայ սեռայինը, որ կը պահէ իր մէջ ե՛ւ կազմաւորումի, ե՛ւ հարցադրումի փորձը-հարցը։ Հայկական Հարցը սեռային հարց մըն է։
Ըսինք, որ սփիւռքեան-անհատական կազմաւորման վէպը չէ միայն «Եւ եղեւ մարդ»ը։ Այս է պատճառը շարքէն դուրս գտնուելուն: Չի լրացներ միայն սկիզբի առաջադրանքը, կը յայտնէ ուրիշ բան, եւ կը տանի ուրիշ տեղ։ Մակերեսի խաղը, որ կ’երեւի հոս, անկարելի կը դարձնէ կազմաւորման մը պատմութիւնը։ Բայց շարքը կը յամառի իր առաջադրանքին վրայ, կ’ուզէ շարունակել նոյն ուղղութեամբ։ Իրմէ դուրս կը ձգէ «Եւ եղեւ»ը, շարունակելու անկարելիութեան ապացոյցը, եւ կ’երկարաձգէ ծրագիրը 1967ին լոյս տեսած երկրորդ հատորին՝ «Թեկնածու»ին մէջ, որ ըլլալով հանդերձ կազմաւորման վէպի ծրագիրի պնդումը, կ’աւետէ արդէն «Ասֆալթը» յայտնութիւնը։
…աշխարհի մը բացուիլդ այդպէս իբրեւ մարդ կազմուիլ, կը նշանակէ նախ եւ առաջ հակադրութիւններու զանցումը. պէտք է հասկնալ, որ եթէ այսօր միայն կրնանք գաղափարաբանութեան մը մասին խօսիլ, Որբունիի վէպերուն ամբողջ յորձանքին սկզբնատարրը այդ գաղափարաբանութեան մերժումն է։
5.— «Ասֆալթը» կը ներկայանայ իբրեւ երկար մենախօսութիւն մը, գրուած երրորդ դէմքով։ Չնչին բացուածք մը արդէն հոս եսին եւ անին միջեւ, աննշմարելի դեռ, քանի որ ամէն ինչ դիտուած է Մինասի աչքերով, եւ ըսուած են միայն իր իմացածն ու մտածածը։ Մնաց որ, այս պզտիկ սահումը երկու դէմքերու կ’արգիլէ եսի մը տիրապետումը, եղելութիւններու եւ վերյիշումներու պատմումով, շարահիւսումով (ինչպէս դեռ «Եւ եղեւ»ին մէջ)։ Երկրորդ բացուածք մը, կապուած առաջինին. վէպին առաջին կէսը գրուած է անցեալ ժամանակով, երկրորդը ներկայով։ Մանրամասնութեան մը առջեւ չենք հոս երբեք։ Թերեւս ամենէն կարեւորը. ժամանակի հարցը ել ժամանակի
աշխատանքը որբունիի վէպերուն մէջ։ Կը բաւէ բնագիրը նախորդող երկու գրութիւնները կարդալ («յառաջաբանի մը տեղ» եւ «Երկու խօսք») հասկնալու համար կարեւորութիւնը այս հարցին, մա՛նաւանդ Փրուստի «կորսուած ժամանակի որոնումը» վէպիններ գործօն ազդեցութեամբ։ «Ժամանակի հարցը գրականութեան մէջ մեքենական կիրարկում չէ։ Քմայք մը չէ: Ինչպէս նաեւ կարծուածին պէս երկրորդական կարեւորութիւններ կայացնող եզր մը»4: Առաջին գրութեան երկու մտահոգութիւններն են 1. Թաւալող ժամանակին դէմ իբրեւ յաղթանակ մը ներկայացնել «արուեստը», որ «ժամանակին խորքը» կը փորձէ «բերել մակերեսին, լծորդել ներկային, որ յաւիտենականութիւնն է, այսինքն՝ անմահութիւնը»5 եւ 2. «Թեկնածու»ի (ուրեմն «Ասֆալթը») կառոյցը (ոմանց արտառոց թուող) բացատրել այս ժամանակի հարցով։ Խնդիրը հոս «յաջորդականութեան ընկալեալ եւ բութ սովորութեան խախտում»ն է որբունիի վէպերուն մէջ, որոնք կը ներկայանան իբրեւ ժամանա կի կոտորակներու խառնուրդ մը, ուր անհաստատ կը դառնայ դէպքերու յաջորդականութիւնը (երկրորդ գրութիւնը կը վերադառնայ նոյն