ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԷՊԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ԸՍՏ  ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԻ

Բնորոշել Յակոբ Օշականի Համապատկերը որպէս բանասիրական ձեռնարկ։ Հրամայական մըն է։ Իբ­րեւ տպաւորապաշտ քննադատութիւն, ան կրնայ տալ «մեծագոյն ստեղծագործու­թիւն»ը, ու սեւեռել մեր դարու հոգեկան մոյնքը, «քաղակրթութիւնները տարրալու­ծող եւ իսկապէս բարձրագոյն իմացակա­նութիւններ բնորոշող մտքի կրթանք» է (Ժ, էջ 300)։ Իբրեւ պատմութիւն, կը ձգտի «դէպքերը վերակազմել(ու) ու հոգին վերադարձնել(ու) անոնց ծոցը» (Ժ, էջ 393)։ Իբրեւ վէպ, ան «կը դառնայ ամենէն սըրտառուչ արուեստի գործը», եւ պարտաւոր է այդ ուղղութեամբ շարժելու, որովհետեւ «պատմութիւնը վէպ է» (Ժ, էջ 395)։ Ճիշդ է՝ քննադատները, պատմաբաններն ու բանասէրները, նոյնիսկ երբ կը լրացնեն սակայն իրենց մարզերուն բոլոր պահանջները, երբ կը վերստեղծեն ժամանակաշրջան մը, երբ կը համադրեն ու կը հա­մագրեն անոր մէջ ծաւալած վիճակներն ու գաղափարախօսութիւնները, խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ իրենց կրթանքին ծննդաբանութիւնը։ Կ’երկարաձգեն բանասիրական կիրառումը։ Բայց եւ այնպէս՝ «փրկագործական» աշխատանք մը կը տանին երբեմն։ Կամ այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն։ Օշականի աչքին՝ արուեստն է, որ կը փրկէ։ Ի՞նչ բանէ կը փրկէ, ի՞նչ արդիւն­քի համար կը փրկէ, ի՞նչ ձեւով կը փրկէ, եւ վերջին հաշուով՝ ինչո՞ւ արուեստը պիտի ըլլար փրկողը։ Ինչո՞ւ արուեստը, եւ ո՛չ թէ բանասիրութիւնը։ Ահաւասիկ հարցումները որոնք կը ցցուին մեր առջեւը։ Զանոնք հետապնդել պէտք էր երեք մասնակի քննարկումներով, նիւթ դարձնելով նախ՝ «ժամանակ»ը արուեստի գործին ներսը (ուրեմն նաեւ արուեստի եւ պատմութեան կապակցութիւնը), յետոյ անխուսափելիօրէն՝ «պատմական վէպի»ն նշանակութիւ­նը համապատկերային ծրագիրին մէջ, վերջապէս՝ «ոճ»ին գրաւած տեղը Օշակա­նի մտքին մէջ։ Այս երեք մասնակի քննար­կումները Համապատկերի ծրագրին մէջ եզակի բնոյթ ունեցող, յաջորդաբար՝ Սրւանձտեանցի, Ծերենցի եւ Վարուժանի դէմքերուն նուիրուած մենագրութիւններէն կը մեկնին։ Բայց երեքին ետեւն ալ կանգ­նած է, բացայայտ կամ գաղտագողի, Կո­միտասի յարացուցական կերպարը։ Պատճա՞ռը։ Այն է, որ խնդրոյ առարկայ է միշտ «գեղագիտացում»ի գործողութիւնը։ Իսկ գեղագիտացումը Օշականի կողմէ առաջին հերթին կը մտածուի որպէս ժո­ղովրդական արտադրութիւններու «լման» գանձին փրկագործումը։ Նաեւ ու նոյն շարժումով, առանց այլեւայլի, որպէս անոր «ազգայնացում»ը։ Իսկ 1914էն մինչեւ 1944, Օշականի համար, գեղագիտացնող ազգայնացումին ախոյեանը Կոմիտասն էր։ Ի՛նքն էր մտապատկերը։ Այդ գիտակից մտապատկերը նկատի ունենալով է, որ երեք քննարկումները կը հասնին անոր ետեւը ծուարած՝ աղէտալի կորուստը փրկելու հրամայականին։ «Կոմիտաս» գեղագիտացումի գործողութեան տրուած անունն իսկ էր1:

Այդ երեք քննարկումներէն առաջինը լոյս տեսաւ Բագինի մէջ (2021, թիւ 2-3)։ Վերնագիր՝ «Ժամանակը»։ Հոս՝ երկ­րորդն է, որ կը հրամցնենք, ուրեմն այն մէկը՝ որ կը վերաբերի «պատմական վէպ»ին եւ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Ծերենցին նուիրուած մենագրութեան վրայ։

* * *

Իբրեւ վէպ, իբրեւ ժամանակին անհունու­թիւնը իրագործող գործողութիւն, բանա­սիրական ձեռնարկը կը դառնայ ամենէն սրտառուչ արուեստի գործը։ Հոս կը զետե­ղուի, բաւական անսպասելի կերպով, «պատմական վէպ»ի փառաբանումը։ Հա­մապատկերը պատմական վէ՞պ մըն է արդեօք։ Կամ Օշականին երեւակայած «Եկեղեցիի պատմութիւն» որակումով հրամցուելիքը մեր գիտցած պատմական վէ՞պն է արդեօք, օրինակ՝ Ուալթըր Սքոթի անու­նով նուիրագործուած պատմական վէպին դասական ձե՞ ւը։ Դժուար է հաւատալը։ Անհրաժեշտ է հետեւաբար՝ պահ մը «պատմական վէպ»ին հանդէպ խանդա­վառութեան պատճառները քննել։

Ահա թէ ինչո՛ւ պատմական վէպը, երբ ազատագրուի թերթօնին ճնշումէն ու են­թարկուի կեանքին գերագոյն կնիքին, կը դառնայ ամենէն սրտառուչ արուեստի գործը։ Ու ասիկա անոր համար, վասնզի պատմականին մէջ տիպար, տռամա, տագնապ, բարքեր, բոլորը կը ներկայա­նան վաւերականէն պաշտպանուած2։

Ահաւասիկ ուրեմն առաջին պատճա­ռը։ Համապատկերի (բայց նաեւ Օշականի ամբողջ գործին) մէկ ծայրէն միւսը՝ կայ այսպէս վաւերականի յաճախանքը, անոր համատարած նշանները։ Բարդ հարց մըն է այս մէկն ալ, քանի որ Օշական հոս կ’ար­տայայտէ նախընտրութիւն մը. վէպէն աւե­լի՛ ու անկէ անդին՝ վաւերականն ու վկայութիւնը։ Բարեբախտաբար՝ Օշական պատմական վէպեր չէ գրած, գոնէ դասա­կան իմաստով։ Թէեւ կարելի է յանկարծ կասկածներ սնուցանել։ Արդեօք այդպէ՞ս պէտք է հասկնալ, իբրեւ պատմական վէպ, Օշականի ամբողջ արտադրութիւնը։ Վա­ւերականին յառաջացուցած բարդութիւնը յայտնի է այլ տեղ, երբ «Մայրիներու շուքին տակ» խորագրուած հարցազրոյցին մէջ, Օշական կ’ըսէ մօտաւորապէս հետեւեալը, Աղէտի վիպականացումին մասին. ստիպուած եմ վէպ գրելու, քանի որ պայ­մանները չեն թոյլատրեր որ պատմութիւն գրեմ։ Ճիշդ յայտարարութիւնը կը հնչէ սա­պէս. «Ստիպուած եմ բաւարարուիլ իմ միջոցներովս։ Ասկէ՝ վէպի հարկադրանքը»։

Օշականի համար, գեղագիտացնող ազգայնացումին ախոյեանը Կոմիտասն էր։ Ի՛նքն էր մտապատկերը։

