նետել այս մէկը եւ ուրիշներ
գետնուղիի պատերուն ճեղքուած,
ուրկէ ծաղիկներ սողոսկած նախնադարէն՝
կը կպին անցորդներու թեզանիքներուն—
խուժում է յարահոս վակոններէն
եւ աւուր վեցեկի ջրդեղուող
ակնկառոյց, ակնկառոյց ռահն մեր անկայուն—
յանգէր ու մնար ալ տեղ մը
սա գնացքը մեր
անդրջրհեղեղեան ողնասիւնը այս անապատի—
Ոդիսեւսին հետ կապուած ճակտին ճեպընթացին,
փապուղիէ փապուղի ոչ մէկ ծովահարս կը կանչէ
ոչ մէկ երանգի ժապաւէն վէտվիտող՝
երկուորեակ սլաքներէն այս բեզարումի—
անցնէր աչքս ոսպնեակէն եւ ապառնին թոպէր հեղ մը,
պղտոր պատկեր մը բանտելով առաթուր–
(ելեկտրական սանդուխք մը ծով մտնող,
աստիճան առ աստիճան հոսելով աղջուրին մէջ
կողքին՝ վերելքի սանդխամատերը
կորսուող բարձրադիր յերիւրանքի մը կուշտին –
մնայինք հոն, ընդմիշտ,
ակնբախ)
11-03-1992, Մոնթրէալ





