մինչեւ անյայտանայ Մեծ Արջը,
խորտակման սայրասուր ըղձանքը ունիս
փարոսի մը դէմ որ տեղափոխուող է անընդհատ
(Աղեքսանդր Մակեդոնացին
ժամանակը իր վահանին կլայեկ դարձուց
եւ սրահար իր զրահներէն՝
անժանգ կտորներ տուաւ ինծի
որ շինեմ խճանկար մը դէմքիս.
ծով մտնող տախտակամածի մը հեռու վերջաւորութեան
դրի խճանկարը.
«երազի մէջ չգալիք բաներ տեսած աչքեր ունիս» ըսին
արեւախանձ ձկնորսները
ու տախտակամածին թաց ուռկանները փռելով,
ոսկեշառ մթնշաղ մը եւս ձգեցին, անցան յոգնած)
հովը մարմնիդ կարծես կը քսէ պաղ, ծամծմուած ոսկորներ,
զմելիներ կը բերէ հովը
որոնք պատուաստի փոս կը բանան ուսերուդ
Չաչ չեն տնկեր, կ’անցնին –
կը շրջիս ետ. մժեղներու խաժամուժ մը արեւուն դիմաց.
ամէն ոտնաձայն տախտակամածին վրայ գոյժ մը կը թակէ,
խզումներդ բոլոր դէմդ կ’ելլեն, կ’աքցանեն,
կ’ըլլաս ծծմբային փոխասացը հովուն եւ խաժամուժին միջեւ
եւ մթնշաղը կը ճանչնայ իր ալքոլները քեզմով..
(երբ ձկնորսները կը նետէին խարիսխները ժանգոտ
իրենց դէմքերը կը նոյնանային
եւ խարիսխը վրէպով մը՝
իրենց մատներէն կը ձգուէր իբրեւ քնարի մը բրածոն Ն.Ք.
անգտանելի թօթափման, առագաստներու պարպումի եւ
պատառոտուած լուսնացոլքերու մասին պատմող քնար,
լա’ր ծովաթաթաւ, վանողականը ներկայի,
ո՞վ կ’ուզէ, ո՞վ կ’ուզէ քեզ ալ)
Մակեդոնացին, խարիսխ մը ձեռքին,
կը մտնէ փրփուրներուն մէջ –
աւազին ոտնահետքերն անոր հովը կը սրբէ,
կը ցրուէ անտեղադրելի խճանկարս ալ՝
ձիթենեաց տերեւուտքին մէջ
ու ամէն ինչ կը կորսուի նայուածքէս.
կը մնայ միայն եղէգի կէս մը ջուրին վրայ,
կը ծփայ, կրելով խխունջի մը ետին թողած արծաթ հետքը.
(անոր ծիրկաթինը վերը չէ, միշտ ետին է)
ինք չկայ սակայն, աղերը ծովուն հալեցուցած են զինք.
(պէտք է Զեւսը եղած ըլլար նորէն
այս անգամ եկած մոխիրներու բռնաբարման)
մարմինդ դարերով աղակալած ծխնիներ կը յաւելուր,
ոտնձգութիւններ կ’անցընէր երակներէդ՝ աջ ու ահեակ,
կառչումներդ հիմա թափած
դրախտաթեք խարիսխ իսկ չունի—
պղպջակներ կը լսես, մէջէդ,
եւ լարախաղաց ցերեկ մը դէմքէդ հանած
կ’ուղղես զայն Մեծ Արջի վերադարձին,
ամէն օր
Փաֆոս, Կիպրոս
15 յուլիս 1989
***
երեւակայելիք բան չկայ, ոչ իսկ շեմ մը,
միայն աւերակ մեհեանի մը սանդուխները ծակոտկէն քարերով,
աստղաձեւ խոյակով երկու սիւնի տանող –
շուրջի ամայքին մէջ՝ փուշերու մէջ լքուած օձաշապիկ մը սեւ,
ինքնահոլով կը յայտնուի –
(ըսին՝ «բա՛ց վարագոյրները այլեւս»
եւ պատուհանդ կը նայէր ուրիշ պատուհաններու անշարժին –
երբ որ երեւակայութիւնը կրակ առնէր նորէն՝
անոնց միջեւ պիտի նետուէին
արիւնով կէտկիտուած լուսապսակներ,
ատկէ ետք ալ՝ կրկին զոյգ սիւներու մօտի օձաշապիկը)
ե՞րբ կը վերադառնանք թափառումներէն մեր՝
ուռկաններու օղակներէն սպրդելով,
ե՞րբ կը գտնենք հովիտը հողմանշաններու՝
որ ճռինչներ չունի օրերը իրար կապող…
դուրս վանելի ամբողջ փնտռտուք մը
ետ կը նաւարկէ ծուատուող ամպերուն մէջ,
յետոյ կը կորսուի ճեպընթացներու սոյլին հետ
վարակումի պէս անանց եւ տարածուն
Փաֆոս, յուլիս 1989