Նախադասութիւնը ըսուած է ըստ երեւոյ­թին որպէս պատասխան Բենիամին Թաշեանին կողմէ դրուած «Պատմութի՞ւն թէ վէպ» հարցումին3։ Անյաղթահարելի դժուարութիւն մը կը յարուցանէ այս տողը, վասնզի Աղէտը հաւանաբար միակ դէպքն է, որ չի «վաւերագրուիր», եւ Օշական շատ լաւ գիտէ այդպէս ըլլալը։ Իր բոլոր յայտա­րարութիւնները Մնացորդացի երրորդ բաժնին ծրագրուած ու չիրագործուած ըլ­լալուն մասին գլխապտոյտ պատճառող երթուդարձ մը կը կազմակերպեն «վի­պագրութեան» եւ «վաւերագիր»ին միջեւ։ Չեմ ուզեր հոս առ այժմ՝ այդ բազմոլորտ բարդութեան բաւիղներուն մէջ մտնել։ Ինչ որ ստոյգ է՝ այն է, որ Համապատկերի մե­նագրութիւնները հեղինակին կողմէ նկատուած են որպէս «վկայութիւններ»4, այսինքն առաջին ակնարկով՝ «վաւերագրու­թիւն»։ Աւելին՝ «Համապատկերը … [ինք­նին] վկայութիւն մըն է» (Ա, էջ 21)։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Համապատկերի Ժ. հա­տորը «Վկայութիւն» ենթախորագիրը կը կրէ։ Այդ վկայութիւնը կը գրուի վերջին սե­րունդին, այսինքն՝ Փարիզի «Մենք»ի սե­րունդին դէմ, որովհետեւ այդ սերունդը «ուրացաւ իր երեք երէց սերունդներուն ժառանգութիւնը» (անդ)։ Կը գրուի ուրեմն ուրացումի մը հակազդելու, զայն սրբագ­րելու նպատակով։ Վկայութիւնը հասկցուած է մինչեւ իսկ շատ անձնական եւ շատ թանձրացեալ իմաստով։ Ո՞վ պիտի կատարէ «մեր սերունդին հոգեյատակէն վերբերումներ», անոնց տալով համակարգուած հանգամանք։ Ո՛չ Չոպանեան, ո՛չ Թէքէեան, ո՛չ ալ Լեւոն Շանթ, տարբեր պատճառներով։ «Յամառ, արի, տաքէն ու պաղէն չազդուող, ու քիչ շատ շարժումէն անձնապէս մաս առնող գեղացի մը պէտք էր այդ խաչակրութեան համար։ Այդ տխուր պատիւը կը ներեմ ինծի։ Իմ սերուն­դիս բոլոր անձնաւորութիւնները մօտէն ճանչցած եմ …»  ­­­­­­

 (Ա, էջ 22)։ Վկայութիւնը վաւերականութեան գրաւական մըն է անշուշտ որոշ չափով։ Համապատկերի չափանիշներէն մէկն է դերակատարներու վաւերական տարողութիւնը։ «Մեր գնահատումները, դատաստանները գրական գործերու շուրջ միշտ կը մնան վերաքննելի, փոփոխելի, նոյնիսկ հիմնովին մերժելի։ Բայց գրողներէն մեր անձնական տպաւորութիւնները ունին վաւերագրական արժէք» (անդ)։

Աղէտը հաւանաբար միակ դէպքն է, որ չի «վաւերագրուիր»

Արդեօք «վաւերական»ը եւ «վաւերագ­րական»ը կը զուգադիպի՞ն, կը յարմարի՞ն իրարու։ Պատմական վէպը ամէն պարա­գայի՝ վկայութեամբ եւ վաւերագրական տուեալներով չի սնանիր։ Ինչո՞վ կ’ապրի այն ատեն եւ ի՞նչ է պատմական վէպ ըսուածը։ Հարցումը ունի երկու՝ իրարմէ շատ տարբեր երեսակներ. ա) ի՞նչ է տար­բերութիւնը պատմութեան եւ պատմական վէպին, բ) ի՞նչ բան «պատմական» կը դարձնէ պատմական վէպը։ Երկու երե­սակներուն ալ կ’անդրադառնայ Յակոբ Օշական Համապատկերի չորրորդ հատորին մէջ, Ծերենցին նուիրուած մենագրու­թեամբ, որ հաւանաբար ամենէն համոզիչ մենագրութիւններէն մէկն է ամբողջ գոր­ծին մէջ, քանի որ շատ մօտիկը կը մնայ իր նիւթին ու սահմանափակ էջերու վրայ՝ Մուտքին դրուած ծրագիրին պահանջները կը լրացնէ, ճշգրտօրէն նկարագրելով մտայնութիւններու եւ գաղափարախօսու­թիւններու շրջափոխութիւնը, գրականու­թենէն իր արձագանգով ու արձանագրութեամբ։ Ծերենցը արեւմտահայ գրակա­նութեան մէջ պատմական վէպի միակ արժանաւոր ներկայացուցիչն է, կարծեմ5։ Իբրեւ վիպագիր հետաքրքրական է նաեւ ինքը պարագայական առումով, քանի որ առաջին վէպը՝ Թորոս Լեւոնի (Կիլիկիոյ ԺԲ. դարէն առնուած), որ լոյս պիտի տես­նէր 1878ին, գրուած է Կիպրոս, ուր աքսո­րուած էր հեղինակը։ Օշական չի փախցներ անշուշտ զուգահեռականին առիթը.

Ով որ Կիպրոս եղած է, մռայլ, ահաւոր մղձաւանջի մը պէս իր աքսորավայրը հանդուրժելու համար ուրիշ բան չունի եթէ ոչ ինքզինքը սպաննելը… թուղթի վրայ, եթէ երբեք գրիչ մը ունի ձեռքին մէջը։ Այդ կղզին այդ օրերուն Տանթէական տարագ­րութեան վայր մըն էր։ Այդ թուականէն կէս դար յետոյ, Օշական հոն երկնեց իր վէպե­րը, որոնք չեն պատկանիր դարձեալ որեւէ ժամանակի, եւ կը խորհիմ թէ նոյն հոգեբանութիւնն է որ այդ գիւղացին ալ մղած է ինքզինքը սպաննելու, քանի որ ձեռքին գրիչ մը ունէր6։

Յիշեցումը պատահական չէ, ո՛չ ալ վի­ճակներուն նոյնացումը իրարու։ Ինչպէս ը­սի, խնդրայարոյց հանգամանք ունի Օշականի ամբողջական ծրագրին (Մնացոր­դաց եւ Համապատկեր) կապակցութիւնը պատմական վէպին հետ, հետեւաբար՝ Ծերենցին հետ, որքան ալ զարմանալի եւ անսպասելի թուի երեւոյթը։

Պատմական վէպը ամէն պարագայի՝ վկայութեամբ եւ վաւերագրական տուեալներով չի սնանիր։

 

