ԴԻՄԱՊԱՏԿԵՐ ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ

Ամէն մարդ իր սեփական աշխարհը կ’արտայայտէ: Նման ձեռնարկ մը կրնայ չհետաքրքրել ուրիշները, բայց մտածել որ անլուրջ է ան՝ սխալ է: Թերեւս պէտք եղած ճիգը չենք ըրած հեղինակի աշխարհէն ներս մտնելու, թերեւս դատումին անհրաժեշտ հեռաւորութիւնը չէ ստեղծուած տակաւին:

Վահէ Օշական իսկական երեւոյթ մըն է մեր ժամանակակից իրականութեան մէջ։ Աւելի քան 15 տարի է ներկայ է գրական կեանքի բոլոր անկիւնադարձերուն, միշտ ուրիշներէ տարբեր, միշտ ինքնիրեն հաւատարիմ։ Աւելի քան 15 տարի է ի վեր միեւնոյն ինքնայատուկ մտածելակերպն ու զգալակերպը կը պարզէ եւ հետաքրքրութիւն կը  ստեղծէ, կը զարմացնէ, կ’ըմբոստացնէ, ի վերջոյ մերժողական կեցուածք առաջացնելու համար։  մարդիկ վերապահ են իր գործին հանդէպ, առնուազն սպասողական դիրքի մէջ։ Բայց ինք կը շարունակէ արտայայտուիլ, զարմացնել, ջղայնացնել։ Յուզիչ հետեւողականութեամբ մը։ Անսովոր ըլլալու, շուարական զարմանք առաջացնելու տրամադրութիւն մը գոյութիւն ունեցած է իր մէջ հաւանօրէն, թերեւս մեկնակէտը եղած է նոյնիսկ իր կերպին։ Բայց տարիներու ընթացքին բնաւորութիւն դարձած է ա՛լ, խառնուածքի վերածուած, անկեղծ կեցուածքի։ Մարդ գիտակից իր կեանքին 15 տարիները չի յատկացներ անտարբեր հաւաքականութիւն մը զարմացնելու միշտ միեւնոյն խռով աշխարհի անդոհանքը դրսեւորելով, յամառօրէն ինքզինք մնալով։  Թերեւս համազգացութեան ու հմակրանքի անհրաժեշտ ճիգը չենք ըրած իր աշխարհէն ներս մտնելու համար, հաւանօրէն պէտք եղած հեռաւորութիւնը չէ ստեղծուած, մինչեւ հիմա, դատումի լոյսին տակ առնելու համար իր գործը։ «քաղաք»ի(*) հրատարակութիւնը այժմէական կը դարձնէ ըմբռնումի ճիգ մը։ ժամանակն է թերեւս, երկու անջատ հատորներու եւ բազմաթիւ յօդուածներու տասնըհինգամեայ «հեռաւորութենէն» քննելու Վահէ Օշականի ստեղծագործութիւնը, ընկալումի փորձ ընելու եւ դատումի խօսք ըսելու: 

* * *

Իր բոլոր գրութիւններուն եւ յատկապէս «Պատուհան» եւ «քաղաք» հատորներու խորանկարին վրայ կը փռուի Վահէ Օշականի դիմաստուերը։ Կենդանագիրի մը պէս պարզ չէ ան, հակասական գիծերով բարդացած է եւ ըստուերներով մշուշուած, բայց բաւականաչափ յստակ շրջագիծեր ունի, ըմբռնելի է ամբողջութեանը մէջ։  

