ՓՈԽԱՆ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԻ

Կ’ըսեն որ բանաստեղծները չեն մեռնիր։ Բանաստեղծին խօսքերն են նաեւ, վաղամեռիկ Թենի Արլէնին, երբ կը գրէր «մահը բնաւ չի գար մեզի»։ Կանխայայտ ներիմացութի՞ւն գուցէ, կամ ապրելու կա՜մք։ «Մեր հետքերը կը շարունակուին» գրեր էր ան տակաւին այն ատեն, երբ քսանչորսամեայի իր լաւատեսութեամբ կը վարակէր շուրջ բոլորը։ Օբիսպոսեան Փիլոմելը կը կոչէ զինք մեր երիտասարդ աշխատակիցը՝ Արթիւր Իփէքը, իր գեղեցիկ գրութեան մէջ, յղում մը կատարելով Գալիֆորնիոյ Սան Լուիս Օբիսպօ քաղաքին, ուր Արլէն հասակ նետած էր չորս-հինգ սերունդ ետ գացող ամերիկահայ տան մը մէջ (նախնիները Նոր Աշխարհ ոտք դրած էին համիտեան ջարդերէն ետք)։ Իսկ փիլոմելը՝ երգի խորհրդանիշ նկատուող այդ թռչունը, որպէս ակնարկ յունական դիցաբանութեան, որուն հանդէպ մեծ սէր ունէր Թենին։ Բայց մեծ սէրը եղած էր հայոց լեզուն։ Զայն իւրացնելն ու անով ստեղծագործելը կատարած էր միաժամանակ, Գալիֆորնիոյ Համալսարանի հայագիտական ամպիոնէն ներս, շնորհիւ իր մենտորին, իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Կիւլլիճեանին։ Իսկ Իփէքին գրութիւնը վերջերս արժանացաւ հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան լաւագոյն փորձագրութեան մրցանակին։ Թենին դարձաւ յաւիտենութեան ճամբորդ, 2015ին, ճամբու անհեթեթ արկածի մը հետեւանքով։ Իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Բագինի մէջ 2019ին, իսկ առաձին հատորով՝ Կիրքով ըսելու համար՝ ինչո՞ւ հոս եմ 2021ին։ Շուտով լոյս պիտի տեսնէ գիրքին երկլեզու անգլերէն-հայերէն հրատարակութիւնը։

ԱՆՎԵՐՋ ՍԿԻԶԲ

Կեանքիս պատմութիւնը պիտի չվերջանայ մահուանս հետ։

Երբ ծնայ, պատմութիւնս սկսաւ։

Մարդիկ կ’ըսեն մեզի որ «օր մը, պիտի մեռնինք»։

Բայց ճիշդ չէ։ Մեր կեանքերը շրջանակներու պէս են,

նոր պատմութիւններ եւ նոր սկիզբներ

կու տան ամէն բանի որու դպչինք։

Ամէն բառ որ կը խօսինք, քիչ մը նոր սկիզբ է.

ամէն բառ որ կը գրենք, քիչ մը նոր սկիզբ է.

ամէն բառ որ կը կարդանք, նոր խորհուրդ մը կամ մտմտուք մըն է մեր միտքերուն մէջ։

Միւսներուն նոր սկիզբներ կու տանք խօսելով եւ գրելով։

Երբ մեռնինք, մեր հետքերը կը շարունակուին այս կեանքին մէջ եւ ուրիշ մարդոց մէջ։

Ուրեմն, մահը բնաւ չի գար մեզի։

նախորդ
ՃԳՆԱԺԱՄ