այսօր ինկած է այն ծառը
որ տարիներէ ի վեր չոր կմախքն իր
ափի մը կենսագծերուն տարտամութեամբ
ցցած կը մնար արդիւնաբերական շրջանի ցրուումին մէջ-
քարացած փշաքաղումի մը նման
իր ճիւղերու կոտրտանքը սփռած ասֆալթին,
դանդաղ փտումին մէջ գեղեցկօրէն սլացիկ,
մահուան մէջ կանգուն մնալէ ետք տարիներ,
հիմա՝ մահով մը երկրորդ ու վերջին,
անիւներու տակ կը փշրուի
ծակոտկէն ու փուխր փայտն իր-
(վերջին անգամ, անցնող գարնան,
տեսած էի բոյն մը կ’ասպնջէր
մեռեալ իր կատարին
մայրացման անճիգ ու մունջ յանձնումով մը)
փոշեցնցուղ անձրեւին հետ
ինքնաշարժներու դիմապակիին,
թեւաւոր հունտեր կը թափին ծառերէն,
պահ մը ջրասրբիչներու
վատոյժ օրօրին մէջ ճօճուելէ ետք՝
կը վանուին ապակիի ծայրամասերուն
ջուրի կէտկիտումներուն հետ յամրօրէն սողոսկելով
վար-