Գաղտնիք չէ այն իրողութիւնը, որ պատմական վէպին վրայ կը ծանրանայ շատ ուժեղ որոշադրումը ԺԹ. դարու կէսե­րուն Եւրոպայի մէջ տիրապետող վիպա­պաշտութեան։ Օշականին տուած օրինակներն են՝ Ուալթըր Սքոթ, Վիքթոր Հիւկօ, Քոլըրիճ։ Ճիշդ է, որ այդ շրջանին՝ «նոր կը սկսի պատմութեան զգայարանքը այնպէս ինչպէս որ է անիկա այսօր մեզի համար» (Դ, էջ 459)։ Մնաց որ այդ գրողներուն մօտ իսկ՝ «չյաջողուած երջանկութիւն» մըն է պատմական վէպը։ Ծերենցը զերծ չի մնար բնականաբար այդ ռոմանթիք որո­շադրումէն, քանի որ ամբողջապէս՝ «մխի­թարեան ազգայնականութեան եւ պատմական զգայարանքին» (Դ, էջ 473) ազդե­ցութեան ենթակայ է։ Հոս է, որ Օշական կ’արձանագրէ տիրող մտայնութեան փոփոխութիւնը, քանի որ ատկէ ետք է որ աս­պարէզ կու գայ «մեր քաղաքական ազգայնականութ[իւնը], չըսելու համար յեղափոխական գաղափարագրութ[իւնը]» (անդ), այսինքն՝ «մեր ժողովուրդի նոր մշակուած մարտական ազգայնականութ[իւնը]» (Դ, էջ 474)։ Այս վերջինը չէ տուած պատմական վէպ, բառին բուն իմաստով։ Պատմական վէպին յղացումն իսկ ուժով տուրք մը կը վճարէ հետեւաբար վիպա­պաշտութեան։ Ինչ որ չ’արգիլեր սակայն, որ Օշական պատմական վէպ մշակողէն ունենայ շատ որոշակի սպասումներ։ Այս սպասումները կարելի է ամփոփել քանի մը կէտերու շուրջ։ ա) Լրացնել այն պակա­սը զոր ձգած են հայ պատմիչները, որոնց շարքը «գրեթէ կ’անգիտանայ հայ ժողո­վուրդը, զբաղած ըլլալով իշխաններով, եկեղեցականներով» (Դ, էջ 463)։ Պատմա­կան վէպին առաջին յատկանիշը եթէ գոր­ծողութիւնը փոխադրել է անցեալին մէջ, բնական է օշականեան դիտանկիւնէն՝ որ անկէ սպասուի անցեալի արժանաւոր պատկերացումը։ Այս պահանջը եւ այս պակասին մատնանշումը յաճախ կը կրկ­նուին Օշականի մօտ7։ Պատմական ոգեկոչումը կատարուած է գրեթէ միշտ իբրեւ պարտք ու հարկադրանք։ բ) «Պատմական հարազատութիւնը չեղծանել» (Դ, էջ 461), հետեւաբար՝ մնալ հաւատարիմ վկայու­թիւններուն եւ վաւերագրերուն, որոնք պատմութիւնը դէպի մեզ բերող արձանագրութիւններն են։ գ) Առաջին այս երկու սպասումները կը վերաբերին սակայն նոյնքան պատմութեան, որքան՝ պատմա­կան վէպին։

Պատմական վէպին առաջին յատկանիշը եթէ գործողութիւնը փոխադրելէ անցեալին մէջ, բնական է օշականեան դիտանկիւնէն՝ որ անկէ սպասուի անցեալի արժանաւոր պատկերացու

մը։

Ճիշդ է, որ Օշական պիտի ըսէր՝ «պատմութիւնը վէպ է», բայց հոս կը կարդանք փոխադարձ հաստատումը. «Բայց չմոռ­նալ որ վէպը պատմութիւն չէ» (անդ)։ Ո՞ւր է ուրեմն տարբերութիւնը։ Ահաւասիկ. «Վէպը մեզի կու տայ ազատութիւններ, արձակութիւններ, […] մեր տիպարները ենթարկելով այն կարգի խորացումներու, ընդլայնումներու, խոշորացումներու, որոնք մեզի ներէին իրենց մէջէն խորհըր­դանիշ տախտակներ, մտապատկերներ թելադրել …» (անդ)։ Այս նախադասութիւ­նը երկու բան կ’ըսէ։ Տարազումի կը բերէ այն՝ ինչ որ Օշական կը սպասէ ընդհան­րապէս վէպէն, հոս երեք բառով ըսուած՝ խորացում, ընդլայնում, խոշորացում։ Երկրորդ՝ կ’ըսէ բան մը որ պատմական վէ­պին յատուկ է. նշուած խորացումը պէտք է «խորհրդանիշ տախտակներ, մտապատ­կերներ» թելադրէ։

Պիտի կենամ նախ՝ առաջին կէտին վրայ։ Օշական նոյն բառերով գրեթէ կ’ար­տայայտէր ինքն իրմէ սպասածը, երբ 1931ին՝ կը խօսէր Մնացորդացի մասին։ Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը կատարուի այդ խորա­ցումը, այդ «խորաչափում»ը։ Բնականա­բար՝ «տիպարներ»ուն մէջ, անոնց կերտումով։ Արդէն «ո՞վ չի գիտեր որ դժուարա­գոյն հարցը գրելու ասպարէզին մէջ՝ մար­դեր կերտելու… աստուածային շնորհն է» (Դ, էջ 463)։ Ժ. հատորին մէջ, երբ Օրմանեանի Ազգապատումի դրուագումին՝ Օշական կը հակադրէ նոյն Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, բայց գրուած իբրեւ պատ­մական վէպ, կ’ըսէ որ ան պիտի ըլլար արուեստի գործերուն գերագոյնը, «բայց միայն ու միայն անձնաւորութեանց կերտումին գնով» (Ժ, էջ 395)։ Պատմական վէ­պին յատկանիշը, այն մէկը որ զայն էապէս եւ անդարձ կերպով կը զատորոշէ պատմագրութենէն՝ տիպարներու ստեղծումն է ուրեմն, անոնց ընկերային ու հոգեբանա­կան գիծերը թափանցող, երեւան բերող աշխատանքը, յատուկ խորացումի եւ խո­րաչափումի գինով։ Տիպարակերտումի այս աշխատանքին շուրջ կարելի է կրկնել ամբողջ օշականեան տեսութիւնը վիպա­կան թեքնինի մասին, մասնաւորաբար ինչ որ կը վերաբերի «խորաչափման» մեթոտին, յետոյ՝ «կացութիւններ»ու, « տե­սարաններ»ու եւ «վիճակներ»ու տարբերակումին։ Ահա՛ քանի մը մէջբերումներ այդ ուղղութեամբ, բոլորն ալ վերցուած «Մայրիներու շուքին տակ» հարցազրոյցէն, առանց յաւելեալ վերլուծումի, միմիայն մէ­կէն միւսը արձագանգները լսելի դարձնելու համար8.

Պատմական վէպին յատկանիշը, այն մէկը որ զայն էապէս եւ անդարձ կերպով կը զատորոշէ պատմագրութենէն՝ տիպարներու ստեղծումն է ուրեմն, անոնց ընկերային ու հոգեբանական գիծերը թափանցող, երեւան բերող աշխատանքը, յատուկ խորացումի եւ խորաչափումի գինով։

«[Յատակագիծը] կեանքի հոսանք մըն է ինծի համար։ Էջերը այդ հոսանքը նուաճելու լաստեր են։ Գործը հոսանքներու իրերակցում մըն է, իւրաքանչիւր ագոյցի տեսարանն է միայն որ կը փոխուի… յաջորդական խորաչափումները անհրաժեշտ են յատակին հասնելու համար» (Մշտ, էջ 22-23)։

«Ամէն վայրկեան մէկ բարձունքէն միւս անդունդին համար պատրաստուած խորաչափման մեթոտ մը,—ահա ինծի համար իմաստը նոր վէպին» (Մշտ, էջ 18)։

«Վիպասանները՝ իրենց վերլուծու­մին մէջ այդ վիճակներուն ցուցադրութիւնը կատարած ատեն՝ ժողովուրդի մը իմացական գանձարանը շահագործած կ’ըլլան» (Մշտ, էջ 18)։

«Այս ընդարձակութեան եւ այս միա­կերպութեան դիմաց, իմ ջանքս պիտի ըլլայ փոխադրել շահեկանութիւնը դէպի վիճակները։ Շատ խորացած վայրկեաններ, որոնք սեւե­ռուին շատ մը ճամբաներով միանգամայն» (Մշտ, էջ 20)։

Այս մէջբերումները բաւական են, նոյնիսկ առանց պարզաբանումի, կազմելու համար մեթոտին ուրուագիծը։ Բոլորը վերցուցի նոյն հարցազրոյցէն, որովհետեւ Բենիամին Թաշեանի հետ այդ զրոյցը գրեթէ միակ տեղն է, ուր Օշական կը խօ­սի այսքան հանգիստօրէն վիպական թեք­նիքի հարցերուն մասին, կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կառուցուած են վէպերը, եւ թէ ի՛նչ եղած է իր հետապնդումին առարկան։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ մեթոտը, վիպական գործողութեան գլխաւոր յատկանիշը կը գտնուի մարդեր կերտելու արարքին մէջ։ Այդ կերտումը կ’ենթադրէ հոգեբանական հարազատութիւն մը, որ անիմաստ պիտի ըլլար եթէ չունենար իբրեւ ապաւէն ու շրջածիր՝ տիպարին աշխարհը կազմող ըն­կերութեան եւ բարքերուն հարազատութիւնը։ Օշական կը գրէ. «իմ իրաւունքս է վէպ մը իր ուսերուն վրայ կրող մարդէն հոգեբանական հարազատութիւն միշտ պա­հանջել» (Դ, էջ 462)։ Մնացեալը ենթադրուած է ասոր ետին։ Չկայ տիպարի կեր­տում առանց զայն շրջապատող, զայն կրող աշխարհի կերտումին, միաժամա­նակ կատարուած։ Այդ պատճառով իսկ՝ երբ վիպագիրը հարազատ տիպարներու կերպարներ կը կերտէ, անոնք պիտի ըլ­լան պարտադրաբար եւ բնական ընթաց­քով, իրերու բերմամբ՝ իրաւ, ապրող կամ ապրած։ Վերը մասամբ միայն յիշուած խօսքերը այդ կ’ըսեն ի միջի այլոց. «ո՞վ չի գիտեր, որ դժուարագոյն հարցը գրելու ասպարէզին մէջ՝ մարդեր կերտելու, բայց իրաւ, վաւերագրական մարդեր կերտելու շնորհն է»։ «Վաւերագրական» բառը հոս կու գայ Օշականի գրչին տակ կամ բերնին մէջ (տողերը թելադրուած են) վիպական գործունէութեան եւ նոյնիսկ ատկէ անդին՝ գրական գործունէութեան բուն յատկանի­շը տալու համար։ Տիպարա կերտումը արուեստի կորիզն է։ Ատով է, որ արուես­տը կը զատորոշուի պատմութենէն ու կը հակադրուի անոր. «Ո՞վ չի կրնար գրել պատմութիւն…։ Հարցը կը փոխուի սակայն, երբ պատմութիւնը կը վերածենք ա­րուեստի» (Դ, էջ 469)։ Ծերենցէն կը պահանջուի հոս բան մը, պատմութենէն դէպի արուեստ անցք մը, որ այդ «գրեթէ շատ քիչ գրագէտ» (Դ, էջ 460) մարդը չէ կրցած տալ կամ կատարել։ Երբ կը «տիպարա­կերտէ», վիպագիրը կը «վաւերագրէ» նաեւ։ Պատմական վէպը, այսպէս հասկցուած, արուեստներուն կատարելագոր­ծումն է նաեւ, իր մէջ կը պարունակէ արուեստին բոլոր տուեալները։

Խորքին մէջ ուրեմն՝ ո՛չ մէկ տարբերու­թիւն կը դնէ Օշական իր պահանջները դի­մաւորող պատմական վէպին ու անվերադիր վէպին միջեւ։ Հոս եւ հոն՝ անհրաժեշտ է նոյն աստուածային շնորհը եւ «այս իրո­ղութիւնը եղերապէս ճիշդ ու շատ աւելի ծանր հետեւանքներով այն յօրինումներուն համար՝ որոնք սանկ ինը տասը դար հե­ռուներէն պարտաւոր են գալ մեր օրերուն»

վիպական գործողութեան գլխաւոր յատկանի­շը կը գտնուի մարդեր կերտելու արարքին մէջ։ Այդ կերտումը կ’ենթադրէ հոգեբանական հարազատութիւն մը, որ անիմաստ պիտի ըլլար եթէ չունենար իբրեւ ապաւէն ու շրջածիր՝ տիպարին աշխարհը կազմող ընկերութեան եւ բարքերուն հարազատութիւնը։

Այդ ծայրագոյն վիճակին մէջ, պատմական վէպը անհրաժեշտ է որպէս պատմու բայց ան կա րե լի է որ պէս վէպ։(Դ, էջ 463)։ Այդքան դարեր առաջ ապրած մարդոց տռամներն ալ, եթէ տրուին հա­րազատութեամբ, եթէ մտածուին իբրեւ «վաւերական տռամներ…, մեր օրերուն ալ կը պահեն իրենց ամբողջ ուժգնութիւնը» (անդ)։ Այսպէս պատասխանեցինք ներկայ պարբերութեան սկիզբը դրուած երկու հարցումներուն։ Առաջին հարցումն էր. ի՞նչ է տարբերութիւնը պատմութեան եւ պատ­մական վէպին, պատմութեան եւ արուես­տին միջեւ։ Պատասխան՝ տարբերութիւնը կը կայանայ տիպարակերտումին մէջ։ Երկրորդ հարցումը. ի՞նչ բան «պատմական» կը դարձնէ պատմական վէպը, զայն կը տարբերէ ուրեմն անվերադիր վէպէն։ Պատասխան՝ գրեթէ ոչի՛նչ։ Պարզապէս վիպագիրին ա՛լ աւելի «ահաւոր ուժ [պէտք է]… թօթափելու համար ժամանակի փո­շին» (անդ)։ Գրեթէ ոչի՛նչ, բացի անկէ որ վաւերաթուղթի ու նոյնիսկ՝ պատմագրութեան միջամտութիւնը, միջարկումը, ան­հրաժեշտ են, որպէսզի կարելի ըլլայ վաւերագրական մարդոց տիպարակերտու­մը։ Բայց Օշականեան վէպին վաւերագ­րական տիպարներն ալ, կերտուելու համար, պէտք ունէին իրականին մէջ՝ միջար­կումի մը։ Այս պարագային սակայն՝ մի­ջարկումը չ’անցնիր պատմագրութենէն, վաւերագրերէն ու փաստաթուղթերէն, այ­սինքն՝ արխիւային հանքէ մը, կ’անցնի անձնական ծանօթութենէն ու բանաւոր պատմութենէն։ Հսկայ տարբերութիւն մը կայ անշուշտ երկուքին միջեւ, եւ հոս է՝ մի­ջարկումի բնոյթին մէջ, որ կը գտնուի դժուարութեան հանգոյցը։ Տարբերութիւնն է արխիւին ու վկայութեան միջեւ։ Հարցը այն չէ՛, թէ մէկը գրաւոր է ու հեռաւոր, ժա­մանակի փոշիներուն մէջ թաղուած, իսկ միւսը՝ բանաւոր ու մօտիկ, անձնական փորձառութեան հետեւանք։ Վկայութիւնն ալ կրնայ ի վերջոյ արխիւ դառնալ այն պահուն իսկ՝ երբ արտասանուի։

Ուրիշ բան չեն դարձած վերապրողներու վկայու­թիւնները Ի. դարուն։ Միայն արխիւ։ Իրենց ճակատագիրն էր։ Օշական ինք՝ վկայութիւնը կ’ուզէ փրկել արխիւացումէն։ Արագ ձեւով ըսուած հիմա եւ կանխելով ինչ որ պիտի գայ աւելի ուշ միայն. երբ Աղէտը կը մտնէ կրկէս, տիպարակերտու­մի հնարաւորութիւնն իսկ չի մնար, վէպը կը դառնայ անկարելի, վիպական ուժը՝ անբաւարար։ Արխիւը կը տիրապետէ։ Ուրկէ՝ անել վիճակ մը, խելագարութեան մատնող կացութիւն մը։ Վիպագիրը ստի­պողութեան տակն է վէպէն հրաժարելու, արխիւի տիրապետութեան յանձնուելու։ այդ ծայրագոյ վիճակին մէջ, պատմական վէպը անհրաժեշտ է որպէս պատմութիւն, բայց անկարելի է որպէս վէպ:

 

ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՏԱԽՏԱԿՆԵՐ

Վերջին ըսուածները հաստատող փաս­տարկումին մէկ մասը բերելէ առաջ, պէտք է անդրադառնանք հիմա աւելի կարճ ձե­ւով «Վէպը մեզի կու տայ ազատութիւն­ներ, արձակութիւններ, […] մեր տիպարները ենթարկելով այն կարգի խորացում­ներու, […] որոնք մեզի ներէին իրենց մէջէն խորհրդանիշ տախտակներ, մտապատ­կերներ թելադրել …» նախադասութեան երկրորդ եզրին, զոր մէկ քով ձգեցինք վերը։ Տիպարակերտումը ի հարկէ՝ ուրիշ երես մը ունի, որուն խօսքը չեղաւ մինչեւ հիմա, Օշականի բառով՝ իր «խորհրդան­շական տարողութիւն»ը (Դ, էջ 461), հոս՝ «խորհրդանիշ տախտակներ» թելադրելու կարողութիւնը։ Պատմական վէպին տի­պարն ալ արժէք մը ունի, ո՛չ միայն ինքն իր մէջ, այլեւ աշխարհ մը բանալու, աշխարհ մը խորհրդանշելու իր պաշտօնով։ Նորու­թիւն մը չկայ հոս նախորդ պարբերութիւն­ներուն մէջ ըսուածին համեմատութեամբ, եթէ բացառենք այն չնչին նկատողութիւնը, որ պատմական վէպին գործողութիւնը կը կայանայ «վաւերական» տիպարի մը խորհրդանշական տարողութիւն տալուն մէջ։

Վկայութիւնն ալ կրնայ ի վերջոյ արխիւ դառնալ այն պահուն իսկ՝ երբ արտասանուի։ Ուրիշ բան չեն դարձած վերապրողներու վկայութիւնները Ի. դարուն։

Այդ գործողութիւնը վէպին կախարդական «ալքիմիա»ն է (անդ)։ Ո՞ւր է սակայն դժուարութիւնը, խուլթելադրանքին «տա­ռապեցնող» կող մը։ Օշական կ’արտայայ­տէ զայն օրինակով մը։ Ծերենցի Երկունք Թ. դարու վէպի հերոսին վրայէն կը բա ցատրէ խորհրդանշականացման յարա­կարծիքը։ Այդ հերոսը «գիւղացի լեռնական» մըն է, որ չունի հետեւաբար ըստ ին­քեան՝ խորհրդանշական գիծեր կրելու ո՛չ մէկ նախատուեալ, «թէեւ հեղինակը զայն… կը դնէ նախարարական տոհմի մը ապարանքէն ներս»9։ Ամբողջ հատուածը կ’ենթադրէ, որ հերոսի մը խորհրդանշա­կան տարողութիւն տալը շատ աւելի դիւրին ու մեկին պիտի ըլլար, եթէ այդ հերոսը նախարարական տոհմի մը պատկանէր, որ թարգմանի՝ եթէ ունենար այդ խորհըր­դանշական տարողութիւնը ի բնէ։ Խորհրդանշականին կարելի է հասնիլ ուրեմն երկու ձեւով։ Կա՛մ վիպական աշխատան­քին վստահելով զայն (եւ այդ պարա­գային՝ տիպարակերտումին էական մէկ բաժինն է այդ գործողութիւնը)։ Կա՛մ ալ օգ տուելով եղածէն։ Երկրորդ կեցուածքը դա­սական իմաստով հասկցուած պատմական վէպինն է։ Յայտնի է, որ Մնացորդացի ծրագիրը, իր չգրուած միաւորի սե­մին կանգնած, Աղէտին մօտենալու պա­հուն, անցք կ’ենթադրէր ու կը պահանջէր վիպական մէկ եղանակէն միւսը, խորհրդանշականացումի մէկ եղանակէն միւսը։

Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «օգտուիլ եղածէն»։ Վաւերական տիպար մը ինչպէ՞ս կրնայ խորհրդանշական տարողութիւն ու­նենալ «ի բնէ»։ Ձեւերէն մէկը պիտի ըլլար անոր «խօսուած» ըլլալը, ժողովրդական խօսքին ու երեւակայութեան առարկան ըլ­լալը։ Ասոր լաւագոյն օրինակները նորէն ալ՝ գրողներու կերպարներն են։ Ի՜նչ գե­ղեցիկ պատմական վէպ մը կարելի պիտի ըլլար գրել Նարեկացիի մասին։ Օշականի թելադրանքն է այդ մէկը, հոն ուր տպաւո­րապաշտ քննադատութեան իբրեւ նմոյշ կու տայ Նարեկացիին մասին իր գրածը, նոյն Համապատկերի Ժ. հատորին մէջ։ Հատուածը կը վերջանայ այս մտորումով. «Վէ՞պ, ուրեմն, քննադատութիւնը։ Ի՞նչ գիտնամ։ Ի՞նչ է վէպը, եթէ ոչ կեանքը։

Պատմական վէպին տիպարն ալ արժէք մը ունի, ո՛չ միայն ինքն իր մէջ, այլեւ աշխարհ մը բանալու, աշխարհ մը խորհրդանշելու իր պաշտօնով։

 

Ու ի՞նչ է քննադատութիւնը, եթէ անիկա մեր մէջ անկարող կը մնայ տպաւորութիւննե­րը յուզելու իր աւագ, բացառիկ դերէն» (Ժ, էջ 323-324)։ Ժողովրդական յիշողութիւնը Նարեկացիի մասին երբ կազմած է իր կարծիքը, զայն դարձնելով երեւակայութեան հերոս եւ պաշտամունքի առարկայ, չէ հանած այդ կարծիքը անոր գրութիւններէն անշուշտ, այլ գրեթէ ինքն իրմէ, մեկնե­լով սաղմնային վիճակի մէջ եղող գրական թելադրանքներէ։ Այս իմաստով՝ գրողնե­րը կը մնան իրենց աշխարհին ու ժամա­նակին լաւագոյն խորհրդանիշները, եթէ ժողովրդական երեւակայութիւնը տանջուած է անոնցմով։ Յստակ է, որ Կոմիտա­սի մասին վէպ մը պիտի ըլլար պատմա­կան վէպ, մինչդեռ Սուրէն Պարթեւեանի մասին վէպ մը (Օշականի Սահակ Պարգեւեանը) կը մնայ գրողի մը քմահաճոյքէն բխած յօրինում։ Այս օրինակները նաեւ ցոյց կու տան, թէ ինչո՛ւ «պատմական վէպ»ի գաղափարին եւ գործադրումի ձե­ւերուն շուրջ այս խորհրդածութիւնները այդքան կարեւոր են։ Պիտի որոշեն Համապատկերի նշանակութիւնը, նոյնիսկ՝ ծրագիրը, գրողները արժեւորելու, եւ արժեւորելու համար՝ վիպականացնելու, անոր քաղաքականութիւնը։