Ամէն ինչի հանդէպ  արուեստագէտի եւ արուեստասէրի վերաբերում ունեցող մենաւորի մը բնապատկերն է ան։  Վահէ  Օշական կեանքի եւ արուեստի երեւոյթները կ’ընկալէ ո՛չ թէ միտքով կամ ջիղերով, այլ` հոգիի ամբողջ կառոյցով։ Տեւական ճակատում մըն է կեանքը իրեն համար. հակադրութիւնը ներքին իր աշխարհին եւ արտաքին իրականութեան: Որեւէ բան կ’ըդունի կամ կը մերժէ` ամբողջութեամբ։ Ինքզինք ամբողջ կը դնէ նաեւ գրածներուն մէջ՝ ինչ ալ ըլլան անոնք։   Եւ, ի վերջոյ, քերթուած ստորագրէ թէ օտար գրականութեան մը նուիրուած յօդուած, գրողի մը մասին խօսի թէ նկարիչի մը` ինքզինք կու տայ ամէն բանէ առաջ, իր ներաշխարհը կը դրսեւորէ, իր տագնապը կ’արտայայտէ։ Այս տագնապը քսաներորդ դարու մարդունն է, հա՛յ մարդունը, բացառիկ սրութեամբ մը զգացուած իր կողմէ։ Բնազանցական է անոր խորքը։ Արդէն ամէն ինչ բնազանցական համեմատութիւններ կ’առնէ իր աչքին, քսաներորդ ահաւոր այս դարուն, որ կարծես միաժամանակ մարդու զգետնումին եւ յաղթական կանգնումին վկան է։ Վահէ Օշականի համար մարդու եւ աշխարհի մասին այս խո՛հն է կարեւորը եւ գրականութեան կոչումը զայն արտայայտելն է ամէն բանէ առաջ։ Իրեն այնպէս կը թուի թէ մարդիկ այն չեն ինչ որ պէտք էր ըլլային։ Անկարելի մնացորդն ենք հին մարդերու ցեղի մը որ ատենօք երկրագունտի մակերեսին կը շրջէր: Տեսակ մը բնազանցական կարօտ կայ մէջը` նախնական աշխարհի մը, նախնական մարդկութեան մը, սկզբնական բաներու։ Ամէն առիթով կը կրկնէ, յաճախանքէ մը ծնած յանկերգի պէս, թէ պէտք է ձերբազատուինք երկրորդական «երկրորդ ձեռքէ» մեր ապրելակերպէն, վերադառնանք հին մարդերու սկզբնական մեծութեան։ Զարմանալի չէ ուրեմն որ այս աշխարհը իրեն թուի ձանձրոյթի վայր մը, ուր մարդ ամէնէն տաղտկալի ձեւը հնարած է ժամանցի՝ ապրիլը առանց անհատականութեան, «իր անհամար պատճէններու բազմութեան մէջ»: Եւ ապրողը մինակ է աշխարհի մէջ, բնազանցական ահաւոր մինակութեամբ մը։ Ամէն բան անիմաստ է եւ ունայն եւ ի՛ր իսկ կեանքի անիմաստութեան արձագանգը կը բերէ մարդ-էակին։ Աստուած «կզակ շարժելու առիթ» է, կրօնը` անբաւարար ու քնացնող պատասխան։ Երկու հիմնական տուեալ կայ միայն, որոնք կարելի է որպէս մեկնակէտ ընդունիլ մարդկային արկածախնդրութեան. գոյութեան փաստը եւ գիտակցութիւնը։ Գիտակցօրէն պէտք է ընդունիլ մարդկային գոյութեան անհեթեթութիւնը եւ նոր սկսիլ կեանքի։  Այս գիտակցութիւնը սկիզբն է հարցադրութեան մը, որ կրնայ ոչ մէկ ելք ունենալ, ոչ մէկ վստահութեան առաջնորդել։ Կարեւորը ստացուելիք պատասխանը չէ, այլ հարցումը, որ նուաճում է ինքնին։ Այս ճշմարտութիւնը ընդունելուն մէջն է, ըստ Վահէ Օշականի, մարդու իսկական մեծութիւնը։ Մարդ-էակը,                                                                                                                                                              «միակ արժէքը ամպերէն վար ու մանաւանդ վեր», մեծ է, երբ կը գիտակցի իր ճակատագիր ապիմաստութեան եւ կ’ընդունի զայն. բայց ո՛չ փուլ գալու համար անոր ծանրութեան տակ, այլ` անզիջող պայքարի մտնելու համար զէնք ժխտող ամէն ինչի դէմ։ Այդ ձեւով միայն կրնայ օր մը հասնիլ թերեւս, գերագոյն պահին։ Մարդանալու պահն է այդ, մեծղի Այո-ն որ կը խուժէ քեզմէ դուրս   Երբ տոմսակը կը պատռես,   ու հետիոտն, միս-մինակ՝  որեւէ տեղ կը քալես։ Ո՛ րեւէ տեղ, որովհետեւ արարքը ի՛նքն է կարեւորը, ոչ՝ անոր նպատակը։ Նպատակ չկայ արդէն։ Լաւագոյն պարագային՝ մարդու գործունէութիւնը կը յանգի «զուտ արարք»ի գեղեցկութեան։

