ԴԷՊԻ ՄԵԾ ՓՈԽԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Գրիգոր Պըլտեան
ԱՐԻ Գրականութեան հիմնադրամ,
Երեւան, 2025

Համանուն խորագրով գրութիւն մը պարունակող հատոր մը նախապէս լոյս տեսած էր 1999ին, իսկ գրութիւնը կը կրէր 1995 թուականը։ «Գրել Հայաստանի մասին։ Ահա ինչ որ ուզեր եմ ընել ամէն այցելութեան։ Հաւաքեր եմ նօթեր, նշանակեր տեղ, թուական, դէպքեր ու դէմքեր։ Բախեր եմ դժուարութեան։ Չեմ վերլուծած, բացած, դիմակալած զայն»։ Այսպէս, 30 տարի առաջ գրուած այս գրութիւնը աւելի բան կ՚ըսէ մերօրեայ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան,- գուցէ պէտք է ըսել «հիասթափութեան»,- մասին քան բազմաթիւ գրադարաններ միասին։ Ասիկա, որովհետեւ գրողը ոչ միայն անկեղծ է ինքն իր հետ, այլ նաեւ արթուն՝ դիմացը բացուող իրականութեան ու միաժամանակ գիտակից ինքն իր վայրին ու տեղին, բան մը որ մեծագոյն բացական կը թուի ըլլալ մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Անոր վերահրատարակութիւնն ու ընթերցող հասարակութեան կրկին մատչելի դառնալը անհրաժեշտութիւն մըն էր Սփիւռքին համար, որ այսօր հարկադրանքին տակ է ինքզինք  զերոյէն մտածելու, որպէս ըլլալու, չըսելու համար ինքզինք յարգելու եղանակ։ Գրութեան կը յաջորդէ վերահրատարակութեան առիթով Արամ Պաչեանի հետ հարցազրոյց մը ու ապա 1995ին «Յառաջ» օրաթերթի «Միտք եւ արուեստ» յաւելուածին մէջ լոյս տեսած «Փլչող կամուրջներ» յայտնատեսական խորագրով աւելի քան այժմէական գրութիւնը։ Այսպէս, հատորը կը խմբէ վերջին 35 տարիներուն վրայ զարգացած հաւաքական մեր փորձառութեան մէկ ցոլացումը անցած գրողին պրիսմակէն, որ նաեւ շրջապատը դիտելու ու վերարտադրելու բացառիկ աչք մը ու գրիչ մը ունի։ Ինչպէ՞ս չյիշել անոր վիպական արտադրութեան բազմահատոր արգասիքը։ Հոս ալ վէպը մեր կեանքն է, որպէս յարատեւ դիմեցում դէպի բացակայ վայրին փոխաբերութիւնը։ «Այն տեղն է ասիկա որուն կը յղուի գրած ու խօսած լեզուս, որուն կը յղուի անհունօրէն, իր հեռաւոր աքսորէն։ Որուն սակայն երբեք չի հասնիր։ Աւելի ճիշդ՝ լեզուս կը յղուի այս տեղէն բացակային, այս տեղի միւս կողմին (շրջօնի՞ն)։ Շուքին, ստուերին։ Ջնջուածին։ Փոխաբերութիւնը անդադար կը յուշէ որ միւսը չկայ, այն որ, ուզեմ-չուզեմ, սրբուեցաւ անհետ կամ գրեթէ։ Փոխաբերութիւնը կ՚ուզէ որ մոռնամ, իբր թէ որովհետեւ իրականութիւնը կայ, կոպիտ, հաստ, միակ ապրելի իրականութիւնը։ Բայց փոխաբերութիւնը չի գիտեր որ մասնիկն է լեզուիս, որ միշտ կը դիմէ իր հատուածի լրումին»։