Բայց ուրիշ ձեւ մըն ալ կայ «ի բնէ» խորհրդանշական տարողութիւն ունենա­լու. ընկերային նուիրապետութեան մը կամ համակարգի մը մէջ տեսանելի դիրք (անուն, պաշտօն) ունենալն է։ Չկա՛յ ընկե­րութիւն մը, որ չունենայ այս ձեւով խորհր­դանշականացման իր ներքին միջոցները։ Ընկերային եզրը կը հաւասարի ի վերջոյ՝ խորհրդանշական կապերուն, ներկայի տարածութիւնը ստեղծող, անցեալին խո­րութիւնը ներշնչող։ Խորհրդանշականը այս պարագային՝ այն է, որ կը համակար­գայնացնէ ընկերութիւն մը, կը ստեղծէ անոր մէջ կանոն մը, կը մտցնէ տիրապե­տական կարգեր, նուիրապետութիւն, կամ այն՝ որ կ’ապահովէ յիշողութիւն մը, կը բանայ անցեալին հետ յարաբերութիւն մը։ Ժողովրդական խօսքին թէ հասարակա­կան համակարգին մէջ ուրեմն՝ պատմա­կան կերպարի մը «հէքիաթ»էն կամ «պաշտօն»էն կը բխի այսպէս խորհրդանշական տարողութիւնը։ Ահաւասիկ պատմական վէպի մը հերոսը դառնալու երկու պայմանները՝ պաշտօն կամ հէքիաթ, որոնք զիրար կը լրացնեն առանց հակա­սելու10։ Պատահականութիւն չէ՛, որ Օշա­կան իր Համապատկերը մօտը դնէ պատմական վէպին, ճիշդ այն բաժնին մէջ, ուր իր իսկ «հէքիաթ»ը կը բեմադրուի, կ’ուզեմ ըսել Ժ. հատորի այն երկար հատուածին մէջ՝ ուր իր հէքիաթը այցելութեան կու գայ իրեն։ Հէքիաթէն կ’օգտուի Օշական, կը խօսեցնէ զայն։ Հէքիաթին բեմադրութիւնը բարդ երեւոյթ մըն է, որովհետեւ վաւերա­կանին երկու տեսակները կը միախառնէ, իբրեւ վկայութիւն եւ իբրեւ վէպ։ Հոս է, որ իրապէս կը հանգուցուին «Համապատ­կեր»ի մը ծրագիրը եւ պատմական վէպի գաղափարը։ Օշական ի՛նքը այդ տեղ կը մտածէ ու կը բեմադրէ ինքզինք որպէս վէպի մը դերակատարը եւ միեւնոյն ժամա­նակ՝ մահէն վերադարձող վկան։ Աւելի ուշ՝ այդ բարդութեան ծալքերը պիտի բա­նամ հանգամանօրէն։ Այս մէկը՝ «հէքիաթ»ին ընձեռած խորհրդանշականութեան մասին էր։ Անշուշտ՝ «պաշտօն»ին ընձեռածը աւելի սովորական երեւոյթ է։

Մինչեւ վերջերս11, եւ ամէն պարա­գային՝ մինչեւ Յակոբ Օշականի ժամանա­կաշրջանը, պատմագրութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ընկերութիւնները (հասարակու­թիւնները) կազմող, լարող, զսպանակող, այս «բնական» խորհրդանշականութեան շահագործումը կամ ընդհանրացումը։ Ըսածս ճիշդ է մինչեւ իսկ ԺԹ. դարուն Մի­շըլէի, Լամարթինի, Քինէի անուններով տիրակալութեան հասած վիպապաշտ պատմագրութեան պարագային12, որուն մէջ յանկարծ տեղ կը գրաւէ ժողովուրդ կոչուածը, իբրեւ տիպար կամ կերպար։ Ժողովուրդը այդ հեղինակներուն մօտ՝ մարմնացած վերացականութիւն մըն է, որ կը կանգնի իշխանութիւններուն ու կրօնքին ստեղծած, երաշխաւորած նուիրապետու­թեան կողքին, կամ ուղղակի անոր դէմ։ Այդ իմաստով՝ վիպապաշտ պատմագրու­թեան ազդեցութիւնը կ’երթայ մինչեւ Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» թատերախաղը, ուր ժողովուրդը ընկերային նուիրապե­տութեան դէմ կը կանգնի, բայց վերջին հաշուով՝ կը կրկնէ անկէ թելադրուած խոր-հրդանշական համակարգը։ Պատմական վէպը եւ պատմական բնանիւթով ներկա­յացուող թատրոնը երկուքն ալ՝ իրենց ժա­մանակի պատմագրութեան ձեւերուն կը հետեւին։ Միշըլէի պատմագրութիւնը պատմական բոլոր վէպերը կ’արժէ, ու աւելիով։ Պէտք է անգամ մը եւս նշմարել այս համա­գիրին մէջ, որ պատմական վէպը լիովին ծնունդն է վիպապաշտ շրջանին ու վիպա­պաշտ շարժումին։ 1814ին լոյս տեսած է Ուալթըր Սքոթի Waverleyն, որուն հետե­ւած են Անգլիոյ եւ Սկովտիոյ անցեալը պատկերացնող այլ վէպեր նոյն հեղինա­կէն, ամենածանօթը ըլլալով Ivanhoeն։ Ֆրանսայի մէջ նոյն ժանրի սկզբնաւորու­թեան կապուած է Ալֆրետ տը Վինյիի անունը, իր «Cinq Mars» հռչակաւոր վէպով (1826), որմէ քանի մը տարի ետք միայն Վիքթոր Հիւկոն կը հրատարակէր իր «Notre-Dame de Paris»ն (1831)։ Գերմանա­լեզու աշխարհէն ներս, առաջին պատմա­վէպին հեղինակը կը նկատուի Աքիմֆոն Առնիմ, իր «Die Kronenwächter» վէպով (1817)։ Ըստ երեւոյթին՝ թանձրացեալ ան­ցեալի մը գիտակցութիւնը պէտք է ծնէր նախ, պատմութեան մէջ ծաւալող ուժերուգաղափարը, ինչպէս նաեւ անցեալի իտէալականացման գործողութիւնը, որպէսզի կարելի դառնար պատմավէպը:

մինչեւ Յակոբ Օշականի ժամանակաշրջանը, պատմագրութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ընկերութիւնները (հասարակութիւնները) կազմող, լարող, զսպանակող, այս «բնական» խորհրդանշականութեան շահագործումը կամ ընդհանրացումը։

Ամփոփելով կարելի է ըսել, որ վիպապաշտ պատմագրութիւնը եւ անոր հետքերուն վրայ՝ պատմական վէպին ծանօթ այս տարբերակը տիպար կը դարձնեն այն մարդերը, որոնք արդէն իսկ խորհրդանշական տեղ մը կը գրաւեն տուեալ ընկերութեան մէջ կամ որոնք «ժողովուրդ»ը կը մարմնացնեն ու կը ներկայացնեն, վիպապաշտ տարբերակով, կամ ալ պատմութեան մէջ արտայայտութեան եկած իրերամարտ ուժեր կը «խորհրդանշեն»։ Բոլոր պարագաներուն ալ՝ տիպարայնացումը կ’օգտուի տիրող խորհրդանշական կարգէն կամ խաղին մէջ կը մտցնէ պատմական հոսանքներու ուղղութիւնը եւ հակամարտութիւնը մարմնացնող կերպարներ։

Հասկնալի է սակայն, որ Օշականի սպասածը «պատմական վէպ» անունով ուրիշ բան ըլլայ։ Ուրի՛շ հետեւաբար՝ «խորհրդանիշ տախտակներ»ը։ Ո՛չ մէկ հանգիտութիւն այլեւս վիպապաշտ յղաց­քին հետ։ «Լեռնական գիւղացի»ի մը տի­պարայնացումը իսկական եւ նշանակալից յարակարծիք մըն է, որ Ծերենցի վէպը պի­տի հասցնէր բարձրագոյն արուեստի մա­կարդակին, պայմանաւ որ կրկնութիւնը չըլլար վիպապաշտ պատմագրութեան թե­լադրանքներուն ու հերոսականացումի ձե­ւերուն։ Ո՛չ անցեալի իտէալականացում ուրեմն, ո՛չ պատմութեան մէջէն անցնող ո­րոշադիր ուժեր, ո՛չ ալ «ժողովուրդ»ի մարմնաւորում։

ԿՈՄԻՏԱՍ

Այսուհանդերձ Օշական կը հետապնդէր բան մը, որ նորէն «պատմական վէպ»ի կնիքը կը կրէ անտարակոյս։ Ճիշդ է, որ Օշական չէ գրած այդ պատմական վէպը։ Ամբողջ հարցը հո՛ն է արդէն։ Մնացորդա­ցի մէջ կան պատմավէպի ծրագրին մօտե­ցող էջեր (Բ. հատորի Ե. գիրքին մէջ փաշային եւ Մաթիկին միջեւ երկարաբան խօսակցութիւնը) կամ կերպարներ (նոյն այդ Մաթիկը, հայ յեղափոխական)։ Ատկէ անդին է սակայն պատմական վէպի ծրա­գիրը։ Պէտք է գիտնալ նախ, որ Հարիւր մէկ տարուան եռահատոր շարքէն ետքը՝ Օշական վիպական իր երկրորդ «եռան­կար»ը կ’ուզէր նուիրել այս անգամ «քա­ղաք»ին։