* * * 

Այս բոլորը, սակայն, շատոնց ծանօթ են որպէս խոհ ու մտահոգութիւն եւ ատենէ մը ի վեր՝ որպէս գրականութեան նիւթ։ Ու Վահէ Օշական պարզապէս մէկ սերունդի ուշացումով ժամանակակից արեւմտեան գրականութեան խնդիրները բերած պիտի ըլլար մեզի՝ եթէ նաեւ ուրոյն աշխարհ մը եւ սեփական խռովքի մը արձագանգը չգտնուէր իր ստեղծագործութեան մէջ։ Վահէ Օշական մեծ տեսանող մըն է ամէն բանէ առաջ, իր սովորութիւնն է սուզուիլ բանդագուշական ներկայութիւններով լեցուն ներքին աշխարհ մը, ուր ձայներ, ձեւեր, պատկերներ իրար կը հրեն անօրինակ շարժումներով։ Հակասական, ցրիւ, յայտնութենական բան մը ունի այս աշխարհը, ուրկէ յաճախանքի նմանող պատկերներ անիշխանական թափով մը կը խուժեն դուրս, կը պարտադրուին մտածումին ու գրիչին։ Նկատելի է, որ այս պատկերները կը թելադրուին մեր հանրային կեանքէն (բեմ, բանախօս, որբ, վարժապետ, պատուելի) կամ ալ ֆրանսացի եւ յատկապէս Փարիզի առօրեայէն (մեթրօ, «աֆիշ», սրճարան, պերճաղիճ եւլն.)։ Այս տարրերը կը մտնեն սակայն մասնաւոր տեսլաբանութեան մը մէջ, որ բեմը կը նոյնացնէ աշխարհին հետ, մեթրոն կամ հանրակառքը` կեանքի գնացքին, որեւէ անհատ՝ ներկայացուցչական արժէք ստացած մարդու: Ամէն անգամ որ գրէ՝ այս աշխարհը խառն ի խուռն կը խուժէ դուրս, կը վերածուի բառի յորձանքի, կը ծաւալի, կը թալալի։ Անոր էատարրերը ներկայացնելու համար պէտք է լծուիլ այն աշխատանքին, որ հեղինակի երեւակայածին հիւրինն է. «զիս չորս կողմէն կը հաւաքէ» կ’ըսէ անոր մասին։ Չորս կողմէն պէտք է հաւաքել իր ներաշխարհին էատարրերը։ Առաջինը ըմբոստութիւնն է, բացարձակի կնիք կրող ընդվզումը, բնազանցական անիշխանութեան մը անսովոր ծարաւը։ «Սուրբ քաոսով հաղորդուելու պահանջով», Վահէ Օշական կ’ըմբոստանայ իր լինելութեան դէմ, կ’ընդվզի մարդերուն դէմ։ Ես կը մեռնիմ   ու կ’երթամ, Բայց դուք, բայց դուք  Անմահ էք,   Որովհետեւ չէք ծնած: Բարկութեան այս ճիչը բացարձակի իր ձգտումին արդիւնքն է։ գորշ մարդկութեան մը գորշ գոյութիւնը չի բաւարարեր զինք։ Աւելի բան մը կ’ուզէ, բացարձակ բան մը։ Նոյնիսկ անսովոր մեղք մը, ահաւոր ոճիր մը, որ գետնաքարշ առօրեայէն բարձր ըլլայ։ Ասկէ կը ծնի հաւանօրէն իր ներաշխարհին ուրիշ մէկ յատկանիշը` սեռային անօրինակ մթնոլորտի մը գոյութիւնը։ Սեռային ամէն կարգի պատկերներ կը խճողեն Վահէ Օշականի հոգին. իր տեսլաշխարհի ամէնէն մնայուն բնակիչը պերճաղիճն է, ամէնէն յատկանշական միջավայրերէն մէկը` «քապարէ»ն։ Տեսակ մը մոլուցքով, կեղծ-բարոյախօսները գայթակղեցնելու բացայայտ ճիգով, կարծես, կը գործածէ բառերու եւ պատկերներու պաշար մը, որ ուղղակի Աստուածաշունչէն կը հասնի` անցնելով ֆրանսացի ժամանակակից կարգ մը գրողներու գործերէն։ Այս բոլորին հետ պէտք է յիշել նաեւ ժամանակակիցի պահանջը, որ հիմնական արժէք է հեղինակին համար։ Պէտք է ժամանակին հետ ըլլալ, ժամանակակիցներուն պէս զգալ, անոնց պէս գրել։ Վահէ Օշական չի կրնար իսկ մտածել դասական ձեւով քերթուած մը կամ աւանդապաշտ պատմուածք մը գրելու մասին։ Իր ստեղծածը ժամանակակից պէտք է ըլլայ կամ չըլլայ բնաւ։ Բայց այս բոլոր արժէքներով` գրողը առանձին է իր աշխարհը լեցնող ձեւերուն մէջ։ Պէտք է ձայն տայ իր մենութիւնը յաճախող ուրուականներուն` իր ներաշխարհի բնակիչներուն, դառնութիւնները պոռայ անոնց, հազուագիւտ յոյսերը պատմէ։ Ու տարօրինակ երեւոյթի մը հանդիսատես կ’ըլլանք, այն ատեն. խորքին մէջ իր բոլոր խօսակիցները կը նոյնանան մէկ եւ միեւնոյն կերպարի մէջ, որ մարդն է։ Հայը, այսինքն իր իսկ հոգիի արտաստեղծումը։ Եւ խօսակցութեան այս պահանջը կը յանգի ցաւագին անելի մը ինքն իրեն հետ երկախօսելու դառն իրականութեան։ Իր հոգիին մէջ գտած մարդկային եւ հայկական այս արժէքը առարկայական բնոյթ ալ կը ստանայ, կը դառնայ բացարձակի տեղը բռնող արժանիք մը, որ պարագայական իմաստ մը կու տայ առհաւօրէն անիմաստ այս կեանքին։ Սկիզբը անզգալիօրէն, բայց հետզհետէ շեշտուող գիտակցութեամբ մըն է որ Վահէ Օշական կ’ընդգծէ այս իրողութիւնը։ Ու հետզհետէ բնազանցական իր անդոհանքը մեղմող, արուեստագէտի մենութիւնը լեցնող արժէք կը դառնայ հայու իտէալը: Այս իտէալին կը միանան տակաւին ուրիշներ, կը ձուլուին անոր եւ խիտ ուժականութեամբ կ’արտայայտուին կուռ տարազի մը մէջ. Հող  Արուեստ   կիրք (….)   Եւ՝ դաշնակցութիւն  կիրքը բացարձակի այն ձգտումն է, որ պայքարի կը մղէ մարդը ո՛րքան ալ անհեթեթ ըլլան կեանքի պայմանները։ Ստեղծելու անտեղիտալի պահանջն է նաեւ, մարդը արուեստագէտի վերածող ներքին հուրը։ Իսկ արուեստը միակ ուղին է «անծանօթի հոգիին» տանող ու խաբուսիկ բայց սիրելի միակ միջոցը հաղորդուելու մարդերուն ու իրերուն հետ։ Իսկ հողը հայրենիքն է որ պէտք է ճանչնալ։ Լռութեան մէջ նայուածքին  Երբ հայ հոգին,   կարօտակէզ, անդիմադրելի   կը նետէ կամուրջ՝ ինձմէ՝  Բոլոր բոլոր ընկերներուս:   Ու դեռ վերջին յոյսն է, վերջին Պատրանքը այսինքն գերագոյն արժէքը անարժէք կեանքի մը։  Դաշնակցութիւնը, Վահէ Օշականի համար, խտացումն ու զտումն է հայրենիքի այս գաղափարին. ռոմանթիք այն հաւատքը, որ կը զօդէ Հայը անցեալէն եկող դարաւոր հոսանքի մը, կը կապէ գալիքի բոլոր ուժերուն, կը դառնայ կեանքի պատգամ եւ հիմնական նշանակութիւն։  Այս բոլորով է որ կ’արդարանայ «քաղաք»ի ենթախորագիրը՝ դիւցազներգութիւն։ կանչի վերածուած ամբողջ այս գործը դիւցազներգութիւնն է մարդու, Հայու եւ ստեղծողի եռեակ տագնապը ապրող անձի մը, որ իր հոգիին մէջէն կը բառագրէ ցասումը յաւիտենական մարդուն՝ ժայռն ի վեր արձանացած անսանձ Պրոմէթէոսին։ դժբախտաբար խժալուր Է այս կանչը։ Ներքին կարգապահութիւնը եւ ձայնաչափի աստիճանաւորումը կը պակսին անոր։  Եւ ի վերջոյ անզօր է հեղինակը ո՛չ միայն իր ներքին տեսիլքին առաջ, այլ նաեւ արտաքին աշխարհին։ Հակասութիւնները կը պառակտեն զինք ներքնապէս, երբ արդէն պառակտուած է նաեւ արտաքին աշխարհի պահանջներուն եւ ներքին ձայնի թելադրանքներուն միջեւ.  կ ‘ըսենք՝   ու կր լծուինք վերստին   կեանքն ապրելու արարողութեան:  Պարտութի՞ւն. Այո՛։ Բայց նաեւ վերադարձ սկզբնական գիտակցութեան ու ոգիի յաղթանակ։ Որովհետեւ շղթաներն ու անգղերը չեն գիտեր որ կը յաղթեն Պրոմէթէոսին, մինչ ինք լրիւ գիտակցութեամբ կ’ապրի ողբերգութիւնը կորսուած ազատութեան։