թեմային. կը քննադատէ «ուղղագիծ ժամանակի գրականութիւնը», որուն համար կարեւորը պատմումն է, եւ կարելի է ան, կարծես հեղինակը տիրէր ժամանակին, դէպքերուն եւ բացարձակապէս գիտնար անոնց կարգը, հետեւանքներն ու ազդակները)։ «#Յառաջաբանի մը տեղ» կը միացնէ երկու թեմաները. Կ’ուզէ բացատրել «ժամանակի հոսքի փշրումը» Որբունիի գործերուն մէջ իբրեւ արուեստի կարեւորագոյն իրագործումը. հոսող ժամանակի դէմ յաղթանակը։ Յաղթանակ, որ կը դառնայ այսպէս կրկնակ։ ա. Արուեստը այն է, որ անցեալը կը բերէ, կը լծորդէ ներկային եւ, յիշողութեան ճամբով, կորսուած ժամանակը կը վերագրաւէ, կը փրկէ վերջապէս: բ. Արուեստը այն է, որ ժամանակը կը փշրէ, կտոր-կտոր կ’ընէ: անխուսափելի հատուածումը, քանի որ ժամանակին (վրայ) տիրապետութիւնը կը կայանայ մասամբ անցեալէն կտորներ փրկելու եւ ներկային բերելու լուղորդի աշխատանքին մէջ:
Երկրորդ գրութիւնը կը սկսի խնդրական դարձնել ժամանակի (վրայ) տիրապետութիւնը, կը սկսի քննել փակագիծներու խաղը, խաղ ժամանակի եւ տիրապետութեան միջեւ. «Այս վէպը պէտք է ընդունիլ իբրեւ խաղ մը» (էջ 18)։ Յաղթանակի գաղափարն է որ մասամբ կը ցնդի հոս։ Վէպը, ժամանակի հատուածումը, նման Է «այն խաղին, …փըծծըլ, որ կը կայանայ տուեալ պատկեր մը վերակազմելուն մէջ» (էջ 18): Վէպը այս պարագային՝ դժուար լուծելի «հանելուկ» մը, որ ընթերցողէն կը պահանջԷ մասնակցութիւն եւ աշխատանք։ Բայց փըծծըլի խա՞ղ մը միայն։ Ընկրկում մը հոս. հատուածումը կու գայ ժամանակի բնոյթէն իսկ, անոր վէպին մէջ ձգած հետքէն։ «Վէպը կը սկսի եւ ուղիղ գիծով իր վախճանին կը դիմէ, մինչդեռ մենք գիտենք թէ ուղիդ
գիծ գոյութիւն չունի» (էջ 20)։ Վէպը կրնայ ընթանալ միայն անվերջ վերադարձով նոյն վայրկեանին, նոյն տպաւորութեան վրայ, քանի որ «քանի կը փորձենք խորանալ…, ամէն բան կը բարդանայ…» (էջ 20), եւ պէտք է կրկնել նոյն բառերը, վերադառնալ նոյն կէտին, ամէն անգամ քիչ մը եւս խորացնելու համար զանոնք։ Այս անվերջ վերադարձը, կրկնումը՝ սփիռալաձեւ ժամանակի մը մէջ. «իրական գիծը պարուրաձեւ (սփիռալ) է» (էջ 20): Սփիռալը ժամանակի եւ անոր հետեւող վէպին, որ կը վերաբերի ենթակայութեան խորացումին, «խորունկ հեռաւորութիւններու» թափանցումի փորձով։
Հեղինակը պէտք չէ փորձէ պարապները լեցնել իր մեկնաբանութեամբ, իր դաստիարակչական խօսքերով, պէտք չէ քանդէ գրութիւնը իր տրամաբանութեան մէջ։
«Եւ դեռ գիծը գիծ չէ: Գիծը կէտերու շարունակութիւն մըն է, մէկ կէտէն միւսը պարապ միջոցներ կան» (էջ 20)։ Այս վերջին հատուածումն ալ կը գտնէ ինչպէս նախորդը իր բացատրութիւնը հոգեբանական կամ, աւելի ճիշդ՝ յիշողութեան ծիրին մէջ: Հեղինակը պէտք չէ փորձէ պարապները լեցնել իր մեկնաբանութեամբ, իր դաստի արակչական խօսքերով, պէտք չէ քանդէ գրութիւնը իր տրամաբանութեան մէջ։