Մնացորդաց համադրութիւն մըն է. Օշական ունի համադրական ուրիշ ձեռ­նարկ մը, «Եռանկար» ընդհանուր խորագ­րով։ Գործը կը ձգտի նուաճել քաղաքը, անոր ընտրանին, որմէ զատուած են երեք յատկանշական անձնաւորութիւններ, երեքն ալ արուեստի կալուածէն—գրագէտ մը, երաժիշտ մեծ արուեստագէտ մը, դե­րասան մը13։

Առաջին հատորն է, ինչպէս գիտենք, Սահակ Պարգեւեան։ Երկրորդը եւ երրորդը չեն գրուած։ «Երկրորդը իբրեւ հերոս պիտի ունենար Կոմիտաս վարդապետը» (Ժ, էջ 148)։ Ասոր մասին տեղեկութիւննե­րը տրուած են Համապատկերի Ժ. հատո­րին մէջ, շատ երկար էջատակի ծանօթութեամբ մը, որ կը ծաւալի գիրքին 106 եւ 107 էջերուն վրայ։ Քաղաքի վէպին ձախողու­թիւնը անմիջականօրէն կապուած է Մնացորդացի դադրեցման հետ եւ ուրեմն՝ Համապատկերի ընդհանուր ծրագրին ծնուցիչ պայմաններուն հետ։ Ինչո՞ւ։ Որով­հետեւ Մնացորդացի չգրուած բաժնին մէջ՝ Օշական նպատակ ունէր նոյնպէս վաւե­րական տիպարներ բեմադրելու, կենդա­նագրելու. «Մնացորդացին “Դժոխք”ը պատմական անձնաւորութիւններ պիտի կանչէր տեսարան»

(Ժ, էջ 148)։ Հոս կ’ար­ձանագրեմ ինչ կը վերաբերի Եռապատկե­րին.

Բ. հատորը իբր հերոս պիտի ունենար Կոմիտաս վարդապետը։… Պիտի զբաղէր այդ կախարդական մարդուն ո՛չ միայն հէ­քիաթունակ ոդիսականովը, մթին Անատո­լուի աւելի մութ մէկ գիւղաքաղաքէն մինչեւ արեւմտեան ոստաններուն մէջ իր արձա­գանգները երկարող, այլեւ՝ ձայնն ի վեր ու ձայնն ի վար աղբերացումովը այս ժողո­վուրդին հոգիին։ Առաւել հզօր, հանճա­րային արուեստագէտին անձնական դիւթքը, որ ծնունդ է տուած այլապէս սարսռազ­դեցիկ զգացական տռամայի մը։ Անատո­լու։ Արարատեան աշխարհ։ Երաժիշտներուն Գերմանիան։ Վանք մը։ Պոլիս մը։ Իզմիրը։ Գահիրէն։ Եւրոպական մեծ ոս­տանները։ Ու Չանղըրըի տարագրութիւնը։ Tréponème-ը եւ խաւարումը այդ աստուա­ծային տաճարին, որ անոր ուղեղն է եղած, աւելի քան քառորդ դար։ Վէպը պիտի տար արուեստը, արուեստագէտը, կախարդը եւ անոր ստեղծած արցունքնե­րը…14:

Կայ սակայն ասկէ աւելի կարեւորը։ «Եռանկար»ին առաջին հատորը հրապա­րակին վրայ է15 եւ կը համապատասխանէ որոշ չափով 1944ին տրուած այս ընդհա­նուր բնութագրումին.

Այս շարքին մէջ Օշական կը հետապնդէ ծանր փառասիրութիւնը մեր քաղքե­նին նուաճելու, պալզաքեան տենդով եւ Տոսթոյեւսքիով ընդհանրացած ընդերկրեայ աշխարհի խորաչափումներովը։… Օշական Մնացորդացին հետապնդած ու իրագործ ման մէջ վրի պած իր պարտքը կը մտածէր կատարել։… Տրուած ըլլալով Մնացորդացի մէջ (գործադրուած մասը) գաղափարագրութեան նիհարութիւնը, Օշական կը մտածէր քաղաքը առնել իբրեւ գետին, կարելի շահեկանութեան բարձ­րացնելու համար գաղափարներու ալ մարզին վրայ։

Այս վէպերուն իբրեւ խորք պիտի ծա­ռայէին հետեւաբար «արեւմտեան բարձ­րագոյն ոստանները», իրենց սեռային (ենթադրեալ) աղաւաղումով, ըլլալով մա­նաւանդ մտքի աշխարհին բնական ընդունարանները։ Բայց ի՞նչ կապ ունի, պիտի հարցուի արդարօրէն, «քաղաք»ի վէպը Մնացորդացի վրիպումին հետ։ Համա­պատկերի նոյն Ժ. հատորին սկիզբը, Օշա­կան կ’ըսէ իր վտիտ յոյսը Մնացորդացին տրամադրելու իր վերջին ուժերը, եւ Գ. հա­տորը գրելու, «որմէ ետք չորս գիրքեր մեր քաղաքը պիտի ունենային իբր յատակ» (Ժ, էջ 26)։ Հարցը քաղաքին շուրջ կը դառ­նայ վերստին։ Ինչո՞ւ սակայն քաղաքը, երբ կը կարծէինք որ Մնացորդացի վերջին բա­ժինը տարագրութեամբ պիտի զբաղէր։ Պատասխան. Օշական ի մտի ունի Չան­ղըրըն, «Պոլսէն տարագիր մեր իմացակա­նութեան նոր նախարարներուն ողբերգութիւնը կանխող գիշերուան մէջ նուաճելի, վերլուծական խօսակցութիւններու ձեւով, համադրելու համար արեւմտահայ հոգին, ինչպէս արեւելահայ մտաւորականութեան քիչ մը ծփուն իմաստութիւնը…» (անդ)։ Հոս կը տեսնենք վերստին, որ Օշական շատ հետեւողական կերպով «իմացական» տա­րողութիւն մը կ’ուզէ տալ վէպին, կարելի շահեկանութեան մը բարձրացնելով զայն «գաղափարներ»ու ալ գետնին վրայ։ Իս­կական պարտք մը ունէր ուրեմն վճարելիք «Եռանկար»ով, այսինքն «քաղաք»ին նուիրուած իր երեք վէպերով։ Այդ «խօ­սակցութիւններ»ն ու ողբերգութիւնը կան­խող վերջին գիշերն ալ շատ յստակ կերպով պատկերացուած էին Օշականի մտքին մէջ, Կոմիտասի կերպարին շուրջ։ Վերջին մէջբերումիս մէջ սակայն՝ զարմա­նալին «իմացականութեան նոր նախա­րարներ» արտայայտութիւնն է, որ յայտնօրէն ցոյց կու տայ ծրագրուած գիրքերուն հանգիտութիւնը պատմական վէպի ժան­րին հետ, քանի որ Ծերենցեան վէպի մը հերոսին վայելած խորհրդանշական տարողութիւնը (ի հարկէ՝ պատմական վէպին յատուկ խորհրդանշականութեամբ մը) վե­րագրուած էր իր «նախարարական տոհմի մը ապարանքէն ներս» դրուելուն։ Նոր ժա­մանակներու նախարարները իմացակա­նութեան մարզին նախարարներն են, եւ հասկնալի է որ իբրեւ այդ՝ ունենան բնա­կանօրէն (կ’ուզեմ ըսել՝ առանց վիպական անդր փոխանցումի հնարքներէն օգտուե­լու) խորհրդանշական տարողութիւն։ Բայց անշուշտ այդ վէպը չէ գրուած։ Անոր տեղը գրուած է Համապատկերը։ 1 «Գեղագիտական սկզբունք»ին հետեւող այս քննարկումները մասամբ միայն ներառնուած են Օշականի մասին ֆրանսերէն գրքիս (Le Roman de la Catastrophe) 4րդ գլուխին մէջ (վերնագիր՝ «La double figure de Komitas», Կոմիտասի կրկնակի կերպարը)։ «Պատմական վէպ»ի խնդրին շուրջ քննարկումը նոյն ձեւով չկա՛յ հոն, ու ամէն պարագայի՝ վերլուծումը չի յղեր Սրուանձտեանցի, Ծերենցի եւ Վարուժանի դէմքերուն նուիրուած մենագրութիւններուն։

