Քարէ Պուպրիկը կարդալով կ’այցելենք 1940ականներու Պոլիսը եւ ականատես կ’ըլլանք կերպարներուն առօրեայ հեւքերուն եւ ապրումներուն։ Չորս արարներէ բաղկացած Սօնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեանի այս գործը կը պատկերէ այդ օրերու պոլսահայութիւնը, ընտանեկան յարաբերութիւններու նուրբ գիծերը, երիտասարդներու իտէալները եւ անձնական փնտռտուքները։ Այս հատորը նաեւ ինքնատիպ վկայութիւն մըն է արեւմտահայ բեմագրութեան, լեզուի զարգացման պատմութեան եւ 20րդ դարու պոլսահայ կենցաղին ու հոգեբանական շերտերուն շուրջ։ Քարէ Պուպրիկը բեմադրութենէն ճիշդ 77 տարի ետք առաջին անգամ հրատարակուելով, կրկին լոյս կը սփռէ հայալեզու թատրոնին։





