Հայրենիք ամսագրի թղթածրարը, որ մաս կը կազմէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան արխիւներուն (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), խմբագիր Ռուբէն Դարբինեանին ուղղուած 15 նամակ կը պարունակէ, որոնք 1938-1939ին ու 1948-1954ին գրուած են ամերիկահայ բանասէր եւ Հայրենիք ամսագրի ու օրաթերթի (նաեւ՝ The Armenian Review հանդէսի) երկարամեայ աշխատակից Յարութիւն Քիւրտեանի (1901-1976) կողմէ։ Տրուած ըլլալով Քիւրտեանի աշխատակցութեան աւելի լայն ժամանակաշրջանը, այս թողօնը, զոր ներկայիս հրատարակութեան կը պատրաստենք, հեռու է նամակագրութեան ամբողջութիւնը կազմելէ, բայց մնացեալի ճակատագիրը կը մնայ անյայտ։
Առկայ նամակներէն կը պարզուի, որ Քիւրտեան հրատարակութեան յանձնած էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանի իր գտած 1895ի օրագրութիւնը։ 1919ին Պոլիսը ձգելէ ետք, ան 1931ին փորձած էր այցելել քաղաքը՝ դէպի Խորհրդային Հայաստան ճանապարհին, «սակայն դժուարութեամբ ինծի թոյլ տրուեցաւ ցամաք ելլել» եւ «ուշ ըլլալուն ատկէ չօգտուեցայ այլեւս», գրած է, երբ փետրուար 1952ին Վենետիկէն ժամանելով, առաջին երկու օրերուն «արդէն Պոլսոյ բոլոր հնավաճառներու ծանօթ եւ իրենց խանութներուն հնութիւնները մաղէ անցուցած եմ։ Գոց շուկան մէկ ծայրէն միւսը չափած քանիցս»։ Իր ձեռքբերումները ցանկագրելէ առաջ, գրած է.
«Անտարակոյս Պոլիս մնալու տրամադրած կարճ ժամանակս ալ մեծ պատճառ մըն էր թանգարանս եւ հին ձեռագրերու հաւաքածոս շատ չճոխացնելուս։ Օրինակ, առիթ իսկ չունեցայ [Պիմէն] Զարդարեան բարեկամս եւ Թորոս Ազատեանը տեսնելու։
«Այսուհանդերձ կարելի եղաւ 45 հատ ձեռագիր հաւաքել, որոնց մէջ էր ստուարահատոր մեծածաւալ Յայսմաւուրք մը, մագաղաթեայ, մանրանկարեալ, գրուած Ապրօ Չէլէպիի համար։ Ուղեգրութիւն մը 1821էն բաւական շահեկան, Կովկաս եւ Հնդկաստան կատարուած, երբեմն գծագրութիւններով եւ յատակագիծերով զարդարեալ։ Բիւզանդական ժամանակագրութիւն մը հայերէնի թարգմանեալ 1772ին։ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի օրագրութեան մէկ տետրը 1895ի շրջանէն։ Մաշտոցներ, Շարականներ, Աւետարաններ եւլն.»1։
Այցելութեան ընթացքին Ազատեանին հանդիպած չըլլալու վկայութիւնը կը հերքէ այն տրամաբանական ենթադրութիւնը, որ ան օրագրութիւնը ծախած կամ յանձնած էր Քիւրտեանին2։
Գիտակից ըլլալով օրագրութեան կարեւորութեան, յատկապէս՝ Փարիզի մէջ հրատարակութեան պատրաստուող Տէմիրճիպաշեանի արձակ երկերու հատորին լոյսին տակ3, Քիւրտեան շուտով ձեռնարկած է օրագրութիւնը հրատարակութեան պատրաստելու։ 19 մարտ 1953ին, Դարբինեանին գրած է. «Եղիայ[ի] օրագրութեան կէսը ահա ներ[փ]ակ կը խրկեմ հարկ եղածին պէս ծանօթագրուած եւ հրատարակութեան համար պատրաստ։ Միւս կէսը չեմ ուշացներ։
Անպատճառ արտատպելու 75 օրինակով Ձեր խոստումը չէք մոռնար։ Շատ, ՇԱՏ յոգնեցուցիչ գործ էր ասիկա եւ աչքերուս խէրը անիծեց»4։
Ամիս մը ետք (21 ապ րիլ 1953), ղրկած է շարունակութեան մէկ մասը.
«Ներփակ մաս մը շարունակութիւն Տէմիրճիպաշեանի օրագրութեան։ Դար ձեալ կը կրկնեմ[՝] ԾԱՆՐ աշխատանք է կարդալը։ Յուսամ 75 զատ պրակով արտատպելու խոստումնիդ չէք մոռնար, եւ «գոբիռայթ»5 կ[՚]ընէք բոլորին։
(…) Եղիային օրագրութեան մնացեալ մասերն ալ կ[՚]աճապարեմ խրկելու անմիջապէս որ արտագրեմ. կարծեմ յոբելեանը է Եղիային6 եւ լաւ առիթ շուտով հրատարակելու սկսելու։ Օրագրին կէսէն մէկ թերթ անցած եմ հիմակ, այսինք[ն] ներփակ խրկածներով միասին»։
Մնացեալը, ի հարկէ, պէտք է ղրկուած ըլլայ։ Սակայն, ուրիշ նամակներ չունինք մինչեւ յունիս 1954։ Կ’ենթադրենք, որ Քիւրտեան օրագրութեան ակնարկած է մեզի չհասած նամակներու մէջ։ Ձեռագիրներու հրատարակութիւնը երկար կը տեւէր ամսագրին մէջ։ 29 յունիս 1954ին, Քիւրտեան գրած է Դարբինեանին.
