ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԱՍԱՏՐԵԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԸ

Մարգարիտ Ասատրեանը ծնած է Երեւան, 1994ին։ Շրջանաւարտ է Հայաստանի գեղարուեստի պե­տական ակադեմիայէն նկարչութեան մասնագիտութեամբ ու 2016էն ի վեր զանա­զան խմբային ու անձնական ցուցահան­դէսներով հանդէս եկած է Հայաստանէն ներս ու դուրս զանազան քաղաքներու մէջ ինչպէս՝ Լոնտոն, Պէյճինկ, Լոս Անճելըս, Փարիզ, Քուէյթ։ Պատասխանելով այն հարցումին թէ ի՞նչը զինք մղած էր նկարչութեան՝ ան կ’ըսէ. «Կը յիշեմ ինչպէս նկարիչ հօրս պատկերակալին մօտ կանգնած հի­ացմունքով կը դիտէի թէ ան ինչպէս գոյնե­րը կը խառնէր ու կեանքի կը բերէր ծանօթ իրերն ու կերպարները»։ Սակայն ծնողնե­րը զինք ազատ ձգած են ու երբեք ճնշում չեն բանեցուցած վրան որ նկարիչ դառնայ։ Փոքր տարիքէն միշտ սիրած է նկարել։

Մարգարիտի արուեստի ուղին սկսած է համայնապատկերներ ու դիմանկարներ նկարելով, սակայն կամաց կամաց, կ’ըսէ ան, կիրառումի ճամբան զինք տարած է դէպի վերացական արուեստ։ Այս մէկը պատահած է ինքնաբերաբար, երբ ականջ տուած է ինքզինք արտայայտելու միտող ներքին ձայնին ու վստահած անոր։ «Կ’ու­զէի շրջապատի իրականութենէս անդին անցնիլ, տարբեր զգացումներու, կառոյց­ներու, մթնոլորտի աշխարհ մը ստեղծել» կ’ըսէ ան։ Առ այդ, Ասատրեան լաւագոյնս կ’օգտագործէ գոյներու իւրայատուկ երանգապնակ մը ու աշխատելաձեւ մը։ Ինչպէս ինք կը բացատրէ՝ ան նախ կը սկսի վրձինի լայն  ­հարուածով պաստառը ծածկել տարրական գոյներու հոսուն ներկերով, օրինակ՝ կապոյտ կամ դեղին։ Այս մէկը ջրաներկի խաբկանքը կու տայ, սակայն մէյ մը որ չորնայ վրան կը սկսի ազատ շարժումով գիծեր գծել, որոնք ապագայ պաստառին կառուցային կմախքը երեւելի կը դարձնեն։ Երկրորդ հանգրուանին, որ աւելի կեդրոնացում կը պահանջէ, կ’աշխատի շեղբով կամ դանակով, գոյնի շերտեր ու մանրամասնութիւններ կ’աւելցնէ, ապա կու գայ վերջին քայլը՝ մտածումի ու խոկումի հանգրուանը։ Այդ հագրուանին ան կը հանէ աւելորդ թուացող ու խանգարող տարրերը, կը փորձէ հոն առաջ եկող ձեւերն ու կշռոյթը ներդաշնակ դարձնել, բայց մանաւանդ կը փորձէ պաստառին տալ ներքին ուժ մը ու մագնիսականութիւն մը, որոնք կը կազմեն անոր իւրայատկութիւնը։ ­­

Մարգարիտ կ’ըսէ․ «Արուեստիս հիմ­նական նպատակը մեզ շրջապատող առարկայական ու անկէ եկող ներքին աշխարհին արձագանգելն է, գոյներով ու ձե­ւերով շօշափելի դարձնել ներքին անհպե­լի, վերացական ոլորտը։ Գեղարուեստական աշխատանքը արուեստագէտը կ’ազատագրէ իր ոգեկան կապանքներէն ու երբ ան անկաշկանդ կը վստահի ներքին զգացողութիւններուն՝ ապա պաստառին կրնայ փոխանցել շրջապատէն առած ու հոգւոյն յատակը գտնուող խորագոյն զգա­ցումներն ու տպաւորութիւնները»։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ https://www.margaretasatrian.com/, իսկ հարցազրոյցին համար՝ “10 Questions with Mar-garet Asatrian” գրութեան՝ https://www.altiba9 .com/platfrom-interviews-for-artists/margaret-asatrian-painting-abstract-inner-world։

 

 ­­­