* * *

ի՞նչ խոր հաճոյք պիտի ըլլար՝ այս բոլորը արտայայտուած տեսնել արուեստի համապատասխան բծախնդրութեամբ։ Մեր առաջ պիտի ունենայինք խորքով ու ձեւով հաւասարապէս հարուստ երկեր՝ բնազանցական խռովքի ծնունդ եւ գեղարուեստական վայելքի ծնուցիչ։ Դժբախտաբար, սակայն, խորքն ու ձեւը խոտոր համեմատութեան օրէնքին կ’ենթարկուին Վահէ Օշականի ստեղծագործութեան մէջ։ Անշուշտ ինք եւ ուրիշներ կրնան առարկել թէ ձեւը երկրորդական է եւ թէ որեւէ գրող ազատ է իր ուզած կերպով արտայայտուելու։ Այո՛, պայմանով որ այդ կերպը իր ներքին օրինաչափութիւնները ունենայ, զարտուղի ըլլալով ապօրէն չըլլայ նաեւ։ կարելի չէ յաւիտենապէս պատրաստ կաղապարներ պարտադրել ստեղծագործութեան մը, յաւերժական օրէնքներու մէջ սեղմել զայն։ Բայց ամէն երկ իր հետ պէտք է բերէ նաեւ իր ձեւը արդարացնող պատճառները։  Վահէ Օշականի որդեգրած արտաքին ձեւը, որ քիչ մը ժամանակակից իրապաշտ բանաստեղծութիւնը կը յիշեցնէ, արտայայտութեան ուրոյն կերպ մը չի կազմեր։ Քերթուածին ու արձակին միջեւ եւ յաճախ երկուքը իրարու խառնող արտայայտաձեւ մըն է, որուն հիմնական արդարացումը կշռոյթը պէտք է ըլլար, բայց չէ փաստօրէն։ Ընթերցողին ջղայնութիւնը որդեգրուած կերպի անսովոր բնոյթէն կը ծնի։ Դէմ առ դէմ կը գտնուի գրելաձեւի մը, որուն վարժուած չէ։ Եւ ինչ որ նոր է, խրտչեցուցիչ է բնականօրէն։ Պէտք է, սակայն, յաղթահարել առաջին այս տպաւորութիւնը, ընտելանալ հեղինակի ոճին. շատ բան աւելի պարզ կը դառնայ, այն ատեն։ Եւ ամէն բանէ առաջ՝ գրութիւններու կառոյցը։ Առաջին տպաւորութեամբ՝ բանալի մը պէտք է անոնց գաղտնիքը լուծելու համար։ Մինչ գաղտնիք գոյութիւն չունի։ Կայ միայն տեսանկիւնի եւ դիտելաձեւի հարց մը։ Պէտք է «կենալ» որոշ տեղ մը գործը մը ներսէն տեսնելու, անոր ամբողջ ճարտարապետութիւնը մէկ նայուածքով գրկելու համար։ Այս տեսանկիւնը, այս տեղը հեղինակի տեսլաշխարհն է. պէտք է նախ ընտելանալ անոր՝ յետագային կարենալ ըմբռնելի կերպով ընթունելու համար յաջորդական բոլոր ժայթքերը։ Վահէ Օշականի գրելաձեւը տարօրինակ ազգակցութիւն մը ունի իր երկրորդ հատորի վերնագիրին հետ. քաղաքի մը նախագիծը կը յիշեցնէ։ Հեղինակը ճամբայ կ’ելլէ մայր պողոտայի մը, այսինքն հիմնական մտածումի մը սկիզբէն։ Ընթերցողը կը սպասէ որ նոյն պողոտայէն ալ շարունակէ ընթանալ՝ մինչեւ ըսելիքի վախճանը։ Ճամբու ընթացքին կ’ենթարկուի քովնտի մանր փողոցներու՝ լրացուցիչ կամ զարտուղի մտածումներու փորձութեան։ Կը մտնէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ, կը հեռանայ մայրուղիէն, դարձեալ կը մօտենայ, ուրիշ ճամբաներու ճանապարհորդ կը դառնայ։ Ի վերջոյ երբ կը վերադառնայ գլխաւոր միտքին՝ մայր պողոտայի կողքին ամբողջ քաղաքը տուած կ’ըլլայ արդէն, մէկ միտքի ետեւէն ամբողջ մտածումը, ողջ ներաշխարհը։ Խոցոտ Է նաեւ հեղինակի լեզուն։ Վիրաւոր է ան քերականական եւ ուղղագրական սխալներով, կէտադրական թերիներով, ֆրանսաբանութիւններով։ Կը տառապի տակաւին ուրիշ ցաւէ մը, որ բառապաշարի տարօրինակութիւնն է. բառարանէն նոր ելած բառին քով կայ խօսակցական ամէնէն ընթացիկ ըսելակերպը, երբեմն ամէնէն անսպասելի խօսքը։ Այս բոլորով, սակայն, առոյգ ու կենդանի է Վահէ Օշականի լեզուն, արտայայտիչ, նկարագեղ։ Արտայայտչական խոտորումները ընդհանուր օրէնք չեն սակայն։ Գոյութիւն ունին ուշագրաւ յաջողութիւններ, յատկապէս կարճ գրութիւններուն մէջ, որոնք ժամանակակից ազատ քերթուածի լաւ նմուշներու կը վերածեն «դաշնակցութիւն», «մարդ», «ծառ» կամ «Ժամադրութիւն» գրուածքները եւ ա՛յնքան ուրիշ հատուածներ երկարաշունչ գործերու մէջ։ Այս պարագային Վահէ Օշական կը յաջողի տարածումէ եւ զառածումէ                                                                                                                                                                 փրկել հիմնական ըսելիքը, կեդրոնանալ անոր վրայ, յստակացնել անոր կառոյցը, ներքին ուժականութեան համապատասխանող տողատումի ձեւ ու կշոոյթ գտնել եւ այս ամբողջը տալ անսպասելի պատկերներու գիւտերով։ Ու կիրքո՛վ։ Այսինքն տեսակ մը հոետորութեամբ, որ ներքին համոզումէն կը ծնի եւ զայն թափով փոխանցող ոգեկան ուժն է պարզապէս։