«Ամէն տեղ ԱՆՀԱՄԲԵՐ կը սպասեն Եղիայ[ի] օրագրութեան հրատարակութեան սկսելուդ։ Շատ կ[՚]աղաչեմ այլեւս մի ուշացներ։ Ինչպէս ըսի[,] վերջին մասին հրատարակութենէն վերջ քեզի հրատարակութեան համար պիտի խրկեմ վերջաբան մը շատ մը ծանօթութիւններով ձեռագրին մասին։ Սակայն կրկին ու կրկին կ[՚]աղաչեմ ՍԿՍԷ հրատարակել Եղիայի այս ԿԱՐԵՒՈՐ օրագրութիւնը։ Ատոր կը սպասեն Գահիրէ, Փարիզ (ուր անոր մասին ուսումնասիրութիւն եւ ամբողջական գործերու հրատարակութիւն կը պատրաստուի)»։
Թուարկելով նամակին մէջ իր յարուցած հարցերը, Քիւրտեան աւելի անդին գրած է.
«2) Եղիայ [sic] Տէմիրճիպաշեանին օրագրութիւնը օր առաջ եթէ կարելի է անմիջապէս սկսիս հրատարակել եւ կարելի է եղածին պէս[,] շատ փոքր կախման կէտերով (որոնք տարբերին Եղիայի իսկ տուած կախման կէտերէն)»։
Այդ փոքր կախման կէտերը հաւանաբար կը խորհրդանշէին Քիւրտեանի յապաւումները, որոնք ըլլալու էին «թրքերէն զազրելի հայհոյախօսութիւններ»ը եւ այն հատուածները, ուր Եղիա «սեռն ու սեռային գործօն կեանքը կը պատմէ առանց քօղարկումի»7։
Սակայն, օրագրութիւնը լոյս տեսած չէ, անծանօթ պատճառներով, իսկ Հայրենիքին ղրկուած օրինակը չկայ պահպանուած դիւանական նիւթերուն մէջ։ Կ’ենթադրենք, որ Դարբինեան զայն վերադարձուցած է հեղինակին, որ հետագային օրագրութեան տետրակը նուիրած է Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան (Armenian Cultural Foundation, Արլինկթըն, Մէսէչուսէթս), որու հիմնադիրը՝ Վահան Թօփալեան (1886-1983), Տէմիրճիպաշեանի հիացող մըն էր եւ անոր անունով կոչած է հիմնարկութեան գրադարանը։ Ամերիկահայ բանասէրը նուիրատուութիւնը կատարած է 1961էն առաջ, երբ Եղիայի ձեռագիրներուն վերաբերող յօդուածի մը մէկ ծանօթագրութիւնը կը յայտնէր. «Ուրախութեամբ կը ծանուցանենք, թէ ակնարկուած ձեռագիրներէն՝ ճողոպրած է Եղիայի Օրագիրը (մօտ 100 էջնոց փոքրիկ տետրակ մը) եւ ներկայիս կը գտնուի Եղիա Տէմիրճիպաշեանի մատենադարանին մէջ, Պոսդոն»8։
Կ’ենթադրենք նաեւ, որ Քիւրտեան 1950ական թուականներուն օրագրութենէն պատճէն մը տրամադրած է ֆրանսահայ մտաւորականի մը, քանի որ օրագրութեան ցարդ ծանօթ առաջին ընթերցումը կատարած է Շահան Շահնուր մահէն տարի մը առաջ՝ 1973ին լոյս տեսած «Մտերիմ օրագիր» փորձագրութեան մէջ, որ նոյն տարին մաս կազմած է Կրակը կողքիս հատորին։ Անոր յայտնի էր, թէ օրագրութիւնը «գտնուած է Պոլսոյ մէջ 1952 թուականին, շնորհիւ յայտնի բանահաւաք եւ հմուտ գրականագէտ Յ. Քիւրտեանի, որուն սուր հոտառութեան կը պարտինք անփոխարինելի տետրակը»9։ Սակայն, ֆրանսահայ գրագէտը որեւէ լուսաբանութիւն չէ տուած, թէ ի՞նչ ճանապարհով օրագրութեան պատճէնը իր ձեռքը հասած է 10։
Շահնուր գրած է, թէ օրագրութիւնը 9 օգոստոս-11 սեպտեմբեր 1895 շրջանը կ’ընդգրկէ11, սխալ թուագրելով առաջին գրառումը, որ 4 օգոստոս 1895ին կատարուած է, եւ հակասելով իր իսկ մէջ բերած հատուածներուն, որոնց շարքին, օգոստոսէն չորս մէջբերումներու կողքին (9, 18, 30 եւ 31 օգոստոս), 21 սեպտեմբեր, 29 սեպտեմբեր ու 4 հոկտեմբեր թուականներով գրառումներ կան12։
ՔԻՒՐՏԵԱՆ