Սփիռալաձեւ կամ ընդհատուած գիծի այս մեկնաբանութիւնները կ’ենթադրեն խորացումին տակ խորքը եւ հատուածումին համար՝ ամբողջութիւնը: Խո՛րքը միայն կարելի կը դարձնէ խորացումը, իմաստ մը կու տայ անոր, եւ հատուածումը ամբողջութեա՛ն մը հատուածումը միայն կրնայ ըլլալ հոս է տիրողը յիշողութիւնն է դեռ եւ լեցուն, իմաստալից, անկորուստ ժամանակը, այդ ժամանակը ըլլայ ի վերջոյ ուղիղ, պարուրաձեւ կամ կէտկիտուած։ Յիշողութիւնը, նոյնիսկ եթէ թերի է, կ’ենթադրէ խորքը եւ ամբողջութիւնը յիշուելիքին, այսինքն՝ եսի մը (ենթակայի մը) կողմէ վերագրաուելիք, վերակազմելիք իրողութիւն մը (ճշմարտութիւն մը)։
Պնդելով այս մեկնաբանութիւններուն վրայ, երկու յառաջաբանները կ’ուզեն կատարել անկարելին. պահել շարքը կազմաւորման վէպի գիծին մէջ։ Եւ այս մակարդակին միայն կարելի Է հասկնալ, թէ ի՞նչ չափով պատմութեան հնարաւորութիւնը եւ «խորունկ հեռաւորութիւնները» կ’ենթադրեն մէկը միւսը։ ժամանակն ու յիշողութիւնն են (հոս անհատական յիշողութեան մը մասին չէ խօսքը) պատմութեան հունը, եւ խորութիւն, ամբողջականութիւն (ենթակայի մը կողմէ վերակազմելիք) իրենց կարգին կը պատկանին յիշողութեան ժամանակին («Փրուստ օգտագործած էր յիշողութեան ժամանակը» կ’ըսէ որբունի, էջ 21)։ Գերագոյն ճիգը զանցելու-պահպանելու համար սկզբնական ուղղութիւնը կարելի Է տեսնել փըծծըլ խաղի յիշատակութեան մէջ։ Վէպը կը փշրէ միայն իրականութիւնը, կը կոտրէ ամբողջական պատկերը, կը ցրուէ զայն փըծծը լի զանազան կտորներուն վրայ ի պարտականութիւն ընթերցողին վերակազմելու պատկերը ամբողջութեամբ «փըծծըլ… որ կը կայանայ
տուեալ պատկեր մը վերակազմելուն մէջ»։ Բայց խորութիւնը մէկ կողմէ, եւ միւս կողմէ հոս ամբողջականութիւնը իբրեւ այդ (ամբողջական, տուեալ պատկերի մը գոյութիւնը, կարելիութիւնը) չեն քննուիր։ Յիշողութեան ժամանակն է, յիշողութիւնը ժամանակին մէջ, ուր կ’ուզէ երկարաձգուիլ: Ժամանակի (վրայ) տիրապետումը։
6.— Գրութիւնն է, որ կը տեղափոխէ մինչեւ հիմա գործածուած բոլոր յղացքները (կազմաւորում, խորութիւն-ամբողջականութիւն, կամ փըծծըլ, սփիռալ, կէտկիտում)։ Որբունիի վէպերուն ամենէն ակնյայտ յատկանիշը, անհուն ճիւղաւորումը մտմտանքներու՝ խօսքի մը, նայուածքի, մտածումի մը շուրջ։ Երբ մինաս կը սկսի խօսիլ Նիքոլին իր կազմաւորման վրայ մեծագոյն ազդեցութիւնը ունեցած կնոջ մը՝ Հորթանսի մասին, Նիքոլ կը պոռայ. «Լռեցէք»։ Պարզ բառ մը, որ ունի անմիջապէս իր շարունակութիւնը. «Սիրտս կը տրորէք» (Նիքոլի հակումը արդէն մինասի հանդէպ)։ Բայց «լռեցէք»էն ետք, ժամանակը կ’ընդհատի եւ տասնեակ էջերու վրայ կու գայ անդրադարձումը այդ բառին, անոր արտասանուելու ձեւին, պատճառած ծերպին։ Հնչում մը, եւ այդ հնչումին մէջ ամբողջ «ճշմարտութիւն մը» թաքնուած. պէտք է քակել, բանալ այդ վայրկեանը, էջերու վրայ տարածել զայն, բառերու երկայնքին։ Հոգեբանա կան խորացում եւ ժամանակի ընդհատում միասնաբար։ Խորացումը՝ բառերով, բառերէն, էջերու մակերեսին վրայ, եւ ժամանակէն դուրս։ Կայ դեռ հոս անշուշտ յիշողութիւնը, հոգեբանական երանգաւորումներու իրականութիւնը, որուն իմաստը պէտք է յամրօրէն թափանցել (պէտք է միայն նշել, որ այս կարեւոր վայրկեանը կ’առնէ իր ծնունդը կազմաւորման մասին խօսքէ մը եւ անոր պատճառած հակազդեցութենէն. հակազդեցութիւն՝ կազմաւոր մանդէմ)։