2 Համապատկեր, Ժ, էջ 395։

3 Մայրիներու շուքին տակ, էջ 16։ Այս մասին ընթեր­ցողը կը յղեմ Le Roman de la Catastrophe հատորին, էջ 186։ Հայերէն լեզուով այս նիւթերուն շուրջ՝ կը յղեմ ի միջի այլոց Սեդրաք Պաղտոյեանի  երբ դրախտը դարձաւ դժոխք…, Արհաւիրքի եօթը տարիներ 1915-922 գիրքին համար գրած յառաջաբանիս (Լոս Անճելըս, Ապրիլ հրատարակչութիւն, 2007)։

4 Համապատկեր, Ա, էջ 21։ Ահաւասիկ նախադասու­թիւնը. «Ժամանակով իրարմէ հեռու, գործադրութեան թեքնիքով բաւական տարբերութիւններ հաս­տատող վկայութիւնները, որոնք կը կազմեն սա եր­կար ու ընդարձակ շարքը, ոչ այլայլում են, ոչ ալ նուաղում ու զանցում»։ «Վկայութիւն» Օշականի վեր­ջին տարիներուն՝ նախասիրած բառերէն մէկն էր։ «Վկայութիւն մը» կը կոչուի նաեւ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»ի երրորդ տպագրութեան հա­մար գրուած հսկայ յառաջաբանը, որ Օշականի կա­րեւորգրութիւններէն մէկն է, քանի որ ամբողջովին կը զբաղի Սփիւռքի հարցով, ըսենք՝ Սփիւռքի էութե­ամբ, նշանակութեամբ ու ճակատագրով։ Այդ «վկա­յութեան» նուիրուած է իմ «Յիսուն տարի եղաւ»ին երկրորդ միաւորը, լոյս տեսած Հորիզոն թերթի գրական յաւելուածին մէջ, օգոստոս-սեպտ. 1998ին, ու այ­սօր վերատպուած Պատկեր, պատում, պատմութիւն գիրքիս երկրորդ հատորին մէջ (Երեւան, 2016)։

5 Ծերենցի Թորոս Լեւոնի վէպին մասին, Օշական կը գրէ, որ ան «արեւմտահայ գրականութեան առաջին պատմական վէպ»ն է (Դ, էջ 454)։ Մամուրեանի Սեւ լերան մարդը լոյս տեսած էր 1871ին, Իզմիր տպուող Արեւելեան մամուլի էջերէն ներս, բայց Օշական «պատմական վէպի արժանիք մը [չի] զիջիր» անոր, վասնզի «եղջերուաքաղ է» (անդ)։ 1878ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած Թորոս Լեւոնէն ետք, Ծերենց պիտի հրատարակէր Երկունք Թ. դարու (1881) եւ Թէոդորոս Ռշտունի (1883)։

6 Համապատկեր, Դ, էջ 482։ Մէջբերումին մէջ երեւ­ցող կախման կէտերը կը պատկանին Օշականին։ Պզտիկ սրբագրութիւն մը կատարեցի, գրելով «սպաննելը» փոխանակ տպուած բնագիրին մէջ կարդացուող «սպաննելու»ն, նախադասութեան քերակա­նական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատելու համար։

7 Օրինակները շատ են Համապատկերի մէջ ու ա­նոնցմէ ոմանց պիտի մօտենամ աւելի անդին։ Հոս կ’արձանագրեմ միայն մէկ օրինակ, «Մայրիներու շու­քին տակ»էն վերցուած. «Անոնք որ թղթատած են մեր պատմիչներուն քրոնիկները սրտի դառն սեղմումով հաստատած են անդարմանելի պակասը մարդու՝ բիւրաւոր այդ էջերէն» (էջ19)։

8 «Արդիական վէպի մեթոտ»ին շուրջ վերլուծումները երկու անգամ շարադրած եմ։ Մէկը՝ ֆրանսերէն լեզւով, Le Roman de la Catastrophe գիրքիս 5րդ գլուխով։ Միւսը հայերէն լեզուով, Երեւանի մէջ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած Յակոբ Օշական հատորին համար (2011) (վերնագիր՝ «Աղբիւ­րի ակին։ Վրէպը վէպին մէջ»)։

9 Զգալի՞ է արդեօք Մնացորդացի Սողոմին հետ հան­գիտութիւնը։ Ահաւասիկ «գիւղացի» մը, թէեւ ո՛չ լեռ­նական, որ կը ստանայ նոյնպէս խորհրդանշական տարողութիւն, ու կապի մէջ կը մտնէ անուղղակի կերպով՝ փաշայի մը եւ սուլթանական պալատէն ան­ցած «սարայլը»ի մը աղջկան հետ, ու կը բարձրանայ (կամ պիտի բարձրանար, եթէ երրորդ բաժինը գրուած ըլլար) ինքն ալ՝ մինչեւ փաշայի աստիճանը։

10 Գրողներու պարագային՝ «հէքիաթ»ին ու «պաշ­տօն»ին յարաբերականութիւնը, եթէ ոչ յատկանշա­կան շփոթութիւնը Օշականի մտքին մէջ, երեւան կու գայ ամենէն ցայտուն կերպով այն պահուն, երբ Չան­ղըրը աքսորուած մտաւորականներն ու գրագէտնե­րը իմացականութեան «նոր նախարարներ»ը կը կոչուին (Ժ, էջ 26)։

11Կ’ուզեմ ըսել՝ մինչեւ Ecole des Annales կոչուած շար­ժումին երեւումը Ֆրանսայի պատմագէտներուն մօտ։ Ո՞ւր կը գտնուի անոնց բացարձակ կամ յարաբերա­կան նորութիւնը։ Անոր մէջ՝ որ փոխանակ «շահագործել»ու ընկերութեան մը արտադրած խորհրդանշական եզրը, կամ անոր վրայ պատճէնուած ժո­ղովրդական տիպարայնացումը, ասոնք կ’ուսումնա­սիրեն «խորհրդանշականութեան» երեւոյթը, իբրեւ տուեալ հասարակութեան կազմակերպութեան հիմ­քը, կամ գլխաւոր բաղադրիչներէն մէկը։ Էական շր­ջափոխութիւն մը կայ հոս, որ ունի իր զանազան ճիւղաւորումները։ Ատոնցմէ մէկն է մտայնութիւննե­րու եւ բարեխառնութիւններու պատմագրութիւնը, որ արդէն իսկ Օշականի ծրագիրն էր, երբ կը ձեռնար­կէր Համապատկերին։ Հանգիտութիւնը նշանակա­լից է։

12 Ասոնք Օշականին իսկ կողմէ տրուած անուններն են (Michelet, Lamartine, Quinet), իբ րեւ ԺԹ. դարու մեծ պատմագէտներն ու «ժողովրդապաշտներ»ը, որոնց վաստակէն ու գաղափարախօսութենէն ազդուած էր բնականաբար Ծերենց, իր կերպարները կազմելու եւ խօսեցնելու ժամանակ։

13 Համապատկեր, Ժ, էջ 105։ Ընդգծումը՝ հեղինա­կային։

14 Համապատկեր, Ժ, էջ 106, էջատակի ծանօթութիւն։ Ընդգծումները՝ հեղինակային։

15 Խօսքս Սահակ Պարգեւեան վէպին մասին է, հատորի ձեւով լոյս տեսած 1985ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս։ Այդ հրատարակութեան առթիւ գրուած յօդուածի մը մէջ (Յառաջ, Միտք եւ Արուեստ, յունիս 1986), կը բա­ցատրէի արդէն իսկ «քաղաք»ը նուաճելու ծրագրին նշանակութիւնը։