1975ին, եղերաբախտ բանաստեղծ Կարիկ Պասմաճեան (1947-1990) այդ բնագրէն կրկնօրինակ մը ստացած է ու հրատարակած՝ կարգ մը հատուածներ։ Բնագիրը եւ Շահնուրի հրապարակած բաժինները համեմատելով, ան քանի մը օրինակով եզրակացուցած է, որ բաղդատականը «ի յայտ կը բերէ բազմաթիւ սխալներ, ընթերցումներ, ենթադրական վերծանումներ, կամայական փոփոխութիւններ, որոնք կը խեղաթիւրեն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գրութեան իմաստը»։ Հաւաստած է, որ օրագրութիւնը կ’ընդգրկէ 4 օգոստոս-15 հոկտեմբեր 1895 ժամանակաշրջանը, եւ հրատարակած՝ նախաբանն ու 4 օգոստոսէն մինչեւ 4 հոկտեմբեր երկարող գրառումներէ հատուածներ, ինչպէս եւ Տէմիրճիպաշեանի յայտարարութիւնը, թէ ջնջած էր զինք հալածողներուն անուններն ու պարագաները 113 էջ նոց բնագրին շուրջ կէսին մէջ13։ Ցաւօք, Պասմաճեան այնուհետեւ այլ հրատարակութիւն կատարած չէ։ Թերեւս յիշեալ պատճէնը գտնուի իր արխիւին մէջ։
Թորոս Ազատեան Եղիայի ուրիշ օրագրութիւն մը «ձեռք անցուցած ու քաղուածաբար» հրատարակած էր 1926ին, լոյս ընծայելով 4 օգոստոս, 14 սեպտեմբեր, 5 հոկտեմբեր, 8 նոյեմբեր եւ 9 նոյեմբեր 1895 (երկու հատուած) թուակիր բաժիններ14։ Որքան գիտենք, Ազատեան եւս ուրիշ բաժիններ հրատարակած չէ։
Անհրաժեշտ է անդրադառնալ Շահնուրի, Պասմաճեանի եւ Ազատեանի հրապարակած հատուածներուն յարաբերութեան։ Ազատեանի լոյս ընծայած 4 օգոստոս 1895 թուակիր հատուածը, տրամաբանօրէն, պէտք է գտնուէր Շահնուրի ու Պասմաճեանի կարդացած նոյն օրուան գրառումին մէջ։ Սակայն, կը պարզուի, որ երկու գրառումները որեւէ կապ չունին իրարու հետ եւ խօսքը զուգահեռ գրուած երկու օրագրութիւններու մասին ըլլալու է, ինչպէս կարելի է հետեւցնել նոյեմբեր 1895ին գրուած բաժիններու գոյութենէն։ Միւս կողմէ, որեւէ պատճառ չկայ ենթադրելու, որ 1926ին Ազատեանին պատկանած օրագրութիւնը քառորդ դար ետք հնավաճառի մը ձեռքը յայտնուէր։ Թերեւս Տէմիրճիպաշեան պահած է թէ՛ առօրեայ նիւթերու (Ազատեանի ունեցածը) եւ թէ՛ մտերիմ խոհերու (Քիւրտեանի յայտնաբերածը) օրագրութիւններ։ «Եղիա մաքառեցաւ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, գրչով եւ հոգիով, Ազգ. Ազատագրութեան ի խնդիր, միշտ հետապնդուած թուրք գրաքննութենէն, խուզարկուած տան իւրաքանչիւր անկիւնները», վկայած է Զարուհի Գալէմքեարեան, որու մօր զարմիկն էր Տէմիրճիպաշեան15։
Քիւրտեանի հրատարակութեան պատրաստած բնագրի հետագայ ճակատագիրը յայտնի չէ, ինչպէս եւ Տէմիրճիպաշեանի «փոքրիկ տետրակ»ը, որ ըստ մեզի տրուած տեղեկութիւններուն, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան հաւաքածոյէն բացակայ է գոնէ 1997էն ի վեր16։ Ամերիկահայ բանասէրին կողմէ Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազարի վանքին յանձնուած դիւանական թուղթերէն ի յայտ եկած են երեք մեքենագիր էջեր՝ բնագրի սեւագրութենէն մնացորդ մը։
Այս էջերէն մէկը կը պարունակէ Քիւրտեանի կարճ յառաջաբանը եւ Եղիայի 4 օգոստոս 1895ի գրառման առաջին վերծանում մը, որ կ’ընդհատուի «Ցերեկը նոյնը կ’ընեն» բառերով։ Միւս երկու էջերը օրագրութեան ստորեւ հրատարակուող բաժինը կը բովանդակեն, ներառնելով յիշեալ առաջին վերծանումին մաքրագիր օրինակը, բայց դարձեալ տողերու մէջ մնացած բացերով, որոնք յայտնապէս վերջնական վերծանման կը սպասէին (նշած ենք սուր անկիւն փակագիծերով)։ Սովորական փակագիծերու մէջ Քիւրտեանի դրած հարցման նշաններն ու յաւելումները շեղատառով նշած ենք՝ Տէմիրճիպաշեանի ինքնագիր փակագիծերէն զանազանելու համար։ Բնագիրը նոյնութեամբ ընդօրինակած ենք, միայն լռելեայն սրբագրելով մեքենագրական եւ ուղղագրական սխալներ (Քիւրտեանի նամակներուն ընթերցումը ցոյց կու տայ անոր ուղղագրութեան տկար կողմերը) եւ կատարելով մանր յաւելումներ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հ. Վահան վրդ. Օհանեանին, որ մեր դիմումին ընդառաջելով անհրաժեշտ պրպտումը կատարած եւ այս է ջերը մեզի տրամադրած է։
ԱՆՎԵՐՋԱՆԱԼԻ ՏԱՐԻՆ
(Օրագրութիւն Եղիա Տէմիրճիպաշեանին 1895 տարւոյ)
Հոս կը հրատարակեմ, առանց դոյզն փոփոխութեան, Օրագրութիւնը Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, որ կը սկսի 4 օգոստոս 1895-ին ու կ’աւարտի հոկտեմբեր 15, 1895[-ին]։
Ձեռագիրը, որ բաղդը ունեցայ 1952 մարտի սկիզբը ձեռք բերելու Պոլիս այցելութեանս, գորշ լաթակազմ տետրակ մըն է 4-ով վեց ու կէս ինչ17 մեծութեամբ[,] 115 էջերէ բաղկացեալ։ Տէմիրճիպաշեան իր մանր եւ քիչ ինչ դժուար ընթեռնելի գրով լեցուցած է իւրաքանչիւր գծաւոր էջի 32 տողը։ Մելանը՝ մանիշակագոյն։
Որոշ է որ այս տետրը շարունակութիւնն է ուրիշ օրագրական տետրակներու որոնք կ’երեւայ թէ կորսուեր են եւ միայն այս մնացեր է։
Եղիա Տէմիրճիպաշեան իր այս տետրակի սկիզբը իսկ կը ծանօթագրէ.
16 Հեռաձայնային զրոյց (14 հոկտեմբեր 2025) Հայ Կրթական Հիմնարկութեան տնօրէն դոկտ. Արա Ղազարեանի հետ, որ 1997ին ստանձնած է իր պաշտօնը։ Տե՛ս նաեւ 9 յունուար 2026ի ելեկտրոնային նամակը. «Ինչ վերաբերում է Տէմիրճիպաշեանի օրագրութեան, դժբախտաբար, ինչպէս անցեալում էլ յայտնել էի, հակառակ շատերի համոզման, ինձ համար անհասկանալի պատճառներով, բացակայում է մեր հաւաքածոյից։ Պաշտօնավարութիւնս ստանձնելու պահից ի վեր միշտ հետաքրքրուած եմ եղել եւ ստուգել մեր պահոցները՝ բոլորը ապարդիւն»։
17 Մատնաչափ (անգլ. inch)։
«Կը ջնջեմ օրագրէս18՝ հեղինակացն անուններուն հետ՝ հալածանացս խժդժական պարագայից մանրամասնութիւնները։
Եւս ե՛ւ դառն բացագանչութիւններ անձանց դէմ, որոնք իմ վրայ սէր եւ հոգածութիւն միայն ունենալնուն կատարելապէս համոզուած եմ այսօր։ Հալածիչներուս կը ներեմ բոլոր սրտովս, եւ երախտագիտութիւն իսկ չըպարտի՞մ իրենց, քանի որ դժբաղդութիւնն Աստուծոյ զիս այնքա՜ն մօտեցուց ու սխալներս ինձի ճանչցուց։ Որպէս Մատթէոս Պատրիարքին ալ կ’ըսէի, մարդս երկրի վրայ ոչ ու մեք աւելի պարտական կրնայ լինել քան դժբաղդութեան»19։
Արդարեւ բաւական տողեր ջնջեր է Տէմիրճիպաշեան իր այս օրագրութեան մէջ։ Ես պիտի ջանամ այս գիծ քաշուած ու ջնջուած տողերն ալ կարելի եղածին չափ կարդալ եւ հոս հրատարակել։ Յիշեցնեմ որ իր գիրը[,] դժուար ընթեռնելի եւ մանրագիր[,] շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ վերծանել գծուած ու ջնջուած տողերուն մէջ։ Ջնջուած ու իմ կողմէս վերստին կարդացուած տողերը հոս պիտի ընդգծեմ։
Մատթէոս Պատրիարքը[,] որ հոս կը յիշէ Եղիան[,] Իզմիրլեան Կ. Պոլսեցին է որ երկիցս Պատրիարք եղաւ 1894-6[ին] եւ 1908-9[ին]20։
Յ. ՔԻՒՐՏԵԱՆ
1895
Անվերջանալի տարին
4 օգոստոս, 1895
Ուրիշ տետրակ մ’ալ սկսանք օրագրի։ Ե՜ս, որ Աստուծոյ կ’աղօթեմ ամէն գիշեր որ ա՛լ սկսելու բան չունենամ—բայց միայն հանդերձեալ կեանքն, ահա կը դատապարտուիմ նոր տետրակ մ’ալ սկսելու օրագրի։ Գէթ հոն կարենայի՛ նախաբանել ուրախ լուրով, թէ՝ զոր օրինակ՝ ստորագրուեցաւ բարենորոգմանց ծրագիրը21, կամ թէ մեր թաղեցիք շարժում մ’ըրին՝ զիս թողուցին վերանորոգութեան գործին գլուխը կոչելու22 համար, կամ գոնէ թէ ալ զիս հանգիստ կը թողուն՝ որպէսզի կարենամ անխափան շարունակել հացիս եւ ազգիս համար կատարած գրական աշխատութիւններս։ Ա՛հ, եթէ մանաւանդ ինձ տրուէր արձանագրել որ . . . ի՞նչ . . . յիմարութիւն։ Օրիորդ Սթամպօլեանին23 հետ ծովերու վրայ անվերջ ճամբորդութեան մը պիտի մեկնէի, ճամբորդութիւն՝ որ յաւիտենականութեան պիտի յանգէր . . .։
Բան մը չը կայ նոր, բնաւ փոփոխութիւն մը կեանքիս մէջ դէպի լաւը, դէպի տեսլականը։ Հապա միշտ դատապարտուած չար ու սնամէջ մարդոց մէջ տեղ ապրելու։ Գիշերուան ամեն ժամուն միշտ աղմուկով կ’արթ[ն]նամ. անցեալ չորեշքաբթի գիշեր, լուացարանի կամ ճեմիշի տախտակամածին կամ նոյնիսկ սենեակին պատին զարնուած երկու ձեռքի հարուածէ արթնցայ, հինգ վայրկեան անցաւ ու վէրանէի24 մէջի խազանին25 (՞) հարուած մը երկու ականջներուս մէյ մէկ հարուած։ Պահապանին փայտաժամը եօթը զարկաւ։ Պատուհանը բացի, պահապանը կանչեցի, բայց ի՞նչ պահանջէի խեղճ Խաչօյէն. ի՞նչ կրնար ընել առանձին զինեալ սրիկաներուն դէմ -որոնց սրիկա[յ]ութեան ալ (ու թերեւս ինք պահապանն ալ) մեղսակից էր ըստ ամենայն երեւոյթից եւ իրողութեանց։ Մինչ կը խօսէինք փայտահարութիւն մը սկսաւ Բարմագ Գաբուին, Գաբու գեհեաններու (՞) տան կողմէն։ Գիշերուան ժամը եօթնին հիւսն, եւ հիւսն մը՝ որ մուրճ կը գործածէր։ «Մտիկ ըրէ, Խաչատուր աղբար, լսէ, յանցաւորը տես ուր է»։ Մտիկ ըրաւ մէկ, երկու, երեք։ [«] Արդեօք ականջիդ ձա՞յն կու գայ կոր[,] ինձի անանկ ձայն չի կար[»] ըսաւ։ Բոլոր ձայներուն համար կ’ըսեն կոր որ մինակ ես կը լսեմ։ [«] Դուն սա ձայնը չե՞ս լսեր կոր»։ «Ճանըմ, ինչ կ’ըսէք»։ Եւ ճոկանը զարկաւ երեք անգամ, ու փայտահարութիւնը վերջ գտաւ։ Մարդ այս պայմաններուն մէջ ինչպէս կը քնանայ։ Ցերեկը նոյնը կ’ընեն երբ գլուխս վար դնեմ։ Մութը լուսին ճեղքուած ատեն կամ աւելի առաջ, ժամանակ մըն է որ ներսի դրան (օտար բառ մը անհասկնալի) կը բանան ու դուրս կ’ելլեն[։] Անցեալ առտու բացի, տեսայ Մարիամ հանըմը պարտէզի մէջ տեղը ձախ ձեռքն ալ հորին վրայ ուրկէ վէրանէներուն ու դրան կը նայէր։ «Ի՞նչ կայ, ի՞նչ կ’ընէք կոր առանձին պարտէզը, հորին տախտակին վրայ»։ Մարիամ հանըմը կմկմաց։ Քա՛, անօրէն մարդիքներ, ատ իմ լսած ձայներս դուք ալ լսեցիք, դուք ինձմէ (՞) աւելի աղէկ գիտէք որ այդ սրիկաներուն խումբը՝ մէջերնուն հինգ հատ անգործ՝ գիշեր ցերեկ կը դատարկաշրջին եւ զիս անհանգիստ ընելու նպատակնին ձեզի ծանօթ ու ձեզմէ իսկ դրդեալ են։ Եւ այս արիւնալից կատակերգութիւնը որ կը խաղաք ձեզի պիտի թողո՞ւ Աստուած։ Եկած օրէս ամէն մարդկային ու երկրային ջանքեր ըրիք զիս այս բնակարանէն հանելու։ Աստուծմէ խնդրեցի որ զձեզ աչքէս (անընթեռնելի) պակսեցնէ[.] ահաւասիկ կը պակսիք կ’երթաք կոր։
Անցեալ կիրակի թաղ(ական) խորհրդարան գացի գանգատելու եւ քննութիւն պահանջեցի, կամ՝ եթէ զրպարտիչներս թաղ(ական) խորհրդոյ հրաւէրէն փախուստն իրենց օրինական դատապարտութիւնն է (եւ ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ), խորհուրդն ինձ հատուցում տայ եւ միջոցներ ձեռք առնէ որ այս հալածանքը վերջանայ յօգուտ իմ թանկագին ժամերուս եւ ի պատիւ մեր հանգեալ թաղին որուն անհաւատալի անկումն եւ եթէ կը հաստատէ այս շարժումն անդրանվարդիական (՞)։ Պապաեան էֆէնտին յատենի ժողովոյ վճռեց որ իմ զրպարտիչներս օրինապէս դատապարտեալ են, քանի որ խորհրդոյն հրաւէրին չը պատասխանեցին։ «Այո» կրկնեցին իր ընկերք (որոնց ոչ այո՛ն ոչ ո՛չն արժէք մ’ունի)։ Գալ կիրակի ալ հակառակը պիտի ըսէին, յաջորդ կիրակին ատոր հակառակը։ Յայտնեցի թէ զրպարտիչներս՝ ազգային իշխանութեան իբրեւ ըմբոստ ալ՝ կրկնապէս դատապարտեցին ինքզինքնին։ Ու պահանջեցի որ իրողութիւնը ի պաշտօնէ Պատրիարքարանին հաղորդուի։ Պապաեան պատուիրեց քարտուղարին Պատրիարքարանին գիր մը խմբագրել այս մասին։ Նիկողոսեան ներկայ էր. [ ] մնացած գաւազանը ձեռքն էր։ Այդ գաւազանի խնդիրն ալ յուզեցի։ Նիկողոսեանը յանցանքը բոլորովին Պետրոս Փափազեանին վրայ նետեց, որ [ ] ինք, Պետրոս էֆէնտին, Պօղոս էֆէնտին գործն է [ ] «պարոն ([ ] կոթով բարակ ցանկ մըն է եղեր) բալթօներուն26 վրայ պառկած տրուած գրեր է, միայն թէ չը յիշեր որ Պետրոս էֆէնտիին տունը գացած ատեն ձեռքը պաստօն27 կա՞յ եղեր։ Էհ, հիմա բոլորովին շահեցաւ։ Ես յստակ կերպով կը յիշեմ որ արծաթ կոթով իմ [ ] գաւազանս ձեռք նախ [ ] եղած է, յետոյ Պետրոս էֆէնտին, հուսկ ապա Պօղոս էֆէնտին այն երեք տեղերն ալ նոյն գաւազանը տարեր եւ վերջէն տունէն մեկնումի պահուն 30-40 պասդոներուն [sic] մէջէն իմս միայն չը կար։ Ինչ ալ ըլլայ, Նիկողոսեան էֆէնտին զիս միշտ յարգած է ու կը յարգէ եղեր։ Հասկցա՞ք, Պապաեան էֆէնտին իրեն առաջարկեց որ ձեռքս համբուրէ, զոր ինք նախ համբուրեց յայտարարելով որ իր ալ վարպետն եմ։ Ինգարելեան (՞) էֆէնտին բողոքեց որ միշտ անկեղծ եղած է ինձ հետ եւ հարցուց թէ պարգեւաբաշխութեան հանդէսին երբ ուր հրաժարականս հրամցուցի՝ իր ընկերակցաց հետ տուն չեկա՞ւ աղաչելու որ ետ առնեմ հրաժարականս։ Ասի անկեղծութեան ապացոյց է եղեր։ Սակայն նորէն հոգաբարձութեան մասնակցութիւնս հատուցման ստորադասեցի։ Պատրիարքարանի քարտուղարներէն Հայկեան էֆ(էնտին)28, զոր Պատրիարքարանի մէջ յանդիմանած էի, թելադրեց Պապաեան էֆէնտիին՝ երբ երեքս գտնուեցանք եկեղեցւոյն29 բակը՝ որ զիս վարժարանին30 տեսուչ անուանեն։ Զարմանալի մարդիք են ասոնք. բնաւ tact[e] 31 չունին։ Չեն խորհիր որ իմ դիրքս—եւ իմ զբաղմունքս ունեցող որպէս եւ իմ բանաստեղծի խառնուածքս—մէկը՝ վարժարանի, ու ան ալ հեռկելէներու32 տղոց վարժարանի տեսչութիւնը կ’ընդունի: Եթէ գործնական բան մը խորհեցան, այն է թէ տեսթութիւն ընդունելու պարագայիս հոգաբարձութիւն աւելորդ էր: Թշնամիի մը խօսքերն էին թէ բարեկամի մը. Միամտութեանս մէջ բարեկամական նկատեցի զանոնք, բայց յետոյ, ինչպէս միշտ կը պատահի կոր, շեշտը յիշեցի թէ շատ բարեկամական չէր, թէեւ Հայկեան էֆ(էնտի) frang33 մարդու մը կերպարանքն ունի։ «Երեւոյթ» ըսէք։ (խնդրեմ Հայկեանի վրայ [ ] ինչ մարդոց շրջանակի մէջ կ’ապրիմ)։ Արդի [ ] եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, մարդու կարգ միակ մարդն է Պապաեան, թէեւ [ ] միշտ հետս, թերեւս ակամայ։ Պարոնեանն ալ կը գովեն, բայց ծերացած է, անգամ մը տեսայ շոգենաւին մէջ. ուղղադատ մէկը երեւցաւ ինձ։ Այս կիրակի հարկադրուեցայ նորէն երթալ թաղ(ական) խորհրդարան։ Երկու անգամ միայն ներկայ էին, Պաղտիկն (կամ Պաղտիկեան) ու Յակոբ Աղան, մականունը չը գիտեմ, Գր(իգոր) Մարգարեանին (cousin[e])է։ Յայտնեցի թէ այդ լրտեսութեան դրութիւնը ծանրապէս կը ճզմէր միտքս ու հոգիս։ Ի՛նչ անբացատրելի եւ ի՜նչ անորակելի վարմունք է այս։ Պարզ, զուտ թշնամութիւն է ինձ հետ եղածը, քանի որ տունս այրեց եւ իրենց թունաւորութեան (՞) պատճառաւ իրենցմէ բան մը չը վրիպիր։ Բայց ինչո՞ւ այս թշնամութիւնը, ուրկէ՞ կը բղխի ճիշդ։ Առեղծուած։ Տեղւոյն վրայ խղճամիտ ու մանրամասն քննութիւն [sic] պահանջումս (ալ գրիչս զզուանք կը զգայ իրապէս այս մանրամասթիւններն արձանագրելով) անտեղի գտաւ Պապաեան, քանի որ ինք զիս կը ճանչնար, զիս կը յարգէր ու զիս կը սիրէր։ Թաղ(ական) խորհրդոյ ճգնաժամին մէջ (քանի որ Հայրենիք36 թաղ(ական) խորհուրդին հրաժարականը կը պահանջէ)իմ այցելութիւնով գլխու ցաւ կու գան [ ] խորհուրդն որ շուարած կերպարանք մ’ունի. թէեւ Պապաեան կը ջանայ խորհրդոյն պատիւը բարձր բռնել։ Քահանայից դասն ալ ի Պատրիարքարան դիմած է [ ] իրեն յանձնումը խնդրելով ըստ օրինի կամ ըստ [ ]։ Խորհրդոյն մէջ քահանայից դասուն նկատմամբ անվստահութեան խնդիր ծագեցաւ։ Սակայն թաղա(կան) խորհրդոյն զեղծմունք մոռցուած են։ Ու Շահպազու38 Պետ(րոս) Փափազեան են բոլորովին։
1 Յ. Քիւրտեան, «Ճամբու նօթեր», Հայրենիք, 15 մայիս 1952։ Ազատեանի եւ Եղիայի վերաբերող նախադասութիւններուն ընդգծումները մերն են։
2 Ի դէպ, 1954ին, Ազատեան, «որ այնքան օգտակար եղաւ ինծի իմ ձեռագրական հաւաքածոյիս կազմութեան համար, ինչպէս նաեւ հայթայթելով դիւանական նիւթեր, որոնք այլապէս փճացած եւ կորսուած պիտի ըլլային ընդմիշտ», իր հաւաքածոյէն Գարեգին Խաժակի ինքնակենսագրութիւնը եւ Գարեգին Սրուանձտեանցին ուղղուած նամակներ նուիրած է Քիւրտեանին։ Տե՛ս Յ. Քիւրտեան, «Թանկագին նշխարներ», Ասպարէզ Յիսնամեակ 1908-1958, Ֆրէզնօ, տպ. «Ասպարէզ»ի, 1958, էջ 130-136։
3 Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, «Հայ Գրագէտներու Բարեկամներ» մատենաշար թիւ 18, Փարիզ, տպ. «Արաքս», 1955։
4 Նամակներէն մէջբերումները կատարուած են նոյնութեամբ։ Միայն սրբագրուած են ուղղագրական ակնառու սխալներ եւ պահպանած՝ կարգ մը լեզուական իւրայատկութիւններ (օր. խրկել ժողովրդական ձեւը)։
5 Հեղինակային իրաւունք (անգլ. copyright)։
6 Կ’ակնարկէ Տէմիրճիպաշեանի հարիւրամեակին, որ նշուած է 1954ին։
7 Շահան Շահնուր, Կրակը կողքիս, Փարիզ, մատենաշար «Յառաջ», 1973, էջ 124։
8 Հրանդ Ասլանեան, «Եղիա Տէմիրճիպաշեան», Ծիրանի գօտի, 4, 1961, էջ 10։
9 Շահնուր, Կրակը կողքիս, էջ 123։ «Մտերիմ օրագիր» փորձագրութեան առաջին հրատարակութիւնը տե՛ս «Յառաջ», 14, 17, 18, 19, 20 յուլիս 1973։
10 Շահնուրի պատճէնը հետագային անցած է «Յառաջ»ի տնօրէնուհի Արփիկ Միսաքեանին, որ անոր ժառանգորդն էր։ 2009-ին, Ա. Միսաքեան զայն փոխանցած է Գրիգոր Պըլտեանին, որ մեզի հաղորդած է, թէ պատճէնը անընթեռնելի է եւ թուղթը՝ խունացած (անձնական նամակ, 15 ապրիլ 2025)։
11 Շահնուր, Կրակը կողքիս, էջ 122։
12 Տե՛ս անդ, էջ 128, 131, 141։
13 Եղիա Տէմիրճիպաշեան, «Օրագիր», Նոր Շինարար, յունուար 1975, էջ 18-21։ Ջնջումին մասին, տե՛ս նաեւ Գրիգոր Պըլտեան, Մարտ, Անթիլիաս, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկիսութեան, 1997, էջ 36։
14 Ե. Տէմիրճիպաշեան, «Օրագրական էջեր. քաղուած Եղիա Տէմիրճիպաշեանի (1895ի) օրագրութեանց անտիպ մէկ տետրէն», Հայաստանի կոչնակ, 14 օգոստոս 1926, էջ 1167-1168։ Հմմտ. Պըլտեան, Մարտ, էջ 36։