Մակերեսն է, որ յայտնուեցաւ սակայն հոս անմիջապէս։ Ընդհատուած ժամանակը, բառերու գիծը, քակելու անհրաժեշտութիւնը։ Պատկերներ քով քովի, գծուած, գծուող եւ ստեղծող խորութիւնը. տեսարաններ ամբողջ կ’երեւին այսպէս պաստառներու վրայ նկարուած պատկերներու պէս, առանց խորքի։ Մինաս ապշած կը տեսնէ Նիքոլն ու իր քոյրը մերկ, երկարած կողք կողքի, լքուած բոլորովին, Նիքոլի ձեռքը դեռ քրոջ պորտին վրայ, աճուկի ծալքին մէջ։ Պաստառի վրայ գծուած տեսարան մը, նկար մը, որուն մասերը կը նկարագրուին մէկը միւսէն ետք, երկրաչափական հարազատութեամբ-սրունքներու, թեւերու դիրքերը, ուղղութիւնները—առանց ոչ մէկ մեկնութեան։ Չեն ըսուիր բառերը, որ պիտի որոշադրէին քոյրերու յարաբերութիւններու բնոյթը, չեն ըսուիր մա՛ նաւանդ մինասի զգացումները, հակազդեցութիւնները։
Մակերեսի այս խաղերուն հանդիպած էինք արդէն գաղափարաբանական հակադրութեամբ (գծուողնորէն գրութիւններու մէջ-վրայ), որ կը կրկնէ մայր-Օտարուհի հոգեբանական զոյգը։ Փըծծըլը նոյնպէս մակերեսի խաղ մըն է, պատկերներ—հարթ տարածութեան մը վրայ գծուած պարզ պատկերներ—կազմող-տարբաղաղրող։ Ժամանակի
(վրայ) տիրապետում կ’ըսէինք։ Ժամանակի եւ տիրապետումի միջեւ մակերեսի, «վրայ»ի խաղն է հոս, որով նոյն ժամանակը կուգայ երկու անգամ, առաջինը՝ խորքին համար, երկրորդը՝ մակերեսին համար։ Ասկէ՝ կրկնումը, երկու ժամանակները. անցեալը (խորքը) գիրքին առաջին կէսին մէջ, ներկան (մակերեսը)՝ երկրորդին։ Պարզ խորացումի նպատակով չէ ուրեմն, որ էջ 139էն սկսեալ, գիրքը կը վերսկսի, բառացիօրէն կրկնելով ինքզինքը եւ ժամանակի փոփոխումով։ Մակերեսի խաղն է ժամանակին եւ տիրապետութեան միջեւ, կամ աւելի ճիշդ՝ Ժամանակին միջեւ։ Տիրապետող-տիրապետւողը եսն է, յիշողութեան ժամանակի խորութեան եւ ամբողջականութեան երաշխաւորը (խորութիւնը կը պահանջէ խորացնող-խորհող մը, եւ ամբողջականութիւնը վերակազմող մը)։ Մակերեսի խաղը խաղ է նաեւ ժամանակի եւ եսի՛ միջեւ, կամ պարզապէս եսին միջեւ, որով եսը կը կորսնցնէ իր խորքը եւ կը սփռուի փըծծըլի խորանարդներուն վրայ։ Կը կորսուի ուրեմն հերոսը, որուն փորձառութեան նկարագրութիւնն ըլլար վէպը, եւ անշուշտ «կորսուած ժամանակը որոնող» հեղինակն ալ։ Պատմութիւնը եւ կազմաւորումը ուրեմն՝ արդիւնքներ միայն խաղին։
7.— Նշանակելի եւ նշանաւոր թաքուն ուղղութիւնն Է սա՝ «Հալածուածներ»ու շարքին։ Կազմաւորման վէպը սակայն իր լրումին հասցնելու առաջադրանքը վերջ չի գտներ ասով, ո՛չ ալ յիշողութեան ժամանակի (վրայ) տիրապետումը, իր խորութեամբ եւ ամբողջականութեամբ։ Կոտորակները կ’ենթադրեն դեռ ամբողջական պատկեր մը, «տուեալ» եւ «վերակազմել»իք։ Բայց Որբունիի գրութիւններուն իսկ մակերեսի խաղը եկաւ խորութեան վստահութիւնը խանգարել: Հիմա պիտի տեսնենք ինչպէ՛ս «Ասֆալթը» աւելի եւս նշանաւոր շարժուածքով մը, ժեսթով մը, կուգայ խանգարել ամբողջական պատկեր մը վերակազմելու կարելիութիւնը, կարելիութեան կամեցողութիւնը։
Կրնանք մենք ալ փորձել պատկեր մը վերակազմել, փորձուիլ ատկէ։ Վերակազմել Մինասի պատմութիւնը, Մինասին, որ հեռացած Նիքոլէն այն օուընէ ի վեր, երբ կը հասկնայ անոր կապը քրոջ հետ, կնոջ տղաբերքի գիշերը կը վերադառնայ ու յանձն կ’առնէ հիւանդապահութեան պատասխանատուութիւնը։ Բայց, ան հաստատ պատճառներով, հոգեվար Նիքոլը կը ձգէ որ ամբողջ գիշերը գալարուի տուայտանքներուն մէջ, առանց ոչ մէկ օգնութեան շարժումի։ Յետոյ՝ Նիքոլի մահը, Մինասի տարակոյսները, եւայլն։ Կը բաւէ այսքանը։ Կրնանք թերեւս կտրտել վէպի էջերը, տեղափոխել կտրօնները, քով քովի փակցնել, ամբողջական պատկերը վերակազմելու համար, որոշ բացատրութիւններ աւելցնելով ի հարկին (օրինակ, տեղ մը մինաս կը յիշէ Նիքոլին հետ կատարած իր հեծանիւով արշաւները, Նիքոլի իրմէ անկախ զգացած սեռային գրգռումը, եւ իր հանդուրժող կամ ջղային անհասկացողութիւնը։ Ուրիշ տեղ, խուզարկուած, տակն ու վրայ դարձած տպարանի աղեխարշ տեսարանին առջեւ,
Մինաս կը յաճախուի Մոնիքի հետ իր սեռային յարաբերութիւններուն կրկնուող, երկարաձգուող պատկերէն, որովհետեւ երբ կը տեսնէ նորէն ինքզինք հալածական, ինչպէս եղած է միշտ, իր մէջ Մոնիքի ճիչն է, որ կ’արձակուի անվերջ հպարտութեամբ լեցնելով ամբողջ իր էութիւնը. «զիս կին ըրիր»։ Ճիչը ֆրանսուհիին, եւ ինք դարձաւ մարդ եւ չէ՛ այլեւս հալածական, հալածուած, հայկական անհատնում ողբերգութեան, խեղճութեան մէջ կորսուած հայ պատանի)։
Երբ կտրօնները քով քովի փակցնենք եւ իրականութեան, անցուդարձերու, Մինասի հոգեբանական խորութիւններու եւ բարդութիւններու ամբողջական պատկերը վերակազմելու աշխատանքը լրացնենք, կը մնայ մեր ձեռքը մնացորդաց մը։ Կը մնան չգործածուած եւ անգործածելի կտրօններ, զորս կարելի է ոչ մէկ տեղ զետեղել։ Ոչ թէ որովհետեւ ուրիշ բան կը պատմեն, պատմութենէն դուրս են, կամ՝ անկարելի է մեզի անոնց տեղը որոշել։ Այդ պարագային, միշտ կարելի պիտի ըլլար յուսալ, որ աւելի խոր թափանցումով, ուրիշ մեկնաբան մը կարենայ զանոնք ի վերջոյ տեղաւորել։ Բայց հոս տեղաւորելու անկարելիութիւնը բացարձակ է։ Որովհետեւ այդ կտրօնները աւելորդ են, կ’ըսեն նոյն բանը։ Գիտենք, որ էջ 139էն սկսեալ վէպը տառացիօրէն կը կրկնէ նոյն բառերը, նոյն նախադասութիւնները։ Այսպէս, էջ 41. «Հիւանդը… պոռաց: Կարծես վերջին ճիչը կ’արձակէր ընդմիշտ անէութեան մէջ թաւալելէ առաջ: — Պիտի սպաննէ զիս, Մինէ, պիտի սպաննէ։ Չ’ուզեր դուրս գալ, չ’ուզեր»: Էջ 140. «Հիւանդը… կը պոռայ: Կարծես վերջին ճիչը կ’արձակէ ընդմիշտ անէութեան ծոցը իյնալէ առաջ: — Պիտի սպաննէ, Մինէ, պիտի սպաննէ զիս»: Կը նշմարուի գրեթէ տառացի կրկնութիւնը, ժամանակի ընդհանուր փոփոխութեամբ եւ այլ չնչին փոփոխութիւններով (իյնալէ, թաւալելէ)։