* * * 

Դատումի փորձով այս գործին մէջ մխրճուողը կ’անդրադառնայ ի վերջոյ, որ գործէն աւելի գործողով զբաղած է, գրուածքէն աւելի՝ գրողով։  Ու բնական է որ այդպէս ըլլայ: Վահէ Օշականի ստեղծագործութիւնը գրելու ոճէ մը աւելի՝ ապրելո՛ւ ոճի մը վկայութիւնը կը բերէ։ Ճիշդ է, ան կը գրէ որպէսզի կարենայ, «փոխանակել իր անձը հայ ժամանակակիցին» հետ, բայց հաղորդութեան այս փորձը միակ միջոցն է ինքզինք գտնելու, ինքզինք փրկելո՛ւ։ Սակայն այսքանով պէտք չէ գոհանայ ան։ Մտածումը եւ արտայայտութիւնը կարգապահութեան ենթարկելու յարատեւ ճիգ մը արուեստի աղուոր գործեր կրնայ կատակել մեր գրականութեան։ Եւ լաւ կ’ըլլայ որ զարտուղի, բնազանցական եւ նախնականօրէն հարուստ այս աշխարհի գանձերը մնան մեր մշակոյթին. մնան՝ արուեստով ու ճիգով խորացած, գեղեցկացած։ Այն ատեն՝ հեղինակի դիմաստուերով զբաղելու տեղ՝ անյետաձգելի կը դառնայ ձեռնարկել գործի դիմագիծի ճշդումին։ (Թիւ 4, 1964)

Վահէ Օշական, «քաղաք», Ա. հատոր, Պէյրութ, 1963։

Your email address will not be published. Required fields are marked *