15 Զարուհի Գալէմքեարեան, «Եղիա Տէմիրճիպաշեան», Հայաստանի կոչնակ, 28 յունիս 1958, էջ 608։
18 Կը պակսի «(այս եւ նախորդ օրագիրներէս)» (Տէմիրճիպաշեան, «Օրագիր», էջ 18)։
19 Պասմաճեան գրած է «դժբախտութիւն», «ինձի», եւ «լինել» բառէն ետք գծիկ մը ունի (անդ)։
20 Մատթէոս արք. Իզմիրլեան (1845-1910)՝ «Երկաթէ պատրիարք»ը, 1896ին պաշտօնէն արձակուած էր համիտեան վարչակարգին կողմէ 1895-1896ի հայկական ջարդերուն առիթով յայտնած բողոքներուն համար եւ աքսորուած՝ Երուսաղէմ։ Օսմանեան Յեղափոխութենէն ետք վերադարձած է Պոլիս եւ վերընտրուած՝ պատրիարք, իսկ 1908ի վերջերուն ընտրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Մատթէոս Բ. անունով։
21 Պասմաճեան ունի «Բարենորոգմանց Ծրագիր» (անդ)։ Կ’ակնարկէ եւրոպական մեծ պետութիւններուն կողմէ 11 մայիս 1895ին առաջարկուած Օսմանեան Կայսրութեան բարենորոգումներու ծրագրին։ Ջարդերու լոյսին տակ, եւրոպական պետութիւնները, ճնշում բանեցուցած են վաւերացումը ձգձգող սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի վրայ, որ ի վերջոյ զայն ստորագրած է 17 հոկտեմբերին։
22 Պասմաճեան ունի «կանչել» (անդ, էջ 19)։
23 Պասմաճեան ունի «Սթամպօլուեան» (անդ)։
24 Փլատակ (թրքերէն)։
25 Կաթսայ (թրքերէն)։
26 Վերնազգեստ (ֆր. paletot)։
27 Գաւազան (թրքերէնէ)։
28 Գառնիկ Հայկեան (1861-?) 1884էն դիւանապետի օգնական եղած էր Պատրիարքարանին մէջ։ Տե՛ս «Գառնիկ Հայկեան», Ամէնուն տարեցոյցը, Պոլիս, 1922, էջ 310-311։
29 Խասգիւղի Ս. Ստեփաննոս եկեղեցին։
30 Ակնարկութիւնը «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարանին մասին է (հիմնուած՝ 1866ին), որուն ընթացքը աւարտած էր 1869ին (Գեղամ Ֆէնէրճեան եւ Հրաչեայ Պետրոսեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան. իր կեանքը եւ իր գործը, Կ. Պոլիս, տպ. Մ. Տէր Սահակեան, 1921, էջ 16), կամ «Ներսէսեան» վարժարանին։
31 Կենցաղագիտութիւն (ֆրանսերէն)։
32 Անքաղաքավար, անկիրթ (թրքերէն)։
33 Թերեւս «անկեղծ» (ֆր. franc)։
34 Զարմիկ (ֆրանսերէն)։
35 Ուսուցիչ Գրիգոր Մարգարեան (1852-1922) Տէմիրճիպաշեանի դրացի էր Խասգիւղի մէջ 1893-1895ին (Ֆէնէրճեան եւ Պետրոսեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, էջ 59)։ Հեղինակած է Կենսագրութիւն Սրբուհի Մայրապետի Նշան-Գալֆայեան հատորը (Պոլիս, 1892)։
36 Պոլսոյ Հայրենիք օրաթերթը (տնօրէն՝ Յովհաննէս Շահնազար) լոյս տեսած է 1891-1896ին ՚(առաջին շրջան), Արփիար Արփիարեանի խմբագրապետութեամբ։
37 Տե՛ս Ե. Օ., «Չափազանց ամուր պահուած դրամ մը», Հայրենիք, 17 յուլիս 1895։ Երուանդ Օտեան անդրադարձած է Խասգիւղի 1894ի հրդեհի աղէտեալներուն ի նպաստ հանգանակուած գումարներուն, որոնք իրենց նպատակին չէին գործածուած, այլ պահուած էին թաղամասի Տնտեսակսն Խորհուրդին կողմէ։ Յօդուածը եզրակացուած է. «Խասգեղի թաղական խորհուրդը իր վրայ տեղացող քննադատութիւններէն ազատելու եւ պատուոյն մէջ վերականգնելու համար երկու բան ունի ընելիք. կա՛մ ստակները հրկիզեալներուն համար գործածել անմիջապէս, կա՛մ հրաժարիլ ու աւելի կարողներու ձգել ասպարէզը»։
38 Եղիա Շահպազեան (մ. 1908)՝ Խասգիւղի Թաղական Խորհուրդի ատենապետը։
39 Վերջին նախադասութեան մէջ բայը կը պակսի։