Այս կրկնումը կը շարունակուի ընդմիջումներով, յաւելումներով, մինչեւ էջ 161: Եւ անմիջապէս կը տարբերի հոգեբանական խորացումի կամ յիշողութեան նոյն կէտին վրայ վերադարձի Որբունիի սովորական աշխատանքէն։ Հոս յիշողութեան խաւերուն չէ, որ կը յղէ կրկնութիւնը, ես մը չէ, որ կը վերադառնայ անցեալի մը վրայ, անկէ յաճախուած, չկրնալով զայն իր հորիզոնէն վանել։ Այլ պարզապէս գրութիւնն է, որ կը կրկնէ ինք զինք։ Գրութիւն մը կը ներկայանայ, կրկնակ, կրկնուած, եւ աւելորդ կտրօնները կը մնան մեր ձեռքը։ Գրութիւնը կտոր-կտոր, կոտորակուած, բայց կտրօնները, կոտորակները չեն յղեր պատկերի մը ամբողջութեան, քանի որ աւելորդ գրութիւն կայ «իրականութեան» նկատմամբ, ամբողջականութեան նկատմամբ: Փըծծըլ խաղը խանգարուած է: Գրութիւնն է, որ հոս կը պարտադրէ իր կանոնը ել ո չ՝ յիշողութիւնը, յիշողութեան ժամանակը, եսը: Գրութիւնը եւ ոչ՝ խոր-ամբողջական իրականութիւն մը, փըծծըլի ամբողջական պատկեր մը։ Հատուածումը հոս չի յղեր ամբողջականութեան (մը)։
0.— Կրկնումը ուրեմն՝ ո՛չ խորացումի, ո՛չ ամբողջացումի համար։ Կրկնումով՝յիշողութեան ժամանակէն դուրս ենք։ Չկայ ես մը, որուն մէջ արձանագրուի կրկնումը, ընդհակառակն, կրկնումն է, որ կարելի կը դարձնէ եսի միասնութիւնը, ինքնութիւնը6։ Բայց անիկա է, որ նաեւ կարելի կը դարձնէ կրկնակը, աշխատող սկիզբի եւ հարազատի մէջդէմ: Սկիզբը նախ՝ քանի որ սկիզբը կ’երեւի իբրեւ կրկնուած, յղող՝ իրմէ առաջ արդէն «տեղի ունեցած» ուրիշ-սկիզբի մը7: Եւ հարազատի, ծագումի դէմ։ Հոս վերստին «Եւ եղեւ մարդ», ուր ծագումի հարցը ենթարկուած է աննախընթաց գործողութեան մը. սկիզբը՝ մայր-Օտարուհի քով քովի, կրկնուած, կրկնակ։ Ծագումը (յիշողութեան ժամանակին առնչուած) այս տեղ ոչ այլեւս պարզ ծագումը, խորքը յիշողութեան։ ծագումը՝ կրկնակ, հարազատ-օտար։ Սկիզբը նորէն՝ կրկնութիւնը (ինչպէ՞ս նախադասութեան մը մէջ տարազել այս «բութ»ը, որ կը մօտեցնէ անհաւասարելիները. սկիզբը՝ կրկնութիւնը նախադասութեան մը, որ ըլլայ ամբողջութեան մը տարազը։ Բութը կրնայ միայն հաստատել հատուածումը։ Բութը, փակագիծը ամբողջականութեան եւ խորութեան մէջ— դէմ հատուածումի եւ մակերեսի խաղերը, որոնք ուրեմն գրութենական, կամ նոյնիսկ տպագրական խաղեր են): Կրկնումը կը դնէ կրկնակը, օտարը հարազատին մէջ։ Այս է կրկնումի հարցին իսկական տարողութիւնը։ Կրկնումի կեդրոնին՝ օտարը՝ խանգարող հարազատը, պարզը, ծագումը:
