ՆՈՐԱՅՐ ԳԱՍՊԱՐ

Նորայր Գասպար գանատահայ արուես­տագէտ մըն է, որ կը զբաղի հիմնակա­նաբար ֆիլմարուեստով ու լուսանկարչութեամբ։ Հասակ նետած է Քուէյթ, ապա Վենետիկ, յաճախելով Մխիթարեաններու երբեմ­նի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, որմէ ետք նոյն քաղաքին մէջ հետեւած է լուսանկար­չութեան ու ճարտարապետութեան, ապա ան­ցած է Գանատա ու աւարտած Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանի ֆիլմարուեստի բա­ժանմունքը։ Կ’ապրի Վենետիկ։ Որպէս շարժանկարահան (cinematographer) աշխատակ­ցած է բազմաթիւ գանատական ու միջազգային ֆիլմերու։ Տուած է նաեւ բազմաթիւ անձնական ցուցահանդէսներ Ստանպուլ (FotoIstanbul), Յունաստան (Thessaloniki Bien­nale), ինչպէս նաեւ Իտալիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, ներառեալ Վենետիկ, 2013-ի Պիէնալէին՝ Հայկական ուսմանց կեդրոնի (նախկին Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան) շէնքէն ներս։

Վենետիկի մէջ կատարած առաջին այդ ցուցահանդէսը կը կոչուէր Steel-Lives/Still-Life, որուն հիմնական նիւթը կը հանդիսանար յետ խորհրդային Հայաստանի զանա­զան վայրերուն մէջ լքուած կամ տակաւին աշխատող սակայն մեծ մասամբ իրենց նախկին կենսունակութեան շուքին վերածուած ծանր ճարտարարուեստի գործարան­ներն ու անոնց գործաւորները, ինչպէս նաեւ շէնքերուն ներսիդին, լքեալ կամ կիսաւեր գոյքերն ու կառոյցները։ Ցուցահանդէսը օրին ունեցած էր մեծ թիւով այցելուներ, ու անոր հետ լոյս տեսած էր նաեւ գեղեցիկ հատոր մը։ Նորայր կ’ըսէ թէ ուշադրութիւնը գրաւած էր այդ կառոյցներուն ու զանոնք պարփակող կեանքերուն փխրուն ու անհե­տացման վտանգի տակ գտնուող վիճակը։ Ատիկա զինք մղած էր նկարելու։

Նիւթը ընդլայնելով Նորայր շարունակած է նաեւ եւս երկու ցուցահանդէսով՝ Loss of Relevance եւ I will talk to you about time, որոնց ընթացքին ցուցահանդէսը դարձած էր աւելի տարածական, լուսանկարներուն աւելցնելով նաեւ նիւթը ներկայացնող իրերով կազմուած տեղադրումներ։ Ժամանակն ու ժամանակավրէպը, ահա երկու երեսները նոյն կորսուող ժամանակին ու աշխարհին։ Կիսաթափանց մետաքսի խոշոր կտաւներու վրայ տպուած նկարներ, որոնք դուրս կը յորդին իրենց մակերեսներէն, կախուած մե­տաղեայ թափօններէ շինուած ձողերէ ու պատկերակալներէ, լքեալ սենեակներու ու տա­րածքներու արձագանգը բերող։ Նորայր մեզի կարծես դիւրաբեկութեան ուրուային տարողութիւնն է որ կը ցուցադրէ, ինքնին կարծես առկախեալ ժամանակի մը անչափե­լի լռութեան մէջ բռնուած, ինչպէս կը գրէ ցուցահանդէսը կազմակերպող Գարլօ Փոլկրոսի։ Խօսիլ ժամանակին մասին, որ սակայն միաժամանակ տեսանելի կը դարձնէ ժամանակին վրիպումը։ Մարդ, վայր, մեքենայ՝ բոլորը կը դառնան ժամանակավրէպ։ Ատիկա ինքնին մտքի վիճակ մըն է, զորս Նորայր կը փորձէ փոխանցել իր ցուցահան­դէսներով։ Արդիւնքը ծայր աստիճան գեղեցիկ է ու նոյն ատեն փշաքաղ ընող, իր այլու­րութեամբ անհանգստացնող։

Վերջին տարիներուն Նորայր կը նկարէ նաեւ Վենետիկը։ Իրը բնակիչներէ զուրկ համայնապատկեր մը կը պարզէ, մղոններ հեռու ծանօթ զբօսաշրջիկային պաստառնե­րէն։ Գիշերային լոյսերու մէջ ննջող փողոցներ, կամուրջներ, տուներ։ Քաղաքը եթե­րային երազի մը մէջ կը թուի ինկած ըլլալ եւ մարդ ակամայ կը մղուի մտածելութէ ի՞նչ ժամանակի մէջ կը գտնուինք։ Երա՞զ է թէ իրականութիւն։ Ժամանակը հոս ալ առկախուած կը թուի։ Քաղաքը լռութեան մէջ կը նիրհէ եւ շարքը կը կոչուի Ode to Silence։ Իսկ Լակունայի շարքով սեւ ճերմակ մթնշաղի մէջ շնչող քաղաքն է, կրկին եթերային ու միշտ անժամանակ։ Նորայրի նկարներուն մէջ խորունկ սէրը շօշափելի է սիրոյ ու ջրուղիներու քաղաքին հանդէպ։ Սէր մը որ հրապուրիչ է ու միաժամանակ փոխանցիկ։

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *