օրը նորէն կը սկսի նոյն զգայազիրկ խաչմերուկէն,
կարծես արթնացումները առտուան հոդ պատահէին
ոսկերիզ վերջին ամպին հետ՝ ցրուելով մէգը՝
զարթուցիչէն ընդհատուած ցերեկային երազներու,
որոնցմէ թողարկուած մնային ուրուանկարներ՝
հանգոյցներու մէջ բանտուած մատներու,
անբնակ նաւերով լեցուող մատոյցներու,
կամ փոսերու՝ անընդհատ փորուող ու ճչացող
օրը նորէն կը սկսի նոյն երթեւեկի լոյսին դիմաց,
որու կարմիրը կը մտնէ աչքերուն ու կը մնայ հոն,
մինչեւ գիշերուան վերջին թարթումը ճզմուի՝
հարցականներու մոխրամանին մէջ, անկողնին մօտ-
բայց այսօր՝ արգելակներէն ներբանները չելած
Հոկտեմբերի հով մը ծայր կ’առնէ շուար եւ կարճաշունչ,
ծնելով կարծես անել փողոցներու ցուցանակներէն,
օրաթերթերու խորագրերէն տարտամ
ու բազմախաւ, զիրար ցկնող որմազդներու պատռտուքէն-
օրը նորէն կ’երկարի անջուր գետահուն որպէս,
իր ափերը կէտադրած կանգառներու թուագիր ցիցերով,
հին ու անբան հանրակառքեր կը լսուին
ու կը խլանան հովին ճարակող զիկզակին մէջ-
իրենց պատեանները բերած նախնադարէ մը,
ինքնաշարժներու շարքերը կարմիր լոյսին դէմ
եւս հազարամեայ սպասման մը մէջ արմատ կը նետեն.
ղեկի ետին՝ դէմքերը բոլոր
անցագրի վերջին նկարին կրկնակը դարձած,
ոսպնեակի թակարդին նայող շլմոր
ու բռնազբօս յառումով,
կը տարածեն իրենց կրկներեւոյթը բազմապատիկ
մէկ պողոտայէն միւսը,
ձայնասփիւռի ալիքներու հետ
որոնք երգ չունին, պատերազմի լուրեր չունին,
անգործութեան աճի տոկոսներէ չեն խշշար,
այլ՝ հովին մեղկ սոյլը կը կակազեն-
օրը նորէն ու նորէն ինքզինք կը կապկէ,
միայն թէ այսօր, օրացոյցի թիւերու անձրեւին տեղ,
հովը կարմիր դեղին տերեւներու կծիկը ծուատած՝
գալարներով հեղեղը անոնց
կ’անցընէ մածուցիկ այս քարացման արանքներէն,
կը տարտղնէ մեռեալ հրավառութիւնը անոնց
ասֆալթի զեռուն ճախարակներէն,
մինչեւ զսպուած ճիչի պէս շամփրուած
գործատուներու ծխելոյզները,
մինչեւ աննախատեսելի թարթումը՝
երկնաքերի մը գագաթի անկիւնը զետեղուած
հնդիկ մարտիկի մը սիւնագլուխ քանդակին-
ականատեսութիւնն իր արդէն զառամեալ է..
միայն ի’նք կրնայ օր մը վկայել
թէ ինչպէս օդին մէջ թաւալող հին,
անբան հանրակառքերը
վրէպով մը կարծես՝
սեւ-ճերմակ մունջ ժապաւէնէ մը դուրս եկած պահուն՝
մտած են հովու ձգողութեան,
եկած խառնուելու պատճէնահանուող այս ցերեկներուն…
վերջը տեսնել՝
իր թռիչքին մէջ բանտուած սեւ աղաւնին հովին դէմ,
չյառաջացող իր թեւաբախումով,
առկախուած իր մաքառման մէջ,
ճիշդ մեր գլխավերեւը…
արդէն գիտես այդ րոպէին՝
գալիքը հայելին է այս բոլորին,
միայն ձիւնը պիտի աւելնայ,
քառասնեակ մը նուազ սելսիուսով՝
պայծառ, արեւաշող մղձաւանջերը առաւօտներու,
թանձր, չցրուող ծուխերով ցած երկինքը,
նո՛յն ելեկտրաթելերը, նո՛յն գետահունը,
սեւ աղաւնին պիտի մեռնի երկու ցնցումով
ցեխոտ լուսասիւնի մը տակ,
կամուրջները համազարկերով՝
մայր ցամաքը պիտի կապեն կղզիներուն,
կղզիները՝ այլ կղզիներու,
մինչ հովը ամպերու խոպոպներուն մէջ
միեղջերանի ձիու մը գլուխը կ’երկնէ՝
ճիշտ այս օրուան պէս..
հոն սեւեռած՝ ղեկերու ետին
աչքերու անորոշը թառ կը գտնէ լոյսին վրայ,
արգելակները կ’արձակուին, հովը արդէն չկայ,
օրը նորէն կը սկսի նո՛յն զգայազիրկ խաչմերուկէն