Քանի որ կը սկսի կրկնելով, այդպիսի եղելութիւն մը ունի նախ պատմումի ձեւը: Իր առաջին անգամը տեղի կ’ունենայ բազմաթիւ անգամներ… Այդ առաջին անգամը արդէն հոսկէ չէ, հոս մը չունի, կ’ընդմիջէ ան պատկանելիութեան մեղսակցութիւնը, որ մեզ կը կապէ մեր բնակչութեան, մեր մշակոյթին, մեր պարզ արմատին… պէտք է մտածել որ օտարը մխուած է կրկնումին մէջ8։
1.— Հիմա՝ «Ասֆալթը»ի էջ 139էն մինչեւ 161 երկարող այս 23 էջերուն մէջ, վայր մը կայ, ուր յանկարծ երեւութապէս գրութիւնը կը դադրի կրկնելէ: Արդարեւ, էջ 49 եւ 149՝ կը կարդանք. «— Մինէ, ի՞նչ ունիս, հիւա՞նդ ես։ Մօտեցիր, ինչո՞ւ ոտքի վրայ կեցեր ես» (Հոգեվար Նիքոլն է, որ հիմա կը հոգայ Մինա սին վրայ)։
Եւ կայ ասկէ սկսեալ ճիւղաւորում մը. էջ 149 «… Անսահման յուսահատութիւն մը իշխած է վրան… յանկարծ կը հասկնայ…»: Կրկնումի կեդրոնին կը գտնուինք հոս։ Եթէ կրկնումը էականն է իսկապէս այս դիրքին մէջ, եւ եթէ վերնագիրը կապ մը ունի այդ էականին հետ, ի՞նչ կրնայ երեւիլ էջ 49 այս հատուածին տեղ, եթէ ոչ—Ասֆալթը։ Եւ ի հարկէ. «Նոյն յուսահատութիւնն էր, այն՝ որ ամիսներ առաջ ողողած էր զինքը, ինչպէս հալած ու մխացող ասֆալթը …» եւ քիչ հեռու (էջ 50). «…Հին նողկանքը գլխէն վար թափւող հալած ասֆալթէ շապիկի մը նման»: Ասֆալթը ճանապարհն է, ասֆալթը նողկանքը։ Մեկնում՝ Մինասի, նողկանքէն մղուած։ Ամիսներ առաջ, ինչո՛ւ այդ «անսահման յուսահատութիւնը», եթէ ոչ Նիքոլի եւ քրոջ յարաբերութիւնները հասկցած ըլլալէն։ Եւ անմիջապէս՝ փախուստը։ Ասֆալթը (յուսահատութիւնը, փախուստը) կ’երեւի երկու քոյրերու մերձեցումին առնչութեամբ: Օրինակ, գիրքի վերջին էջին, երբ Մինաս ասֆալթով ծեփուող ճամբուն վրայ կը տեսնէ Նիքոլը եւ Մոնիքը, որոնք ձեռք ձեռքի, շքեղ հանդերձանքով եւ «հանդիսաւոր քայլուածքով» կը խրին հետզհետէ ասֆալթին մէջ։
Երկու քոյրերու մերձեցումէն՝ Մինասը դուրս, վտարուած։ Յուսահատութիւնը հոգեբանական երեւոյթ չէ միայն հոս (եւ ասֆալթը այդ երեւոյթին խորհրդանիշը չէ երբեք), եւ ուրեմն մերձեցումն ալ ուրիշ բան է քան լեսպեանական յարաբերութիւն միայն։ Երկու քոյրեր հոս — Նոյնը կը միանայ Նոյնին, հարազատը հարազատին։ Եւ դիտենք ինչպէս ֆրանսահայ վէպին մէջ, ֆրանսուհին բնորոշուած է իբրեւ օտար։ Հոս ուրեմն, օտար հարազատներու մերձեցումով, կ’երեւի օտարին հարազատը։ Եւ այդ հարազատէն վտարուած է Մինաս։ Կը դառնայ ան օտարին օտարը։ Վտարումը՝ փախուստ, ճանապարհ։ Մինասի հարազատութիւնն է, որ կը ցնդի։ Կը մնայ միայն օտարութենէ օտարութիւնը, Ասֆալթը, եւ այդ, ի հարկէ, չէ՛ բնաւ հոգեբանական երեւոյթ։
Ըսինք, որ հարազատ-օտարը (օտարը արդէն հարազատին մէջ, կամ օտարին հարազատը) կրկնումէն կը ծնի-կը մեռնի (Նիքոլը եւ իր ու հայուն զաւակը, Նէնէթը եւ իր ու հայուն զաւակը «Նահանջ»ի վերջին էջէն։ Ո՛չ միայն հարազատի խանգարումը, այլ օտարի քայքայումը9 նաեւ):
«Օտարութեան» հետ դէմ դէմի եկող, զայն ընկալելու պատրաստ, ստիպուած նոյնիսկ, ամբողջ սերունդ մը հարկադրուեցաւ իրերու բերմամբ ապրելու–մտածելու օտար–հարազատը (օտարը հարազատին մէջ, օտարին հարազատը)։
Եւ այս է կրկնումի հարցին ամբողջ տարողութիւնը։ Որբունիի գրութիւնը զարմանալի ձեւով կը յարգէ—կը հաստատէ այս օրէնքը—օտար-հարազատը կրկնումին մէջ մխուած—տալով Ասֆալթն իսկ, օտարութենէ օտարութիւնը, իբրեւ կրկնութիւն, դնելով զայն կրկնուածի կեդրոնը: Վէպ (կազմաւորումը, հոգեբանականը), սեռականութիւն (քոյրերու միացումը), ժամանակ (սկիզբի, ծագումի, հարազատի հարցը), վէպ (կրկնութիւն)։ Գրութիւններու խաղն է, որ կը բռնէ մեզ։
* * *
«Օտարութեան» հետ դէմ դէմի եկող, զայն ընկալելու պատրաստ, ստիպուած նոյնիսկ, ամբողջ սերունդ մը հարկադրուեցաւ իրերու բերմամբ ապրելու-մտածելու օտար-հարազատը (օտարը հարազատին մէջ, օտարին հարազատը)։ Ուշագրաւը այն է, որ այս առնչութեամբ միշտ կրկնումը կ’երեւի։
(Թիւ 6, 1973)
1 որոշ նշումներ՝ գ. Պըլտեանի «30ական թուականներու ֆրանսահայ վէպը» յօդուածէն, դասախօսուած Փարիզ 1972ին եւ դեռ անտիպ։
2 Էջերու նշանակումը կը յղէ «Ասֆալթը» հատորին։
3 «Բագին», 1966, թ. 6։ Ստորագծումը մեր կողմէ։
4 Այս մէջբերումը՝ առաջին գրութենէն, որուն էջադրումը կը պակսի։
5 Նոյն։
6 Յաւիտենական վերադարձը (Նիցչէի անվերջ-անսկիզբ Նոյնի կրկնութիւնը) թաքուն միասնութիւնն է, որ կու տայ ինք զինք տարամերժելով իմ անձնական միասնութիւնս, անձնական ինքնութիւնս, եսին ինքնութիւնը» (տըլէօզ, «տարբերութիւն եւ կրկնութիւն»)։ Անունները, որ կրնան երեւիլ այս բաժնին մէջ պատահական չեն։ Որբունիի գործը կ’ընթանայ զուգահեռաբար ֆրանսայի մէջ այս վերջին տարիներու զարգացած «արդիագոյն» մտածողութեան։ Նոյն հարցերը — կրկնումը, հատուածումը – կ’երեւին հոս եւ հոն, օրգանական անհրաժեշտութեամբ: Նաեւ ֆրանսահայ գրականութեան մէջ («Փարիզի դպրոցը») սաղմնային ձեւով։
7 Հայը՝ սկիզբէն իսկ կանխուածը։ Շահնուրի գործին կարեւոր գիծ մը՝ ասիկա։ Առաջին անգամը գրութեան մէջ կը տրուի, կու տայ ինքզինք, իբրեւ արդէն տեղի ունեցած ուրիշ անգամներու կրկնումը։ Օրինակ՝ «Նահանջ»ի մէջ, Պետրոսի պատմութիւնը կը յայտնուի իբրեւ պարզ կրկնութիւնը՝ իրմէ առաջ եկած հայու մը (Պիպիի հօրը) պատմութեան Նէնէթին հետ (տես էջ 255): Աւելի եւս նշանաւոր այս տեսակէտով՝ «Պոյնուզլըները» պատմուածքը, լոյս տեսած «մենք»ի երրորդ թիւին մէջ։
8 Տէռիտա. «Սփռումը» (էջ 324)։ Այս տողերը՝ Սոլերսի «Թիւեր» վէպին կապակցութեամբ։
9 «Պույնուզլըները» պատմուածքին մէջ հայ հրոսապետ մը կը ստիպէ թուրք քոյր եւ եղբայր մը միանալու իր խումբին առջեւ: Հոս նորէն օտար հարազատներու սեռային մօտեցումը, կապուած հոս ալ կրկնութեան (արարքը կը կատարուի կրկնուելով, առաջին անգամ իսկ, կամ կը կրկնէ, կը բազմապատկէ այդ առաջին անգամը)։ Հոս ալ օտարը կը քայքայուի (կնոջ տառապանքը): Կառուցային համանմանութիւնը որ կ’երեւի ամբողջ այս գրութիւններու միջեւ կ’արժէ ուսումնասիրել աւելի մօտէն:
|